ՄԱՐԴԿԱՅՆԱԶՈՒՐԿ… ԵՒ ԻՐԱՒԱԶՈՒՐԿ

Ոդիսակա՞ն, թէ՞ արհաւիրք: Նախագահ Տանըլտ Թրամփի անխոհեմ, կարճատես եւ անտրամաբանական գործունէութիւնը օրըստօրէ իր վրայ կը կեդրոնացնէ բոլորին ուշադրութիւնը՝ յաւելեալ քննադատութիւններու դուռ բանալով:

Ապօրինի գաղթականներ արտաքսելու հարցը մեծ դժգոհութեան ալիք ստեղծած եւ մելան հոսեցուցած էր, երբ այս անգամ Թրամփի ղեկավարութիւնը այլ արագ եւ կարճատես որոշում մը տուաւ, յունիս 20-ին պաշտօնապէս տեղեկացնելով, թէ Միացեալ Նահանգները կը քաշուին Մարդկային իրաւանց խորհուրդէն:

ՄԱԿ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան եւ նախագահ Թրամփի հլու կամակատար Նիքի Հելի յայտարարեց, թէ իր երկիրը կը քաշուի այս  խորհուրդէն, այն պատճառով, թէ քաղաքական մութ հաշիւներ կան, եւ թէ ճնշումներու իբրեւ արդիւնք մարդկային իրաւունքները զոհ դարձած են այս անհանդուրժելի մթնոլորտին:

Վստահաբար, իր սովորական դայլայլիչներով, նոյնինքն նախագահ Թրամփն ալ, իր «փորձառութեամբ», իւրայատուկ մեկնաբանութիւններով եւ անշուշտ յաւելեալ ձաբռտուքներով պիտի համոզէ, թէ տրուած որոշումը տեղին է: Հաւանաբար, ամենայն ինքնավստահութեամբ եւ անտրամաբանութեամբ, ան կրնայ առաջարկել նաեւ, թէ կրնայ վերատեսութեան ենթարկել այս որոշումը, կամ վերստին միանալ ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց խորհուրդին, եթէ ընդհանուր կեդրոնատեղին փոխադրուի… Երուսաղէմ:

Բնական է, որ այսպիսի խորհուրդ պիտի զբաղի ընկերային, բարոյական եւ անշուշտ քաղաքական հարցերով: Նոյնիսկ արուեստի եւ մշակոյթի մէջ մասնագիտացած ՄԱԿ-ի հովանիին տակ գտնուող խորհուրդներ կը զբաղին քաղաքական հարցերով:

Այս որոշումին առընչութեամբ նոյնանման բացատրութիւններ տուաւ Թրամփի ղեկավարութեան այլ բանալի հլու կամակատար մը՝ արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ, որ իր զօրակցութիւնը յայտնեց Հելիի՝ շեշտելով, որ Ամերիկայի շահերը առաջնահերթ կը դասուին ամէն բանէ:

Հոս տեղին է հարց տալ, թէ աշխարհի ամանէն աւելի ժողովրդավար եւ ազատամիտ երկիրներէն մէկը նկատուող Միացեալ Նահանգները պէտք չէ՞ որ աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող մարդկային իրաւունքները արծարծող հարցեր նաեւ նկատի ունենան իբրեւ առաջնահերթութիւն:

Այսպէս, այս խորհուրդին մէջ էր, որ Լիպիա կախակայուեցաւ՝ օրուան ղեկավար Քատտաֆին խախտած ըլլալով մարդկային իրաւունքները: Այլ երկիրներու մարդկային իրաւունքներու դէմ գործած ըլլալով, երկու տարի առաջ մերժուեցաւ Ռուսաստանի գործօն անդամակցութեան իրաւունքը: Միեւնոյն մերժումը ստացան նաեւ իրենց երկրին մէջ մարդկային իրաւունքները ոտնակոխած Սպիտակ Ռուսիան ու Ատրպէյճանը:

Հոս տեղին է ընդգծել Եւրոպական Միութեան մէկ պաշտօնական հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ կը նշուի, թէ Միութիւնը պիտի շարունակէ պաշտպան հանդիսանալ մարդկային իրաւունքներուն ու սկզբունքներուն, թէ դժբախտաբար Միացեալ Նահանգներ կը նահանջեն ժողովրդավարութեան կողմնակից եւ քաջալեր պետութեան իրենց դերէն:

Մէկ խօսքով՝ ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց խորհուրդէն դուրս գալու Միացեալ Նահանգներու այս որոշումը կը նկատուի մարդկայնազուրկ… եւ իրաւազուրկ:

Խմբագրական «Հայրենիք»ի

Ուրբաթ, Յունիս 29, 2018