ԱՅՑ ԴԷՊԻ ՄՈՍԿՈՒԱ

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան յա­ռա­ջի­կայ շաբ­թուան սկիզ­բին պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը պի­տի տայ Մոս­կուա, ուր պի­տի հիւ­րըն­կա­լուի Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լավ­րո­վի կող­մէ։ Ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը պի­տի կա­յա­նայ Ապ­րի­լի 7-8-ին։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Ա­լեք­սանտր Լու­քա­շե­ւիչ տե­ղե­կա­ցուց, թէ Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի եւ Սէր­կէյ Լավ­րո­վի բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ պի­տի գան քա­ղա­քա­կան, տնտե­սա­կան եւ մար­դա­սի­րա­կան բնա­գա­ւառ­նե­րէ ներս հայ-ռու­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան լայն շրջա­նա­կին վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Կող­մե­րը պի­տի շօ­շա­փեն նաեւ Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան միու­թեան շրջա­նակ­նե­րէն ներս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան խո­րաց­ման շուրջ խնդիր­ներ։

Շաբաթ, Ապրիլ 4, 2015