­ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) նախագահ Պերճ Սեդրակեանը։ Աւելի քան ժամ մը տեւեց հանդիպումը, որ առիթ հանդիսացաւ քննարկելու Հայաստանի վերջին իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու վերաբերեալ հարցերն ու ծրագրերը։ 

Հինգշաբթի, Յունիս 21, 2018