ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ՝ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ
Աշխարհի մեծագոյն գրադարանին՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի գրադարանին, մէջ 26 յունիսին տեղի ունեցաւ Հայաստանի պատմութեան եւ մշակոյթին նուիրուած բացառիկ գիտաժողով մը: Քոնկրէսի գրադարանին կայքէջը հանգամանալից կերպով տեղեկացուց գիտաժողովին մանրամասնութիւնները, նշելով, որ անիկա տեղի ունեցած է 1991 թուականէն ի վեր պարբերաբար իրականացուող «Վարդանանց օրեր» ամենամեայ դասախօսութիւններու ծիրէն ներս, իսկ ձեռնարկին կազմակերպիչը Քոնկրէսի գրադարանին հայ աշխատակից, նշանաւոր պատմաբան Լեւոն Աւտոյեանն է: «Հայաստանի պատմութեան եւ մշակոյթի նոր նիւթեր» խորագրով գիտաժողովը ունէր մէկ նպատակ՝ ընդլայնել պատկերացումները Հայաստանի մասին:
Լեւոն Աւտոյեանի մասին հայագէտներ յաճախ կիսկատակ կ՚ըսեն՝ «Քոնկրէսի մէջ մեր մարդը»: Ան տարիներ շարունակ խնամքով եւ մեծ նուիրուածութեամբ կազմած է Քոնկրէսի գրադարանին հայկական նշանաւոր հաւաքածոն, անփոխարինելի ներդրում ունեցած է հայագիտութեան բնագաւառին մէջ եւ առհասարակ, նշանակալի է անոր դերը ժամանակակից գրադարանագիտութեան զարգացման մէջ:
Լեւոն Աւտոյեան այս գիտաժողովով նպատակ ունեցած է նաեւ «կոտրել» հայ ժողովուրդին եւ հայոց պատմութեան մասին պատկերացումները, ինչ որ կան օտարներուն մօտ: Ըստ անոր, այդ պատկերացումները միայն երեք-չորս փաստով կը սահմանափակուին՝ քրիստոնեայ երկիր, ցեղասպանութիւն, վերապրող ժողովուրդ: Մինչդեռ, ըստ գիտնականին, կարիք կայ աւելի լայն կերպով ներկայացնելու հայ ժողովուրդը, որ այսօրուան աշխարհի գիտութեան, մշակոյթի, արհեստագիտական յառաջընթացին մէջ ուրոյն տեղ ունի:
Այդ առթիւ Քոնկրէսի գրադարան ժամանած են ամբողջ աշխարհէն հայագէտներ, պատմաբաններ, գրադարանագէտներ եւ այլ մասնագէտներ՝ ներկայացնելու հայ մշակոյթի, պատմութեան, տնտեսութեան, նոյնիսկ մարմնամարզի զարգացման պատմութիւնը՝ Կիլիկիոյ թագաւորութենէն մինչեւ մեր օրերը:
«Ամերիկայի Ձայն»ին տուած իր մէկ հարցազրոյցին մէջ Լեւոն Աւտոյեան գիտաժողովը բնորոշած է որպէս հայ մշակոյթի եւ պատմութեան խճանկար մը:
Ուրիշ երկիրներէ Միացեալ Նահանգներ հասած հայ եւ օտար գիտնականներու կարգին են նաեւ մասնագէտներ Հայաստանէն:
Քոնկրէսի գրադարանին մէջ Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէն Տիգրան Զարգարեան ներկայացուցած է Համահայկական թուային գրադարանի ստեղծման աշխատանքը: Այդ մէկը Հայաստանի Ազգային գրադարանի եւ հայ գրադարանավարներու նախաձեռնած մեծագոյն ծրագիրն է՝ մէկ շտեմարանի մէջ ամփոփել հայ ազգին ստեղծած տպագիր ժառանգութիւնը՝ համապատասխան մատենագիտական գրառումներով եւ հեղինակային իրաւունքի դրոյթները պահպանելով, գրառումներուն կցուած նիւթերուն թուային պատճէններով:
Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան տեղեկատուական կեդրոնի տնօրէն Ներսէս Հայրապետեան գիտաժողովին ընթացքին պատմած է Հայաստանի մէջ ինքնահրատ մամուլի զարգացման մասին: Հայ լրագրութեան պատմութեան ժամանակակից փուլին մէջ կարեւոր դեր ունի ինքնահրատ մամուլը: Գաղտնի պայմաններու ներքեւ լոյս տեսած այդ թերթերն էին, որ ամպիոն դարձած են ազատութեան եւ անկախութեան, ազգային իղձերու իրականացման նպատակով ոտքի ելած ժողովուրդին համար: Այդպիսի մամուլ տպուած է խորհրդային տարիներէն սկսեալ մինչեւ Հայաստանի անկախութեան առաջին փուլը: Հակառակ իր ժամանակին ունեցած դերակատարութեան, ինքնահրատ մամուլի ժամանակաշրջանը տեսաբանները բաւարար ուշադրութեան չեն արժանացուցած: Ներսէս Հայրապետան, հայաստանեան գրադարանային գործին նուիրեալներէն մէկը ըլլալով, ուսումնասիրութիւն մը պատրաստած է ինքնահրատ մամուլին մասին:
Հետաքրքրական թեմաներով Քոնկրէսի գրադարանին մէջ հանդէս եկած են նաեւ Ռոպերթ Գրիգորեան, Սիլվի Մերեան, Խաչիկ Մուրատեան, Թէօ Մարտին վան Վինտ, Մուրատ Եըլտըզ, Հայկ Ուտիճեան եւ այլ երկիրներէ ժամանած մասնագէտներ, հայագիտութեան նուիրեալներ:
Լեւոն Աւտոյեան ոչ միայն «Վարդանանց օրեր» դասախօսութիւններուն ծիրէն ներս, այլ առհասարակ, Քոնկրէսին մէջ տասնամեակներ շարունակ ներկայացուցած է հայկական ժառանգութիւնը՝ կապ ստեղծելով հայ մասնագէտներուն եւ Քոնկրէսի գրադարանին միջեւ:
Ծնած է Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ ինքզինք կէս հայ, կէս ամերիկացի կը նկատէ: «Ես չեմ կրնար օգտակար ըլլալ հայերուն, եթէ լաւ ամերիկացի չըլլամ: Անոնք կը վստահին ինծի, քանի որ ես ճշմարտութիւնը կ՚ըսեմ եւ գիտեն, որ չեմ ստեր իրենց», առիթով մը ըսած է Լեւոն Աւտոյեան: Ան գիտական չորս աստիճան ունի: Քոլումպիոյ համալսարանէն ներս ստացած է պատմութեան, արուեստի եւ փիլիսոփայութեան մագիստրոսի աստիճան: Տոքթորի աստիճանը ստացած է հնագոյն պատմութեան եւ հայոց պատմութեան բնագաւառներուն մէջ: Մէկ տարի՝ 1972 թուականին, ան ապրած է Հայաստանի մէջ, իր տոքթորականին համար Մատենադարանին մէջ հետազօտութիւն մը իրականացուցած է, ապա բազմաթիւ անգամներ այցելած է Հայաստան:
Քոնկրէսի գրադարանին մէջ ան աշխատելու սկսած է 1977 թուականին, աւելի ուշ կազմելով հայկական հաւաքածոն: Աւտոյեան յաճախ այդ հաւաքածոյին շուրջ ցուցահանդէսներ կազմակերպած է, գիրքեր հրատարակած, հնարաւորինս հռչակած է հայկական հաւաքածոն՝ ըլլալով Քոնկրէսի գրադարանին Միջին Արեւելքի հայ-վրացական բաժնի գլխաւոր մասնագէտ-աշխատակիցը:
Քոնկրէսի գրադարանին 142 միլիոն միաւոր ունեցող հաւաքածոյին մէջ այսօր կը հաշուէ մօտ 32 միլիոն գիրք եւ այլ տպագիր նիւթեր՝ 470 լեզուներով, աւելի քան 62 միլիոն ձեռագիր, իրաւական նիւթերու աշխարհին ամենէն մեծ հաւաքածոն, շարժանկարներ, քարտէսներ, ձայնագրութիւններ, թերթեր…
Գրադարանը ունի 3 հազար 637 աշխատակից: Կ՚ընդգրկէ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի շէնքէն երեք մասնաշէնք:
Ահաւասիկ, աշխարհի մեծագոյն գրադարանին մէջ Հայաստանը ներկայացուած է իր անթիք եւ միջնադարեան եզակի հարուստ մշակոյթով: Հայկական հաւաքածոյին մէջ մաս կազմած են բազմաթիւ փաստաթուղթեր. ինչպէս՝ Օսմանեան Թուրքիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Հենրի Մորկընթաուի փաստաթուղթերը, Ռուբէն Մամուլեանի արխիւը, կրօնական գիրքեր, Աստուածաշունչ, հայկական շարժանկարներ, հայերէնով ձայնագրութիւններ, սկաւառակներ, մամուլի մեծ հաւաքածոյ, ոչ միայն թերթեր, այլ նաեւ՝ հանդէսներ, ինչպէս՝ Հայաստանի «Կոչնակ»ը, «Հայրենիք»ը եւ այլն: Հաւաքածոյին մէջ կան նաեւ ճարտարապետական նախագիծեր եւ հայութեան ու Հայաստանին վերաբերող բազմապիսի նիւթեր:
Գրադարանին մօտ 20 ընթերցասրահներուն մէջ հայկական նմոյշներ կան, հայկական հաւաքածոն ընդհանուր առմամբ կազմուած է շուրջ 47 հազար նմոյշէ, որոնցմէ 16 հազար 300 անունը հայերէն է: Հետազօտական գրադարան մը ըլլալով, Քոնկրէսի գրադարանը լայն հնարաւորութիւններ ունի մանաւանդ հետազօտողներուն համար, սակայն, ինչպէս որեւէ գրադարան, ան նաեւ պարզ մարդոց կը սպասարկէ:
Հայկական նիւթերը 1800 թուականին հիմնուած այս պատմական գրադարանին մէջ յայտնուելու սկսած են վաղ ժամանակներէն: 1815 թուականին գրադարանը ձեռք բերած է Թոմաս Ճէֆըրսընի անձնական գրադարանը, որուն մէկ մասը կը կազմէին յունական եւ լատինական դասական աղբիւրները, որոնց մէջ ներկայացուած էր նաեւ հնագոյն դասական գրականութեան մէջ նկատելի եւ ուրոյն տեղ մը զբաղեցնող Հայաստանը: Հայկական նիւթերն ալ կը պահուին Ճէֆըրսընի անուան շէնքին մէջ:
Հայկական հաւաքածոյին մէջ կը պահուին նաեւ այն քարտէսներուն բնօրինակները, որոնց վրայ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի յանձնախումբը գծած է Հայաստանի սահմանները՝ Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք առաջարկուած հրահանգին հետեւանքով: Լուսանկարներու բաժնին մէջ կը պահուին 1915-ի դէպքերուն ժամանակ նկարահանուած լուսանկարներ, որոնք գրադարանին յանձնուած են 1922 թուականին: Հոս կը պահուին նաեւ երգեր, որոնք Օսմանեան կայսրութենէն Գալիֆորնիա գաղթած հայերուն կատարմամբ հնչած եւ գրի առնուած են երաժշտական ընկերակցութեան մը կողմէ: Այդ երգերն ու անոնց ուղեկցող լուսանկարները անգին նիւթեր են ազգագրագէտներու, երաժշտագէտներու, պատմագէտներու եւ ամբողջ հայութեան համար: Յաճախ ուսումնասիրողներ կ՚օգտուին հաւաքածոյէն՝ անգին գնահատելով այն աշխատանքը, զոր կատարած է Լեւոն Աւտոյեան:
Գրադարանին հայկական հաւաքածոն 1991 թուականին արժէքաւոր ժառանգութիւն ստացած է Համբար Տատեանէն, որ չափազանց մեծ հետաքրքրութիւն ունեցած է գրադարանին հայագիտական ծրագիրներուն հանդէպ, իսկ 1995 թուականի հաւաքածոն նոր համալրում ստացած է, այս անգամ՝ Տիկին Տատեանէն: Միայն Տատեանները չեն անշուշտ, որ նուիրատուութիւն կ՚ընեն հայկական հաւաքածոյին: Հայոց պատմութիւնը, գիրն ու գրականութիւնը գնահատող ամէն ոք անպայման կ՚ուզէ ձեւով մը իր ներդրումը ունենալ աշխարհի ամենէն մեծ այս շտեմարանի հայկական փաստաթուղթերու հաւաքածոյին մէջ:
Հայաստանի գրադարաններուն հետ, շնորհիւ Լեւոն Աւտոյեանին, գոյութիւն ունի գրքափոխանակութեան ծրագիր մը եւ Հայաստանէն նոր լոյս տեսած գիրքերը կը հասնին Քոնկրէս, նմանապէս Լեւոն Աւտոյեան հայ գործընկերները հետաքրքրող գիրքերը կ՚առաքէ Հայաստան… Կը մօտենայ Լեւոն Աւտոյեանի հանգստեան կոչուելու տարիքը, եւ ան քանի մը առիթներով մտահոգութիւն յայտնած է, թէ արդեօք կարելի՞ է գտնել Քոնկրէսի գրադարանին մէջ իրեն փոխարինող մը, որ թէ՛ հայերէն գիտնայ եւ թէ կարողանայ շարունակել հաւաքածոյին հարստացման աշխատանքը: Ինչպէս կարգ մը կառոյցներու մէջ, Քոնկրէսի գրադարանին մէջ եւս, աշխատողներու կրճատումներ տեղի կ՚ունենան եւ դժուար է ըսել, որ գրադարանը կ՚ընդունի՞ նոր հայ աշխատող մը, թէ՞ ոչ: Բայց հաւաքածոն եւ հայկական ուսումնասիրութիւններուն բաժինը, վստահաբար յաւերժ հոն կը մնան:
ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔ
«Վարդանանց օրեր»ու ծիրէն ներս տեղի ունեցած գիտաժողովին յաջորդ օրը՝ երէկ, Ուաշինկթընի Ազգային պուրակին մէջ սկսած է Միացեալ Նահանգներու ուրիշ հնագոյն կեդրոնի մը՝ Սմիթսընեան հաստատութեան մեծ փառատօնը՝ «Ազգային կեանք»ը, որ այս տարի նուիրուած է Հայաստանին եւ Սպանիոյ տարածքին գտնուող Քաթալոնիա պատմական մարզին: Երկու շաբաթ անընդմէջ Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաքի սիրտին մէջ տեղակայուած տասնեակ տաղաւարներուն եւ բեմահարթակներուն վրայ կը ներկայացուին հայկական մշակոյթն ու աւանդոյթները, կը մատուցուին հայկական ուտեստներ, կը հնչէ հայկական երաժշտութիւն: 27 յունիսէն մինչեւ 1 յուլիս եւ 4-8 յուլիսը տեղի ունեցող փառատօնին հայկական կենցաղը այցելուներուն ներկայացնելու գործին մէջ ներգրաւուած են Հայաստանէն եւ սփիւռքէն Միացեալ Նահանգներ ժամանած աւելի քան 170 ներկայացուցիչներ՝ արհեստագործներ, ձեւագէտներ երաժիշտներ, խոհարարներ, գինեգործներ, դարբիններ, պարողներ եւ կատարողներ:
Ամէն տարի աւանդաբար տեղի ունեցող այս ձեռնարկին մասնակից կը դառնան միլիոնաւոր մարդիկ՝ Միացեալ Նահանգներէն եւ զանազան երկիրներէ կը ժամանեն մայրաքաղաք Ուաշինկթըն կամ ձեռնարկներուն կը հետեւին առցանց: Սմիթսընեան հիմնարկին «Ազգային կեանք» փառատօնի բացման արարողութեան այսօր՝ 28 յունիսին, ներկայ պիտի ըլլան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Լիլիթ Մակունց, Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլզ, Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան հայաստանեան գրասենեակի տնօրէն Տեպորա Կրիսըր, Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեան, ինչպէս նաեւ ներկայացուցիչներ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութենէն, Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութենէն, Մարդային զարգացման գործակալութենէն եւ ամերիկահայ սփիւռքի կազմակերպութիւններէն: 28 յունիսին եւ 30 յունիսին դեսպան Միլզ, դեսպան Յովհաննիսեան, Տեպորա Կրիսըր նաեւ կը մասնակցին մշակութային դիւանագիտութեան եւ մշակութային զբօսաշրջութեան շուրջ Սմիթսընեան հանրային քննարկումներուն:
Միւս կողմէ, Հայաստանը կովկասեան տարածքաշրջանի առաջին երկիրն է, որ կը ներկայացուի Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցող այս հեղինակաւոր փառատօնին: Այցելուները հայաստանեան տաղաւարներուն մէջ կը սորվին՝ ինչպէ՛ս թոնիրի մէջ լաւաշ թխել, գաթայ եւ թել պանիր պատրաստել, խորոված ընել, տոլմա եփել… Գինի, չիր, տուրմ համտեսելու առընթեր այցելուները նաեւ առիթը կ՚ունենան «Հիւրասենեակ», «Հացատուն», «Հազարաշէն», «Կենաց ծառ» տաղաւաներուն մէջ պարելու, սեփական ձեռքերով բան մը եփելու, փորագրելու, գորգ գործելու, ինչպէս նաեւ համացանցի միջոցաւ կրնան առցանց ճամբորդութիւն կատարել դէպի հայաստանեան երկու յայտնի պատմական վայրեր՝ «Արենի-1» քարանձաւ, ուր 6100-ամեայ գինիի հնձան կայ եւ 13-րդ դարու Նորավանքի վանական համալիր: Եռաչափ այս զբօսաշրջութիւնը մշակուած է Սմիթսընեան հիմնարկին եւ CyArk ընկերութեան կողմէ՝ Միացեալ Նահանգներու Մարդկային զարգացման գործակալութեան աջակցութեամբ: Բոլոր ձեռնարկներուն միջոցաւ ջանքեր պիտի գործադրուին՝ ներկայացնելու Հայաստանի մշակութային, պատմական եւ զբօսաշրջային գրաւչութիւնը:
Յիսուն տարի շարունակ Միացեալ Նահանգներու գիտահետազօտական եւ մշակութային մեծ կեդրոններէն մին նկատուող Սմիթսընեան հաստատութիւնը կը կազմակերպէ այս փառատօնը: Հետաքրքրական են ինչպէս փառատօնի անցած ուղին, այնպէս ալ՝ Սմիթսընեան հաստատութեան պատմութիւնն ու անցած գիտական փառաւոր ուղին: Սմիթսընեան հաստատութիւնը հիմնադրուած է 1846 թուականին՝ Ուաշինկթընի մէջ, Քոնկրէսին յատուկ որոշումով, անգլիացի տարրաբան եւ հանքաբան Սմիթսընի (1765-1829) կտակած միջոցներով՝ գիտութիւնը ժողովուրդին մէջ տարածելու եւ ընդլայնելու նպատակով:
Հիմնարկը իր մէջ կը միաւորէ Ազգային թանգարանը, Սմիթսընեան աստղադիտարանը, Արուեստի ազգային պատկերասրահը, Ազգաբանական հետազօտութիւններու հիմնարկը, Ազգային կենդանաբանական այգին եւ գիտական այլ հիմնարկներ։
Սմիթսընեան հիմնարկը աւանդաբար կը գլխաւորէ Միացեալ Նահանգներու նախագահը, պատուոյ խորհուրդի կազմին մէջ են նաեւ փոխ-նախագահը, պետական քարտուղարը, ելեւմուտի, պաշտպանութեան, արդարադատութեան նախարարները, պաշտօնական այլ անձեր։
«Ազգային կեանք» փառատօնին Հայաստանի մասնակցութիւնը կը համակարգէ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի աշխատակից Լեւոն Աբրահամեան: Փառատօնը, յիսուն տարի է, ամէն տարի տարբեր ուղղուածութիւն եւ նիւթ կ՚որդեգրէ:
Այս տարի փառատօնին գլխաւոր հերոսը վարպետն է, որուն միջոցով ցոյց պիտի տրուին այսօրուան արհեստը, աւանդոյթները, խոհանոցը եւ անոնց սերտ կապը՝ անցեալին հետ: Ամբողջ գաղափարը պիտի ըլլայ, թէ ինչպէս անոնք պահպանուած եւ փոխանցուած են սերունդներուն:
Յատկանշական է, որ այս տարի ինչպէս առաջին անգամ Հայաստանը կը մասնակցի այդ փառատօնին, այնպէս ալ Հայաստանէն առաջին անգամ սուրիահայ կիներ միջազգային փառատօնի մը ընթացքին կը ներկայացնեն հայկական ասեղնագործութիւնը: Անոնք Ուաշինկթընի մէջ, օրեր շարունակ, պիտի ասեղնագործեն Մարաշի, Այնթապի եւ հայկական ասեղնագործութեան կեդրոններու բացառիկ նմոյշներ:
Ուաշինկթընի Ազգային պուրակին մէջ կը ստեղծուի նաեւ քարանձաւային միջավայր մը, ուր այցելու երեխաները կը մասնակցին պեղումներու: Արդիւնքին՝ երեխաները կը գտնեն Հայաստանի մէջ յայտնաբերուած ամենէն հին կօշիկին յուշանուէրային տարբերակը: Հայաստանեան օրերը համընկած է 4 յուլիսին՝ Միացեալ Նահանգներու անկախութեան օրուան եւ սովորաբար այդ օրը Ուաշինկթընը լեցուն կ՚ըլլայ զբօսաշրջիկներով: Իսկ փառատօնին աւարտը նախատեսուած է 8 յուլիսին, եւ քանի որ այս տարի Վարդավառը՝ Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնը, կը նշուի այդ օրը, հետեւաբար եզրափակիչ օրը հայերը ջուր կը ցօղեն իրարու եւ փառատօնի այցելուներուն վրայ՝ բացատրելով նաեւ հնագոյն այդ աւանդոյթին իմաստը: Մեր հայրենակիցները Ուաշինկթընի կեդրոնին մէջ նաեւ շուրջպար կը բռնեն քաթալոնցիներուն հետ: Զգացմունքներով եւ պատմութեամբ իրարու շատ նման հայերն ու քաթալոնցիները, Միացեալ Նահանգներու սրտին մէջ, անգամ մը եւս կը հաստատեն այդ նմանութիւնը:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ