ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՇՆՈՐՀՔԸ

Երախտագիտութիւնը շնո՛րհք մըն է, եւ չափանիշ մը ազնուութեան, առաքինութեա՛ն։ Իրականին, երախտագիտութիւնը մարդուս բնական մէկ զգացումն է, բայց միշտ կը պակսի մարդկային յարաբերութիւններու ընթացքին, եւ դժբախտաբար ան կ՚ըլլայ բացառիկ վիճակ մը։

Արդարեւ, եթէ մարդիկ գիտնային երախտապարտ ըլլալու արժէքը, այլապէս շատ մը հարցեր ինքնին արդէն լուծուած պիտի ըլլային։ Եւ քանի որ մարդ միշտ իրերօգնութեան պահանջքը ունի, ուրիշ խօսքով՝ իւրաքանչիւր անհատ ուրիշի մը օգնութեան կը կարօտի, ապա ուրեմն ամէն մարդ իրարու քիչ կամ շատ երախտապարտ պէտք է ըլլայ կամ երախտապարտութեան գիտակցութիւնը պէտք է ունենայ։

Իրարու օգնել մարդուս առաջնակարգ պարտականութիւններէն մին է, եւ ուրեմն անոր պէտք է յաջորդէ երախտագիտութիւնը՝ որպէս մարդկային բնական պա՛րտք։ Եւ եթէ ամէն մարդ իրարու օգնելու, թերութիւնները կատարելագործելու, տկարութիւնները զօրացնելու, անկատարութիւնները լիակատար ընելու պարտաւոր է, եւ ասիկա միակողմանի չէ՛, այլ՝ փոխադարձ, ուրեմն ամէն մարդ պէտք է ունենայ նաեւ երախտապարտութեան գիտակցութի՛ւնը։

Կը պատմուի, թէ քաղաքի մը մէջ հարուստ եւ միանգամայն մեծամիտ մարդ մը կը բնակէր։ Ան մինակ կ՚ապրէր եւ ոեւէ մէկու հետ, մինչեւ իսկ դրացիներու հետ յարաբերութիւն չէր մշակեր եւ կ՚արհամարհէր եւ յաճախ կը ծաղրէր զանոնք։ Ան իր հազուագիւտ ընկերներն իսկ չէր սիրեր, եւ յաճախ կը գանգատէր Աստուծոյ, որ ինք, քաղաքին ամենայայտնի, ամենահարուստ եւ ամենայարգարժան մարդը չէ։

Աստուած կը զայրանար մեծամիտ մարդուն նախանձին եւ անվերջ բողոքներուն վրայ, եւ երբ հարուստ մարդը կորսնցուց իր ունեցածները, Աստուած չերկարեց Իր օգնութեան ձեռքը։ Իսկ երբ մարդը անիծեց զԱստուած իր վիճակին համար, դժբախտ դէպք մը պատահեցաւ. կայծակը հարուածեց եւ այրեց անոր միակ եւ վերջին ունեցածը՝ տո՛ւնը։ Ուստի շատ արցունք թափեց եւ փորձեց ապաստան գտնել իր ընկերներուն մօտ, բայց ընկերներէն ո՛չ մէկը ընդունեց զինք եւ բոլորն ալ երեսը թքին եւ երես դարձուցին իրեն։

Անօթի, յոգնած, մսած եւ յուսահատ՝ ան դուռը թակեց իր դրացիներուն։ Մանաւանդ, դրացուհիի մը՝ թէեւ աղքատ այրի մը՝ երկու մանկահասակ մանուկներով, անյիշաչար եւ ներող գտնուեցաւ, գթաց մարդուն վիճակին, եւ օթեւան եւ կերակուր տուաւ ողորմելի եւ թշուառական մարդուն։

Առաւօտ կանուխ, մարդը ծնրադրած աղօթեց եկեղեցին եւ արցունքը աչքերուն ներում խնդրեց Տիրոջմէ իր յիմարութեանը եւ հպարտութեանը համար։

Ժամանակին իր ծաղրած եւ արհամարհած մարդոց բարութիւնը եւ վեհանձնութիւնը յուզած էր զինք, եւ ան կ՚աղօթէր, ըսելով. «Ներէ՛ ինծի, Տէր, ես չգնահատեցի Քու շնորհներդ եւ երախտագէտ չեղայ Քու գթասրտութեանդ համար»։

Շուտով ան հաշտուեցաւ իր մերձաւորներուն, ընկերներուն եւ դրացիներուն հետ եւ անոնց օգնութեամբ կառուցանեց փոքրիկ տուն մը, եւ այնուհետեւ սկսաւ ապրիլ հաշտ եւ համերաշխ բոլորին հետ։

Տարի՜ներ անցան, մինչ մահացաւ այն գթասիրտ այրի կինը, որ տունը ընդունած էր խեղճ մարդը անոր կեանքի ամենադժուարին շրջանին։ Այրիին զաւակները բոլորովին որբացան։ Անոնք բախեցին մարդուն տան դուռը եւ ապաստան խնդրեցին։ Մարդը ցաւեցաւ եւ կարեկից եղաւ անոնց, բայց մերժեց՝ ըսելով թէ իր տունը փոքր է եւ նեղ, ուստի լաւ կ՚ըլլայ դիմել հարուստ եւ աւելի մեծ տուն ունեցաղ մարդոց՝ օգնութիւն խնդրելու համար։

Բայց, մարդուն մերժելու բուն պատճառը այն էր, որ ինք վարժուած էր առանձին ապրելու…։

Որբերը, յուսահատ եւ յուսալքուած, հեռացան. իսկ յաջորդ առաւօտ մարդն ալ կարողութիւն չունէր ոտքի կանգնելու՝ անծանօթ, անյայտ հիւանդութեան մը պատճառով անկողնին գամուած մնացած էր։ Արցունք թափեց մարդը՝ իր յուսահատութեան պահուն Աստուծոյ դիմելով ըսաւ.

«Կրկին մեղանչեցի, Տէր, եւ ասոր համար առողջութեամբս կը հատուցանեմ մեղքս։ Ինչո՞ւ ես այդքան անխնայ եւ դաժանօրէն կը պատժուիմ»։

Ասոր վրայ Աստուած պատասխանեց.

«Ինչո՞ւ չես կրնար իմաստուն ըլլալ առանց տառապանքի եւ վշտի»։

Եւ այդ ժամանակ, երբ լսեց ասիկա, հասկցաւ մարդը ամէն բանը։ Անդրադարձաւ իր սխալին՝ թերութեան։ Ներողութիւն խնդրեց որբերէն, եւ անոնք ալ ուրախութեամբ եւ սիրով փոխադրուեցան անոր տունը եւ սկսան խնամել զինք՝ իր հիւանդութեան օրերուն՝ օգնելով որ յաղթահարէ ան իր հիւանդութիւնը։

Եւ մարդը, այն պահէն յետոյ շնորհակալ եղաւ Տէր Աստուծոյ՝ կրկին գթալուն համար իրեն։

Այնուհետեւ ան կը վայելէր իր մերձաւորներուն, բարեկամներուն եւ դրացիներուն բարեբեր ներկայութիւնը. անոնց ձայնը աննկարագրելի երջանկութիւն կը պարգեւէին իրեն։ Հասկցաւ թէ ո՛չ թէ առանձին, այլ պէ՛տք է ապրիլ մերձաւորներու, ընկերներու եւ դրացիներու հետ միասին, միշտ վայելելով անոնց ներկայութիւնը։

Մարդը տարիքը առաւ, եւ օր մը, երբ իր տան բակին մէջ կը զուարճանար թոռներուն հետ, տան մօտէն անցան իր նախկին ընկերները. անոնք սկսան ծաղրել զինք եւ ծիծաղիլ անոր փոքր տան վրայ՝ սովորական հագուստներուն եւ երեխաներու հետ անոր խաղերուն վրայ։

Իսկ մարդը՝ երջանիկ, իր աչքերը յառեց դէպի երկինք եւ երախտագիտութիւն յայտնեց Տէր Աստուծոյ իր բոլոր շնորհներուն համար…։

Երախտագիտութիւնը երջանիկ, ներողամիտ, լայնախոհ մարդու էր վերածած զինք։

Օնօռէ տը Պալզակ կ՚ըսէ, թէ՝ երախտագիտութիւնը կը յայտնուի եւ կ՚ապացուցուի միայն գործո՛վ։ Արդարեւ, երախտագիտութիւնը կենցաղավարութեան ձեւ մըն է՝ նկարագիր մը եւ անձնականութեան ամբողջութիւնը։ Մարդ՝ «մա՛րդ» է երբ երախտապարտութեան գիտակցութիւն ունի…։

Իսկ Ուիլիըմ Շէյքսփիր սապէս կը սահմանէ երախտագիտութեան եզրը. «Կը գտնուի՞ արդեօք, ապերախտ՝ անշնորհակալ եւ երախտագիտութեան զգացումէ զուրկ մարդոցմէ աւելի հրէշային, աւելի գազանային բան աշխարհի վրայ»։

Ըսինք՝ երախտագիտութիւնը, ազնուութեան, առաքինութեան ստուգանի՛շն է. այն որ երախտագէտ է, երախտապարտութեան գիտակցութիւնը ունի, եւ անկեղծ է իր այդ արտայայտութեանը մէջ՝ ազնի՛ւ է, առաքինի՛ է։ Իսկ այն որ ապերախտ է եւ անշնորհակալ, իրմէ շա՜տ բան կը պակսի որպէս «մարդ», որպէս ազնիւ եւ առաքինի անձնաւորութիւն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մայիս 26, 2018, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Մայիս 30, 2018