ԱՐԴԻ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆՆԵՐ

Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) 88-րդ հա­մա­գու­մա­րի եզ­րա­փա­կիչ հանգ­րուա­նը շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վը ա­ռա­ջին իսկ փու­լէն սկսեալ ու­նէր ծայր աս­տի­ճան յա­գե­ցած ծրա­գիր մը, ո­րու վեր­ջին փու­լը եւս ե­ղաւ այդ­պէս։ Ար­դա­րեւ, 88-րդ հա­մա­գու­մա­րին շրջագ­ծով ՀԲԸՄ-ի Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թիւնն ու հա­մայն աշ­խար­հէն Ե­րե­ւան մեկ­նած ան­դամ­նե­րը ծա­ւա­լե­ցին միաս­նա­կան քննար­կում մը։ Աշ­խա­տան­քա­յին բնոյ­թով հա­մախմ­բում մըն էր այս մէ­կը, սա­կայն ու­նէր նաեւ հան­դի­սա­ւոր ե­րե­սակ մը, ո­րով­հե­տեւ ծրա­գի­րը կ՚ընդգր­կէր շարք մը պաշ­տօ­նա­կան ճա­ռա­խօ­սու­թիւն­ներ։ Բա­ցի ժո­ղո­վէն, Ե­րե­ւա­նի մէջ կա­տա­րուե­ցաւ ՀԲԸՄ-ի Հա­յաս­տա­նի մաս­նա­ճիւ­ղի նո­րա­կա­ռոյց կեդ­րո­նա­տե­ղիին հան­դի­սա­ւոր բա­ցու­մը։ Ի լրումն այս բո­լո­րին, կա­լա-հա­մերգ մըն ալ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի Օ­փե­րա­յին մէջ։ Այս­պէ­սով իր ա­ւար­տին հա­սաւ ՀԲԸՄ-ի 88-րդ ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վի ծրագ­րին հիմ­նա­կան մա­սը, ինչ որ վեր­ջին օ­րե­րուն հայ­կա­կան հան­րա­յին կար­ծի­քի ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ դար­ձաւ։ ՀԲԸՄ-ի ղե­կա­վա­րու­թիւնն ու ան­դամ­նե­րը ծան­րա­բեռ­նուած այս աշ­խա­տան­քա­յին ծրա­գի­րը կեան­քի կո­չե­լու ա­ռըն­թեր, ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ մաս­նակ­ցե­ցան նաեւ Սուրբ Զատ­կի տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րուն։

ԸՆԴ­ՀԱ­ՆՈՒՐ ԺՈ­ՂՈՎ

ՀԲԸՄ-ի Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան նա­խա­գահ Պերճ Սեդ­րա­կեան ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին ու­նե­ցաւ ե­լոյթ մը, նաեւ նոյն շրջագ­ծով զրու­ցեց զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։ Ան բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տուաւ ՀԲԸՄ-ի ներ­կայ հիմ­նա­կան ա­ռա­քե­լու­թեան շուրջ։ Ըստ ի­րեն, զա­նա­զան ժա­մա­նակ­նե­րու մէջ ՀԲԸՄ-ի ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը ու­նե­ցած է տար­բե­րու­թիւն­ներ։

«Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թե­նէն ա­ռաջ մեր հիմ­նա­կան նպա­տա­կը ե­ղած է Սփիւռ­քի հա­յու­թեան ազ­գա­յին գի­տակ­ցու­թեան ամ­րապն­դու­մը։ Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն վերջ մեր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը մեր ժո­ղո­վուր­դին ա­ջակ­ցիլն էր՝ հիմ­նել որ­բա­նոց­ներ, լե­զուն պահ­պա­նել, ա­պա­հո­վել Սփիւռ­քի հա­յե­րու ըն­կե­րա­յին պայ­ման­նե­րը։ Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թիւ­նը փո­խած է ՀԲԸՄ-ի ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը։ Ան­կա­խու­թե­նէն յե­տոյ մեր միու­թիւ­նը Սփիւռ­քի մէջ աշ­խա­տան­քը շա­րու­նա­կեց նոր թա­փով, սա­կայն մենք մէկ ազգ ենք եւ չենք տա­րան­ջա­տեր Սփիւռքն ու Հայ­րե­նի­քը։ Վեր­ջին հա­շուով մեր նպա­տակն է հզօր հայ­րե­նիք ու­նե­նա­լը։ Հա­յաս­տա­նի մէջ կայ ար­տա­գաղթ, իսկ Սփիւռ­քի մէջ՝ հա­յա­պահ­պա­նու­թեան խնդիր։ Մեր խնդիրն է նոր սե­րուն­դը ա­ռաջ­նոր­դել դէ­պի իր ար­մատ­նե­րը։ Մեր բո­լոր աշ­խա­տանք­նե­րը ուղ­ղուած են հզօր հայ­րե­նի­քի կերտ­ման», ը­սաւ Պերճ Սեդ­րա­կեան։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Պերճ Սեդ­րա­կեան շեշ­տեց նաեւ, թէ նոր սե­րուն­դի զար­գաց­ման ուղ­ղեալ ներդ­րում­նե­րը կը դա­սուին ՀԲԸՄ-ի գե­րա­կայ ուղ­ղու­թիւն­նե­րու շար­քին։

Հարկ է նշել, որ ՀԲԸՄ-ի 88-րդ հա­մա­գու­մա­րին շրջագ­ծով ե­լոյթներ ու­նե­ցան նաեւ Հա­յաս­տա­նի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեան եւ Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան։

ՆՈՐ ՇԷՆ­ՔԻ ԲԱ­ՑՈՒՄ

ՀԲԸՄ-ի Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րը, աշ­խար­հա­տա­րած մաս­նա­ճիւ­ղե­րէն մեկ­նած ա­ւե­լի քան 150 պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ միւս պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը ան­բա­ցատ­րե­լի խան­դա­վա­ռու­թիւն մը ապ­րե­ցան Ե­րե­ւա­նի մէջ կա­ռու­ցուած ՀԲԸՄ-ի Հա­յաս­տա­նի մաս­նա­ճիւ­ղի նոր կեդ­րո­նա­տե­ղիի բաց­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին։ Նո­րա­կա­ռոյց կեդ­րո­նի պաշ­տօ­նա­կան բաց­ման պա­տուոյ հիւ­րերն էին Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան եւ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը։ Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան նա­խա­գահ Պերճ Սեդ­րա­կեան եւ միւս պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ շրջա­պա­տե­ցին Սերժ Սարգ­սեանն ու Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը։ Նա­խա­գահ Սարգ­սեա­նի հետ էին նաեւ բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­ներ, իսկ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին կ՚ու­ղեկ­ցէին ե­պիս­կո­պոս­ներ։

Բա­րե­սի­րա­կան, մշա­կու­թա­յին, կրթա­կան ու ե­րի­տա­սար­դա­կան ծրագ­րե­րը ընդ­լայ­նե­լու, ինչ­պէս նաեւ հայ­րե­նա­նուէր նոր նա­խագ­ծե­րու ի­րա­կա­նաց­ման հա­մար ա­ռա­ւել նպաս­տա­ւոր պայ­ման­ներ ստեղ­ծե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ ՀԲԸՄ 2010 թուա­կա­նին ձեռ­նար­կած էր Ե­րե­ւա­նի մէջ նոր կեդ­րո­նի մը կա­ռուց­ման ծրագ­րին։ Շէն­քը կը գտնուի Ե­րե­ւա­նի «Մե­լիք Ա­դա­մեան» փո­ղո­ցին վրայ, Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան շէն­քի հա­րե­ւա­նու­թեամբ։

Լայ­նա­ծա­ւալ շի­նա­րա­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու ար­դիւն­քին ար­դէն եր­կինք խո­յա­ցած իս­կա­պէս նա­խան­ձե­լի կա­ռոյց մը, ուր կա­տա­րուած շրջայ­ցի ըն­թաց­քին ՀԲԸՄ-ի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը ման­րա­մասն բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տուին Սերժ Սարգ­սեա­նին եւ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին։ ՀԲԸՄ-ի նո­րա­կա­ռոյց շէն­քը ու­նի շուրջ 1300 քա­ռա­կու­սի մեթր տա­րա­ծու­թիւն, ո­րու վրայ բարձ­րա­ցած է հնգյար­կա­նի ժա­մա­նա­կա­կից հա­մա­լիր մը՝ գրա­սե­նե­կա­յին բո­լոր յար­մա­րու­թիւն­նե­րով, ժո­ղո­վաս­րահ­նե­րով ու դահ­լիճ­նե­րով, ցու­ցադ­րաս­րահ­նե­րով եւ ստոր­գետ­նեայ ինք­նա­շարժ­նե­րու կա­յա­նա­տե­ղիով։ Պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու հա­ւաս­տիաց­մամբ, ար­դի շի­նա­րա­րա­կան լու­ծում­նե­րու կի­րառ­ման ու հին ճար­տա­րա­պե­տու­թեան պատ­մամ­շա­կու­թա­յին ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րու ան­խա­թար պահ­պան­ման զու­գորդ­մամբ վե­րա­կանգ­նուած է նա­խա­պէս այն­տեղ ե­ղած շէն­քին դի­մա­գի­ծը։ Նա­խագ­ծա­յին ու շի­նա­րա­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու ըն­թաց­քին յա­տուկ ու­շադ­րու­թիւն ցու­ցա­բե­րուած է քա­ղա­քա­շի­նա­կան պա­հանջ­նե­րու բա­ւա­րար­ման, որ­պէս­զի պահ­պա­նուին Ե­րե­ւա­նի հին կեդ­րո­նի պատ­մա­կան մի­ջա­վայ­րին բնո­րոշ տար­րե­րը։  

ՀԲԸՄ-ի ղե­կա­վա­րու­թեան հա­մոզ­մամբ, Ե­րե­ւա­նի կեդ­րո­նին մէջ հաս­տա­տուած այս շէն­քը հնա­րա­ւո­րու­թիւն պի­տի տայ ընդ­լայ­նե­լու բազ­մաբ­նոյթ ծրագ­րե­րը՝ դառ­նա­լով Հա­յաս­տան-Սփիւռք կա­պե­րու ամ­րապնդ­ման նոր օ­ճախ մը։

Նա­խա­գահ Սարգ­սեա­նի ներ­կա­յու­թեամբ խորհր­դան­շա­կան կար­միր ժա­պա­ւէ­նի կտրուե­լէն վերջ, Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ նո­րա­կա­ռոյց հա­մա­լի­րէն ներս կա­տա­րուե­ցաւ օրհ­նու­թեան կարգ։

Շէն­քի ճար­տա­րա­պետն է ֆրան­սա­հայ յայտ­նի ա­նուն մը՝ Ա­րիս Ա­դա­մեան, որ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ՀԲԸՄ-ի Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րէն է։ Լրագ­րող­նե­րու հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին Ա­րիս Ա­դա­մեան ներ­կա­յա­ցուց կա­ռոյ­ցի ճար­տա­րա­պե­տա­կան լու­ծում­նե­րը եւ ընդգ­ծեց, որ շէն­քը Ե­րե­ւա­նի մէջ ար­դիա­կան ու պատ­մա­կան ո­ճե­րու հա­մադ­րու­թիւն մը կը մարմ­նա­ւո­րէ։ Քա­ղա­քի ճար­տա­րա­պե­տա­կան դի­մա­գի­ծը պահ­պա­նե­լու հա­մար օգ­տա­գոր­ծուած են 1906 թուա­կա­նին կա­ռու­ցուած եւ 2000 թուա­կա­նին կազ­մա­քան­դուած քա­ղա­քա­յին շէն­քին քա­րե­րը։ Ներ­քին յար­դա­րան­քը կ՚ա­ռանձ­նա­նայ ար­դիա­կան ո­ճով եւ ա­ռաջ­նա­կարգ յար­մա­րու­թիւն­նե­րով։ Շէն­քի ճա­կա­տին վրայ կը նկա­տուի ա­պա­կե­պատ տի­զայ­նի եւ հին Ե­րե­ւա­նի ճար­տա­րա­պե­տա­կան տար­րե­րու միա­հիւ­սու­մը։ Ա­պա­կե­պատ ճա­կա­տը ա­րե­ւու լոյ­սի ա­ռա­ւե­լա­գոյն ներ­թա­փանց­ման հնա­րա­ւո­րու­թիւն կու տայ՝ ստեղ­ծե­լով յար­մա­րա­ւէտ ու ո­գեշն­չող աշ­խա­տան­քա­յին մի­ջա­վայր մը։ Կեդ­րո­նէն ներս տե­ղա­կա­յուած են գրա­սե­նեակ­ներ, հա­մա­ժո­ղով­նե­րու սրահ­ներ եւ ցու­ցադ­րաս­րահ­ներ։ Ներ­քին յար­դա­րան­քը յա­գե­ցած է ժա­մա­նա­կա­կից յար­մա­րու­թիւն­նե­րով եւ ար­դիա­կան տի­զայ­նի տար­րե­րով։ Շի­նու­թիւ­նը կը հա­մա­պա­տաս­խա­նէ բո­լոր յա­ռա­ջա­տար շի­նա­րա­րա­կան չա­փա­նիշ­նե­րուն, իսկ նո­րա­գոյն փոր­ձա­գի­տու­թիւն­նե­րու՝ ջեր­մա­մե­կու­սիչ ե­րե­սա­պատ­ման սա­լիկ­նե­րու եւ ա­րե­ւա­յին մարտ­կոց­նե­րու շնոր­հիւ շէն­քը կը դա­սուի մի­ջա­վայ­րա­կա­յուն կա­ռոյց­նե­րու շար­քին։ «Ա­րե­ւա­յին մարտ­կոց­նե­րու հաշ­ւոյն շէն­քը հո­սան­քի ա­ռու­մով ինք­նա­բաւ է, ինչ որ մենք շատ կը կա­րե­ւո­րենք», ը­սաւ Ա­րիս Ա­դա­մեան։

ՀԲԸՄ ցարդ Ե­րե­ւա­նի մէջ սե­փա­կան շէնք մը չէր ու­նե­ցած։ Ան­ցեա­լի մէջ իր օգ­տա­գոր­ծած բո­լոր շէն­քե­րը վար­ձուած էին, իսկ ներ­կայ կեդ­րո­նը ար­դէն ա­նոր սե­փա­կա­նու­թիւ­նը կը հան­դի­սա­նայ։

ՀԲԸՄ-ի Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րէն Վազ­գէն Եա­գու­պեան այս առ­թիւ նշեց, որ նոր շէն­քին բա­ցու­մը մեծ ու­րա­խու­թեան եւ հպար­տու­թեան ա­ռիթ մըն է ի­րենց հա­մար։ «Ինչ­պէս գի­տէք՝ ՀԲԸՄ ի սկզբա­նէ ե­ղած է Հա­յաս­տա­նի կող­քին եւ այ­սօր մենք շատ ու­րախ ենք, որ ու­նինք մեր սե­փա­կան շէն­քը, ո­րու մի­ջո­ցաւ մեր 100-ա­մեայ գոր­ծու­նէու­թեան տես­լա­կա­նէն նոր մի­ջո­ցա­ռում­նե­րու եւ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու տես­քով պի­տի ամ­րապն­դենք հայ­րե­նի­քի մէջ։ Եւ մեր ծրագ­րե­րը ո՛չ միայն պի­տի ըլ­լան ի նպաստ Հա­յաս­տա­նի մէջ ապ­րող հա­յե­րուն, այլ նաեւ՝ Սփիւռ­քի մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն, յատ­կա­պէս ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն։ Մենք կը փա­փա­քինք այս­տեղ ի­րա­կա­նա­ցուող ծրագ­րե­րուն մի­ջո­ցաւ ա­ւե­լի շատ ե­րի­տա­սարդ­ներ ըն­դու­նիլ հայ­րե­նիք՝ ա­նոնց մէջ ա­ռա­ւել զօ­րաց­նե­լով հայ ըլ­լա­լու զգա­ցու­մը», յայտ­նեց Վազ­գէն Եա­գու­պեան։

Իր կար­գին, Պերճ Սեդ­րա­կեանն ալ ընդգ­ծեց, որ ՀԲԸՄ-ի տե­սան­կիւ­նէն պատ­մա­կան կը նկա­տուի սոյն կեդ­րո­նի բաց­ման օ­րը։ «Մենք, սկսեալ մեր հիմ­նադր­ման օ­րէն՝ 1906 թուա­կա­նէն, ու­նե­ցած ենք մեր կեդ­րոն­նե­րը, շէն­քե­րը, Գա­հի­րէի, Ա­ղեք­սանդ­րիոյ, Հա­լէ­պի, Յու­նաս­տա­նի, Ֆրան­սա­յի, Գա­նա­տա­յի, Հա­րա­ւա­յին Ա­մե­րի­կա­յի մէջ, բայց այ­սօր մենք կը վե­րա­դառ­նանք տուն եւ ու­նե­ցանք մեր շէն­քը, որ մեր ազ­գա­յին գի­տակ­ցու­թեան խորհր­դան­շանն է», ը­սաւ Պերճ Սեդ­րա­կեան։

ՀԱՆ­ԴԻ­ՍԱ­ՒՈՐ ՀԱ­ՄԵՐԳ

Աշ­խա­տան­քա­յին փու­լե­րուն ա­ռըն­թեր, ՀԲԸՄ-ի 88-րդ հա­մա­գու­մա­րի ան­մո­ռա­նա­լի ե­րե­սակ­նե­րէն մին դար­ձաւ նաեւ Ե­րե­ւա­նի Օ­փե­րա­յին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած հան­դի­սա­ւոր հա­մեր­գը։ Սերժ-Ռի­թա Սարգ­սեան ա­մո­լը ե­րե­կոյ­թի պա­տուոյ հիւրն էր։ Ներ­կայ էր նաեւ Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րար Յաս­միկ Պօ­ղո­սեան, ո­րուն եւս տեղ վե­րա­պա­հուած էր պա­տուոյ օ­թեա­կին մէջ։ Հա­մեր­գի սկսե­լէն ա­ռաջ ե­լոյթ­նե­րով հան­դէս ե­կան Սերժ Սարգ­սեան (խօսքը տես՝ յարակից սիւնակը) եւ Պերճ Սեդ­րա­կեան։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Պերճ Սեդ­րա­կեան այս առ­թիւ Սարգ­սեան ա­մո­լին շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց թէ՛ հա­մեր­գին բե­րուած մաս­նակ­ցու­թեան եւ թէ ՀԲԸՄ-ին նկատ­մամբ ըն­ծա­յուած ու­շադ­րու­թեան հա­մար։ «Ա­հա­ւա­սիկ, ան­գամ մը եւս ե­կած ենք մեր հա­ւատ­քը ամ­րապն­դե­լու հայ­րե­նի հո­ղին վրայ, յար­գանք մա­տու­ցա­նե­լու մեր նա­հա­տակ­նե­րուն, շա­րու­նա­կե­լու պայ­քա­րը մեր պատ­մա­կան եւ մարդ­կա­յին ի­րա­ւունք­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման հա­մար, ինչ­պէս նաեւ միաց­նե­լու մեր ու­ժե­րը հայ­րե­նի պե­տու­թեան կա­ռուց­ման ճի­գե­րուն մէջ, որ­պէս­զի ի­րա­կա­նա­նան մեր ժո­ղո­վուր­դի իղ­ձե­րը։ Հա­յաս­տա­նը մեր ժո­ղո­վուր­դի հա­ւատն ու յոյսն է այ­սօր։ ՀԲԸՄ կը շա­րու­նա­կէ իր աշ­խա­տանք­նե­րը եւ ծրագ­րե­րը Սփիւռ­քի մէջ, աս­տի­ճա­նա­բար փո­խե­լով ա­նոնց բնոյ­թը եւ յար­մա­րեց­նե­լով զա­նոնք այ­սօ­րուան ի­րա­կա­նու­թեան ու փո­փո­խուող պայ­ման­նե­րուն», յայտ­նեց Սեդ­րա­կեան։

Եր­կոյ­թի ըն­թաց­քին ըն­թեր­ցուե­ցաւ նաեւ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սին ող­ջոյ­նի խօս­քը, զոր ներ­կա­յա­ցուց Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Ե­կե­ղե­ցա­կան հա­յե­ցա­կար­գա­յին գրա­սե­նեա­կի տնօ­րէն Տ. Բագ­րատ Եպսկ. Գալս­տեա­նեան։ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը այս առ­թիւ շեշ­տեց, որ ՀԲԸՄ ապ­րած է հայ ժո­ղո­վուր­դին հետ ու միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ե­ղած՝ մաս­նա­կի­ցը ա­նոր յա­րու­թեան եւ յաղ­թա­նա­կի լու­սա­ւոր ջան­քե­րուն։

Այս ե­լոյթ­նե­րէն վերջ սկսաւ հա­մեր­գի յայ­տա­գի­րը, ո­րու ըն­թաց­քին հնչե­ցին Կո­մի­տա­սի, Առ­նօ Բա­բա­ջա­նեա­նի, Ա­լէք­սէյ Հէ­քի­մեա­նի, Ռո­պէրթ Ա­միր­խա­նեա­նի, Գաբ­րիէլ Ե­րա­նեա­նի եւ Ար­մէն Մար­տի­րո­սեա­նի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը։ Ձեռ­նար­կին մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին՝ Հա­յաս­տա­նի Օ­փե­րա­յի եւ պա­լէի ազ­գա­յին ա­կա­դե­մա­կան թատ­րո­նի նուա­գա­խում­բը, «Բա­րե­կա­մու­թիւն» Հա­յաս­տա­նի պա­րա­րուես­տի պե­տա­կան հա­մոյ­թը եւ «Թա­թուլ Ալ­թու­նեան» Հա­յաս­տա­նի եր­գի-պա­րի պե­տա­կան հա­մոյ­թը։ 

Երկուշաբթի, Ապրիլ 6, 2015