ԲԱՐՁՐՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

Բարձրութիւնը, կ՚ըսեն, կը ջնջէ սահմանագծերը։ Ցանկապատեր, տախտակորմներ, քարաշէն պատեր կամ ուրիշ նշաններ, զորս մարդիկ կը դնեն իրենց սեփական հողերը կամ ստացուածքները զատելու եւ պահպանելու համար, բարձրութեան վրայ բոլորովին անտեսանելի կը դառնան, կը կորսնցնեն իրենց հանգամանքը։

Ահաւասիկ, ճիշդ ա՛յս պատճառով է, որ երբեմն, կեանքին պէտք է նայիլ բարձրութեան վրայէն՝ որպէսզի մարդ կարենայ ազատ զգալ ինքզինք ամէն տեսակ սովորական, արուեստական կաշկանդումներէ, խափանումներէ։ Եւ այդ կաշկանդումներուն, արգելքներուն մէջ տագնապած, խուճապի մատնուած եւ հոգեպէս նեղուած մարդը երբ գիտնայ քիչ մը «բարձրանալ», այլապէս պիտի տեսնէ որ ո՜րքան անտեղի են իր հոգեկան նեղութիւնները, տագնապները, եւ ո՜րքան անկարեւոր՝ անոնց պատճառները։

Բարձրութեան վրայ, մարդ կը տեսնէ բնութեան եւ կեանքին իրական երեսը վճիտ, յստակ եւ անկեղծ, անխարդախ՝ յետին նպատակներէ զե՛րծ։

Անշուշտ երբ կը խօսուի «բարձրութեան» մասին, այս բարձրութիւնը՝ ֆիզիքական ըլլալէ աւելի՛ հոգեկան եւ մտային բարձրութիւն է. այն բարձրութիւնը՝ ուր մարդ ձերբազատուած է ամէն հոգեկան եւ մտային կաշկանդումներէ, ամէն բռնադատութենէ՝ որոնք կարելի է ամփոփել երկու վիճակի մէջ՝ «նախապաշարում»ներու եւ «կանխակալութիւն»ներու, որոնք իրապէս, մարդուս համար մտային եւ հոգեկան կաշկանդումներ են։ Արդարեւ, կանխակալութիւն եւ նախապաշարում, երկուքն ալ պատուարներ, արգելքներ են մարդկային բանականութեան, ազատութեան առջեւ։ Եւ մարդուն համար պատուհաս մը, փորձանք մըն է նախապաշարումը՝ սնոտի եւ սխալ, անհիմն բաներու ընծայուած հաւատքը, եւ որուն չափ վտանգաւո՛ր է կանխակալութիւնը՝ առանց քննելու կամ ստուգելու, առանց բանականութեան ընդունուած կարծիքը։

Ուստի, քանի որ մարդ բանական էակ մըն է՝ խորհող, այսինքն մտքով շարժող եւ զգացող՝ զգացումներով շարժող էակ մը, թէ՛ նախապաշարումները եւ թէ կանխակալութի՛ւնը բոլորովին ներհա՛կ է իր էութեան։ Եւ ահաւասիկ, այս կէտին է որ կարեւորութիւն կը ստանայ հոգեկան եւ մտային բարձրութի՛ւնը։ Մարդ եթէ փորձէ իրերու եւ իրողութիւններու, ընկերային կամ անհատական երեւոյթներու «վեր»էն նայիլ, պիտի կարենայ աւելի առողջ որոշումներ տալ անոնց մասին։ Հոս դարձեալ կարեւոր է ներդաշնակել՝ բանականութիւնը եւ զգացողութիւնը։ Եւ այս ալ կ՚արտայայտուի սա խօսքով, թէ՝ մարդ պէտք է շարժի թէ՛ սրտով եւ թէ միտքով։ Սիրտը պէտք է չափաւորուի բանականութեամբ, իսկ բանականութիւնը՝ սրտով, որ կ՚ենթադրէ նաեւ խի՛ղճ։ Այս երկու արժէքները ներդաշնակելու կարողութեանը եւ կարելիութեանը համեմատ, մարդ կը հասնի կատարելութեա՛ն։

Ուրեմն «բարձրութիւն»ը, թէ՛ ֆիզիքական, թէ՛ մտային եւ զգացական, լուրջ խորհուրդներ կը թելադրէ։

Հենրի Տրըմընտ իր մէկ ուսումնասիրութեամբ կը ջանայ ապացուցանել, թէ կարգ մը բնական օրէնքներ ի զօրու են նաեւ հոգեկան աշխարհի մէջ։

Ասոր նման, մարդ չի՛ կրնար մտածել, թէ՝ բնական բարձրութեան, որուն կ՚ըսենք «ֆիզիքական բարձրութիւն», մատուցած կարգ մը առաւելութիւններ եւ փոխակերպիչ հանգամանքը գոյութիւն ունին մանաւանդ բարոյական կամ հոգեկան բարձրութիւններու վրայ։ Այս բարձունքներուն վրայ ալ ենթական մաքուր, կենսունակ եւ խաղաղ մթնոլորտն է, զոր կը վայելէ, զերծ՝ միտքը, սիրտը եւ հոգին վարակող ախտաժէտ ազդեցութիւններէ։

Արդարեւ, աշխարհագրական-ֆիզիքական բարձրութիւններու վրայ, մարդ ինքզինք աւելի՛ առոյգ, աւելի՛ յստակատես, աւելի՛ աշխոյժ, աւելի՛ ժիր եւ աւելի՛ կենսաւէտ կը զգայ։ Եւ այդ բարձրութիւններու վրայ կարծես կը փարատի ամէն յոռետես մտածում, ամէն նեղութիւն, ամէն խաւար մթնոլորտ։

Հոս ալ մարդիկ նիւթապաշտ ձգտումներու, փառասիրական տենչանքներու, աղմը-կայարոյց իրարանցումներէն եւ կատաղի, անիմաստ պայքարներէն եւ երկրաքարշ կիրքերու ժխորէն միշտ վե՛ր կը գտնուին։ Հոգիով սաւառնողներն ալ տարբեր չափանիշ եւ տարբեր տեսակէտ ունենալով՝ աշխարհի մեծամեծները, բարձրաստիճանները, մեծահամբաւները, երեւելիները իրենց ունեցած դիրքին, փառքին կամ «բարձրութեան» աստիճանով չեն դատեր, այլ կը չափեն զանոնք իրենց սրտի եւ հոգիի լայնութեամբ, խորութեամբ եւ բարձրութեա՛մբ։

Կեանքի որեւէ հարց, որքան ալ անլուծելի կարծուի, երբ բարձրութեան, խորութեան եւ տարածութեան տեսանկիւններէն դիտուի, կը լուծուի՛։

Հոգեկան բարձրութիւնն է  նաեւ որ թերութիւնները, տկարութիւնները կը քօղարկէ, կը չքացնէ եւ խեղճուկ եւ աննշան, հոգիներու մէջ ալ թաքնուած՝ շնորհքներ եւ գեղեցկութիւններ կը տեսնէ։ Նո՛յնն է նաեւ մտային բարձրութեան պարագան՝ ուր երեւան կու գան ճշմարտութիւններ։

Միայն այդ «բարձունք»ներէն դիտուած ժամանակ է, որ մարդկութեան հնարած արուեստական սահմանները, արգելքները, կաշկանդումները կը սրբուին, եւ ամէն տեսակ խտրութեան խրամատները կը վերցուին, քանի որ հոգեկան եւ մտային բարձրութիւններէն դիտողը՝ իր բոլոր ինքնութիւններէն առաջ եւ վե՛ր, մարդուն «Մարդկութի՛ւն»ը եւ հազիւ տեսանելի Տիեզերքէն վե՛ր «Արարիչ» մը կը նշմարէ…։

Ուրեմն, կ՚արժէ երբեմն «երկրէն վե՛ր բարձրանալ» եւ այդ անսահման տարածութեանը մէջ ինքզինք «կորսուած» զգալով՝ իր փոքրութիւնը ըմբռնել, եւ աւելի՛ մօտէն եւ աւելի հզօրապէս տպաւորուիլ տիեզերքի անհո՜ւնութենէն։

Բայց շա՜տ աւելի կ՚արժէ սաւառնիլ հոգեկան եւ մտային բարձրութիւններու մէջ՝ ո՛ւր հանդէս կու գան գեղեցկութեան, վսեմութեան, ճշմարտութեան, արդարութեան եւ կատարելութեան նորանո՜ր բարձունքներ։

Կ՚արժէ՛ փորձել անգամ մը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մայիս, 14, 2018, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Մայիս 17, 2018