ԱՐՄԱՏԱԿԱՆ ՈՐՈՇՈՒՄ
Հայաստանի կառավարութիւնը որոշեց դադրեցնել «Տաշիր քափիթալ»ի հետ ստորագրուած պայմանագիրը՝ բաշխիչ ելեկտրացանցերու վերաբերեալ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, «Բարձրավոլթ ելեկտրացանցեր» ընկերութիւնը «Տաշիր կրուփ»ի հաւատարմագրային կառավարման յանձնուած էր պայմանագրով մը, որ ստորագրուած էր անցեալ տարի։ Պայմանագիրը ունէր 25 տարուան ժամկէտ։ Այդ համաձայնագրի գործադրութիւնը պէտք է սկսէր այս տարի, սակայն վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութիւնը որոշեց դադրեցնել պայմանագիրը եւ այսպէսով «Բարձրավոլթ ելեկտրացանցեր»ը պիտի մնայ պետական հիմնարկութիւն։ Հայաստանի Ուժանիւթի նախարար Արթուր Գրիգորեան յայտնեց, որ այդ պայմանագրին մէջ կային պետութեան տեսակէտէ անբարենպաստ կէտեր։
Հարկ է նշել, որ «Տաշիր կրուփ»ը կը պատկանի ռուսահայ յայտնի գործարար Սամուէլ Կարապետեանին։