Հինգշաբթի 16, Յունուար 2025
ՆՈՐ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐ
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որոշումով Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան ընդհանուր քարտուղար նշանակուեցաւ Վահագն Մելիքեան։ Մասնագիտութեամբ արեւելագէտ Վահագն Մելիքեան երկար տարիներէ ի վեր Հայաստանի դիւանագիտական համակարգէն ներս կը զբաղեցնէր զանազան պաշտօններ։ Ան ունի արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի դիւանագիտական աստիճան։
Վահագն Մելիքեան շուրջ երեք տարիէ ի վեր կը զբաղեցնէր սփիւռքի փոխ-նախարարի պաշտօնը։
Չորեքշաբթի, Մայիս 23, 2018