ԷՍԱԵԱՆԸ ԵՒ ԷՍԱԵԱՆՑԻՆ
Երբ դպրոցի մը մասին պիտի խօսուի, խօսքը տալ խնդրոյ առարկայ դպրոցէն հասած, անոր բարոյապէս նուիրուած գրիչի մը, անկէ սնած եւ այն մթնոլորտին մէջ շնչած անձի մը աւելի յարմար պիտի ըլլար։ Արդարեւ, մեր համեստ գրիչը անզօր եւ անբաւարար պիտի ըլլար բացատրելու Էսաեան վարժարանը, քանի որ հո՛ս մեր սրտին մէջ ունինք «Էսաեանցի»ի մը եւ անոր 24 Մայիս 2003 թուակիր, մասամբ հին բայց մշտանորոգ տողերը։
Եւ ահաւասիկ, Էսաեան վարժարանի սաներէն, ապա նոյն վարժարանի ուսուցիչներէն եւ վերջապէս վարժարանի նախակրթութեան բաժնի նախորդ շրջաններու տնօրէն երէցկին Աննիկ Գալփաքճեանի սրտի խօսքը՝ իր ա՜յնքան սիրելի վարժարանին՝ Էսաեանի յատուկ օրուան արտասանուած։ Արդարեւ, խօսքին թուականը այնքան ալ կարեւոր չէ, երբ զգացումները, միտքը, գաղափարը անայլայլելի են եւ մշտնջենաւոր, եւ այն մտածումները եւ զգացումները, որոնք մշտնջենական արժէք կը ներկայացնեն, երբեք «հին» չեն կրնար անուանուիլ, այլ՝ մշտանորո՛գ։
Եւ սոյն սրտի խօսքը կը ներկայացնենք նոյնութեամբ՝ հաւատարիմ մնալով իր բնատիպին։
«Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայր, Հոգեշնորհ Հայր Սուրբ, Արժանապատիւ Քահանայ Հայրեր, Պէյօղլուի Պատուարժան Թաղային Խորհուրդի ազնիւ Ատենապետ եւ անդամներ, յարգարժան հիւրեր եւ սիրելի Էսաեանցիներ.
«Ահաւասիկ, այս տարի եւս հաւաքուած ենք Էսաեանցի ըլլալու յարգն ու պատիւը վայելելու՝ միատեղ, միաշունչ եւ միախորհուրդ։
«Այս բարեպատեհ առիթն է որ մեզի անգամ մը եւս կը յիշեցնէ, թէ մենք Էսաեանցի ենք եւ պէտք է միշտ Էսաեանցի մնանք։
«Գրեթէ ամէն մարդ ունի իր իւրայատուկ կենսագրութիւնը, բայց քիչեր ունին իրենց յատուկ գովաբանական, ներբողական եւ իրենց արժանիքը արտայայտող գրութիւնները։
«Նոյնն է պարագան հաստատութիւններու համար. ամէն հաստատութիւն ունի իր պատմութիւնը, սակայն հազուագիւտ հաստատութիւններ կ՚արժանանան իրենց հանրօգուտ աշխատանքը ցոլացնող վաւերագրերու, որոնք կ՚արտայայտեն հասարակութեան գնահատանքը եւ նաեւ՝ հպարտութիւնը։
«Ահաւասիկ, Էսաեանն ալ այն հաստատութիւններէն է որ միշտ, սերունդէ սերունդ կ՚արժանանայ հանրութեան բարձր գնահատանքին եւ առիթ կ՚ընծայէ որ պարծանքի եւ հպարտութեան զգացումները արթննան ամէն մէկ անհատի սրտին մէջ, որ սիրէ գիրը եւ գիտութիւնը։
«Վարժարանը, ընդհանրապէս կը նմանցուի վառարանի մը՝ որուն բոցերուն ջերմութենէն հետզհետէ կը տաքնան մատղաշ եւ դեռատի սիրտեր եւ հոգիներ։
«Վարժարանը կը նմանցուի նաեւ ջահի մը, որուն լոյսի շողերէն կը լուսաւորուին նորածիլ խարխափող միտքեր։ Այս ջերմութիւնը եւ լոյսը մանուկներու մէջ կ՚արթնցնեն մարդասիրական ազնիւ զգացումներ եւ անոնք կ՚առաջնորդեն լուսաւոր եւ յստակ եւ ապահով ապագայի մը։
«Մենք, ամէն շրջանի Էսաեանցիներս կը սիրենք մեր վառարանը, մեր ջահը, որ մեզ դեռ մանուկ հասակին մարդասիրական ազնիւ եւ վեհ զգացումներով տաքցուց եւ մեր միտքերը հաստատ եւ վսեմ սկզբունքներով համակեց, տոգորեց։
«Աւելի քան դար մըն է որ վառ կը մնայ այս կրթական օճախը, իր կրթանուէր մշակներով, ուրկէ հասան զգայուն սիրտեր եւ հանրօգուտ լուսաւոր միտքեր։
«Եւ այսօր մեր բոլորին պարտքն է՝ անցեալէն մեզի փոխանցուած այս ոգին փոխանցել նոր սերունդներու եւ այս օճախը վա՛ռ պահելու համար չխնայել ամէն ճիգ։
«Այս առթիւ սրտաբուխ զգացումներով կը շնորհաւորենք ամբողջ Էսաեանցիները, յատկապէս 40-րդ եւ 25-րդ տարիներու յոբելեար Էսաեանցիները, եւ կը մաղթենք հետզհետէ աւելի բարւոք եւ աւելի բարեյոյս տարիներ ամէն անոնց՝ որոնք Էսաեանցի են եւ Էսաեանցի կը մնան...»։
Աննիկ Գալփաքճեան
24 Մայիս 2003
***
Այսպիսի տողեր գրելու համար ապրիլ, զգալ եւ շնչել պէտք է այդ հիանալի՜ մթնոլորտը։
Եւ այդ իսկ պատճառով է որ ըսենք, թէ Էսաեան վարժարանի մասին գրելու համար մեր գրիչը անզօր եւ անբաւարար կը մնայ։
Այս տողերը անգամ մը եւս կարդալէ ետք կը խորհինք, թէ երանելի՜ պէտք է համարեն իրենք զիրենք՝ որ հպա՛րտ կերպով կը գոչեն՝ բարձր ձայնով կը յայտարարեն որ «Էսաեանցի են եւ միշտ Էսաեանցի պիտի մնան...»։
Անշուշտ ամէն կրթական հաստատութեան, ամէն վարժարանի մէջ ուսանած աշակերտի համար հպարտութեան առիթ մըն է յայտնել ի՛ր վարժարանը եւ պատիւ եւ հպարտութիւն զգալ իր ուսած եւ հասած վարժարանով։ Կասկած չկայ այս մասին...։
Բայց մենք երանելի՜ եւ հպարտ կը զգանք զմեզ, երէցկին Աննիկ Գալփաքճեանի նման կրթական մշակի մը՝ իր վարժարանին հաւատարիմ Էսաեանցիի մը հետ ամբողջ կեանք մը բաժնած եւ տակա՛ւին բաժնել շարունակած ըլլալնուս համար. հպա՛րտ ենք միշտ իրմով...։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 10, 2018, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/26/2024
- 11/26/2024