Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ (ԺԳ.)

- Ինչո՞ւ հաւատացեալներ Ս. Երրորդութեան օրհներգութեան ընթացքին երեք անգամ «Ամէն» ըսելով կը ձայնակցին։

- «Ամէն» եբրայերէն բացատրութիւն մըն է, որ կը նշանակէ եղիցի, այնպէս ըլլայ, ինչպէս նաեւ կը նշանակէ իսկապէս, ստուգապէս, ճշմարտապէս, իրաւամբ։ Այս պարագային «Ամէն» յանկերգը իր մէջ կը պարփակէ Ս. Պատարագը ամբողջութեամբ։ Քրիստոսով հաւատացեալներուն արտասանած «Ամէն»ը Աստուծոյ փառքին յայտարարն է։ Այս ուղղութեամբ Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Քրիստոս Աստուծոյ բոլոր խոստումներուն Այո-ն է։ Ահա թէ ինչու, մենք Քրիստոսը ընդունելով՝ Աստուծոյ Այո-ին «Ամէն» կ՚ըսենք իր փառքին համար» (Բ.Կր 1.20)։ Տակաւին, «Ամէն» ըսելով հաւատացեալներ Քրիստոսի զոհաբերութեան խորհուրդին մէջ իրենց ունեցած մասնակցութիւնն է, որ կը յայտարարեն։ «Ամէն» նաեւ կը խորհրդանշէ մարդու անվերապահ ու աներեր հնազանդութիւնը Աստուծոյ հանդէպ։ Եւ այս հնազանդութիւնը այն միակ պայմանն է, որ Հաղորդութիւնը փրկարար կը դարձնէ։ «Ամէն» յանկերգին կարեւորութիւնը կը շեշտէ Յուստինոս Մարտիրոս ըսելով. ««Ամէն»ը ժողովուրդին հաւանութիւնն է եպիսկոպոսին Պատարագի աղօթքներուն»։

- «Ամէն։ Հայր Սուրբ» երգեցողութեան ընթացքին պատարագիչը ի ծածուկ ի՞նչ կ՚աղօթէ։

- «Ամէն։ Հայր Սուրբ» երգեցողութեան ընթացքին պատարագիչը ծածուկ աղօթքի մէջ կ՚ըլլայ, այս անգամ խոնարհած վիճակով, որ խնդրանքին թախանձական ըլլալը կ՚արտայայտէ։ Պատարագիչը կ՚աղաչէ, որ Քրիստոս զինք եւ իր պաշտօնակիցները «արժանի նկատէ եւ Իր անարատ Մարմինն ու թանկագին Արիւնը տայ իրենց, որպէսզի իրենք ալ ամբողջ ժողովուրդին տան»։ Ապա երկրպագելով՝ կը համբուրէ Սեղանը, իսկ մաղզման Սկիհէն վերցնելով՝ կը դնէ Սեղանին վրայ։ Ս. Մարմինը առնելով՝ ամբողջապէս կը թաթխէ անապական Արիւնին մէջ, դարձեալ աղօթելով, որ Տէրը մեր մեղքերուն թողութիւն շնորհէ։

Այնուհետեւ պատարագիչը «Ի սուրբ, ի սուրբ պատուական մարմնոյ» բառերը արտասանելով՝ կը դառնայ ժողովուրդին եւ Տիրոջ Մարմինովն ու Արիւնովը կ՚օրհնէ, հրաւիրելով հաւատացեալները, որպէսզի գան եւ ճաշակեն զանոնք, որովհետեւ անոնցմով Քրիստոս Ինք «երկնքէն իջած՝ մեզի կը բաշխուի»։ Եւ կ՚աւելցնէ՝ «Ասիկա Կեա՛նք է, Յարութեան յոյս, եւ մեղքերուն քաւութիւն եւ թողութիւն»։ Նշենք, թէ ժողովուրդին Ս. Հաղորդութիւնը ճաշակումը անմիջապէս տեղի չ՚ունենար։ Պատարագիչը դէպի Սեղան կը վերադառնայ եւ վարագոյրը կը գոցուի։

- Ինչո՞ւ քահանային «ի սուրբ ի սուրբ» աղօթքէն ետք Խորանին վարագոյրը կը գոցուի։

- Որովհետեւ այն ատեն քահանան կը պատրաստուի ճաշակելու Քրիստոսի Մարմինն ու Արիւնը։ Ան պէտք է առանձին մնայ Ս. Սեղանին առջեւ, ամփոփուած վիճակով՝ իր ուշադրութիւնը կեդրոնացնելու միայն Քրիստոսի ներկայութեան եւ Անոր սրբութեան վրայ, որպէսզի զգուշութեամբ կարենայ հաղորդուիլ եւ յարաբերիլ Տիրոջ հետ։

- Ի՞նչ կը խորհրդանշէ նշխարը գինիին մէջ թաթխելը։

- Արիւնը կեանքի խորհրդանիշ է։ Իսկ մենք՝ հաւատացեալներս Քրիստոսի Արեան փրկագինն ենք։ Ան թափուած է եւ սփռուած՝ հաւատացեալներու փրկութեան եւ մեռելներու յարութեան ի խնդիր։ Արդ, Քրիստոսի իմանալի Մարմինը՝ Եկեղեցին փրկուած է եւ քաւութիւն ստացած Քրիստոսի Արեամբ։ Երբ Քրիստոսի ծիսական Մարմինը Արեան մէջ կը թաթախուի, Քրիստոսի Արեան միջոցաւ տեղի ունեցած փրկագործութիւնը կը յատկանշուի։ Նոյնպէս ալ գոհութեան միջոցին կատարուած թաթախումը՝ հաւատացեալներուն Ս. Հոգիով եւ Քրիստոսի հուրով մկրտուիլը կը խորհրդանշէ։ Եւ այսպէսով հաւատացեալներ կը հաղորդուին Քրիստոսի վերակենդանացեալ եւ փառաւորեալ Մարմինին եւ կը սրբուին Իր Արեամբ։

- Վարագոյրը գոցուելու միջոցին դպիրները ի՞նչ կ՚երգեն, իսկ քահանան վարագոյրի ետին ի՞նչ կը կատարէ։

- Այս միջոցին դպիրներ կ՚երգեն «Տէր ողորմեա»ն։ Հաւատացեալներուն համար այնքան սիրելի այս աղերսանքը ուշ ժամանակներուն՝ 18-րդ դարու վերջաւորութեան, Սիմէոն Երեւանցի Կաթողիկոսի տնօրինումով մուտք գործած է Հայ Եկեղեցւոյ Պատարագի երգեցողութեան մէջ, որ կը ներկայացնէ հաւատացեալներու ներքին զգացումներուն դրսեւորումը, առողջութեան, գործի յաջողութեան, աշխարհի խաղաղութեան, ննջեցեալներու հոգիներու փրկութեան եւ զանազան իղձերու եւ փափաքներու իրագործման համար։

«Տէր ողորմեա»յի երգեցողութենէն ետք՝ սարկաւագը կը ձայնէ դպիրներուն. «Սաղմոս ասացէք, Տեառն Աստուծոյ մերում, դպիրք, ձայնիւ քաղցրութեամբ զերգս հոգեւորս: Զի սմա վայել են սաղմոսք եւ օրհնութիւնք, ալէլուք եւ երգք հոգեւորք: Պաշտօնեայք, հանդերձ երգովք սաղմոս ասացէք, եւ զՏէր յերկինս օրհնեցէք» (Ո՜վ դպիրներ, սաղմոս երգեցէք Տիրոջ՝ Աստուծոյ, քաղցր ձայնով հոգեւոր երգեցէք, որովհետեւ սաղմոսներ եւ օրհներգութիւններ կը վայելեն Անոր, ալէլուիաներ եւ հոգեւոր երգեր։ Ո՜վ սպասարկողներ, երգեցէ՛ք եւ սաղմոսեցէ՛ք, եւ օրհներգեցէք Տէրը երկնքի մէջ)։

- Սարկաւագին քարոզէն ետք դպիրներ ի՞նչ կ՚երգեն։

- Դպիրները ընթացք տալով սարկաւագի հրահանգին՝ սաղմոսերգութեամբ պատարագեալ Քրիստոսը կը փառաբանեն, որ կը բաշխուի հաւատացեալներուն. «Օրհնեալ է Աստուած. Քրիստոս պատարագեալ բաշխի ի միջի մերում. ալէլուիա։ Զմարմին իւր տայ մեզ կերակուր եւ սուրբ զարիւն իւր ցօղէ ի մեզ. ալէլուիա։ Մատիք առ Տէր, եւ առէք զլոյս. ալէլուիա։ Ճաշակեցէք եւ տեսէք զի քաղցր է Տէր. ալէլուիա։ Օրհնեցէք զՏէր յերկինս. ալէլուիա։ Օրհնեցէք զնա ի բարձունս. ալէլուիա։ Օրհնեցէք զնա, ամենայ հրեշտակք նորա. ալէլուիա։ Օրհնեցէք զնա, ամենայն զօրութիւնք նորա. ալէլուիա» (Օրհնեա՜լ է Աստուած։ Քրիստոս իբրեւ զոհ ընծայուելով մեզի կը բաշխուի։ Ալէլուիա։ Իր Մարմինը մեզի կու տայ իբրեւ կերակուր, եւ իր Սուրբ Արիւնը կը ցօղէ մեր վրայ։ Ալէլուիա։ Մօտեցէ՛ք Տիրոջ եւ Իրմէ լո՛յս առէք։ Ալէլուիա։ Ճաշակեցէ՛ք եւ տեսէք՝ թէ ի՜նչքան բարի է Տէրը։ Ալէլուիա։ Օրհնեցէ՛ք Տէրը երկինքի մէջ։ Ալէլուիա։ Օրհնեցէք զԱյն բարձունքներուն մէջ։ Ալէլուիա։ Օրհնեցէ՛ք զԱյն, ո՜վ Անոր հրեշտակները։ Ալէլուիա։ Օրհնեցէ՛ք զԱյն, ո՜վ Անոր բոլոր զօրքերը։ Ալէլուիա)։

- Ինչո՞ւ համար «Քրիստոս պատարագեալ» շարականի երգեցողութեան ընթացքին բուրվառակիր սարկաւագը մասը Խորանէն վար կը բերէ։

- Սարկաւագը Խորանէն մասը վար կը բերէ եւ օրհնել կու տայ դասին մէջ աւագ եկեղեցականին եւ ապա կը տանի Եկեղեցւոյ Գաւիթը ու կը դնէ բանկալի սեղանին վրայ, որպէսզի բաշխուի հաւատացեալ ժողովուրդին։

Մասը պարզ, անխմոր (բաղարջ) հաց է։ Յիշատակ մնացած է առաջին դարերու Սիրոյ Ճաշի (Ագապի) սեղանէն։ Այդ օրերուն, երբ քրիստոնեաները փոքրաթիւ էին, Ս. Պատարագի արարողութենէն յետոյ հաւատացեալները Սիրոյ Ճաշի սեղան կը պատրաստէին եւ միասնաբար կը ճաշակէին ու զԱստուած կ՚օրհնէին։ Սակայն երբ հաւատացեալներուն թիւը բազմացաւ՝ Պօղոս առաքեալ իր Կորնթացիներու ուղղած նամակին մէջ այսպէս կը գրէ. «Կը լսեմ որ Տէրունի Ընթրիքին համար ձեր հաւաքոյթներու ընթացքին ձեզմէ իւրաքանչիւրը սկիզբէն ընթրիքին վրայ կ՚իյնայ, այնպէս որ ոմանք անօթի կը մնան, իսկ ուրիշներ կը գինովնան։ Ատիկա Տէրունի Ընթրի՞ք եղաւ։ Ուտել-խմելու համար դուք ձեր տուները չունի՞ք, որ Աստուծոյ եկեղեցին կ՚արհամարհէք եւ չքաւորները ամօթով կը ձգէք։ Ի՞նչ կ՚ուզէք որ ըսեմ ձեզի. գովե՞մ։ Ո՛չ, չեմ գովեր» (Ա.Կր 11.20-22)։ Ուստի, եկեղեցիները սկսան զանց ընել հաւաքական Սիրոյ Ճաշի սեղանը։ Սակայն կարգ մը եկեղեցիներ, ինչպէս նաեւ Հայ Եկեղեցին, Ս. Պատարագի արարողութեան վերջաւորութեան սկսան միայն հաց բաժնել ու պահել Սիրոյ Ճաշի աւանդութիւնը։ Նշենք, թէ մասը սրբագործուած չէ եւ ոչ ալ ընծայաբերուած, այլ պարզապէս օրհնուած է քահանային աղօթքով։

- Ինչո՞ւ համար այս հացը մաս կը կոչուի։

- Մաս կը նշանակէ կտոր, բաժին։ Նկատելով որ իւրաքանչիւր հաւատացեալ այս օրհնուած հացէն կտոր մը, բաժին մը կամ մաս մը կը ստանար, ժամանակի ընթացքին այս հացը մաս կամ բաժին կոչուեցաւ։

Մասը խորհրդանիշ սեպուած է նաեւ որպէս «Փշրանք Ս. Սեղանի օրհնութիւններէն», զորս կրնան ճաշակել բոլոր անոնք՝ որոնք կը փափաքին ունենալ մաս կամ բաժին Ս. Պատարագի արարողութեան ընթացքին Աստուծոյ կողմէ շնորհուած օրհնութիւններէն։ Այս պատճառով ալ մաս բաշխողը պէտք է ըսէ. «Մաս եւ բաժին եղիցի» եւ կամ՝ «Մաս եւ բաժին լիցի ի Ս. Պատարագս»։ Իսկ ստացողը պէտք է ըսէ. «Բաժին իմ Աստուած յաւիտեան» կամ՝ «Օրհնեալ է Աստուած»։ 

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ 

Շաբաթ, Յունիս 30, 2018