ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ԽՕՍՔԸ

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան շա­բա­թա­վեր­ջին Ա­ռա­ջին Տի­կին Ռի­թա Սարգ­սեա­նի հետ մաս­նակ­ցե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի Օ­փե­րա­յին մէջ ՀԲԸՄ-ի 88-րդ ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վին առ­թիւ կազ­մա­կեր­պուած գե­ղա­րուես­տա­կան ձեռ­նար­կին։ Հա­մեր­գի ըն­թաց­քին ան հան­դէս ե­կաւ նաեւ ե­լոյ­թով մը, զոր կը ներ­կա­յաց­նենք ստո­րեւ.-

*

Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան յար­գար­ժան նա­խա­գահ, միու­թեան յար­գար­ժան ղե­կա­վար­ներ, բա­րե­րար­ներ եւ հիւ­րեր, տիկ­նայք եւ պա­րո­նայք,

Սի­րով կ՚ող­ջու­նեմ միու­թեան հեր­թա­կան՝ 88-րդ ընդ­հա­նուր ան­դա­մա­կան ժո­ղո­վի բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րը։ Սրտանց ձե­զի կը մաղ­թեմ բա­րի գա­լուստ հայ­րե­նիք։

Ձեր ժո­ղո­վը գու­մա­րուած է հա­մայն հա­յու­թեան հա­մար խիստ պա­տաս­խա­նա­տու եւ կա­րե­ւոր օ­րե­րու՝ հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-րդ տա­րե­լի­ցի տա­րուան մէջ՝ Ապ­րի­լին։ Ուս­տի, եւ ա­ռա­ջին հեր­թին անհ­րա­ժեշտ է գնա­հա­տել եւ ի­մաս­տա­ւո­րել մեր ան­ցած ընդ­հա­նուր ճա­նա­պարհն ու ներ­կայ հանգ­րուա­նը։

Փաստ է, որ ան­ցեալ 109 տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին միշտ վառ ե­ղած է միու­թեան ա­կունք­նե­րուն մէջ դրուած հիմ­նա­դիր գա­ղա­փար­նե­րէն բխող ազ­գան­պաստ գոր­ծու­նէու­թեան լոյ­սը։ Մե­ծավս­տակ ձեր կա­ռոյ­ցը ան­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ճա­կա­տագ­րի ու­ղի­նե­րով. Մեծ ե­ղեռ­նը վե­րապ­րած գաղ­թա­կան­նե­րու ու որ­բե­րու պէս ան հա­սակ ա­ռաւ, տո­կաց տա­րաբ­նոյթ փո­թո­րիկ­նե­րու դէմ, դի­մա­ցաւ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն եւ յաղ­թա­հա­րեց բո­լոր մեծ ու փոքր դժուա­րու­թիւն­նե­րը։ Հայ ժո­ղո­վուր­դին յա­տուկ հզօր կամ­քով՝ կա­ռոյ­ցը յա­ռաջ ըն­թա­ցաւ «միու­թիւ­նը զօ­րու­թիւն է» նշա­նա­բա­նով։ Կարճ ժա­մա­նա­կի մէջ միու­թիւ­նը իս­կա­պէս վե­րա­ծուե­ցաւ հա­մա­հայ­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան՝ տա­րա­ծե­լով իր ներ­կա­յու­թիւ­նը աշ­խար­հաս­փիւռ մեր գաղ­թօ­ճախ­նե­րուն մէջ։

Դրուա­տան­քի խօս­քե­րը շատ կա­րե­ւոր են Հա­յաս­տա­նին եւ հա­յու­թեան ՀԲԸՄ-ի ան­դամ­նե­րու անմ­նա­ցորդ նուի­րումն ու ա­ջակ­ցու­թիւ­նը գնա­հա­տե­լու հա­մար։ Ուս­տի, որ­պէս Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ, խո­րին ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն կը յայտ­նեմ Հա­յաս­տա­նի, Ար­ցա­խի եւ Սփիւռ­քի մէջ ձեր ջան­քե­րով ի­րա­կա­նա­ցուող ազ­գան­պաստ գոր­ծու­նէու­թեան հա­մար։ Շատ շնոր­հա­կալ եմ։

Սի­րե­լի՛ հայ­րե­նա­կից­ներ,

Հայ­րե­նի­քի եւ հա­յու­թեան ձգող ու­ժը ո­րե­ւէ հա­յը հան­գիստ չի թո­ղուր, ո՛ւր որ ալ ըլ­լայ ան։ Այդ իսկ ու­ժով մեզ­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րը կը գտնէ Հա­յաս­տա­նի եւ հա­յու­թեան կեան­քին մաս­նա­կից դառ­նա­լու իր ձե­ւը։ Այս գոր­ծին մէջ նշա­նա­կա­լի է նաեւ Բա­րե­գոր­ծա­կա­նի դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը, ո­րու մի­ջո­ցաւ աշ­խար­հի զա­նա­զան կող­մե­րուն կը տա­րա­ծուին հայ­րե­նա­սի­րու­թեան ու հա­յա­պահ­պա­նու­թեան հուրն ու զգա­ցու­մը։

Հայ­կա­կան Սփիւռ­քը նոր շունչ ա­ռաւ եւ խան­դա­վա­ռուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեամբ։ Մենք՝ բո­լորս միա­սին, պաշտ­պա­նե­ցինք հա­մայն հա­յու­թեան հայ­րե­նի­քը, մեր հպար­տու­թիւ­նը, մեր ինք­նու­թիւ­նը, մեր զօ­րու­թեան աղ­բիւրն ու կեն­սա­կան ու­ժը։

Բա­րե­գոր­ծա­կա­նը Սփիւռ­քի ա­ռա­ջին կա­ռոյց­նե­րէն մին էր, որ հաս­տա­տուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի մէջ եւ դար­ձաւ հա­յաս­տա­նա­կեդ­րոն՝ գի­տակ­ցե­լով, որ սա է ա­ռա­ւել ամ­րա­նա­լու ա­մե­նա­ճիշդ ու­ղին։ Ան ստեղ­ծեց ե­րի­տա­սար­դա­կան, կրթա­կան, ա­ռող­ջա­պա­հա­կան, ըն­կե­րա­յին, մար­զա­կան եւ մշա­կու­թա­յին գոր­ծօն ծրագ­րեր, ո­րոնք մի­տուած են զար­գաց­նե­լու Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի հո­գե­ւոր, մշա­կու­թա­յին եւ տնտե­սա­կան կեան­քը։ Իր լայ­նա­ծա­ւալ ծրագ­րե­րու ի­րա­գործ­ման ըն­թաց­քին ՀԲԸՄ Հա­յաս­տա­նի մէջ ստեղ­ծեց շուրջ եր­կու հա­զար աշ­խա­տա­տե­ղի։

Շատ կա­րե­ւոր է, որ Բա­րե­գոր­ծա­կա­նը մշտա­պէս սեր­տօ­րէն հա­մա­գոր­ծակ­ցած է Ե­րե­ւա­նի եւ Ստե­փա­նա­կեր­տի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ տե­ղա­կան ինք­նա­կա­ռա­վար­ման մար­մին­նե­րուն հետ։ Փոր­ձը ա­պա­ցու­ցա­նեց, որ սա է ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րը յստա­կեց­նե­լու, կա­րիք­նե­րը ճշգրիտ գնա­հա­տե­լու, օ­ժան­դա­կու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­լու լա­ւա­գոյն ձե­ւե­րը գտնե­լու ա­մե­նաար­դիւ­նա­ւէտ ու­ղին։

Ա­ռանձ­նա­կի կը կա­րե­ւո­րեմ սու­րիա­հայ մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն սա­տա­րե­լու ուղ­ղու­թեամբ ՀԲԸՄ-ի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։ Կը կա­րե­ւո­րեմ, որ Բա­րե­գոր­ծա­կա­նը եւ «Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կը ե­կան օգ­նե­լու Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան՝ Սու­րիա­յէն ներ­գաղ­թած մեր հա­մալ­սա­րա­նա­կան ե­րի­տա­սարդ­նե­րու կրթու­թեան հիմ­նախն­դիր­նե­րը կար­գա­ւո­րե­լու հա­մար։

Սի­րե­լի՛ բա­րե­կամ­ներ,

Մեր ազ­գա­յին ինք­նու­թեան առ­հա­ւատ­չեան Հա­յաս­տանն է։ Հա­յաս­տա­նի հետ կա­պուած է հայ մար­դու ազ­գա­յին պատ­կե­րա­ցու­մը։ Ա­նոր ան­ցեա­լը իբ­րեւ մա­սունք հայ­րե­նի հո­ղին մէջ ամ­փո­փուած է։ Ա­նոր ներ­կան բո­լոր թե­լե­րով հայ­րե­նի­քի հետ կա­պուած է։ Այդ իսկ պատ­ճա­ռով հա­մայն հա­յու­թեան գե­րա­գոյն նպա­տա­կը պէտք է ըլ­լան ա­պա­հով Հա­յաս­տա­նին եւ Ար­ցա­խին զօ­րակ­ցիլն ու սա­տա­րե­լը։ Այս ա­ռու­մով կը կա­րե­ւո­րեմ նաեւ ՀԲԸՄ-ի այն ծրագ­րե­րը, ո­րոնք մի­տուած են Հա­յաս­տա­նի հզօ­րաց­ման եւ յա­ռա­ջըն­թա­ցին, ինչ­պէս նաեւ Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Սուրբ Ե­կե­ղեց­ւոյ շուրջ հա­յու­թեան հա­մախմբ­ման։

Ձեր ա­ռա­ջադ­րած բո­լոր խնդիր­նե­րը ու­նին հա­մազ­գա­յին հնչե­ղու­թիւն։ Բնա­կա­նա­բար, ա­նոնք կը պա­հան­ջեն հա­մայն հա­յու­թեան ու­ժե­րու հա­մադ­րում, ինչ որ ա­ռա­ջին հեր­թին կ՚են­թադ­րէ Սփիւռ­քի եւ հա­յոց եր­կու պե­տու­թիւն­նե­րու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը։ Կը վստա­հեց­նեմ, որ ձեր բո­լոր ազ­գա­նուէր ձեռ­նարկ­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման ըն­թաց­քին մենք պի­տի ըլ­լանք ձեր կող­քին՝ որ­պէս ա­մուր յե­նա­րան եւ վստա­հե­լի գոր­ծըն­կեր։

Ընդ­հա­նուր ան­դա­մա­կան ժո­ղո­վի այս օ­րե­րուն իմ մաղ­թանքն է, որ ձեր կա­ռոյ­ցի ազ­գա­նուէր, ե­կե­ղե­ցա­նուէր եւ հայ­րե­նա­նուէր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը շա­րու­նա­կէ ծա­ւա­լուիլ։

Կը մաղ­թեմ, որ ՀԲԸՄ-ի երկ­րորդ հա­րիւ­րա­մեա­կը ըլ­լայ ա­ռա­ւել բե­ղուն, ան­խո­տոր եւ լե­ցուն յաղ­թա­նակ­նե­րով։ 

Երկուշաբթի, Ապրիլ 6, 2015