«ՀՈՂՆ ԱԼ ՍԻՐՏ ՈՒՆԻ՝ ԵԹԷ ՍԻՐՏ ՈՒՆԻՆՔ ԱՅԴ ՍՐՏԻՆ ՏՐՈՓԸ ԶԳԱԼՈՒ»
«Հողն ալ սիրտ ունի՝ եթէ սիրտ ունինք այդ սրտին տրոփը զգալու։
Հողն ալ կեանք ունի՝ եթէ շունչ ունինք այդ կեանքին շունչը զգալու։
Կրակը կրցաւ այրել դաշտին խոտը, ցորենին ցօղունն ու հասկը, ծառին ճիւղն ու պտուղը, տունին գերանն ու ձեղունը։ Հարուածը կրցաւ քանդել պատն ու սիւնը, խորտակել քանդակն ու խաչքարը։ Բայց ո՛չ կրակը եւ ո՛չ ալ հարուածը կրցան իջնել մինչեւ հողին ու քարին սիրտը, ուր կը բաբախէր հայուն սիրտը» (Գարեգին Ա. Կաթողիկոս)։
Հայաստանի հողի ընդերքէն կազմաւորող ու վերաժայթքող աւիշէն կտրուած սփիւռքահայ մարդը, իր արմատներուն մէջ իսկ ցնցուած՝ այսօր Սփիւռքի տարածքին վրայ բացաստանի մը նման տարաբնոյթ ազդեցութիւններու ենթարկուած է ու գունաթափումի եւ ուծացումի վտանգին մղձաւանջը կ՚ապրի։ Այո՛, Հայ Եկեղեցին ու Հայ Դպրոցը հայը հայ պահելու գործընթացին մէջ ունին իրենց ուղենշային եւ կարեւորագոյն դերակատարութիւնը, սակայն Հայաստանի Հանրապետութեան որեւէ մէկ երկրի մէջ գտնուող դեսպանատուն ո՛չ միայն քաղաքացիական ծառայութիւն կը մատուցանէ իր քաղաքացիներուն եւ հայրենի զաւակներուն, այլեւ տարբեր նախաձեռնութիւններով եւ միջոցառումներով հայապահպանման գործունէութիւն կը ծաւալէ։
Ահա այս գիտակցութեամբ է, որ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմը իր բարերարներու ջանքերու շնորհիւ կրցաւ ձեռնամուխ ըլլալ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսութեան սեփական կառոյցի ձեռքբերման եւ պատուով իրականացուց այդ առաքելութիւնը։ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսութեան շէնքը կը գտնուի հայաշատ Կլենտէլ քաղաքին մէջ եւ իր ծառայութիւնը կը մատուցէ տարածքաշրջանի հայ բնակչութեան։ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսութեան հիւպատոսական շրջանը կը ներառնէ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան ափի հետեւեալ նահանգները՝ Ալասքա, Արիզոնա, Գալիֆորնիա, Քոլորատօ, Գուամ, Հաւայեան կղզիներ, Այտահօ, Մոնթանա, Նիւ Մեքսիքօ, Նեւատա, Օրեկոն, Եութա, Ուաշինկթըն, Վայոմին: Ներկայիս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպանն է՝ Գրիգոր Յովհաննիսեանը։
Այսօր, Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր «Նոր Հայաստան»ով, ղեկավարութեամբ, նախագահով, վարչապետով եւ կառավարութեամբ ոգի ի բռին լծուած է Սփիւռք-Հայրենիք կապերու աւելի սերտացման եւ հզօրացման գործընթացին։ Առ այդ, դեսպանատուները պէտք չէ միայն դիտարկել որպէս խորհրդանիշ ու սովորական կառոյց, այլ որպէս սփիւռքահայերու մղիչ ուժն ու պարծանքը։
Չմոռնանք, որ ազգեր կ՚ապրին ու կը գոյատեւեն հայրենիքո՛վ միայն։ Հայրենիքը սոսկ հող ու ջուր, զգացում ու երազ չէ, հայրենիքը ժողովուրդն է իր պետականութեամբ։ Պետութեան հզօրացումը ժողովուրդին հզօրացումն է, եւ՝ փոխադարձաբար։ Պետութիւնը ժողովուրդին ձայնն է, կամքն է, իսկ ժողովուրդը՝ պետութեան ամուր յենարանը։ Հայրենիքին հզօրացումը կարելի չէ ապահովել գեղեցիկ մտածումներով, զգացական արտայայտութիւններով եւ շինիչ թելադրութիւններով։ Հայրենիքը կը զօրանայ իր բոլոր զաւակներուն՝ Հայաստանի հայերու եւ սփիւռքահայերու գործօն մասնակցութեամբ ու ամբողջական զոհողութեամբ, քրտինքով ու արիւնով միայն։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ