ԱՐՈՒԵՍՏԸ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Մարդկային կեանքի ամենագեղեցիկ եզրն է արուեստը՝ որ բարոյական կեանքի ձգտումներուն, զգացումները արտայայտելու ամենէն ապահով միջոցն է։ Յաճախ կը յիշենք, թէ մարդ էակը միայն մարմին չէ, այլ նաեւ՝ հոգի եւ միտք, ի՛նչ որ կը նշանակէ, թէ ան ունի զգացական եւ իմացական կեանք մըն ալ, որոնցմով կը կազմէ ամբողջութիւն մը՝ մարմնաւոր եւ բարոյական ապրումներով։

Արդարեւ, մարդ ինչպէս որ սնունդի պէտք ունի իր մարմնաւոր էութիւնը գոյապահպանելու եւ գոյատեւելու համար, աննիւթ սնունդի ալ պէտքը ունի իր բարոյական կեանքը զարգացնելու եւ ազնուացնելու համար։

Եւ ահաւասիկ, այս իմաստով, զգացումներու արտայայտութեան որպէս միջոց՝ արուեստը կը սնուցանէ նաեւ մարդուս հոգին եւ երբ հոգին ազնուանայ՝ միտքն ալ, այսինքն իմացականութիւնն ալ կը զարգանայ եւ կը պայծառանայ։ Եւ այս պատճառով է, որ մեր տողերուն սկսանք այն ճշմարտութիւնը արտայայտելով, թէ՝ «մարդկային կեանքի ամենագեղեցիկ եզրն է արուեստը»։ Մարդ արուեստի միջոցով կ՚արտայայտէ իր զգացումները, եւ այդ արտայայտութիւնը դարձեալ կը վերադառնայ մարդուն՝ որպէս բարոյական սնունդ։ Արդարեւ, արուեստը մարդուս խիղճը շարժման կ՚անցընէ՝ անզգան զգայունի կը վերածէ։

Արուեստը իր այս հանգամանքով բարոյական կեանքի ուղեցոյցն է՝ մարդուն կու տայ ճաշակի փափկութիւնը, առանց որու իմաստ մը պիտի չունենար բարոյական կեանքը եւ անհանդուրժելի պիտի ըլլային այն բոլոր ապրումները եւ զգացումները՝ որոնք կը ձեւաւորեն մարդկային ներաշխարհը։ Արդարեւ, մարդկութեան ամբողջ պատմութիւնը կը վկայէ, թէ ամէն դար, իւրաքանչիւր շրջան իր հզօր ազդեցութիւնը գործած է միտքերու վրայ, որոնք կ՚առաջնորդեն պահանջքներու գոհացում գտնելու կարելիութեան համաձայն։ Եւ կը քանդուին համոզումի այն անկայուն խլեակները՝ որոնք այլեւս անբաւարար կը սեպուին գոհացում տալու իրենց արտադրած միտքերուն, գաղափարներուն, եւ կա՛մ անոնց բեկորներով եւ կա՛մ բոլորովին նոր շինուածանիւթերով կը կառուցանեն մտքի եւ սրտի «տաճար»ներ։

Այս կարեւոր փաստարկում մըն է, թէ ար-ւեստը բարոյական կեանքին, բարոյականութեան լրացուցիչ, ամբողջացնող մա՛սն է։ Վայրը, ենթական, դերակատարը երբեք կարեւորութիւն չունին։ Բարոյականը բարձրագոյն եւ ամբողջական գեղեցկութիւնն է, եւ «տգեղ բարոյական»ը երբեք ըմբռնելի եւ ընդունելի չ՚ըլլա՛ր այս պարագային։ Ուստի մարդ պէտք է համոզուի, թէ «բարոյական գեղեցկութիւն»ը ամենէն գերազանց գեղեկութիւնն է, ի՛նչ որ կարելի է ապահովել արուեստի միջոցով։ Եւ արուե՛ստն է, որ բարոյականը կը գեղեցկացնէ, կ՚ազնուացնէ՝ անոր իմաստ եւ արժէք կ՚ընծայէ։

Եւ այս «գերագոյն բարոյական»ը կրնան ըմբռնել միայն անոնք՝ որոնք խորապէս զգայուն են նիւթական գեղեցկութեան հանդէպ։

Առաքինութիւնը, ազնուութիւնը կը ժպտին հոն՝ ո՛ւր ամէն բան իր յատուկ ժպիտը ունի։

Եւ հասկնալու, ըմբռնելու համար, թէ ո՛րչափ գեղեցիկ է առաքինութիւնը եւ անոր համընթաց ազնուութիւնը, պէ՛տք է նախ հասկցած, ըմբռնած եւ ընդունած ըլլալ «գեղեցկութիւն»ը այն ամէնուն, որ կ՚ապրի, եւ որ կը քնանայ նիւթին ամլութեան եւ անշարժութեան մէջ, եւ յետոյ պէտք է ճանչ-ցած ըլլալ «խորհուրդ»ին խորին յուզումը, զգացումին, իմացականութեան եւ կամքին ամենանուրբ գեղեցկութիւնները։ Արդարեւ, արուեստը՝ գեղեցկութիւնները գտնել, գեղեցկութիւններու անդրադառնալ եւ զանոնք տարածել, բոլոր մարդկութեան օգտագործման ընծայել կը նշանակէ։ Ազդուիլ եւ տպաւորել կը նշանակէ արուեստը։ Իսկ արուեստագէտը այն զգայուն անձն է՝ որ կ՚ազդուի եւ կը տպաւորէ մարդիկը։

Արուեստը, կերպով մը զարթուցիչ, ար-թընցնող շարժումն է մարդուն։

Եւ արուեստը՝ բարոյական գեղեցկութեան իմացականութիւնը, գեղագիտական դաստիարակութեան վերածող մարդկային հրաշալի՛ք մըն է։ Արուեստի միջոցով է, որ կարելի կ՚ըլլայ պատրաստել գեղեցիկ հոգիներ, որ հիմը կը կազմէ բարոյականին։

Այս իմաստով ահաւասիկ, արուեստ եւ բարոյական գեղեցկութիւն համընթաց արժէքներ են՝ որ կը ձեւաւորեն, կը կազմաւորեն մարդուս ներաշխարհը՝ հոգեւոր կեանքը։ Այս կը նշանակէ, թէ «արուեստ» եւ «բարոյական» ներքին կապ մը ունին, որոնց միջոցով կարելի կ՚ըլլայ հետզհետէ մօտենալ «բացարձակ Գեղեցկութեան»՝ որուն հասնիլ՝ «իսկական Բարոյական»ին վախճանակէ՛տն է։

Մարդկային ամբողջ պատմութեան ընթացքին՝ հին շրջաններու գեղարուեստասիրութիւնը իր մէջ խոր հաւատք մը ցոյց կու տայ՝ ուրկէ մարդկութիւնը իր կեանքի ընթացքը կ՚որոշէ։ Արդարեւ, մարդիկ երբ իրենց համոզումներուն կապուին անշահախնդիր, անկեղծ հաւատքով մը, այլեւս իրենք զիրենք ազատ եւ ներելի կը համարեն իբրեւ ճշմարտութիւն ընդունիլ ամէն տեսակէտ՝ որոնք «ճշմարտանման» կամ «ճշմարտամերձ» ըլլալու երեւոյթները կը պարզեն եւ ճշմարտութեան տպաւորութիւնը կը թողուն իրենց վրայ։

Սակայն «պղատոնեան ճշմարտութիւն»ը միշտ ճշմարտութեան ստուերն է, ճշմարտութեան նմանը եւ ո՛չ երբեք իսկական ճշմարտութիւնը։ Եւ այս ուղղութեամբ, մարդ բնաւ չի՛ հասնիր ճշմարտութեան, այլ՝ ճշմարտանմանին, կամ իր ճշմարիտ կարծածին։ Ահաւասիկ, ճիշդ այս կէտին է, որ անհրաժեշտութիւնը զգալի կը դառնայ արուեստին եւ անոր անմիջական ուղեկիցին՝ բարոյականի՛ն։

Այն ինչ որ արուեստի միջոցով կ՚արտայայտուի եւ կը յայտնուի, զգացումներու անկեղծ եւ իսկական արտայայտութի՛ւնն է եւ երբ ան միանայ բարոյականութեան հետ, իր բնականոն վիճակին մէջ «ճշմարտութեան» յայտնութիւնը կ՚ըլլայ։

Մարդուս զգացումները, ընդհանրապէս անսխալական են, երբ անոնք անկեղծ են, քանի որ սիրտը եւ բնութիւնը անսխալական են՝ այն ցոյց կու տան, ի՛նչ որ իրական է։ Բայց մարդկային միտքը, զանազան պատճառներով, արտաքին եւ անբնական ազդեցութիւններով կրնայ սխալիլ, կրնայ ճշմարտութեան նպատակէն շեղիլ՝ երեւակայութիւններէ եւ ենթադրութիւններէ տարուելով փոխել իր նպատակակէտը։ Եւ ահաւասիկ, այս պատճառով է, որ «պղատոնեան ճշմարտութիւն»ը՝ ճշմարտութեան ստուերն է, նմանը, բայց ո՛չ՝ իսկական ճշմարտութիւնը։

Բայց զգացումները այդպէս չե՛ն։ Սրտէն բխած անկեղծ զգացումները մեծ մասամբ անշեղ եւ անսխալական են, եւ անոնց մարմնացումը՝ արուեստն ալ, նոյն պատճառով ճշմարտութեան իրական երեսը կը յայտնէ։ Ուստի, մարդ պէ՛տք է ուշադրութեամբ եւ բծախնդրութեամբ զանազանէ «ճշմարիտ»ը եւ «ճշմարտանման»ը, եւ այդ ալ կարելի է կատարել արուեստով եւ բարոյականին անմիջական օգնութեամբ։ Եւ այն՝ որ զգացումներու անկեղծ արտայայտութիւնն է եւ բարոյականութեան սահմաններուն մէջ կը ձեւաւորուի՝ ճշմարտութի՛ւն է, եւ ո՛չ՝ ճշմարտանման, կամ «պղատոնեան ճշմարտութիւն…»։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մայիս 26, 2018, Իսթանպուլ 

Երեքշաբթի, Մայիս 29, 2018