ԱՊՐԻԼԵԱՆ ՔԱՌՕՐԵԱՅ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ՝ ՄԵՐ «ԱՆԼՌԵԼԻ ԶԱՆԳԱԿԱՏՈՒՆ»Ը

Ապրիլ ամիսը հայ ժողովուրդին համար եղած է տագնապի, դժբախտութեան, կեղեքումի ամիս մը, սակայն ան միաժամանակ վերազարթօնքի, յարութեան եւ գօտեպնդման ամիս է։ 2016 թուականի Ապրիլի քառօրեայ պատերազմը դժբախտացուց բազմաթիւ հայերու օճախները՝ հարիւրէ աւելի զոհեր խլելով եւ շուրջ երկու հարիւր երիտասարդներ հաշմանդամ դարձնելով։ Ութ հարիւր հեքթար հող կորսնցուցինք, սակայն մեր քաջարի զինուորները յախուռն պաշտպանեցին Ղարաբաղի սահմանները՝ իրենց արիւնը թափելով հայրենի հողին համար։

Ապրիլ ամիսն էր, երբ Հայաստան-Ղարաբաղ-Սփիւռք եռամիասնութիւնը սկսած էր դարձեալ գործել։ Ազատամարտիկներ, հայրեր եւ երիտասարդներ ուս-ուսի տուած ինքնակամ կը հերթագրուէին՝ միանալու իրենց զօրակոչուած եղբայրներուն եւ պաշտպանելու իրենց հայրերէն հրիտակուած սրբազան հողը։ Ունեցանք զոհեր, հողատարածք ու զինուորական պաշտպանական կարեւոր դիրքեր կորսնցուցինք, հայ կիներ այրիացան, բազում զաւակներ որբացան, սակայն հայու անկոտրում կամքը եւ պայքարելու ոգին երբեք չխամրեցաւ ու պիտի չխամրի։

Արդարեւ, Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի արհաւիրքէն տուժած հայորդիներու օգնութեան ձեռք կարկառելու նպատակով՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի գլխաւորութեամբ եւ նախաձեռնութեամբ, քանի մը օրերու ընթացքին կէս միլիոն ամերիկեան տոլար հանգանակուեցաւ, որուն հասոյթը ամբողջապէս տրամադրուեցաւ այդ պատերազմի ընթացքին նահատակ հայորդիներու ընտանիքներուն։ Այսօր, այդ ընտանիքները թէկուզ իրենց տան ոսկեայ սիւնը կորսնցուցած են, սակայն Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կը փորձէ հնարաւորինս օգտակար դառնալ անոնց, ինչպէս նաեւ տէր կանգնիլ անտուն, անհայր որբին եւ աղքատին…։ 

Այդ օրերուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը բարձր գնահատած էր սրբազան հօր աշխատանքը եւ ամերիկահայ հայորդիներու կողմէ կատարուած օժանդակութիւնը։ Խօսելով քառօրեայ պատերազմին եւ արիասիրտ զինուորներուն մասին՝ Վեհափառը ըսած էր. «Հայոց բանակի մարտունակութիւնը, մեր զինուոր զաւակներու սխրանքը ծնան հերոսութեան նոր, բացառիկ օրինակներ, որոնք յաւելուեցան մեր պատմութեան էջերուն մէջ արձանագրուած մեր փառապանծ հայրերու սխրանքին ու քաջագործութիւններուն: Մեր զոհուած զաւակները իրենց մատաղ կեանքը բաշխեցին ազգին ու Մայր Հայրենիքին, մեզ ամէնքիս, որպէսզի մենք անոնց դրսեւորած վճռականութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ պահպանենք մեր խաղաղութիւնն ու արժանապատուութիւնը, ըլլանք միասնական, կերտենք հզօր ու ապահով, յառաջադէմ ու անյաղթ Հայաստան: Եւ անոնց մշտավառ յիշատակի ու անձնազոհութեան առջեւ առաւել վճռականօրէն ջանքեր պիտի բերենք մեր հայրենիքի նոր կեանքի կերտմանը, պետութեան յառաջընթացին ուղղուած գործընթացներուն նախանձախնդիր մասնակցութեամբ: Բազում փորձութիւններու առջեւ մեր ժողովուրդը միասնականութեամբ, առ հայրենին սիրոյ, յանձնառութեան ու զոհողութեան մղումով ամուր բազուկ դարձած է եւ խորտակած թշնամիներու հարուածները, յաղթած չարին, դիմագրաւած աւերներն ու կորուստները, յարուցեալ կեանք կերտել: Եւ այսօր նոյն ոգիով մեր ժողովուրդը ի զօրու է առատացնել հայրենանուէր գործերը, արդիւնազարդել ազգային կեանքը, շէնացնել իր հայրենին, որ իրապէս կ՚ըլլայ արժեւորումը յանուն հայրենիքի ու ազգի իրենց կեանքը նուիրած հայորդիներու պայծառ յիշատակի»։

Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի զինուորներէն՝ Շանթ Ղազարեանը, որ պատերազմի ժամանակ իր աջ ոտքը կորսնցուցած է, կը վկայէ՝ ըսելով. «Մենք տասն էինք, իսկ թշնամին՝ հարիւր։ Այդ հանգամանքը սակայն չխանգարեց ետ շպրտել թշնամին։ Անոնք թէ՛ թիւով, թէ՛ զինամթերքով, թէ՛ հրետանիներով եւ թէ սպառազինութեամբ կը գերազանցէին մեզ։ Բոլորս մէկ ընտանիք դարձած էինք եւ կարծես օժտուած ըլլայինք գերբնական ուժով։ Եթէ դարձեալ պէտք ըլլայ, պատրաստ եմ նորէն սահման բարձրանալ եւ կռուիլ հայրենիքիս համար»։

Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը հայութեան մարտունակ բազուկին զօրութիւնը ամրապնդող, սեփական ուժերու եւ կարողութիւններու նկատմամբ յարգանք ու վստահութիւն ներշնչող եւ հայ քաղաքական մտածողութենէն պարտուողական ամէն թեքում կամ գաղափար դուրս վանող նուաճում մը կը համարուի։ Արծուեբոյն Արցախը, իբրեւ անբաժանելի մասնիկը ազատ եւ անկախ Հայաստանին, արդէն իսկ սկսած է վերագտնել իր անցեալի հայադրոշմ դիմագիծը, ծաղկիլ եւ ուռճանալ հայեցի շունչով, տակաւ դառնալու համար վերանորոգ կենսունակութեան եւ հզօրանքի ամրակուռ ենթահող մեր ազգային հեռագոյն տեսլականի՝ ազատ, անկախ, ամբողջական եւ բարգաւաճ Հայաստանի կերտման լուսաշող ճանապարհին։

Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը մեր «անլռելի զանգակատուն»ն է, որուն պէտք է ականջ տայ իւրաքանչիւր հայորդի։ 

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Երկուշաբթի, Մայիս 14, 2018