Հինգշաբթի 16, Յունուար 2025
ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔ
Երեւանի մէջ այս առաւօտ սկսաւ Լրագրողներու համահայկական 9-րդ համաժողովը։ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութենէն ներս տեղի կ՚ունենայ այս հաւաքը, որ կազմակերպուած է «Հայոց պետականութիւնը եւ հայ լրագրութիւնը» խորագրով։
Հաւաքի բացման լիագումար նիստին ժամանակ այս առաւօտ ելոյթով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի Լրագրողներու միութեան նախագահ Սաթիկ Սէյրանեան։ Համաժողովին կը մասնակցին Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ։
Հաւաքը պիտի շարունակուի մինչեւ 2 Յունիս։ Ծրագիրը կ՚ընդգրկէ նաեւ Երեւանէ դուրս փուլեր։
Չորեքշաբթի, Մայիս 30, 2018