Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ (ԺԲ.)

- Սուրբերու յիշատակութեանց քարոզները «Յիշեա՜ Տէր, եւ ողորմեա» յանկերգով կրճատելը ի՞նչ նշանակութիւն ունի։

- Ոմանք սրբոց յիշատակութիւնները աւելորդ համարելով՝ ամենայն վստահութեամբ կը կրճատեն զանոնք, եւ հազիւ իւրաքանչիւր տունի առաջին մէկ-երկու բառերը արտասանուած՝ զայն կ՚ընդմիջեն «Յիշեա՜ Տէր, եւ ողորմեա» յանկերգով, որ այս ձեւով իր իմաստէն ալ կը պարպուի։ Պէտք է գիտնալ, թէ այս յիշատակութիւնները Պատարագի արարողութեան հնագոյն եւ ամենէն իմաստալից բաժիններէն մէկը կը կազմեն 3-րդ դարու սկզբնական շրջանէն եկող։ Քմահաճօրէն այդպէս վարուողները կը մոռնան, որ այս յիշատակութիւնները թէ՛ սիրոյ պարտականաթիւն են եւ թէ դաստիարակչական նշանակութիւն ունին հաւատացեալներուն համար, անոնք կը ծառայեն յիշեցնելու, թէ Եկեղեցին միայն երկրի վրայ ապրողները չեն, այլեւ՝ Քրիստոսով ննջող հաւատացեալները, որոնք Քրիստոսի միացած եւ մեզի հետ միասին կը կազմեն Քրիստոսի հոգեւոր, Խորհրդական Մարմինը՝ Սուրբ Եկեղեցին։

- Երկրի վրայ մարտնչող «Զինուորագրեալ Եկեղեցի»ն Ս. Պատարագի ընթացքին ինչո՞ւ համար երկնքի «Յաղթական Եկեղեցւոյ» սուրբերուն յիշատակութիւնը կը կատարէ։

- «Զինուորագրեալ Եկեղեցի»ն այս աշխարհէն մեկնած հանդերձեալ սուրբերուն յիշատակութիւնը կատարելով, իր ուրախութիւնն ու երախտագիտութիւնը կը յայտնէ Աստուծոյ՝ երկնքի արքայութեան տարածումին ի նպաստ անոնց կատարած ծառայութեան եւ զոհողութեանց համար, եւ առ այդ՝ կը խնդրէ անոնց յիշատակութիւնը Աստուծոյ գահին առջեւ։ «Յաղթական Եկեղեցւոյ» սուրբերը Քրիստոսի միջոցաւ յարաբերութեան մէջ են «Զինուորագրեալ Եկեղեցւոյ» հետ՝ իրենց հոգեւոր ներկայութեամբ (Հմմտ. Յհ 12.26)։ «Յաղթական Եկեղեցւոյ» սուրբերն ալ երկնքի մէջ կը յիշեն մարտնչող Եկեղեցւոյ հաւատացեալները եւ Տիրոջ ողորմութիւնը կը խնդրեն անոնց համար։

- Ինչո՞ւ համար սարկաւագը Ս. Սեղանին աջ կողմը կ՚անցնի սրբոց յիշատակութիւնը կարդալու համար։

- Եկեղեցւոյ սուրբ հայրերու մեկնութեանց համաձայն, Ս. Սեղանին աջ կողմը կը խորհրդանշէ Աստուծոյ գահին աջակողմը, որ յատկացուած է բոլոր անոնց, որոնք իրենց կեանքը զոհած են ի գին Քրիստոսի եւ անոնց, որոնք իրենց կեանքը կ՚ապրին քրիստոնէական արժէքներով ու պատուէրներով։

- Ինչո՞ւ համար Եկեղեցին Քրիստոսով ննջողներուն համար ողորմութիւն կը հայցէ, ըսելով՝ «Յիշեա՜ Տէր, եւ ողորմեա»։

- Որովհետեւ Վերջին Դատաստանի օրը Քրիստոսով ննջողները Տիրոջ գը-թութեան արժանանալով՝ ողորմութիւն պիտի գտնեն Անկէ։ Եւ Աստուծոյ բոլոր որդեգիրները, կենդանի թէ մեռեալ (ննջող)՝ յոյսով կը սպասեն այն օրը Տիրոջ կողմէ յիշուելու եւ ողորմութիւն գտնելու համար (Հմմտ. Բ. Տմ 1.18։ Յդ 1.21)։

Հին Կտակարանին մէջ կը կարդանք, թէ Նէեմիա իր կատարած հանրօգուտ ծառայութեանց համար կը խնդրէ Աստուծմէ, որ զինք յիշէ (Հմմտ. Նե 5.19, 13.14, 22, 31)։ Գողգոթայի բարձունքին՝ խաչին վրայ դարձի եկող աւազակն ալ Յիսուս Քրիստոսէ կը խնդրէ յիշուիլ (Ղկ 23.42)։ Դաւիթ մարգարէին համար սաղմոսերգուն Տիրոջ կ՚աղաչէ ըսելով. «Յիշէ՛, Տէ՜ր, Դաւիթը եւ անոր կրած ամբողջ նեղութիւնը» (Սղ 132.1)։

Ս. Եկեղեցին ալ որպէս մայր՝ Տիրոջ ողորմութիւնը կը հայցէ իր կենդանի եւ ննջող զաւակներուն համար՝ վստահելով Աստուծոյ անբաւ ողորմութեան, զոր Աստուած չի խզեր Իր կնիքը կրող զաւակներէն (Հմմտ. Հռթ 2.20)։

- Դպիրներու «Յիշեա՜ Տէր, եւ ողորմեա» երգէն ետք ի՞նչ տեղի կ՚ունենայ։

- «Յիշեա՜ Տէր, եւ ողորմեա» երգի աւարտին, սարկաւագին եւ դպիրներուն կողմէ փոխն ի փոխ «Ամէն. եւ ընդ հոգւոյդ քում» երգը կ՚երգուի, որ բոլորիս ալ ծանօթ է իր երեք նշանաւոր տարբերակներով՝ Եկմալեան, Կոմիտասեան եւ Չիլինկիրեան, որոնք երեքն ալ չափազանց ծանր ու հանդիսաւոր են, եւ նոյնքան գեղեցիկ ու տպաւորիչ: Հետաքրքրական է գիտնալ, որ 10-րդ դարու Անձեւացիի Մեկնութեան մէջ անիկա չ՚երեւիր, բայց 12-րդ դարուն Լամբրոնացիի եւ յետոյ անոր աշակերտ Արճիշեցիի Մեկնութիւններուն մէջ ներկայ է: Հետաքրքրական է, դարձեալ, ու զարմանալի, գիտնալ՝ որ մինչ կարգ մը ձեռագիր Պատարագամատոյցներ որոշակիօրէն կ՚ըսեն, թէ անիկա «Ի թիւ» կ՚ըսուի կամ պէտք է ըսուի, 19-րդ դարէն մեզի հասած աւանդութիւնը այսքան հանդիսաւորութիւն կապած է անոր, կարծէք հմուտ երաժշտագէտ դպրապետներ իրենց ստեղծագործական ամբողջ տաղանդն ու վարպետութիւնը դրած են անոր մէջ, հաւանաբար մէկը միւսէն օրինակ առնելով, թէպէտ իրարու աննման:

- Կենդանեաց եւ ննջեցելոց յիշատակութենէն ետք պատարագիչը ի՞նչ կը խնդրէ երկնաւոր Հօրմէն։

- Պատարագիչը երկնաւոր Հօրմէն համարձակութիւն կը խնդրէ Եկեղեցւոյ համար, որ արտայայտէ իր ուրախութիւնը եւ երգէ ու արտասանէ Տէրունական աղօթքը՝ զԱստուած իրեն Հայր կոչելով։ Դպիրներուն ու ժողովուրդին Տէրունական աղօթքի երգեցողութենէն ետք պատարագիչը կ՚ամբողջացնէ սոյն աղօթքը՝ արտասանելով. «Զի քո է արքայութիւն եւ զօրութիւն եւ փառք յաւիտեանս. ամէն» (Որովհետեւ Քո՛ւկդ են միշտ՝ արքայութիւնը, զօրութիւնը եւ փառքը. ամէն), եւ ապա՝ Քրիստոսի խաղաղութիւնը կը փոխանցէ ժողովուրդին։

Արդարեւ, Տէրունական աղօթքը երգելով՝ հաւատացեալներ Աստուծոյ կը յայտնեն իրենց որդիական սէրը, հաւատարմութիւնն ու հրճուանքը։ ԶԻնք կը դաւանին իբրեւ երկնաւոր Հայր, Թագաւոր եւ Փրկիչ։ Կը յայտնեն նաեւ իրենց հպատակութիւնն ու քաղաքացիութիւնը երկնքի արքայութեան։ Եւ առ այդ, կը խնդրեն Տիրոջ ողորմութիւնն ու շնորհքները եւ երկնքի թագաւորութեան տարածումը մարդոց սրտերէն ներս։

- Տէրունական աղօթքի երգեցողութենէն ետք հաւատացեալներն ու պատարագիչը ի՞նչ կը կատարեն։

- Տէրունական աղօթքի երգեցողութենէն ետք սարկաւագին առաջնորդութեամբ հաւատացեալները կը խոնարհին Աստուծոյ առջեւ եւ կ՚երկրպագեն։ Այս միջոցին պատարագիչը կ՚աղօթէ Սուրբ Հոգիին ու Անոր ողորմութիւնը կը հայցէ երկրպագողներուն համար եւ փառք ու պատիւ կը մատուցանէ Ամենասուրբ Երրորդութեան, կը վերցնէ Ս. Սկիհին վրայէն ծածկոցը, եւ մինչ սարկաւագը «Պռօսխումէ» կը ձայնէ, պատարագիչը սրբագործուած նշխարը վեր բարձրացնելով կը գոչէ. «Ի Սրբութի՜ւն Սրբոց» («Տեսէ՛ք Սուրբը, որ սուրբերուն կը տրուի»)։ Այս միջոցին հաւատացեալները խոնարհելով կը խաչակնքեն ու դպիրները կ՚երգեն. «Միայն Սուրբ, միայն Տէր, Յիսուս Քրիստոս, ի փառս Աստուծոյ Հօր. ամէն» (Դո՛ւն ես միակ Սուրբը, Դուն ես միակ Տէրը, Յիսո՜ւս Քրիստոս, Հայրն Աստուածը փառաւորելու համար. ամէն)։

- Ի՞նչ բանի նշանակ են Ս. Սկիհի ծածկոցին վերացումը եւ սրբագործուած նշխարին վեր բարձրացումով ցուցադրութիւնը յաչս ժողովուրդին։

- Ս. Սկիհի ծածկոցին վերացումը եւ սրբագործուած նշխարին վեր բարձրացուելով ցուցադրուիլը, նշանակ են Աստուծոյ ծրագրին՝ Քրիստոսի կատարած փրկագործութեան խորհուրդի ծանուցման եւ յայտնութեան, որ ծածկուած էր մարդոցմէ։ Քրիստոս սրբագործուած հացի ու գինիի երեւոյթին տակ որպէս Սրբութիւն Սրբոց կը յայտնուի հաւատացեալներուն՝ զիրենք սրբացնելու եւ փրկելու համար։

- Ի՞նչ կը նշանակէ «Ի Սրբութի՜ւն Սրբոց» եւ ինչո՞ւ համար պատարագիչը կ՚արտասանէ այս խորհրդաւոր բառերը։

- «Ի սրբութի՜ւն Սրբոց» կը նշանակէ՝ Սուրբը սուրբերուն համար։ Քահանան այս բառերը կ՚արտասանէ Ս. Ընծային համար, որ իր մէջ ընդունած է Քրիստոսի ներկայութիւնը եւ մատուցուած է Հօր Աստուծոյ՝ հաւատացեալներու մեղքերուն քաւութեան համար։ Սուրբ Ընծան Յիսուս Քրիստոսի Մարմնին եւ Արեան հաղորդութիւնը ըլլալով՝ Սրբութիւն է զԱյն հաւատքով ճաշակողներուն համար։

- Սրբագործուած նշխարին գինիի մէջ թաթխուիլը ի՞նչ բանի նշանակ է։

- Մարդոց փրկութեան համար Քրիստոսի Արեան հեղման ու տարածման նշանակ է։

- «Միայն Սուրբ, միայն Տէր» շարականէն ետք քահանան ի՞նչ կ՚արտասանէ։

- Այս քաղցրաբարբառ երգէն ետք պատարագիչը բարձրաձայն կը դաւանի Ամենասուրբ Երրորդութիւնը՝ ըսելով. «Օրհնեա՜լ Հայր Սուրբ Աստուած Ճշմարիտ», «Օրհնեա՜լ Որդիդ Սուրբ Աստուած Ճշմարիտ», «Օրհնեա՜լ Հոգիդ Սուրբ Աստուած Ճշմարիտ»։ Դպիրները կը ձայնակցին պատարագիչին՝ ըսելով. «Ամէն», եւ ապա կ՚երգեն «Ամէն։ Հայր Սուրբ, Որդիդ Սուրբ, Հոգիդ Սուրբ» օրհներգը։

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Յունիս 27, 2018