ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ՀԱՏՈՒԱԾՆԵՐԸ «ԷՍԱՏԻ ՍԱԼԻՆ ԵՒ ՔՐՏԱԿԱՆ ՄՈՒՐՃԻՆ ՄԻՋԵՒ»
Անցեալ շաբաթ լսելի դարձած յայտարարութիւնները ցոյց կու տան, որ Սուրիոյ հիւսիսային հատուածներու խնդիրը այսօր սկսած է դառնալ երկրի գլխաւոր խնդիրներէն մին։
Խօսքը անշուշտ կը վերաբերի Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ գործող քրտական զինեալ խմբաւորումներուն մասին, որոնք անցնող գրեթէ երեք տարիներուն մեծ ճիգեր իրականացնելով յաջողած են ստեղծել մասամբ ինքնավար շրջաններ։
Մասամբ կ՚ըսենք, որովհետեւ կարգ մը շրջաններու մէջ ինչպիսին է Գամիշլի քաղաքի պարագան, կան, կը գործեն ոչ միայն քրտական զօրամիաւորումներ, այլ նաեւ սուրիական բանակի ըս-տորաբաժանումներ։
Նոր հաւանական սրացումներու մասին թեման աւելի լայն տարածում կը գտնէր մանաւանդ, երբ անցեալ շաբաթ Russia Today կայանին տրուած հարցազրոյցի ընթացքին «հատու» խօսքով մը հանդէս կու գար Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատ։ Ան նկատել կու տար, որ այսօրուան դրուածքով իրենց համար ամենէն առաջնային օրակարգը երկրի ամբողջականութեան ապահովումն է։
Ու եթէ վերջին մէկ տարուան ռազմական զարգացումները հաշուի առնենք, ապա տեսանելի կը դառնայ, որ յատկապէս ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) Սուրիոյ հրապարակէն «հեռացում-անէացում»էն ետք երկրին մէջ կարեւորագոյն զինեալ ուժ կը հանդիսանան քրտական զօրամիաւորումները։
Յիշեցնեմ, որ բացի Գամիշլի քաղաքէն, քրտական խմբաւորումներ զին-ւորական կեդրոններ ունին Հասէքէի, Թել Ապեատի, Ռաքքայի եւ Մենպիչի մէջ։ Անշուշտ խնդիրը միայն քրտական զօրամիաւորումներու ներկայութեան մասին չէ ու յստակ է, որ առանց ամերիկեան բացայայտ ներկայութեան այդ ուժերուն գոյութիւնը (քրտական ուժերուն մասին է խօսքը) կը դառնայ ոչ-առաջնային խնդիր մը։
Ու այս փաստին ներուժով է, որ արաբական մէկէ աւելի հեղինակաւոր պարբերականներ նկատել կու տան, որ Էսատի կողմէ հնչած բոլոր խօսքերը ուղղուած են նախեւառաջ ամերիկացիներուն։
Հարցը ամերիկեան կողմէն դիտելով առկայ պատկերը ոչ այնքան յստակ է, կապուած անշուշտ Ուաշինկթընի կողմէ Սուրիոյ քիւրտերուն ցուցաբերուած նեցուկին։ Ու այս առումով ալ մեր մտքերուն մէջ է, երբ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ բաւականին անսպասելի յայտարարութիւն մը կատարելով՝ ըսաւ, թէ ամերիկացիք մտադիր են հեռանալ այն շրջաններէն, ուր բացայայտ գործընկերութիւն կը կատարեն Սուրիոյ քիւրտերուն հետ։
Այս լուրը պայթումի պէս «կը հնչէր» յատկապէս Ռաքքայի եւ Արաբբունարի միջեւ գտնուող Թել Ապեատի մէջ, ուր նոյնպէս կ՚ապրին աւելի քան տասնը-հինգ հայ ընտանիքներ։ Այդ օրերուն էր նաեւ, որ յաջողեցայ կապ հաստատել տեղաբնակ հայ ընտանիքներու հետ, որոնք կը գտնուէին «լեղապատառ» վիճակի մը մէջ։
«Ինչ պիտի ըլլայ մեր վիճակը, եթէ ամերիկացիները հոսկէ քաշուին», կ՚ըսէին անոնք դիտել տալով, որ գետնի վրայ ալ «անբնական» վիճակ մը զգացած են կապուած ամերիկեան զօրքերու տեղաշարժերուն հետ։
Ամերիկեան «ներքին խոհանոց»ին մէջ երեւելի դարձած այս անորոշութիւնը ցայսօր ալ չէ փարատած։ Այն իմաստով, որ մինչեւ այս պահը ամերիկացիք չեն վճռած, թէ «ինչ ջուրի վրայ» պիտի նաւարկեն։ Ճիշդ է, որ անոնք չհեռացան այդ շրջաններէն, բայց եւ այնպէս այսօր կը փորձեն «նոր ճանապարհ» մը բանալ՝ կապուած Մենպիչ քաղաքին, որ կը համարուի Թուրքիոյ համար կարեւոր քաղաք մը։
Հոն եւս կան քրտական ուժեր եւ երբ Անգարան ընթացք տուաւ «Ձիթենիի ճիւղ» զինուորական գործողութեան, որուն արդիւնքով ալ իր տիրապետութեան տակ առաւ քրտաբնակ Աֆրինը, շարք մը վերլուծաբաններ խօսեցան, որ Անգարայի յաջորդ ռազմական ուղղութիւնը պիտի ըլլայ դէպի Մենպիչ։ Այդ մասին նոյնպէս կ՚ակնարկէր Թուրքիոյ նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան, որուն հիմնական մտահոգութիւնն էր լայնցնել Թուրքիա-Սուրիա «ապահովական գօտի»ն, որուն համար ալ ընթացք առած էր արդէն «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնը։
Այս բոլորէն բացի վերադառնալով ամերիկեան կողմին Մենպիչի առընթեր նոր կեցուածքներուն, ապա սկսած է բացայայտ դառնալ, որ ամերիկացիք շատ ալ դէմ չեն, որ առնուազն այդ քաղաքին մէջ թրքական կողմին հետ համագործակցութեան մը ընթացք տան։ Երկու կողմերուն համար ալ այդ գործակցութիւնը չափազանց կարեւոր է ու վստահաբար, երբ նման երկու ազդեցիկ կողմերու գործակցութեան մասին խօսք կ՚երթայ, ապա սպասելի է, որ այդ գործակցութիւնը տարածուի նաեւ այլ շրջաններու մէջ։ Անշուշտ այստեղ չմոռնամ ըսել, որ ամերիկացիք մանաւանդ Մենպիչի պարագային հանդէս կու գան «նոր ամուսնացած» հարսի մը վարմունքով։ Մինչ սեղանին տակ բանակցութիւններ կը կատարեն Անգարայի վարիչներուն հետ, անդին միջազգային հանրութեան դիմաց «կ՚ուրանան», որ իրենք գաղտնի բանակցութիւններու մէջ են։
Անշուշտ այս բոլորը կ՚իյնան ամերիկեան «բաւական աղօտ» կեցուածքներուն հետ կապուած պատերազմական առօրեայ մը ապրող Սուրիոյ առընթեր։ Ու այս կեցուածքներու «անընթեռնելիութիւն»ը աւելի կը բարդացնէ գետնի վրայ տեղի ունեցող զարգացումներուն հոլովոյթն ու աւելիով կը հեռացնէ հարցերը քաղաքական ճանապարհով լուծելու ընտրանքներու հասանելիութենէն։
Վերադառնալով Էսատի յայտարարութիւններուն՝ նշեմ, որ Մոսկուայի եւ Թեհրանի անմիջական նեցուկը ունեցող, վայելող նախագահը, առանց բառերը ծամծելու յայտարարած էր, թէ եթէ հարկ ըլլայ իրենք պատրաստ են բռնի ուժ գործադրելով «լուծել» քրտական հարցը։
Անշուշտ երկար լռութենէ ետք էր, որ լսելի կը դառնար այս յայտարարութիւնը՝ նկատի առնելով, նաեւ որ Սուրիոյ կառավարութիւնը կ՚անցնէր բաւական բարդ փուլերէ։ Կարեւոր է նկատել, որ քրտական կողմին հետ «հաշուի նստել»ու մասին խօսակցութիւնները երեւան կ՚ելլէին մանաւանդ Սուրիոյ բանակին Դամասկոսի մէջ արձանագրած փայլուն ձեռքբերումներէն ետք։ Խօսքը ոչ միայն Կութա շրջանին մասին է, այլ նաեւ Դամասկոսի հարաւային Եարմուք շրջանին մասին, ուր բանակը կը յաջողէր մահացու հարուած տալ ԻՇԻՊ-ին եւ վերջնականապէս «մաքրել» մայրաքաղաք Դամասկոսը ամէն տեսակի զինեալ ահաբեկիչ տարրերէ։
Խօսելով Էսատի քիւրտերուն դէմ զինուորական լուծումներու երթալու ընտրանքներուն մասին, հարկ է նշել, որ Էսատի դէմ առաջին արձագանգը լսելի կը դառնար քրտական ՓԵՏ-ի կողմէ, որուն զինուորական պատասխանատուներէն Քինօ Կապրիէլը խօսելով քրտական «ԱՆՀԱ» գործակալութեան եւ հակադարձելով Էսատի խօսքերուն՝ նկատել կու տար, որ իրենց համար զինուորական ընտրանքներու մասին խօսիլը կտրականապէս մերժելի է։ Ան կը յայտնէր նաեւ, որ իրենց կազմակերպութիւնը սոսկ քրտական կազմակերպութիւն մը չէ, այլ անոր մէջ ներգրաւուած են տարբեր ցեղային պատկանելիութիւն ունեցող զինեալներ։ Ան կարկինը լայն բանալով կը յայտնէր նաեւ, որ իրենք պատրաստ են մինչեւ վերջ կռուելու՝ նկատել տալով, որ Էսատի զինուորական լուծումներ պարտադրելու մասին ըրած յայտարարութիւնները կրնան միայն աւելի բարդացնել առանց անոր ալ դժուարին պայմաններու մէջ գոյատեւող սուրիացիները։
Այս յայտարարութիւններու լոյսին տակ ուշագրաւ էր նաեւ սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ տեղակայ-ւած ամերիկեան ուժերու հրամանատար զօրավար Շոն Ռէյնի խօսքը, որ կը գոհանար շրջանին մէջ եղող քրտական ուժերուն «գովերգում»ը կատարելով առանց սակայն ըսելու, որ ինչ պիտի ըլլայ ամերիկեան ուժերուն արձագանգ-պատասխանը, եթէ Էսատի բանակը գրոհներ գործէ քրտական զօրակայաններու վրայ։
Հոս է նաեւ, որ ի յայտ կու գայ, թէ Սուրիան քրտական օրակարգին հետ կապուած մտած է բաւականին «քրիթիք» շրջան մը։ Ու այս առումով շատ հաւանական է, որ դէպքերը հասնին այնպիսի սրացումի, ուր զինեալ բախումներու հաւանականութիւնը արագօրէն աճի եւ շրջանը մտնէ արիւնահոսութեան նոր հանգրուան մը։
Ամերիկացիները, որոնք ցայսօր կը փորձեն այդ շրջաններուն մէջ իրենց ներկայութիւնը ապահովել՝ նեցուկ պիտի կանգնի՞ն քիւրտերուն։ Կամ պատրաստ ե՞ն պատերազմական գործողութիւններու մասնակցիլ այս անգամ «արիւն-ոսկոր»ով «փաստել» իրենց ներկայութիւնը։
Այս բոլորին լոյսին տակ յստակ է, որ մինչեւ այս պահը Ուաշինկթըն Սուրիոյ մէջ յստակ, մշակուած եւ երեւելի ծրագիր մը չունի ու այս «աղօտ» մօտեցումն է, որ կրնայ աւելի մթագնել իրադրութիւնը։
Ցայսօր ամերիկեան նեցուկին ու զէնքերուն վրայ յենած քիւրտերը կարեւոր «փորձութեան» մը առջեւ են։ Մէկ կողմէ Էսատի զօրքերուն սպառնալիքը եւ միւս կողմէ Անգարայի Սուրիոյ հետ «ապահովական գօտի»ն ամրացնելու մտադրութիւնները աւելի բարդ դարձուցած են վիճակը։
Ու դարձեալ քիւրտերուն համար նկատելի ու հասկնալի սկսած է դառնալ, որ շրջանային կշիռներու ազդեցութեան տակ անհնար է նոր իրավիճակ պարտադրել։ Այսինքն անոնք հաւանաբար սկսած են գիտակցիլ, թէ այն ինչ որ տեղի ունեցաւ Աֆրինի մէջ, կրնայ այս անգամ կրկնուիլ աւելի ապահով համարուող կեդրոններու ու աւաններու մէջ, որոնց ամենէն էականը անշուշտ Գամիշլին է։
Անշուշտ Սուրիոյ մէջ տեղի ունենալիք որեւէ զարգացում կարիքն ունի արտաքին «կանաչ լոյս»ի մը։ Ըստ երեւոյթին, Մոսկուա, որուն համար էականը սուրիական երկրին ամբողջականութեան ապահովումն է, տուած է այդ «կանաչ լոյս»ը, իսկ ինչ կը վերաբերի Միացեալ Նահանգներուն, ապա նոյնպէս պարզ է, որ Ուաշինկթըն չի պատրաստուիր քիւրտերուն «սեւ աչքեր»ուն համար բախումի երթալ Իրանի եւ «Հիզպուլլահ»ի անմիջական նեցուկը ունեցող սուրիական բանակին հետ։
Ամէն պարագայի յառաջիկայ օրերը կարեւոր են ու յստակ է նաեւ, որ գետնի վրայ ըլլալիք զարգացումները աւելի տեսանելի եւ պարզ պիտի դարձնեն Սուրիոյ հիւսիսի ընդհանուր տեսարանը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան