ՅՈՒՇԱՀԱՄԱԼԻՐԻ 50-ԱՄԵԱՅ ԹԱՆԳԱՐԱՆԸ
1968 թուականի Մայիսին, Սարտարապատի ճակատամարտին հայ ժողովուրդին տարած յաղթանակին 50-ամեակին առթիւ հանդիսաւորութեամբ տեղի ունեցած է բացումը Սարտարապատի հերոսամարտի յուշահամալիրին: Առաջին հանրապետութեան եւ Մայիսեան հերոսամարտերուն 100-ամեակին առթիւ այս տարի նշուեցաւ նաեւ յուշահամալիրին 50-ամեակը: Հայաստանի Արմաւիրի մարզի Արաքս գիւղին մօտ, Հայաստանի պատմական մայրաքաղաք Արմաւիրէն 10 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող այս հրաշալի ձեռակերտ յուշարձանը ուխտատեղի է այս օրերուն: Այստեղ կ՚այցելեն Մայիսեան հերոսամարտերուն, մանաւանդ Սարտարապատի ճակատամարտին ընթացքին նահատակուածներուն յարգանքի տուրք մատուցելու: Այդ բարձունքին վրայ յուղարկաւորուած են Սարտարապատի ճակատամարտին մասնակից հերոսները:
Տաղանդաւոր քանդակագործ Ռաֆայէլ Իսրայէլեանի ճարտարապետական տաղանդին արգասիքն է Սարտարապատի հերոսամարտին յուշահամալիրը, եւ անիկա ճարտարապետին ստեղծագործութիւններուն մէջ առանձնայատուկ տեղ ունի: Իր չափերով եւ նշանակութեամբ Սարտարապատի հերոսամարտին յուշահամալիրը առհասարակ կը նկատուի հայկական ճարտարապետութեան, ինչպէս նաեւ՝ համաշխարհային ճարտարապետական դասագրքային կոթողներէն մին: Հետաքրքրական եւ ուշագրաւ է պատմութիւնը, թէ ինչպէս խորհրդային տարիներուն հնարաւորութիւն եղած է նման ազգային-պատմական կառոյց մը ստեղծել ու հոն հիմնել ազգագրութեան թանգարան:
1965 թուականին, այն ժամանակուայ Հոկտեմբերեանի (այժմ Արմաւիր), Համայնավարական կուսակցութեան ղեկավար Վլատիմիր Դարբինեան քանդակագործ Սամուէլ Մանասեանին առաջարկած էր Սարտարապատի հերոսամարտին 50-ամեակին նուիրուած յուշաքանդակ մը տեղադրել: Քանդակագործ Մանասեան մտայղացած է ինքնաձիգը ձեռքին զինուոր մը քանդակել՝ պատուանդանին վրայ, եւ որոշած է խորհուրդ հայցել ճարտարապետ Ռաֆայէլ Իսրայէլեանին: Իսրայէլեան ըսած է, որ նման մտայղացում մը նորութիւն չէ եւ այդպիսի յուշարձանները, ողջ Խորհրդային Միութեան տարածքին, բաւական շատ են: Իսրայէլեան կը կարծէր, որ հայ ժողովուրդին պատմութեան մէջ նշանակալի դեր ունեցած Սարտարապատի հերոսամարտին համար անհրաժեշտ է ինքնատիպ եւ ծաւալային յուշարձան մը տեղադրել:
Ռաֆայէլ Իսրայէլեան, իր իսկ նախաձեռնութեամբ կը գծէ իր պատկերացուցած յուշարձանին նախագիծը: Ան ունէր քանի մը նախագծային տարբերակներ, որոնցմէ մէկը այն էր, որ նախատեսած էր 40 մեթր բարձրութեամբ վիթխարի, երկնասլաց թուր մը կանգնեցնել: Այս գաղափարը հաճելի չէր Հայաստանի Համայնավարական կուսակցութեան առաջին քարտուղար Անտոն Քոչինեանին: Քոչինեան ըսած էր. «Ռաֆօ՛, դուն երբուընէ՞ մատիտին փոխարէն թուրով կը պտտիս»: Քոչինեան կ՚ակնարկէր, որ վրէժխնդրութեան ձգտում յիշեցնող որեւէ բան կարելի չէր հաստատ-ւիլ իշխանութեան կողմէ: Եւ այդպէս Ռաֆայէլ Իսրայէլեան իր մտածած թուրին փոխարէն կը նախագծէ ներկայիս գոյութիւն ունեցող հրաշալի զանգաշտարակը:
Յետագային, ինքը՝ ճարտարապետը, այս տարբերակը արդարացուած նկատած է, քանի որ, ինչպէս յայտնի է՝ Սարտարապատի ճակատամարտին մասնակիցները հաւաքուած ու թրքական բանակը դիմաւորած էին եկեղեցւոյ զանգերուն ղօղանջներով:
Մանաւանդ շատ ոգեւորուած էին հոկտեմբերեանցիները, որոնց բնակավայրին քով պիտի կառուցուէր նման պատմական յուշարձան մը: Համալիրին կառուցման միջոցները յատկացուցած էին Հոկտեմբերեանի գիւղատնտեսական եւ անասնապահական միութիւնները:
Համալիրին կառուցումը շրջան մը ընդմիջուած է, երբ յայտնի դարձած է, որ միջոցները չեն բաւարարեր թանգարանի կառուցման համար: Ռաֆայէլ Իսրայէլեան շատ կը յուսահատի, երբ կ՚իմանայ, որ իր նախագիծին մէկ մասը՝ Ազգային ազատագրական պայքարի թանգարանի կառուցումը, անորոշ վիճակի մէջ կը գտնուի: Իր յօդուածներէն մէկուն մէջ ճարտարապետը կը գրէ. «Իմ միւս աշխատանքս, որ ինծի համար նոյնպէս կենսական է, Հոկտեմբերեանի մէջ կառուցուող թանգարանին շէնքն է, որուն վրայ մինչեւ հիմա կ՚աշ-խատիմ եւ կը հետեւիմ շինարարութեան:
«Ցաւ ի սիրտ, այս կառոյցը շինարարական ծանր վիճակի մէջ է եւ կը պահանջուի մասնաւոր ուշադրութիւն եւ վերաբերմունք, քանի որ անիկա մեր երիտասարդ սերունդի դաստիարակութեան համար շատ կարեւոր դեր պիտի կատարէ»:
Հնագէտ Լաւրենտի Բարսեղեան, գիտնալով ճարտարապետին այս յուսահատութեան մասին՝ կ՚առաջարկէ, որ ստանձնէ թանգարանի շինարարութեան գործը եւ զայն նուիրէ ազգագրութեան:
Այդ միտքը կ՚ոգեւորէ թանգարանի նախագիծին հեղինակը, որ, դժբախտաբար իր կենդանութեան չտեսաւ թանգարանին աւարտուն կառոյցը:
Լաւրենտի Բարսեղեանի ջանքերով կու գայ թանգարանի աւարտման գործը եւ ինք՝ Բարսեղեան, կը դառնայ առաջին, հիմնադիր տնօրէնը, մեծ ջանքերով կը ստեղծէ հիանալի ազգագրական թանգարանը, որ կը բացուի 1978 թուականին: Այժմ կը կոչուի Հայոց ազգագրութեան եւ ազատագրական պայքարի պատմութեան ազգային թանգարան եւ անբաժան մասը կը կազմէ Սարտարապատի յուշահամալիրին: Յուշարձանը այցելող ամէն ոք թանգարանին մէջ կը տեսնէ հայոց ազատագրական պայքարը խորհրդանշող նմոյշներ, իրեր, փաստաթուղթեր, ազգագրական իրեր, հերոսներուն կեանքը խորհրդանշող դրուագներ եւ այլն:
Սարտարապատի յուշահամալիրի մուտքին Ռաֆայէլ Իսրայէլեան մտայղացած է ուղղաձիգ աստիճանաւոր բարձրութիւնը, ուր կեցած են երկու առասպելական թեւաւոր ցուլերու կերպարները՝ աջ ու ձախ կողմերու վրայ, որոնք մուտքը պահպանող պահապաններու խորհրդանիշը ունին:
Համալիրին կեդրոնը կը գտնուի ուղղահայեաց առանցքով զանգաշտարակը: Երեք ուղղահայեաց շարքերով կը բարձրանան բարակ կամարները, ստորին կամարները բարձր են, վերջին երկու շարքը՝ աւելի ցած, եւ մէկական եւ երեքական զանգեր կան կախուած կամարներէն: Զանգաշտարակը տեղադրուած է աստիճանաւոր պատուանդանին վրայ: Զանգաշտարակին խորհրդանշական իմաստը մարտի կանչն է, ինչպէս 1918 թուականին բոլոր եկեղեցիներուն զանգերը ղօղանջած են՝ կանչելով սուրբ պայքարի՝ յանուն Հայաստանի գոյատեւման: Բայց զանգերուն մէջ ճարտարապետը նաեւ այլ խորհուրդ մը դրած է՝ այս զանգերը նաեւ անմահ փառքի, յաղթանակի օրհներգման եւ երջանիկ կեանքի խորհուրդը ունին: Վաղ ժամանակներուն նոյնպէս զանգին ղօղանջը առընչուած է ուրախութեան եւ Աստուծոյ հետ: Այդպիսի օրինակ մըն է Տաթեւի վանքի զանգին արձանագրութիւնը. «Լսելի դարձուր զիս, Տէ՛ր, զձայն ցնծութեան եւ զուրախութեան: ՉԾԱ թ.»:
Սարտարապատի յուշահամալիրի զանգաշտարակին վեց զանգերը ձուլուած են Ֆրանսայի մէջ, իսկ զանգերուն մեղեդին մշակած է անուանի երգահան Ռոպերթ Աթայեան: Զանգաշտարակը անկրկնելի տպաւորութիւն մը կը ձգէ բոլոր այցելուներուն վրայ: Խորհրդային տարիներուն հոս այցելած լիթվացի բանաստեղծ Էտ-ւարտաս Մեժելայտիս բանաստեղծութիւն մը գրած է՝ «Սարտարապատի զանգերը» խորագրով: Նկարահանուած են շարժանը-կարներ, ուր կը հնչէ այս զանգերուն ղօղանջը:
Ճարտարապետը այս համալիրին ամէն մէկ մասը գծած է ամենայն ակնածանքով եւ խորհուրդ դրած է բոլոր գիծերուն, կառոյցներուն մէջ: Աստիճաններէն բարձրանալով, այցելուն կը յայտնուի երկար եւ լայն կանաչապատ ճեմուղիին վրայ, որ կը տանի դէպի կոր պատը: Ճեմուղիին հասակին, աջ կողմէն իրարմէ հաւասար հեռաւորութեան վրայ տեղադրուած են հինգ արծիւներու տպաւորիչ եւ հուժկու քանդակները: Արծիւներու թեւերուն վերի մասին վրայ կան վարդեակներ՝ վարդաքանդակներ, որոնցմէ ոչ մէկը նման է միւսին:
Ճեմուղին կ՚աւարտի յուշապատով: Կիսաշրջանակաձեւ, առասպելական նիւթերով քանդակուած յուշապատը ողջ ճարտարապետական համալիրին գաղափարական աւարտակէտն է: Կեդրոնը կայ մեծ կամարաձեւ բացուածք մը, որմէ ճանապարհ մը կը տանի դէպի Ազգագրութեան թանգարան: Յուշապատին ողջ մակերեսը պատուած է այլաբանական պատկերներով՝ բարիի եւ չարի պայքարը արտայայտուած է հրեղէն ձիերուն եւ անոնց ոտքերուն տակ խեղճացած վիշապներուն քանդակներով: Այս պատկերները հայ քրիստոնէական պատկերագրութեան մէջ ալ ծանօթ են: Պատկերագրութեան մէջ ծանօթ է Քրիս-տոսի եւ Աստուածամօր ոտքերուն տակ չարը մարմնաւորող վիշապները, որոնք կը պատկերուին մանաւանդ մկրտութեան տեսարանին մէջ: Քանդակագործը իր ստեղծագործութեան մէջ դրած է կեանքի, յաղթանակի եւ հերոսներու անմահութեան գաղափարները, որոնք արտայայտուած են խորհրդանշական ձեւով եւ արձանագրութեամբ. «Յաւերժ փառք Սարտարապատեան ճակատամարտի հերոսներուն»:
Այսպիսի ծանօթ պատմութիւն մը կայ Ռաֆայէլ Իսրայէլեանի յուշերուն մէջ. յուշահամալիրի բացման նախորդ օրը ճարտարապետը կը ստուգէ, թէ արդեօք աւարտա՞ծ են բոլոր աշխատանքները եւ կը յայտնաբերէ, որ վերը նշուած գիրը արձանագրուած չէ, բայց խուճապի չի մատնը-ւիր, կը կանչէ չորս քարտաշ վարպետներ եւ կաւիճով, առանց նախնական չափումներու, գծագրերու եւ այլ անհրաժեշտ գործիքներու, կը գրէ որմնագիրը: Վարպետները փորագրելով կը շարժին ճարտարապետին ետեւէն: Կարճ ժամանակի ընթացքին, ի զարմանս բոլորին, աշխատանքը կ՚աւարտի: Գեղեցիկ տառերը կը շար-ւին իրարու ետեւէ, նոյն չափի, զարմանալի ճշգրիտ հեռաւորութեամբ:
Յուշապատին հակառակ երեսին քանդակուած են մարտիկներուն հաց ու ջուր հասցնող աղջիկները, զէնքը ձեռքերնուն պայքարի ելած կիներն ու ծերերը, ինչպէս եղած է հերոսամարտին ընթացքին:
Յուշահամալիրի բացման մասին արժէքաւոր են յուշերը ճարտարապետ Վարազդատ Յարութիւնեանի, որ մասնակցած է բացման հանդիսաւոր արարողութեան. «Վերջապէս աւարտեցան շինարարական աշխատանքները եւ 1968 թուականի Մայիսին տեղի ունեցաւ յուշարձանախումբին հանդիսաւոր բացումը, որուն մասնակցելու եկած էին Երեւանէն, Հանրապետութեան զանազան քաղաքներէն, Հոկտեմբերեանի շրջանի բազմաթիւ գիւղերէն, ինչպէս նաեւ՝ սփիւռքէն ժամանած հայեր: Յիրաւի, ատիկա բացառիկ իրադարձութիւն մըն էր, որ առյաւէտ պիտի մնայ մասնակիցներուն յիշողութեան մէջ: Ռաֆոյին հետ բարձունքին կեցած կը դիտէինք, թէ ինչպէս մարդկային հոծ բազմութիւնը կը շարժէր խճուղիին վրայ: Ընկերս յուզուած էր՝ համակուած հպարտութեան ազնիւ զգացումով: Այդ մէկը ստեղծագործական յաղթանակի վայելման զգացումն էր»:
Ճարտարապետը աւելի ուշ նախագծած է սեղանատունն ու թանգարանը: Սեղանատունը, որ «Վարդավառ» կը կոչուի, նոյնպէս տուֆով շինուած է, եւ Ռաֆայէլ Իսրայէլեան սեղանատան մէջ փորագրել տուած է. «Փա՛ռք հայոց քարին, քարի վարպետին»: Սեղանատան կեդրոնական մուտքէն երբ ներս կը մտնենք եւ կը քալենք դէպի ձմեռնային այգիները, սիւնաշարին թեք ծածկին զուգահեռ, կը հասնինք դահլիճ, որ տաք եղանակին, խնջոյքներու համար անկրկնելի վայր մըն է՝ լեցուն ազգային տօնախմբութեան ու ուրախութեան ոգիով: Ասկէ ետք է, որ ճարտարապետը մտայղացած է դահլիճները:
Եզակի խորհրդանիշներով կառուցուած է նաեւ թանգարանին շէնքը, ուր մետաղեայ ջահերը կը պատկերեն ցուլերու գլուխներ, յովազի ոճաւորուած կերպարանք, վահաններ եւ այլն: Նոյն կերպով ձեւաւորուած են մետաղեայ դռները, կրակարանը եւ այլն: Մասնագէտներու գնահատմամբ, թանգարանին շէնքը արդէն իսկ բաւական էր՝ Իսրայէլեանին անունը ինչպէս խորհրդային, այնպէս ալ համաշխարհային ճարտարապետութեան մէջ յաւերժացնելու համար:
Ան շէնքը մտայղացած է ոչ միայն որպէս զուտ թանգարան, այլ՝ իբրեւ ամրոց, որ ունի խուլ պատեր, շքամուտք եւ երկու նեղ պատուհան` մէկը ուղղուած դէպի Արարատ լեռը, միւսը՝ դէպի Արագածը: Թանգարանին շէնքը իր ինքնատիպ ճարտարապետութեամբ առաջնային դիրք կը գրաւէ համալիրին միւս կառոյցներուն քով, ան թէ՛ ժամանակակից է, թէ՛ կ՚առընչուի հայ ազգային ճարտարապետութեան հետ:
Թանգարանը ունի աւելի քան 70 հազար թանգարանային առարկաներէ բաղկացած հաւաքածոյ։ Անոր 6500 մեթր քառակուսի ցուցադրական մակերեսին վրայ ներկայացուած են Հայոց ազգային մշակոյթին եւ Մայիսեան հերոսամարտերուն պատմութեան նուիրուած հիմնական ցուցադրութիւնները։
Ուշագրաւ է աւելի քան 7 հազար առարկաներէ կազմուած հնագիտական հաւաքածոն։ Ցուցադրուած առարկաներէն յիշարժան են ուշ պրոնզի եւ վաղ երկաթի դարաշրջանի պրոնզէ արձանիկները, Ք.Ա. 3-րդ հազարամեակի Հայկական լեռնաշխարհի բնակիչ ցեղապետի կիսանդրին, կաւէ կրակարանը, զէնքի տեսակները եւ այլն։
Պրոնզէդարեան շերեփը կը կազմէ թանգարանի հնագիտական հաւաքածոյին զարդը։ Յայտնաբերուած է 1977 թուականին Լոռիի Բերդ գիւղի թիւ 21 ուշ պրոնզէդարեան դամբարանէն օգտագործուած ծիսական արարողութիւններուն ընթացքին, նոյն դամբարանին մէջ թաղուած քուրմին կողմէն։
Եղջերուներու արձանախումբը արձանադրօշ է՝ յայտնաբերուած 1975 թուականին Լոռիի Բերդի դամբարանադաշտին մէջ։ Ան ձուլածոյ է, թեմաթիք եւ ոճական առանձնայատկութիւններով կը համապատասխանէ Հայաստանի ուշ պրոնզէդարեան արուեստին, պատրաստուած է տեղական վարպետ-արուեստագէտի ձեռքով։ Արձանին դրօշակը ունի պաշտամունքային նշանակութիւն, օգտագործուած է ծիսական արարողութիւններու ժամանակ։
Թանգարանին ազգագրական հաւաքածոյին կազմը կ՚ընդգրկէ հայ էթնիք հանրոյթին արեւմտահայ եւ արեւելահայ համալիրներու, տարբեր պատմական ժամանակաշրջաններու վերաբերող մշակութային արժէքները։
Ձեռագործներու հաւաքածոն ամենամեծն է թանգարանի միւս հաւաքածոներուն համեմատութեամբ. գորգին, ասեղնագործութեան եւ ժանեակին, տարազին վերաբերող թանգարանային առարկաներուն ընդհանուր քանակը կը գերազանցէ 8 հազարը։ Անոնցմէ յատկապէս յիշարժան է գորգերու հաւաքածոն, որուն հնագոյն նմոյշը 17-րդ դարէն է։ Տարազի հաւաքածոն՝ աւելի քան 1600 կտորէ կազմուած, կը ներառնէ 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու սկիզբի Հայոց գիւղական եւ քաղաքային բնակչութեան առօրեայ ու տօնական տարազի համալիրները։
Ժանեակներու եւ ասեղնագործ սրբիչներու, սփռոցներու հաւաքածոն, (աւելի քան 2500 միաւոր) նոյնպէս կը ներկայացնէ պատմական Հայաստանի գեղարուեստական գործուածքի ինքնատպութիւնը։ Ի թիւս այլ գործուածքի նմոյշներու, ուրոյն տեղ ունի նաեւ կոպլէններու հաւաքածոն, թիւով 150։
Հարուստ է արծաթեայ գօտիներու հաւաքածոն՝ պատրաստուած Հայաստանի եւ Կովկասի յայտնի վարպետներուն ձեռքով։ Նոյն հաւաքածոյին մաս կը կազմէ ոսկիով ու արծաթով պատուած, փորագրուած դաշոյններու հաւաքածոն, որ մեծ մասամբ հայ վարպետներուն ձեռքի գործն է։
Աւելի քան հազար առարկայ ընդգրկող ապակիի հաւաքածոյին մէջ կարեւոր են սեղանի սպասքի նմոյշները, ինչպէս նաեւ գեղարուեստական ոճաւորումով առանձնացող կենցաղային առարկաները։
Հայոց Ազգագրութեան թանգարանը ունի Կուտինայի խեցեգործութեան հարուստ հաւաքածոյ մը, որ նուէր է յունահայ Յակոբ Ճելլալեանէն։ Թանգարանի հիմնական ցուցադրութեան մէջ ուրոյն տեղ ունի ուտեստեղէնի ցուցադրութիւնը։ Ցուցադրութեան մէջ ներկայացուած են հայոց աւանդական ուտեստեղէնի համակարգին մէջ մշակուած եւ պահպանուած էթնիք աւանդոյթներն ու առանձնայատկութիւնները։
Թանգարանին մէջ կը պահպանուին հայ ժողովուրդի տնտեսական հիմնական եւ օժանդակ զբաղումներու, տնային գործերու եւ արհեստներու դարաւոր աւանդոյթները արտացոլացնող աւելի քան 4500 գործիք եւ այլ առարկաներ։ Այս հաւաքածոն թոյլ կու տայ դիտողին պատկերացում մը կազմել հայոց տնտեսական կեանքին եւ նիւթական մշակոյթին մասին։
Թանգարանին մէջ կը պահպանուի 306 նուագարան, որոնցմէ 290-ը հայկական ժողովրդական նուագարաններ են։ 100 լարային, 159 փողային, 31 հարկանային, իսկ 16-ը՝ աշխարհի ժողովուրդներուն պատկանող։ Հաւաքածոյին ամենահին նուագարանները 1689 եւ 1696 թուականներով թուագրուող պղինձէ ծնծղաներն են, որոնց վրայ հայատառ արձանագրութիւններ կան։ Հաւաքածոյին զարդը ճանչցուած են երաժիշտներ Լեւոն Մատոյեանի, Գուրգէն Միրզոյեանի, Լեւոն Կարախանի, Սողոմոն Սէյրանեանի, Վաչէ Յովսէփեանի, Արամ Մերանկուլեանի, Սաշա Օգանեզաշվիլիի նուագարանները։
Կիրառական արուեստի հաւաքածոյին, աւելի քան 2 հազար ստեղծագործութիւններուն մեծ մասը կը ներկայացնէ հայոց աւանդական մշակոյթին, ինչպէս նաեւ հայրենի երկրին ու բնութեան ոգին։
Աշխարհի ժողովուրդներու ազգագրութեան հաւաքածոյին հիմնական մասը կը կազմեն Կեդրոնական եւ Արեւմտեան Ափրիկէի երկիրներու (Կանա, Կամպիա, Կուինիա, Լիպերիա, Նիճերիա, Սենեկալ, Թանզանիա) փայտէ արձանիկները, դիմակները եւ այլ առարկաներ։ Հաւաքածոյին մէջ փոքրաքանակ առարկաներով ներկայացուած են նաեւ Հնդկաստանի, հարաւ-արեւելան Ասիոյ (Չինաստան, Ճաբոն, Վիեթնամ) ժողովուրդներու մշակութային տարրեր:
Սարտարապատի ճակատամարտի յուշահամալիրը կը հաստատէ հայրենասիրութեան գաղափարը, հայ ժողովուրդին ազգային մշակոյթին անմահութիւնը, անոր ստեղծարար ոգիին ուժը եւ այս օրերուն ան կրկին մարդաշատ է: Տակաւին կը շարունակուին հերոսամարտի 100-ամեակին եւ համալիրի հիմնադրման 50-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները՝ Սարտարապատի պատմական այդ վայրին մէջ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ