«ՄԱՐԴՈՒ ՈՐԴԻՆ ՏԷ՛ՐՆ Է ՇԱԲԱԹԻՆ»

Հոգեգալուստէ ետք 3-րդ Կիրակի օրուան՝ այս տարի 10 Յունիս Կիրակի, Ս. Պատարագի ընթացքին կարդացուած Ճաշու Աւետարանի հատուածը՝ (ՄԱՏԹ. ԺԲ 1-8), «Շաբաթ օրը յարգելու հարց»ին մասին է։

Արդարեւ, Շաբաթ օրը եբրայական եօթնեակին՝ շաբաթին, այսինքն եօթը օրուայ ժամանակաշրջանին վերջին՝ 7-րդ օրն էր, երբ ամէն զբաղում եւ աշխատանք պէտք էր դադրէր ըստ Հին Կտակարանի տրամադրութեան. (ԵԼՔ. Ի 8-11, ԼԱ 12-17, ԼԴ 21) եւ  (Բ ՕՐ. Ե 12-15)։ Այս «օրէնք»ը հիմնուած էր արարչութեան 7-րդ օրուան հանգիստի օր ըլլալու պատուէրին վրայ։ Արդարեւ, Աստուած 6 օրէն ստեղծեց աշխարհը եւ 7-րդ օրը հանգստացաւ։ Անշուշտ այստեղ «օր»ը պէտք է հասկնալ «շրջան» կամ «ժամանակաշրջան», որ «օր» բառով պարզաբանուած եւ արտայայտուած է։ Այս իմաստով արդէն եբրայերէն «Շաբաթ» կը նշանակէ հանգիստ կամ դադար։ Եւ ուրեմն Շաբաթը «սուրբ» օր էր, այսինքն «Տիրոջ նուիրուած օր», եւ ամէն հրեայ պէտք էր ժողովարան երթար աղօթելու եւ Սուրբ Գիրքի ընթերցումը եւ բացատրութիւնը ուն-կընդրելու. (ՂՈՒԿ. Դ 16), (ԳՈՐԾ. ԺԳ 27, ԺԵ 21)։

«Ժողովարան» ընդհանրապէս կը նշանակէ այն վայրը կամ շէնքը՝ ուր հրեաներ իրենց պաշտամունքը կը կատարեն ամէն Շաբաթ օր։ Այս պաշտամունքին կատարումը միայն աղօթքով, սաղմոսերգութեամբ, Սուրբ Գիրքի ընթերցումով եւ անոր բացատրութեամբ կ՚իրականանար, մինչ զոհերը միայն Երուսաղէմի տաճարին մէջ կը մատուցուէին։

Ժողովարանները նաեւ տեսակ մը շրջանային դատարաններ էին, մանր հարցեր կարգադրելու համար։

Յիսուս երբ կ՚ըսէ. «…Իսկ եթէ անոնց ալ մտիկ չընէ՝ բոլոր հաւատացեալներուն ներկայութեան ըսէ, եւ եթէ անոնց ալ մտիկ չընէ՝ զինք նկատէ հեթանոս մը եւ կամ մաքսաւոր մը» (ՄԱՏԹ. ԺԸ 15-17), կ՚ակնարկէ այս ժողովարան-դատարանին։

Աստուածաշունչ մատեանի մէջ «Օրէնք» բառը ընդհանրապէս կը վերաբերի Աստուծոյ պատուիրաններուն եւ տուած կանոններուն ամբողջութեան, եւ մասնաւորապէ՛ս՝ կը նշանակէ Սինա լերան բարձունքին Մովսէսի ձեռքով Աստուծոյ տուած Օրէնքին ամբողջութիւնը։

Հետզհետէ, սակայն, «Օրէնք» անունով սկսան ճանչցուիլ Աստուծոյ բոլոր պատ-ւիրանները եւ կանոնները՝ որոնք միասնաբար կը կոչուէին «Օրէնքը» կամ «Տիրոջ Օրէնքը», եւ կամ «Օրէնքի Գիրքը»։

«Օրէնք» անունով անուանուած եւ գործածուած է աւելի լայն առումով՝ ամբողջ Հին Կտակարանը մատնանշելու եւ ներկայացնելու համար։

Ահաւասիկ, այս իմաստով, «Շաբաթ»ն ալ «Օրէ՛նք» մըն էր, օրէնքի զօրութիւն ունեցող պարտադրութի՛ւն մը։

Եւ ուրեմն աւելի լայն տեսանկիւնէ մը նայելով, հարցը սա է. օրէնքը մարդո՞ւն համար է, թէ՞ մա՛րդը օրէնքին համար։ Աւելի բացայայտելով՝ «օրէնք» եւ «մարդ»՝ ո՞ր մէկը նախադաս պէտք է համարել։

Երբ «Շաբաթ»ը «Օրէնք»ի իմաստով առնենք, Յիսուս այս հարցը միանգամ ընդ միշտ՝ հատու կերպով կը լուծէ, երբ կ՚ըսէ. «Մարդու Որդին Տէրն է Շաբաթին», (ՄԱՏԹ. ԺԲ 8)։ Եւ նաեւ՝ «Շաբաթ օրը մարդուն համար եղաւ եւ ո՛չ թէ մարդը՝ Շաբաթ օրուան։ Ուրեմն, Մարդու Որդին Շաբաթ օրուան ալ Տէրն է»,  (ՄԱՐԿ. Բ 27), ուր աւելի բացայայտօրէն կը յայտնէ, թէ Օրէնքը մարդո՛ւն համար է, եւ ո՛չ թէ մարդը Օրէնքին համար։ Եւ վերջապէս. «Մարդու Որդին Շաբաթ օրուան Տէրն է» (ՂՈՒԿ. Զ 5)։ Ուրեմն, Օրէնքը՝ մարդուն երջանկութեան, բարօրութեան համար միջո՛ց մըն է՝ կարեւոր եւ անհրաժեշտ գործօն մը։

Արդարեւ, հարցին նայինք սա տեսանկիւնէն. եթէ մարդ գոյութիւն չունենար, օրէնք պիտի ըլլա՞ր, եւ կամ որեւէ կերպով օրէնքի պահանջը պիտի զգացուէ՞ր։ Ուրիշ խօսքով՝ օրէնք կա՛յ, քանի որ մարդը կայ, մարդուն օգնելու համար գոյութիւն ունի օրէնքը։ Մէկ խօսքով՝ նպատակը մա՛րդն է, անոր երջանկութիւնը, բարօրութիւնը եւ օրէնքը զանոնք ապահովող կարեւո՛ր միջոց մը…։

Օրէնքը, Աստուածադիր «Ոսկի օրէնք»ը բացառիկ եւ եզակի իր էութեան մէջ՝ մարդկային կեանքի մէջ խաղաղութիւն, արդարութիւն եւ սէր հաստատելու ճշմարիտ եւ մեծագոյն բանաձեւն է։ Արդարեւ, մարդուս կեանքը անիմաստ է, եթէ ան բարիք չի բերեր մարդկութեան, այս իսկ պատճառով օրէնքներու օրէնքը արժէքներու համակարգը եւ կեանքի կոչո՛ւմն է։

Հետաքրքրական է, որ հին աշխարհի իմաստունները մարդկային կեանքը բարոյական սկզբունքներով առաջնորդելու համար բազմաթիւ խրատներ կ՚ուսուցանեն, որոնք «Ոսկի օրէնք»ի ժխտական իմաստը կ՚արտայայտեն։

Ամենահին գրութիւնը, որուն կը հանդիպինք, «Ախիկարայի Ուսուցումներ»ն է, որուն մէջ Ախիկարը Ք. Ա. 8-7-րդ դարերուն կը խրատէ. «Այն, ի՛նչ որ քեզի համար վատ է, քու ընկերոջդ պէտք չէ՛ ընես»։ Նմանատիպ խրատ կը տեսնենք նաեւ աստ-ւածաշնչական Տոբիթի գիրքին մէջ՝ Ք. Ա. 5-3-րդ դարերուն, ուր կ՚ըսուի. «Որդեա՛կ, քու բոլոր գործերուդ մէջ զգոյշ ըլլաս. խելամիտ եղիր քու ամբողջ կեանքիդ մէջ, եւ ի՛նչ որ կ՚ատես՝ ուրիշին չընես», (ՏՈԲԻԹ Դ 15-16)։

Վերոյիշեալ օրէնքը հանդիսացած է կոնֆուցիոսականութեան բարոյական համակարգի հիմնական եւ էական դրութիւններէն մին։ Կոնֆուցիոսի «Լուն Յուին» ստեղծագործութեան մէջ, այն հարցին, թէ՝ կա՞յ արդեօք այնպիսի բառ, որով կարելի է առաջնորդուիլ ամբողջ կեանքի մէջ, ուսուցիչը կը պատասխանէ. «Փոխներթափանցում. բան մը՝ որ չես ուզեր, որ ուրիշը ընէ քեզի, դուն ալ մի՛ ըներ ուրիշին։ Իրապէ՛ս ոսկի օրէնք մըն է ասիկա, ինչ որ աւելի դրական կերպով Յիսուս ալ պատուիրած է. «Ինչ որ կ՚ուզէք որ մարդիկ ընեն ձեզի, նո՛յնը ըրէք դուք անոնց. այս սկզբունքը իր մէջ կը խտացնէ Օրէնքը եւ մարգարէներու ուսուցումները», (ՄԱՏԹ. Է 12)։ Եւ այսօր նո՛յն սկզբունքը կը յիշուի որպէս «Փոխներթափանցում» կամ «համակրական հասկացողութիւն»՝ «empathy», այսինքն՝ զգացական իմացականութիւն։ Կարելի է զայն անուանել «համազգացում» նաեւ, քանի որ ի վերջոյ կը նշանակէ՝ ուրիշին պէս զգալ, ուրիշին զգացումը հասկնալ, միասին զգա՛լ։ Եւ ահաւասիկ, ապացոյց մը եւս, թէ օրէնքը՝ մարդուն երջանկութեանը, մարդուն պահանջները գոհացնելու միջոց մըն է, որ անոր անվտանգութեան ապահով մէկ ազդա՛կն է։

Ուրեմն, օրէնքին նպատակը մա՛րդն է, ապահով միջոց մը անոր գոյապահպանման եւ գոյատեւման, եւ ո՛չ թէ ինք՝ օրէնքը նպատակ մըն է։ Եւ ուրիշ փաստարկում մը եւս. օրէնքներ - մարդոց կողմէ հաստատ-ւած օրէնքներ - յաճախ կը փոխուին, իսկ մարդ կը մնայ անփոփո՛խ։ Կը փոխուին այն օրէնքները՝ որոնք այլեւս դադրած են մարդուս օգտակարութիւն ապահովելէ եւ անոնց տեղ կու գան նոր օրէնքներ՝ ժամանակակից եւ օգտակար՝ մարդո՛ւն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մայիս, 29, 2018, Իսթանպուլ     

Շաբաթ, Յունիս 9, 2018