ԱՐԵՒՈՏ ԵՒ ՀԱՃԵԼԻ ՕՐ ՄԸ
Խստաշունչ եւ մռայլ ձմեռուան մը տիրապետութենէն ազատագրուած՝ գարունի արեւոտ եւ հաճելի՜ օր մը վայելել ո՜րքան կը փոխէ մարդուս ընդհանուր տրամադրութիւնը։ Տակաւին գրեթէ ձմեռուան ազդեցութենէն բոլորովին չփրկուած այս օրերուն, ամառուան եղանակի յատուկ զբօսանքը, ամէն մարդու վրայ սփոփարար տպաւորութիւն մը կը թողու բնականաբար։
Ձմեռուան վրայ գարունին առաջին յաղթանակն է այս տեսարանը՝ որ գոհունակութեան հառաչ մը, ուժեղ արտաբերուած ձայն մը արձակել կու տայ զայն վայելողներուն եւ այդ հրաշալի՜ փոփոխութեան անդրադարձողներուն։
Եւ այս տեսարանը կ՚ամբողջանայ գեղեցիկ պտոյտով մը՝ զոր օրինակ, հանդարտ ծովուն վրայ նաւակով մը կամ փոքր առագաստով շարժող նաւով մը՝ զոր կը թիավարէ մարդ… եւ նաւակը կը սահի հանդարտ ծովուն ժպտուն ջուրերուն վրայէն։ Եւ նաւակը կ՚ամբողջացնէ արեւոտ եւ հաճելի օրուան տեսարանը սիրուն պատկերով մը։
Այս տեսարանին մէջ՝ կեանքով լեցուն եւ խանդով եւ սիրով վառվռուն ապրումներ՝ երգ, խնդուք, փոխասացութիւն, մենախօսութիւն, երբեմն անիմաստ կամ աննպատակ, բայց միշտ հաճելի, համեղ եւ հանճարե՛ղ։ Եւ այսպէս կը վայելեն մարդիկ խստաշունչ եւ մռայլ ձմեռուան տիրապետութենէն փրկութեան եւ արեւոտ, հաճելի օրերուն վայելքը։
Հանդարտ ծովու վրայ սահող նաւակը անշուշտ պէտք ունի թիավարողի մը եւ ղեկը գործածողի մը։ Եւ այս տեսարանը մտածել կու տայ, թէ՝ նաւակը կը յառաջանայ դէպի հոն՝ ուր կը տանի ղեկը ձեռքին մէջ եղողը։ Ծովը որքան ալ հանդարտ եւ անշարժ ըլլայ՝ նաւակը յառաջանալու եւ շարժելու համար թիավարողի մը եւ ղեկավարի մը պէտքը ունի եւ ուղղութիւն տուողը միշտ ղեկը ձեռքին տակ ունեցողն է՝ ղեկավարը կ՚որոշէ, թէ ո՛ւր պիտի առաջնորդուի եւ դէպի ո՛ր կողմ պիտի ընթանայ նաւակը, եւ անշուշտ անոր ճամբորդները…։
Կեանքն ալ այսպէս չէ՞ սիրելի՜ բարեկամներ՝ կեանքն ալ վարող ղեկավար մը չ՚որոշե՞ր անոր ընթացքը եւ ուղղութիւնը։ Այո՛, կայ եւ պէտք է ըլլայ ղեկավար մը, բայց կարեւորը այն է, թէ ո՛վ ըլլալու է այդ ղեկավարը։
Ուրեմն, կեանքի մէջ «ղեկավար»ը ընտրել կարեւոր հարց մըն է։ Ոմանք վարպետ ղեկավարներու առաջնորդութեամբ յառաջանալու առիթը կ՚ունենան, ոմանք՝ անփորձ ղեկավարներու կը յանձնեն իրենց «կեանքի նաւակ»ը եւ կը մոլորին, սխալ ուղղութիւն մը կ՚ունենան։
Երանի՜ անոնց՝ որ լաւ եւ փորձառո՛ւ ղեկավարներ ունին իրենց կեանքի ղեկը վարող եւ ապահով կերպով առաջնորդող։ Կեանքը նաւակ մըն է, որուն ղեկը եւ թիավարութիւնը միշտ ուրիշներու է յանձնուած, եւ երանելի՜ են անոնք, որոնց կեանքի ղեկը փորձառու եւ ապահով ձեռքերու է յանձնուած։
Այս խորհրդածութիւնները մեզի կը յիշեցնէ անգլիացի երեւելի բանաստեղծ Լորտ Ալֆրէտ Թէնիսընի մէկ պատմուածքը՝ «Մըրլին եւ Վիվեըն» խորագրով սիրուն եւ նաեւ տխրաբոյր հովուերգութիւն մը։
Մըրլին Արթհըր թագաւորին ամենէն վստահելի եւ արժանաւոր ասպետներէն մին է։ Քաջարի եւ մաքուր տիպար ասպետ մը, որ իր վրայ կ՚աւելցնէ իմաստասէրի մը հմտութիւնը եւ միտքը եւ զգայուն բանաստեղծի մը արժանիքը։
Վիվեըն պալատական կիներէն մին է, որքան գեղանի նո՛յնքան խելացի եւ խորամանկ «սեւ» հոգի մը, սակայն, կ՚որոշէ իր հմայքին տակ առնել պալատին այս ամենէն նշանաւոր ասպետը, եւ կը խորհի, թէ «իր փառքը այնքա՜ն քշեղ պիտի ըլլայ ո՛րքան այն մեծութիւնը, զոր մտադրած էր կործանել»։ Սակայն այն նետերը, զորս Վիվեըն կ՚արձակէր այս արի եւ բարի ասպետին վրայ, անոր հոգիին անթափանց զրահներուն հանդիպելով, ջախջախուած գետին կ՚իյնային։
Վիվեըն, սակայն, իր գեղեցկութեան, նուրբ խղճին, հմայիչ լեզուին եւ խոր յուզումներուն անսպառ պաշարովը զինուած, որոշած էր խորտակել Մըրլինի կամքը եւ անոր ձեռքէն առնել հրաշագործ յուռութքը՝ հմայութիւնը, որուն հմայքներուն վրայ խօսեր էր իրեն…։
Օր մը Մըրլին իր մելամաղձոտութեան նոպաներէն եւ խոկումի եւ լռութեան պահերէն մէկուն մէջ ծովեզր կ՚իջնէ եւ նաւակ կը նստի։
Վիվեըն՝ կը հետեւի անոր աննշմար եւ ի՛նք ալ կը մտնէ նաւակին մէջ։ Միտքը դրած է նաւակին ղեկը ձեռք անցընել։ Մըրլին ձեռք կ՚առնէ առագաստը եւ Վիվեըն՝ ղեկը, եւ կը հասնին հոն՝ ո՛ւր Վիվեըն կ՚ուզէր առաջնորդել նաւակը եւ երթալ։
Բնութեան ահեղ փոթորիկներէն մէկուն ընթացքին, եւ Մըրլինի տկարութեան եւ մտացիր մէկ վայրկեանին, ան տեղի կու տայ եւ յուռութքը կը յանձնէ Վիվեընի, ինչպէս Սամփսոն իր ուժին գաղտնիքը վերջապէս յայտներ էր փղշտացի աղջկան՝ Դալիլայի։ Եւ այսպէս, ահաւասիկ, կը խորտակուի Մըրլինի անունը եւ ամբողջ համբաւը…։
Ինչպէս կեանքի մէջ, նոյնքան ընտանքիքի մէջ ալ ղեկը շատ կարեւոր է, այն որ ընտանիքի ղեկը վարելու դիրքին մէջ է, թէ՛ պատասխանատու է ամբողջ ընտանիքին ապահովութենէն եւ թէ պարտաւոր՝ ուղիղ ընթացքը ցոյց տալու ընտանիքի բոլոր անդամներուն եւ մանաւանդ տղոց, որոնց ապագայ կեանքը պիտի որոշուի այդ ընթացքին համեմատ։ Ահաւասիկ, նաւակի պարզ եւ հաճելի պտոյտ մը մեզի մտածել կու տայ կեանքի կարեւոր դերակատարներէն եւ պատասխանատուներէն մին՝ այն որ «ղեկ»ը իր ձեռքերուն մէջ, ստանձնած է կեանքին ընթացքը որոշել։
Որո՞ւն ձեռքն է ղեկը։
Ահաւասիկ կարեւորագոյն հարցը կեանքին։
Թէնիսընի պատմուածքին մէջ՝ Մըրլինի նման քաջարի, ազնիւ եւ առաքինի ասպետի մը կեանքը խորտակուեցաւ, կորուստի մատնուեցաւ, քանի որ Վիվեընի նման նենգամիտ, անձնասէր եւ փառամոլ կին մը ղեկը ձեռք էր առեր։
Իմ շատ սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, ո՛չ ասպետական, ոչ ալ արդար պիտի ըլլար այս պատմութենէն եզրակացնել, թէ խե՜ղճ այրերը այսպէս դժբախտ զոհեր են կիներուն. ո՛չ երբեք, քանի որ մէկ Վիվեընի դէմ տասնեա՜կներով այրեր կան՝ որոնք անխըղ-ճօրէն ֆիզիքական եւ բարոյական կործանումի, չարչարանքի են մատնած շատ անփորձ եւ անմեղ աղջիկներ կամ պարզամիտ, տկարամիտ կիներ, եւ ասոնք լռին, վշտահար եւ գաղտնօրէն կ՚ողբան իրենց դժբախտ ճակատագիրը, մինչդեռ անդին զանոնք խաբող եւ անոնց կեանքը եւ պատիւը գողցող անխիղճ էակները իրենց պարկեշտ եւ պատուաւոր կեանքը կ՚ապրին եւ կը վայելեն անվրդով…։
Իմաստասէր՝ փիլիսոփայ ըլլալու պէտք չկա՛յ համոզուելու համար, թէ կործանումներու, բարոյական խորտակումներու եւ կորուստներու պատասխանատուն միշտ եւ միայն «երկրորդ անձ» մը չէ՛, որ առանց ենթակային գիտութեան, տեղեկութեան եւ հաւանութեան մարդուն «ղեկ»ը իր ձեռքը առած է, մինչ ան առագաստները կամ նաւակը վարելով կը զբաղի։
Աւերակ կեանքերու ուշադիր անձի մը համար դժուար չէ տեսնել, թէ յաճախ իմաստուն եւ խելացի կարծուած անձեր, իրենց իսկ գիտութեամբ եւ հաւանութեամբ իրենց «ղեկ»ը սխալ եւ երբեմն ալ նենգամիտ եւ փառամոլ ձեռքերու կը յանձնեն։ Պահ մը իսկ մտացիր եւ անուշադիր ըլլալ բաւական է, որ «ղեկ»ը յանձնուի անբաղձալի ձեռքերու, քանի որ անոնք միշտ պատրա՛ստ կը սպասեն այդ պահուն։
Արդարեւ, ղեկավարող Վիվեըններ եւ զօրաւոր, անդիմադրելի հոսանքներէ տարուող եւ քշուող Մըրլիններ, Թէնիսընի երեւակայութեան մէջ գոյութիւն չունին միայն։ Մտացածին, երեւակայական դէմքեր չեն անոնք, այլ՝ իրակա՛ն, որոնց կարելի է հանդիպիլ կեանքի մէջ յաճախ։
Ուշադի՛ր ըլլալ՝ խոհեմ, ողջամիտ եւ մանաւանդ զօրաւոր նկարագիր ունեցող ամէն անձի համար պարտականութիւն մըն է՝ կեանքի «ղեկ»ը իր ձեռքերուն մէջ կարենալ պահելու համար…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 9, 2018, Իսթանպուլ