ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ՀԱՏՈՒԱԾՆԵՐԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ԼՈՒՍԱՐՁԱԿԻ ՏԱԿ

Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ ընդհանուր իրավիճակը կը շարունակէ մնալ խաղաղ եւ «տանելի»։

Սուրիական ընդհանուր տեսարանին մէջ եւ յատկապէս ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) «նօսրացում»էն ի վեր, գետնի վրայ որոշիչ դեր ունեցող հիմնական ուժերուն համար աւելի քան կարեւոր է, էական նշանակութիւն սկսած է ունենալ Սուրիոյ հիւսիսային հատուածը, ուր  կը գործեն ոչ միայն քրտական ջոկատներ, այլ նաեւ կան, տեղակայուած են ամերիկեան ու ֆրանսական զօրքեր։

Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատ, որ մասնաւորապէս վերջերս լրատուական զանազան հարթակներով ելոյթներ ունեցաւ, իր ձեռքի «քարտեր»ը բանալով յայտարարեց, որ եթէ քրտական ջոկատներուն հետ անկարելի ըլլայ քաղաքական լուծումներու ընդհանուր հայեցակարգ մը մշակել, ապա սուրիական բանակը պատրաստ է իր պարտականութիւնները զէնքի ուժով կատարել։

Էսատի համար այս էական մօտեցումը «սնունդ» կ՚առնէ Մոսկուայի կողմէ Սուրիոյ մասին մշակուած մօտեցումներէն։ Այն իմաստով, որ շուրջ երկու տարի առաջ Սուրիոյ կառավարական ուժերուն նեցուկ կանգնած ռուսաստանեան ուժերուն հիմնական նպատակը եւ «գաղափարական» հայեացքը կառուցուած էր Սուրիոյ հողային ամբողջականութիւնը պաշտպանելու բանաձեւին վրայ։

Այս մէկը ուրեմն կը նշանակէ, որ յատկապէս ռուսերուն համար սուրիական «մարմին»ին վրայ որեւէ այլ տարրի  գոյութիւն կամ շրջանի մը ինքնավարութիւն կըտ-րականապէս մերժելի է։

Ու եթէ խօսքը Սուրիոյ մէջ նոր «քանթոն»ներ կերտելու մասին է, ապա աւելի քան յստակ է, որ կը խօսինք քրտական գոյութեան մը մասին։

Այս առումով ալ ռազմավարական մօտեցումներու ու ընդհանուր շահերու «խաչմերուկ»ին նոյն «ճամբար»ին մէջ կը յայտնուին Սուրիոյ կառավարութիւնը, Մոսկուան, Թեհրանը, նաեւ Անգարան։ Այս «թեւ»ին դիմաց բաւական «արհեստածին» մօտեցումներով ու քայլերով «խաղ»ին մէջ կը մտնէին ամերիկացիները, որոնք նիւթական-ռազմական մեծ օժանդակութիւններ տրամադրած էին քիւրտերուն։ Ամերիկացիներու կողքին բաւական «ամչկոտ» դիրքով հանդէս կու գային եւրոպացիք, յատկապէս ֆրանսացիներն ու բրիտանացիները, որոնց մօտ քաղաքական կամքի դրսեւորումը կը ներկայացուի բաւականին «թոյլ» մօտեցումներով։

Այս բոլորին մասին աւելի յստակ տեղեկութիւններ ստանալու նպատակով օրերս հարցազրոյց մը ունեցայ «Միջազգային ճգնաժամային խումբ»ի (International Crisis Group) մէջ սուրիական հակամարտութեան հարցով վերլուծաբան Արմենակ Թոքմաճեանին հետ։

Ստորեւ մեր ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնեմ այդ հարցազրոյցը իր ամբողջութեամբ։

*

-Սուրիոյ իրադարձութիւններուն հետեւողներուն համար ակներեւ էր, որ յատկապէս վերջին շրջանին դարձեալ ուշադրութեան կեդրոն կը դառնար Մենպիչ քաղաքը. առաջին անգամը չէ, որ Մենպիչի մասին տեղեկութիւններ կը հրապարակուէին, կը խօսուէր նաեւ թուրք-ամերիկեան որոշ համագործակցութեան մասին։ Ձեր տուեալներով ի՞նչ է Մենպիչի կարեւորութիւնը:

-Մենպիչի հարցը շատոնց սեղանի վրայ էր, բայց Թուրքիան առաջնահերթութիւնը տուած էր Իտլիպին եւ Աֆրինին, իսկ հիմա երբ Իտլիպի մէջ թրքական զօրք տեղակայուած է եւ Աֆրինն ալ իրենց տիրապետութեան տակ է, հերթը հասած է Մենպիչին...։ Ինչպէս նշեցի, Մենպիչի հարցը վաղուց սեղանի վրայ էր, որովհետեւ ըստ թուրք-ամերիկեան բանաւոր համաձայնութեան, երբ 2016 թուականին քրտական զօրքեր կը տարածուէին այնտեղ, անոնք պէտք չէ հատէին Եփրատի արեւելեան ափը եւ հասնէին Մենպիչ, ուր հասան, հակառակ իրենց պայմանաւորուածութեան: Այսինքն Թուրքիոյ համար այս հարցը յուզող է եւ գոնէ Օգոստոս 2016-էն ի վեր Թուրքիան Ամերիկային տարբեր ձեւերով յորդորած է, որ քրտական զօրքերը քաշուին հոնկէ: Պէտք է նշել նաեւ, որ Մենպիչի եւ Աֆրինի պարագան նոյնը չէ, Աֆրինի մէջ ամերիկեան զօրքեր չկային, իսկ Մենպիչի մէջ կան, հետեւաբար հարցը աւելի խրթին է եւ տարբեր։ Մենպիչը թրքական սահմանին համեմատաբար մօտ գտնուող մեծ քաղաքներէն մէկն է եւ այն իրողութիւնը, որ քրտական ուժերը կը ղեկավարեն այդ քաղաքը, ինչ որ կ՚անհանգստացնէ Թուրքիան եւ իրենք այդ հարցը կ՚ընդունին որպէս ազգային անվտանգութեան խնդիր: Այսինքն Մենպիչի կարեւորութիւնը մեծ է եւ թուրքերը պիտի չհանգստանան մինչեւ որ բանաձեւի մը, կամ համաձայնութեան մը գան ամերիկացիներու հետ՝ քիւրտերը այդ քաղաքէն հանելու համար:

-Թրամփի ղեկավարութիւնը տարբեր առիթներով հաւաստիացուցած է, որ նեցուկ պիտի կանգնի քիւրտ զինեալ խմբաւորումներուն եւ այդ առումով ալ բացայայտ կերպով Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ պատերազմի տարբեր փուլերուն զինեց քրտական ջոկատները։ Ձեր տեսակէտով արդեօք պիտի շարունակուի՞ այս գործակցութիւնը:

-Ամերիկան քրտական խմբաւորումներուն հետ դեռ շահեր ունի եւ պիտի շարունակէ նեցուկ կանգնիլ՝ տարբեր պատճառներով. օրինակ՝ առաջին պատճառը այն է, որ ԻՇԻՊ դեռ ներկայ է եւ ռազմաքաղաքական տեսանկիւնէ դեռ իրենք՝ քիւրտերը ուժ մը կը ներկայացնեն Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան շրջանին մէջ, իսկ Ամերիկան անոնց դէմ չի կրնար պայքարիլ առանց քրտական ուժերուն, որոնք գետնի վրայ կը գտնուին, իսկ ամերիկեան զինուորները Սուրիոյ մէջ ունին աւելի խորհրդականի լիազօրութիւն եւ ոչ թէ գործօն զինուորի լիազօրութիւն: Երկրորդ պատճառը՝ եթէ վերցնենք Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան շրջանը, այնտեղ կը գտնուին քրտական զօրքերը, կան նաեւ սուրիական զօրքեր եւ խմբաւորումներ, որոնք իրանամէտ են կա՛մ Իրանին կը հետեւին, կան խմբաւորումներ, որոնք Ռուսաստանին կը հետեւին։ Այս խմբաւորումները շրջանին մէջ ռազմավարական հաւասարակշռութիւն մը կը ստեղծեն եւ եթէ Ամերիկան իր ռազմական յարաբերութիւնը խզէ քիւրտերուն հետ, այս հաւասարակշռութիւնը կը խախտուի եւ իրենք դուրս կու գան որպէս պարտուող։ Հետեւաբար ռազմավարական տեսանկիւնէ յառաջիկայ ամիսներուն ես չեմ կարծեր, որ Ամերիկան մեծ փոփոխութիւն մը մտցնէ իր որդեգրած քաղաքականութեան մէջ՝ քիւրտերու հանդէպ:

-Ի՞նչ ապագայ կը սպասէ քիւրտերուն Սուրիոյ մէջ:

-Այս վերջին երկու տարուան ընթացքին, քիւրտերը ըլլա՛յ ռազմական, ըլլայ քաղաքական տկարացած են, միաժամանակ տկարացած է անոնց ինքնավար շրջաններ ստեղծելու յոյսերը՝ բազմաթիւ պատճառներով, թուարկենք այդ պատճառները.

Առաջին պատճառը այն է, որ թուրքերը երբեք հանդուրժողական չեն ըլլար Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող ոչ մէկ քրտական ազատական, վարչական կամ անջատողական որեւէ մարմինի հանդէպ, կան տարբեր պատճառներ, բայց օրինակ՝ եթէ համեմատենք Իրաքի հիւսիսին հետ, Սուրիոյ քիւրտերու կամ քրտական կառոյցներու պարագան՝ ըլլայ ռազմական կամ քաղաքականական՝ տարբեր են, որովհետեւ ի տարբերութիւն Իրաքի, Սուրիոյ մէջ կ՚իշխեն ՓՔՔ-ի ներկայացուցիչները եւ այդ մէկը Թուրքիոյ համար անընդունելի է, որովհետեւ ՓՔՔ-ն եղած է Թուրքիոյ տասնեակ տարիներու թշնամին, հետեւաբար Թուրքիան պատրաստ կ՚ըլլայ պատերազմ մղելու Սուրիոյ մէջ գտնուող քիւրտերուն դէմ, որպէսզի կանխէ որեւէ մէկ անջատողական կամ ինքնորոշման փորձ:

Երկրորդ պատճառը այն է, որ սուրիական պետութիւնը այս երկու տարուան ընթացքին իր ռազմական եւ քաղաքական դիրքը, մեծաւ մասամբ ռուսական օգնութեամբ՝ շատ բարելաւած է, այսինքն եթէ այսօր որեւէ բանակցութիւններ սկսին քրտական կուսակցութեան եւ սուրիական պետութեան միջեւ, Սուրիոյ պետութիւնը պիտի ունենայ շատ աւելի ուժեղ բանակցային դիրք, հետեւաբար շատ քիչ բան պիտի տայ քիւրտերուն եւ այս իրողութիւնը երկու տարուան ընթացքին է որ փոխուած է:

Իսկ վերջին պատճառը այն է, որ ամերիկացիները պատրաստ չեն քիւրտերու «անկախ պետութիւն» մը կերտելու գաղափարները պաշտպանելու։ Այստեղ կարեւոր կը համարեմ վերյիշեցնել Միացեալ Նահանգներու Սուրիոյ մօտ նախկին դեսպան Ռապըրթ Ֆորտի այն կարծիքը, թէ քիւրտերը պէտք չէ մեծ յոյսեր դնեն Ամերիկայի վրայ։

Երեւան

Երեքշաբթի, Յունիս 26, 2018