ԽՈՐՀՐ­ԴԱ­ՒՈՐ ԱՄ­ՊԵՐ ԱՐ­ՑԱ­ԽԻ ԵՐԿ­ՆԱ­ԿԱ­ՄԱ­ՐԻՆ

Հայաստանն ու Արցախը քաղաքական փոխկապակցութեան մէջ են եւ, մէկուն կամ միւսին կեանքին մէջ յառաջացած ալեկոծումները ուղղակի կերպով անդրադարձ կ՚ունենան միւսին վրայ:

Երբ Հայաստանի մէջ ծայր տուաւ թաւշեայ յեղափոխութեան շարժումը, անխուսափելիօրէն ան իր անդրադարձը պիտի ունենար նաեւ Արցախի վրայ: Հիմա արդէն Հայաստանի զարգացումներուն արձագանգը հասած ըլլալ կը թուի նաեւ Արցախ: Բարեբախտաբար քաղաքական այդ փոփոխութիւնները միեւնոյն ատեն չկայացան երկու հանրապետութիւններու մէջ, որովհետեւ անոնք առիթ պիտի ստեղծէին թշնամիին կողմէ սահմանափակ յառաջացումներու եւ կամ նոյնիսկ լայնածաւալ արշաւանքի: Արդէն, Արցախի հանրապետութեան նախագահի մամուլի խօսնակ Դաւիթ Բաբայեանը կ՚ահազանգէ, որ «հակառակորդի ստորաբաժանումները կուտակուած են սահմանին այն հատուածում, որտեղ իրաւունք չունէին... նման իրավիճակներում, երբ տեղի են ունենում ներքին գործընթացքներ, Ատրպէյճանը, ընկալելով, որ հնարաւոր է՝ իր համար հնարաւորութիւն բացուի, իր նախապատրաստական աշխատանքներն է տանում: Դա կանխատեսելի վարքագիծ է, պէտք չէ զարմանալ»:

Ի տես եւ Ատրպէյճանի նման դիտաւորութեանց եւ առ ի զգուշութիւն, Արցախ կայուն վիճակի մէջ մնաց Հայաստանի իշխանափոխութեան օրերուն: Նոյնիսկ պէտք է աւելցնել որ Բակօ Սահակեան, Հայաստանի նորընտիր նախագահ Արմէն Սարգիսեանի հետ, սատարեց թաւշեայ յեղափոխութեան փափուկ վայրէջքին (soft landing):

Բայց այսօր խորհրդաւոր ամպեր կը կուտակուին նաեւ Արցախի երկնակամարին վրայ, երբ արդէն թշնամին դրանն է:

Յունիսի մէկին բախումներ տեղի ունեցան քաղաքացիներու եւ ազգային ապահովութեան ուժերուն միջեւ, պատճառ դառնալով 15 վիրաւորեալներու հիւանդանոց փոխադրութեան: Բացայայտ էր, որ մութ ուժերու կողմէ սարքուած յատուկ շարժում մըն էր՝ ապակայունացնելու Արցախը: Իբրեւ հետեւանք այդ միջադէպին տեղի ունեցաւ կարգ մը պաշտօնեաներու հրաժարումը ազգային ապահովութեան ուժերու ղեկավարութեան շարքերէն:

Կացութիւնը այնքան մտահոգիչ էր որ նախկին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան իր լռութիւնը խզելով կոչ ըրաւ հանդարտութեան - «Այն ինչ որ տեղի է ունեցել Հայաստանում, չի կարող տեղի ունենալ Ղարաբաղում», ըսաւ ան, պատասխանատուութեան հրաւիրելով Ռոպերթ Քոչարեանը, Սերժ Սարգսեանը, Նիկոլ Փաշինեանը, Արքատի Ղուկասեանն ու Սամուէլ Բաբայեանը (վերջինը՝ բանտարկուած): Կ՚ըսուի, թէ Սերժ Սարգսեան իր ներկայացուցիչները ուղարկած է Ստեփանակերտ՝ կացութիւնը վերահսկելի ընծայելու, իսկ Նիկոլ Փաշինեան հրապարակային կոչով հանդէս եկաւ մթնոլորտը խաղաղեցնելու: Բակօ Սահակեան իր հերթին խոստացաւ պատասխանատուներուն նկատմամբ խիստ միջոցներու ձեռնարկելու:

Այս իրադարձութիւններուն հետեւեցան կարգ մը պաշտօնանկութիւններ - հրաժարեցաւ պետական նախարար Արայիկ Յարութիւնեան, որուն փոխարինեց ԱԱԾ-ի պետ Արշաւիր Ղարամեան: Հրաժարած է նաեւ ոստիկանութեան պետը:

Պարզ է, թէ թաւշեայ յեղափոխութիւն մը կը կատարուի նաեւ Արցախի մէջ, այս անգամ յեղաշրջումը կատարելով վերէն վար, մինչդեռ Հայաստանինը կատարուած էր վարէն վեր:

Յատկանշական էր այն երեւոյթը, որ Երեւան պահեց գրեթէ չէզոք դիրքորոշում մը Արցախի փոփոխութեանց նկատմամբ, ինչպէս Մոսկուա որդեգրած էր նման դիրքորոշում մը Հայաստանի յեղաշրջումին նկատմամբ:

Եթէ Արցախի մէջ յառաջացած զարգացումները հետեւանք են քաղաքական համակարգը մաքրազտելու, բնականաբար ողջունելի են բոլոր կողմերուն համար եւ սակայն, եթէ անոնք նախանշանն են գալիք սադրանքներու, անոնք լի պիտի ըլլան աղէտալի հետեւանքներով:

Երբ շրջանի մը մէջ լարուած վիճակ մը կը տիրէ՝ բնականաբար այդ լարուածութիւնը առաջնահերթութիւն կը ստանայ տեղւոյն բնակչութեան եւ անոր ղեկավարութեան: Յաճախ այդ ղեկավարութիւնը կը թերանայ գլուխը բարձրացնելու եւ տեսնելու, թէ որքանով այդ տեղական լարուածութիւնը առընչուած է աշխարհի մեծերու ռազմաքաղաքական հաշիւներուն հետ:

Արցախի հակամարտութեան լուծումը փաստօրէն յանձնուած է Մինսքեան խմբակի պատասխանատուութեան: Սակայն, այդ խմբակի համանախագահող երկիրներէն իւրաքանչիւրը ունի իր սեփական շահը: Արդէն այդ պատճառով է, որ Մինսքեան խմբակի գործունէութիւնը վերածուած է քառակուսի անիւի:

Ուաշինկթըն պաշտօնական հաղորդագրութիւններով յաճախ կը մեղադրէ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները քաղաքացիներու ազատութեան բռնաբարման կապակցութեամբ, մամուլի աշխատողներու բանտարկութեան, Ալիեւի ընտանիքին կայսերական յաւակնութեանց եւ այլ պատճառներով: Սակայն, այդ երկրին հողամասը տնտեսական ու ռազմագիտական գործառնութեանց այնպիսի առաւելութիւններ կ՚ընծայէ Ամերիկային, որ պէտք չէ մեզ զարմացնէ որեւէ քայլ, որ կը նպաստաւորէ Պաքուն, ընդդէմ Երեւանի:

Եւրոպայի կազի եւ քարիւղի տարանցիկ կեդրոնը Ատրպէյճանի Կենճէ (Գանձակ) քաղաքն է: Երբ Եւրոպա եւ Ամերիկա կը ջանան շրջանցել Ռուսաստանը, անոր ուժանիւթին հակակշիռէն խուսափելով, Ատրպէյճանը աւելի եւս կ՚արժեւորուի քաղաքականապէս:

Միւս կողմէ, Կենճէն այն կէտն է, ուրկէ կ՚անցնի Աֆղանիստանի մէջ տեղակայուած ամերիկեան զօրքերու ամբողջ պարենաւորումը:

Այս վերեւի տուեալներուն վրայ պէտք է աւելցնել նաեւ հետզհետէ աւելի կարեւոր դարձող երեւոյթ մը՝ Ատրպէյճանի ռազմագիտական նշանակութիւնը Իրանի հարեւանութեամբ:

Արդէն Իսրայէլ ունի իր ռազմախարիսխը Ատրպէյճանի հողին վրայ: Իսկ վերջերս Ամերիկայի պետական քարտուղար Մայք Փանփէոյի խստացող քաղաքականութիւնը Իրանի դէմ եւ նախագահ Թրամփի միակողմանի հրաժարումը Իրանի հետ կնքուած հիւլէական դաշնագրէն, աւելի եւս կ՚ընդգծեն Ատրպէյճանի կարեւորութիւնը Ամերիկայի ռազմաքաղաքական համադրութեան ծիրէն ներս:

Այդ բոլոր տուեալներուն դիմաց ի՞նչ ունին Հայաստանն ու հայութիւնը իբրեւ քաղաքական հակակշիռ. միայն հայկական լոպիինկի տկար ուժը, միացած ռուսական ազդեցութեան ծիրին մէջ գտնուող Հայաստանի մը:

Հետեւաբար Ամերիկան հայութիւնն ու Հայաստանը սիրելու կամ չսիրելու հարց մը չունի, երբ իր շահերը, միացած Իսրայէլի շահերուն, անոր քաղաքականութիւնը կը թեքեն Պաքուի կողմը:

Երբ լարուածութիւնը աւելի կը սաստկանայ կովկասեան շրջանին՝ Հայաստանի եւ Արցախի վերապրումը աւելի եւս կ՚ենթարկուի ճմշումներու:

Այս իրականութեան պատկերին դիմաց ապակայունացման նոր փորձերը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ միայն կրնան վերածուիլ նոր փորձանքի:

Հայաստանի թաւշեայ յեղափոխութեան ընծայած լաւատեսութեան դիմաց՝ դժուար է պարզել միջազգային քաղաքական իրավիճակի դաժանութիւնն ու պատմական նախընթացները, սակայն պէտք են անոնք աւելի զգօն մօտենալու այդ իրականութեանց եւ աւելի իրապաշտ դասեր քաղելու անցեալէն:

Հայոց պատմութեան միակ կայսրութիւնը Մեծն Տիգրանի օրով ոտնատակ եղաւ Հռոմի կողմէ թագաւորի զաւկին դաւադրութեամբ, Անիի անկումին սատարեցին մեր Վեստ Սարգիսները, Կիլիկիոյ թագաւորութիւնը իր վախճանին հասաւ որքան մեմլուքներու արշաւանքով, նոյնքան նաեւ մեր իշխաններու ներքին հակամարտութիւններով: Առաջին հանրապետութեան անկումին համար կը մեղադրենք սովետեւթրքական գործակցութիւնը: Բայց փոքր դեր չունեցան նաեւ մեր ներքին պայքարները:

Մեծն Տիգրանէն 21 դար վերջ, մեր քաղաքական միտքը այլեւս բան մը սորված պէտք է ըլլայ պահպանելու համար յեղաշրջուած նոր Հայաստանը եւ ազատագրուած Արցախը:

Խմբագրական «Պայքար»ի

Պոսթոն

Երեքշաբթի, Յունիս 26, 2018