Հինգշաբթի 16, Յունուար 2025
ԴԵՍՊԱՆՆԵՐՈՒ ՇՐՋԱՅՑ
ԵԱՀԿ-ի կողմէ պատուիրակութիւն մը այսօր տարածքաշրջանային այցելութեան կը ձեռնարկէ դէպի Հարաւային Կովկաս։ Այսպէս, կազմակերպութեան անդամ երկիրներէ 25-ին մշտական ներկայացուցիչները կ՚ուղեւորուին դէպի Հայաստան, Վրաստան եւ Ատրպէյճան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ԵԱՀԿ-ի գրասենեակէն տեղեկացուեցաւ, որ դեսպանները այս երեք երկիրներուն մէջ կը հան-դիպին իշխանութեան ներկայացուցիչներու, խորհրդարանականներու եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու հետ։
Այցելութիւնը մասնաւորապէս նպատակ ունի վերահաստատել դեսպաններու աջակցութիւնը կայունութեան, խաղաղութեան ու բարգաւաճման՝ ըստ ԵԱՀԿ-ի յանձնառութիւններու եւ սկզբունքներու։
Երկուշաբթի, Յունիս 18, 2018