ՄԱԽՈԽԵԱՆ ԾՈՎԱՆԿԱՐԻՉԸ

31 Մայիս 2019 թուականին կը լրանայ 150-ամեակը աշխարհահռչակ հայ գեղանկարիչ Վարդան Մախոխեանին, որ Յովհաննէս Այվազովսկիէն ետք կը նկատուի երկրորդ հայ նշանաւոր ծովանկարիչը, որուն նկարած ծովանկարները սփռուած են աշխարհի բազմաթիւ երկիրներուն մէջ, իսկ արուեստագէտի անոր համբաւը հասած է Թուրքիայէն մինչեւ Եւրոպա, ուր տեւական ստեղծագործած է Մախոխեան եւ նկատուած իր ժամանակի ամենէն շատ ցուցադրուած նկարիչներէն:

Վարդան Մախոխեան ճանչցուած է իբրեւ Յովհաննէս Այվազովսկիի աշակերտը: Անոր մասին եւրոպացի արուեստաբաններէն մէկը ըսած է. «Եթէ չսիրէք ծովը, Մախոխեանի կտաւները զայն ձեզ սիրել կու տան»։

Վարդան Մախոխեան, իբրեւ իր ժամանակաշրջանի ամբողջ աշխարհի տարածքին ամենէն շատ ցուցահանդէսներ ունեցած հայ նկարիչներէն մին, իր ստեղծագործութիւններով մշտական մասնակիցը եղած է Պերլինի, Լոնտոնի, Փարիզի, Համպուրկի, Տիւսելտորֆի, Նիսի, Միւնիխի, Մարսէյլի, Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ տարեկան ցուցահանդէսներուն:

Վարդան Մախոխեանի մասին իր ուսուցիչը՝ նորվեկիացի հռչակաւոր ծովանկարիչ Հանս Կիւտէն իրեն ըսած է. «Այլեւս ես բան չունիմ քեզի սորվեցնելու»:

Ծովանկարիչ Վարդան Մախոխեան ծնած է 1869 թուականին, Տրապիզոն քաղաքը՝ Սեւ ծովու հարաւային ափին վրայ գտնուող այդ հրաշալի վայրը, որ ներշնչումներու աղբիւր եղած է նկարիչին համար: Շատեր կը զարմանան, որ հայերը, ծով չունենալով հանդերձ, ունեցած են Այվազովսկիի եւ Մախոխեանի պէս հսկայ ծովանկարիչներ, սակայն կը մոռնան այն հիասքանչ վայրերուն մասին, ուր ծնած են Այվազովսկի եւ Մախոխեան: Երկուքն ալ ծովափնեայ քաղաքներ ծնած եւ մեծցած ըլլալով, մանկութենէն հաղորդակից դարձած են այն մեծ խորհուրդին, որ կը ծնի ծովու անսահմանութենէն: Եւ, դիտելով անոնց կտաւները, անհնար է չհիանալ այն զարմանալի ծովանկարչութեամբ, որ համաշխարհային արուեստի մէջ իր հիմնաւոր տեղը ունի:

Վարդան Մախոխեան իր նախնական կրթութիւնը ստացած է Տրապիզոնի մէջ, ուր կրթուած է հայկական եւ եւրոպական ոգիով, որ առկայ էր Տրապիզոն հնագոյն նահանգին մէջ: Մախոխեանները քաղաքին մէջ կրթութեան եւ արուեստի հանդէպ անյագ սիրով յայտնի ընտանիք մըն էին: Նկարիչին հայրը՝ Արիստակէս Մախոխեանը, իր երկու դուստրերը եւ չորս որդիները կրթութեան տուած է եւ իր ունեցած գործին՝ առեւտուրի ճամբով հոգացած է անոնց ուսման ծախսերը: Մանուկ տարիքէն Վարդան Մախոխեան սէր ունեցած է նկարչութեան հանդէպ, որ դրսեւորուած է դպրոցական տարիներուն: 1882 թուականին Արիստակէս Մախոխեան իր երկու որդիները՝ Վարդանը եւ անկէ մեծ Քրիստոֆըրը ղրկած է Կարին՝ ուսանելու նորաբաց Սանասարեան վարժարանին մէջ: Վարդան Մախոխեան այն ժամանակ տասներեք տարեկան էր: Սանասարեան վարժարանին մէջ սկսած է նկարել եւ ծանօթանալ գեղարուեստի գաղտնիքներուն: Այս վարժարանին մէջ, իբրեւ արուեստատենչ աշակերտ, Մախոխեան սորված է նաեւ ջութակ նուագել եւ ծանօթացած է երա-ժըշտական տեսութեան հիմունքներուն: Նկարչութեան եւ երաժշտութեան հանդէպ սէրը զինք տարած է դասական արուեստի ճամբաներով: Այդ տարիներուն դպրոցական միջավայրէն ներս արդէն հաստատ էր, որ Մախոխեան նկարիչ պիտի դառնայ: Անոր գծած ծովային պատկերները մեծ հիացմունքի կ՚արժանանային ուսուցիչներուն կողմէ եւ կը զարմացնէին վարժարանի միւս աշակերտները:

Մախոխեան իր առաջին այդ նկարները գծած է հնդկական թանաքով եւ փայլքով: Զինք շատ քաջալերած է մանաւանդ մօրեղբայրը, որպէսզի տղան քալէ արուեստի ճամբով: Նուրբ հոգիի եւ անսպառ զգացումներու տէր էր Մախոխեան, եւ այդպիսի ներաշխարհ ունեցող մէկը միայն կրնար անվերջ գծել ծովն ու երաժշտութիւն ունկնդրել: Նը-կարիչին կենսագրութեան մէջ նշուած է, որ Սանասարեանի մէջ հինգ տարի ուսանելէ ետք ան վերադարձած է հայրենի Տրապիզոն, ուր քանի մը տարի անցուցած է, իսկ արուեստաբանները այդ տարիները կը բնորոշեն իբրեւ կողմնորոշման տարիներ, քանի որ Մախոխեան կեցած էր երաժիշտի եւ նկարիչի մասնագիտութիւններու ընտրութեան առջեւ եւ երկուքին կը տիրապետէր նոյն արհեստավարժութեամբ եւ երկուքին հանդէպ ալ ունէր նոյն սէրն ու նուիրումը:

Ծովը՝ իր անսպառ ուժով եւ աներեւակայելի պատկերներով կը յաղթէ, եւ Մախոխեան, 1891 թուականին, երբ քսաներկու տարեկան երիտասարդ էր, կը փոխադրուի Գերմանիա, ուր 1891-1894 թուականներուն կ՚ուսանի Պերլինի Գեղարուեստական ակադեմիոյ մէջ՝ աշակերտելով ժամանակի անուանի նկարիչներէն Օյկըն Պրախտին եւ նորվեկիացի ծովանկարիչ Հանս Կիւտէին։ Աւարտելով Գեղարուեստական ակադեմիան, Փրոֆ. Օյկըն Պրախտն իր աշակերտին իբրեւ յուշանուէր կը նուիրէ իր ուսումնասիրութիւններէն մէկը: Ան արդէն ճանչցուած էր Պերլինի մէջ եւ մեծ հնարաւորութիւններ ունէր ակադեմական շրջանակներուն մէջ ինքզինք անմիջապէս հաստատելու, սակայն Մախոխեան նախընտրեց ճամբորդութիւնը, որ ինք կարեւոր հանգամանք մը կը նկատէր արուեստագէտի մը համար, որուն ներաշխարհը կը հարստանայ զանազան երկիրներ այցելելով եւ բազմազան մշակոյթներու հետ հաղորդակից ըլլալով:

Մախոխեան, որ արդէն լսած էր իր հռչակաւոր հայրենակիցին՝ Յովհաննէս Այվազովսկիին մասին, կ՚ուղեւորուի Խրիմ, ուր Այվազովսկիի արուեստանոցին մէջ կը ծանօթանայ մեծ նկարիչին ծովը պատկերելու ինքնատիպ ձեռագիրին՝ այդպէսով իրականութիւն դարձնելով իր վաղեմի երազանքը, որ էր՝ հանդիպիլ հայ անուանի ծովանկարիչին: Ահա թէ ինչո՛ւ յետագային Մախոխեանի ծովանկարները կը կրեն Այվազովսկիի արուեստին թեթեւակի ազդեցութիւնը: Կարելի չէր առընչուիլ Այվազովսկիի մեծ ուժին եւ չկրել անոր ազդեցութիւնը:

Այվազովսկիի արուեստին ազդեցութիւնը նկատելի եղած է ոչ միան Մախոխեանի, այլեւ՝ այլ ծովանկարիչներու վրայ: Մախոխեան Խրիմի մէջ ստեղծած է քանի մը բնանկարներ: Բայց, յետագային, եւրոպական եւ այլ շրջագայութիւններու ընթացքին Մախոխեան կրցած է ձերբազատիլ այվազովսկիական արուեստի ազդեցութենէն եւ իր տաղանդին ողջ ուժով ստեղծած է սեփական ոճն ու ձեռագիրը եւ դարձած է նոյնքան հռչակաւոր, ինչպէս՝ Այվազովսկին:

1900 թուականին կրկին մեկնած է Պերլին, ուր 1904 թուականին դարձած է Պերլինի Արուեստագէտներու միութեան անդամ եւ հոս ունեցած է իր առաջին ցուցահանդէսներէն մէկը, ուր ցուցադրած է իր շրջագայութիւններուն հետեւանքով ըս-տեղծած գործերէն մի քանին, մասնաւորապէս «Տրապիզոնի վանքը», «Բրոնհոլմ կղզին», «Արեւամուտը Սեւ ծովի վրայ», «Ձմեռը Կովկասի մէջ» եւ այլն:

1908-1914 թուականներուն ան կրկին ստեղծագործած է ծննդավայր Տրապիզոնին մէջ, ուր նաեւ ականատես եղած է իր ժողովուրդին համար ծանր օրերու: Քիչերուն ծանօթ փաստ մը կայ Մախոխեանի կենսագրութենէն, թէ ականատես ըլլալով իր հարազատներու կորուստին, իր հայրենակիցներու ծանր ճակատագրին, Վարդան Մախոխեան 1915-1917 թուականներուն կը գրէ երաժշտական լայնածաւալ ստեղծագործութիւն մը՝ «Հայաստանի հեծեծանքը» խորագրով, որ սիմֆոնիք պատկեր մըն էր եւ անոր երաժշտական տաղանդը օգնած է երաժշտութեան միջոցաւ իր յոյզերը լիովին արտայայտելու: Այդ սիմֆոնիք ստեղծագործութիւնը առաջին անգամ հնչած է 13 Յունուար 1918 թուականին, Մոնթէ Քարլոյի մէջ, որմէ ետք Մախոխեանի այդ տպաւորիչ ստեղծագործութիւնը հնչած է եւրոպական քանի մը քաղաքներու բեմերէն:

Առաջին աշխարհամարտէն ետք Մախոխեան վերջնականապէս հաստատուած է Նիս: Իր վերջնական հանգրուանէն առաջ հայ ծովանկարիչը ճամբորդած է բազմաթիւ երկիրներ: Եգիպտոս այցելելով՝ ան Աղեքսանդրիոյ եւ Գահիրէի մէջ գծած է մօտաւորապէս հարիւր յիսուն նկար: Ապա կանգ առած է Դանիոյ մէջ, այցելած է Իտալիա, ուր Քափրի կղզիին մէջ գծած է ուրիշ նշանաւոր կտաւներ: Եղած է նաեւ Ֆրանսա, Պելժիա, Անգլիա, Կովկաս եւ բազմաթիւ այլ երկիրներու, քաղաքներու մէջ, ուր գտած է իր արուեստին համար հարուստ նիւթ:

Զանազան վայրերու մէջ մասնակցած է ցուցահանդէսներու: Իր նկարները, իր իսկ կենդանութեան ժամանակ, գնած են շատ թանգարաններ, ցուցասրահներ: Անոր գործերուն մասին տպագրուած են եւրոպական, մասնաւորապէս գերմանական, մամուլին մէջ: Պերլինի, Միւնիխի, Համպուրկի, յետագային՝ Փարիզի եւ այլ քաղաքներու տարեկան ցուցահանդէսներուն ընթացքին միշտ գրաւած է պատուաւոր տեղեր, արժանացած մրցանակներու։

Ըստ Մախոխեանի արուեստը ուսումնասիրած հայրենի արուեստաբան Արա Յակոբեանին, Մախոխեանի հետաքրքրութեան առարկան եղած է բնութիւնը եւ զայն յիրաւի կարելի է կոչել բնութեան երգիչ: Մարդը, առհասարակ, կը բացակայի անոր նկարներուն մէջ կամ շատ հազուադէպ կը հանդիպի, հանդիպելէն ետք ալ, մարդ արարածը գլխաւոր դերի մէջ չէ որ կը ներկայացուի: Բնութիւնը, ծովը, ծովային ու ժայռային տեսարաններն են գլխաւոր ներշնչանքը Մախոխեանի արուեստին, իսկ մարդը լրացումն է այդ բոլորին, կարծես այդ բոլորով է որ ան կը փաստէ, թէ բնութիւնն է յաւերժականը, իսկ մարդը լոկ լրացում է, անցողիկ արարած մը, որ անզօր է տիեզերքին անյատակ խորհուրդներուն առջեւ: Այդ պատճառաւ, արուեստաբաններ, Մախոխեանի արուեստը վերլուծելու ժամանակ, զայն կը նկատեն խորհրդապաշտութեան դաւանող, որ իր արուեստին իմաստասիրութեան մէջ ընդունած է յաւերժութեան գաղափարը:

Պատահական չէ, որ ըստ Արա Յակոբեանի ուսումնասիրութիւններուն, անոր կտաւներուն մէջ կը բացակային կենցաղային մանրուքները, եւ առաջնային են սիրոյ, մահուան, տառապանքի, սպասումի ու ճակատագրի խոհական զգացումները: Կարդալով Արա Յակոբեանի գիրքը՝ Մախոխեանի մասին, նաեւ կը նշմարենք, որ 1900-ական թուականները եղած են այդ թիւերուն տակաւին երիտասարդ, բայց արդէն ճանչցուած արուեստագէտ Մախոխեանի եռանդուն գործունէութեան շրջաններէն: 1904 թուականին ան դարձած է Պերլինի Արուեստագէտներու միութեան գործօն անդամ: Տասներկու հոգիէ բաղկացած այդ խորհուրդին անդամ ըլլալը ապացոյց էր անոր տաղանդին ճանաչման, մանաւանդ, երբ կը գիտնանք, որ այդ խորհուրդին պատուաւոր նախագահը Վիլհելմ Բ. կայսրն էր եւ որ կայսրը հիացած էր երիտասարդ ու տաղանդաւոր նկարիչին արուեստով, ինչպէս ռուսական կայսրը հիացած էր Այվազովսկիին արուեստով: Հայերու հանդէպ ոչ այնքան բարեացակամ վերաբերմունք ունեցող Վիլհելմ Բ. կայսրը 1900 թուականին՝ անտեսելով բոլոր ընդունուած չափանիշները, ձեռք կը բերէ Մախոխեանի կտաւներն ու անոր գործերուն վերատպութիւններու ալպոմները՝ յառաջացնելով իր բարձրաշխարհիկ շրջապատի դժգոհութիւնը: Բայց արուեստի ուժին առջեւ անզօր են նոյնիսկ կայսրերը…

1925 թուականին Լատինական Ամերիկայի երկիրներու միջազգային ցուցահանդէսին մէջ Վարդան Մախոխեան ստացած է ոսկէ մետայլ։ Նոյն տարուան ընթացքին, Փարիզի մէջ, կազմակերպած է ճոխ ցուցահանդէս մը, ուր ցուցադրուած են Մախոխեանի այն նկարները, որոնք զանազան թանգարաններու սեփականութիւնը կը հանդիսանային: Փարիզեան թերթերը նոյնպէս հիացմունքով գրած են այդ ցուցահանդէսին մասին։ Ցուցահանդէսը բացուած էր Փարիզի «Ալլար» նկարչական պատկերասրահին մէջ, ուր ցուցադրուած է իննսունմէկ աշխատանք, որոնք ոչ միայն ծովանկարներ էին, այլ նաեւ՝ ցամաքային, մանաւանդ՝ ձմեռնային բնանկարներ:

Այդ ցուցահանդէսով Մախոխեան նուաճած է փարիզցիներուն համակրանքը: Ցուցահանդէսէն ետք, ի նշան անոր արուեստի բարձր գնահատման եւ ֆրանսական մշակոյթին բերած նպաստին, Ֆրանսայի կառավարութիւնը Մախոխեանը արժանացուցած է բարձր գնահատականի՝ «Պատուոյ լէգէոն» շքանշանին:

Սակայն ատիկա փարիզեան առաջին ցուցադրութիւնը չէր: Մախոխեանի ստեղծագործական կեանքին մէջ երեւութային նշանակութիւն ունեցած է մասնակցութիւնը Փարիզի 1921 թուականի «Սալոն»ին՝ երկու աշխատանքներով՝ «Ալեկոծութիւն Քատեկատայի մէջ» եւ «Ռուսական տափաստաններ»: Այդ ժամանակ հայ նկարիչը նկար մը կը նուիրէ՝ Ֆրանսայի հարաւ-արեւմտեան նահանգներուն մէջ տեղի ունեցած ջրհեղեղէն տուժածներուն: Աճուրդի հանուած այդ նկարը վաճառուած է 7 հազար ֆրանքի եւ գումարը ուղղուած է տուժածներու օգնութեան ֆոնտին:

1922 թուականին Վարդան Մախոխեան երկրորդ անգամ մասնակցած է Փարիզի «Սալոն»ին՝ ներկայացնելով միայն մէկ աշխատանք՝ «Ալիքը»: 1923 թուականին նոյն «Սալոն»ին կը ներկայացնէ իր «Մոնաքօ» աշխատանքը:

Վարդան Մախոխեան վերջին անգամ փարիզեան «Սալոն»ին մասնակցած է 1927 թուականին՝ ներկայացնելով «Ալիք» նկարին ուրիշ մէկ տարբերակը:

Ֆրանսան թերեւս այն երկիրը դարձած էր, ուր, Տրապիզոնի մէջ ծնած հայ նկարիչը ամենէն շատ ցուցադրուած էր եւ անունը դրուած էր հայ արուեստագէտներու այնպիսի անուններուն քով, ինչպիսիք էին՝ Տիգրան Փոլատ, Յակոբ Կիւրճեան, Եր-ւանդ Քոչար, Էտկար Շահին, որոնք հայ ըլլալով, մեծագոյն նպաստ բերած են 19-րդ դարավերջի եւ 20-րդ դարասկիզբի ֆրանսական կերպարուեստին մէջ:

Նոյն Փարիզի մէջ, 1927-1930 թուականներուն, Մախոխեան մասնակցած է նաեւ հայկական համայնքային կեանքին եւ իր աշխատանքները ցուցադրած է «Անի» գեղարուեստական միութեան կազմակերպած ցուցահանդէսներուն՝ առանձին շուք հաղորդելով անոնց:

Նիսի մէջ, ուր հաստատուած էր, 1929 թուականին արուեստագէտը նոյնպէս աշխոյժ մասնակցութիւն բերած է ցուցահանդէսներու: Խմբային ցուցահանդէսներէ զատ, 1931 թուականին Նիսի «Փալէ տը լա Մետիթերանէ» քաղաքային շքեղ սրահին մէջ կը կազմակերպուի հայ ծովանկարիչին անհատական ցուցահանդէսը, ուր կը ներկայացուի վաթսունհինգ աշխատանք՝ ծովանկարներու տպաւորիչ հաւաքածոյ մը եւ բնապատկերներ, որոնք լիովին պատկերացում կու տային անոր տաղանդին մասին: Եւ անոր կեանքի վերջին կարեւոր իրադարձութիւնը դարձաւ 1936 թուականի սկիզբներուն Նիսի մէջ բացուած ցուցահանդէսը՝ քառասունութ աշխատանքով, որմէ տարի մը ետք՝ 1937 թուականին, Նիսի մէջ, իր մահկանացուն կնքեց տաղանդաւոր հայ ծովանկարիչը:

Մօտ ութսուն տարի առաջ կեանքէն հեռացած արեւմտահայ ծովանկարիչին աշխատանքները այսօր կը պահուին Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի վանքին Վեհարանը, Նիսի գեղարուեստի, Քաունասի Մ. Չէոռլէոնիսի անուան, Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան թանգարաններուն մէջ եւ շատ են նաեւ մասնաւոր հաւաքածոներու մէջ պահուող անոր գեղանկարները, որոնց մեծ մասը ձեռք բերուած է նկարիչին կենդանութեան ժամանակ:

Վարդան Մախոխեան սփիւռքի մէջ ապրող այն արուեստագէտներէն էր, որ 1927 թուականին առաջին անգամ արձագանգած է Խորհրդային Հայաստանի ղեկավարութեան կոչին՝ օգնել նորաստեղծ պետական թանգարանին: Եւ ան հայրենիքին նուիրած է իր յայտնի կտաւներէն հաւաքածոյ մը:

Դատելով Մախոխեանի աշխատանքներու խորագիրներէն՝ («Տրապիզոնի վանքը», «Փոթորիկ Սեւաստոփոլի առաջ», «Յուզուած ծովը վերջալոյսին», «Բրետանի ափերը», «Ալիք», «Ռուսական տափաստանները», «Լուսնի ցոլքը ծովուն վրայ», «Մատուռ ծովափին», «Սորենտոյի ափերը», «Մայրամուտը Սեւ ծովուն վրայ», «Ձմեռը Կովկասի մէջ», «Սարակինոսներու աշտարակը», «Դանիական ափերը», «Նաւաբեկութեան մնացորդները», «Ոսկեզօծ ծովը», «Ամպրոպը», «Ձկնորսները լուսնակ գիշերով», «Լեռնային եղեւիններ» եւ այլն) կարելի է տեսնել այն անսահման հետաքրքրութիւնը, որ ան ունեցած է ծովու, բնութեան հանդէպ եւ գիծ առ գիծ, խորհրդաւոր կերպով պատկերած է զանոնք կտաւներուն մէջ: Միաժամանակ, իր ժողովուրդին պատմութեան ողբերգական իրադարձութիւններուն թախծալի երանգները կարելի է նկատել այդ տարիներուն ստեղծուած նկարներուն մէջ: Նոյնպիսի զգացումներով շաղախուած է Մախոխեանի՝ «Հայաստանի հեծեծանքը» երաժշտական գործը, որ բազում նկարներու հետ կ՚ամբողջացնէ Վարդան Մախոխեան արուեստագէտին աշխարհը: Ցաւօք, Մախոխեանի կեանքը եւ ստեղծագործութիւնը լիովին ուսումնասիրուած չէ Հայաստանի եւ ոչ ալ՝ սփիւռքի մէջ, եւ տեղեկութիւններ չկան՝ արդեօք նկարիչը Կովկաս իր այցելութեան ծիրէն ներս հայրենիք այցելա՞ծ է, թէ՞ ոչ, ի՞նչ կապ ունէր հայրենի արուեստագէտներուն հետ եւ այլն: Այսպիսի բազմաթիւ հարցումներ, ինչպէս նաեւ անոր՝ ընտանիք ունենալու կամ չունենալու մասին տեղեկութիւններ կը բացակային Մախոխեանի կեանքի մասին գոյութիւն ունեցող քչաթիւ նիւթերուն մէջ:

Հինգշաբթի, Մայիս 31, 2018