Ման՞չ, Թէ Աղ­ջիկ

«Մա՞նչ է, թէ՞ աղջիկ»:

Հետաքրքական հարցում մը, որուն պատասխանը հարցումին հետ ո՛չ մէկ կապ ունի:

«Տղայ»ն, համազօր է լաւ լուրի, իսկ «աղջիկ»ը… գէշ կամ տխուր լուրի:

Նման հարցում մը արդէն իսկ կը «փաստէ», որ կիները ստորադասուած են, եւ նախապատուութիւնը տրուած է տղամարդոց:

Մօտաւորապէս 50 տարի առաջ իսլամ բարեկամի մը տունը ճաշի հրաւիրուած էի:

Տան մէջ կիներու բացակայութիւնը զգալի էր: Տարբեր սենեակէ մը կը լսուէր անոնց խօսակցութեան ցած ձայնը, սակայն ոչ ոք կը համարձակէր մտնել մեր մօտ:

Ընթրիքի ժամուն բարեկամիս կինը մտաւ ներս: Չբարեւեց: Իրարու ծանօթանալու առիթը չտրուեցաւ: Ամանները հապճեպով տեղաւորեց ճաշասեղանին վրայ ու հեռացաւ: Բնականաբար չմասնակցեցաւ ընթրիքին: Ամէն անգամ, որ բարեկամս բանի մը կարիքը ունենար, կը դիմէր կնկան, որ ամուսինին ուզածը բերելէ ետքը, անմիջապէս կը հեռանար սենեակէն:

Գէշ կացութեան մէջ էի, սակայն տանտէրը չվիրաւորելու միտումով ստիպուած էի մնալ: Առաջին եւ վերջին անգամն էր, որ հիւրասիրուեցայ իսլամի մը տան մէջ:

Յիշեցի աւելի քան դար մը առաջ մեր պապենական սովորութիւնները, երբ նորապսակ հարս մը որոշ շրջան մը «չխօսկան» էր: Աներոջ հրամանով էր, որ կը ստանար խօսելու իրաւունքը: Կը խօսէր, սակայն անձնական կարծիք յայտնելու իրաւասութիւն չունէր:

***

Ամենաքաղաքակիրթ երկիրներուն մէջ իսկ, երկար տարիներ, կիներ ու տղամարդիկ համահաւասար իրաւունքներ չէին վայելեր: Ստորադասուած էին կիները: Պատասխանատու պաշտօնները կը վստահէին միայն տղամարդոց, սակայն տասնամեակներէ ի վեր Միացեալ Նահանգներու մէջ կիները կը վայելեն ամէն իրաւունք: Ներկայիս մեծ ընկերութիւններու տնօրէնի պաշտօնը վստահ-ւածներուն 52 տոկոսը կիներ են:

Կին բանակայինները, «մարիններու» եւ օդուժի մէջ ծառայողները, ինչպէս նաեւ կին ոստիկանները բաւական մեծ թիւ կը հաշուեն ներկայիս:

Մազ մնաց, որ Ամերիկայի նախագահը կին մը ըլլար:

Սեռերու հաւասարութեան շարժումը սկսած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, 19-րդ դարու կէսերուն, Նիւ Եորքի մէջ, սակայն ներկայիս, 21-րդ դարու առաջին քառորդին, Ափրիկէի եւ Միջին Արեւելքի կարգ մը երկիրներու մէջ տակաւին կիները չունին տղամարդոց բոլոր իրաւունքները:

Երբ բաղդատական մը ընենք Լիբանանի եւ իր դրացի երկիրներուն միջեւ, կը տեսնենք, որ մայրիներու երկրին մէջ կիները շատ աւելի ազատութիւն կը վայելեն, քան՝ արաբական աշխարհի դրացի երկիրներու կիները:

Լիբանանի խորհրդարանը այսօր կը հաշուէ 6 կին:

Բազմաթիւ դրամատուներու տնօրէնի պաշտօնը վստահուած է կիներու:

Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը ներկայիս ունի քանի մը կին ոստիկան, մինչ Սէուտական Արաբիոյ մէջ կիները նոյնիսկ առանձին ճամբորդելու իրաւունքէ զրկուած են: Պայման է, որ տղամարդ մը ընկերանայ իրենց:

Արաբական աշխարհի ամենահարուստ երկրին մէջ կիներու ինքնաշարժ վարելու արտօնութիւնը նոր է, որ ի գործ պիտի դրուի: 24 յունիս, 2018-ին:

Կիներու հաւասարութեան մասին խօսիլը ընդարձակ նիւթ է: Ներկայիս գոհանանք անդրադառնալով հա՛յ ընտանիքներէն ներս հայ մայրերու եւ հայ քոյրերու մասին:

Չեմ ուզեր ընդհանրացնել, սակայն շատ պատահած է, որ ընտանիքի մը զաւակներուն միջեւ նախապատուութիւնը տրուած է տղուն, եւ այդ մէկը կը սկսի նախքան երեխայի մը ծնունդը:

Ծնողներուն չափ, երբեմն՝ ծնողներէն ալ աւելի, անմիջական հարազատներու նախընտրութիւնը եղած է տղայ զաւակ մը (բացառութիւնները մի՛շտ յարգելի են):

«Աստուած տայ, տղայ ըլլայ»:

Տարիներ առաջ արհեստագիտութիւնը ներկայ օրերու նման զարգացած չէր, որպէսզի նախքան երեխային ծնունդը տեղեակ ըլլային մա՞նչ պիտի ծնի, թէ՞ աղջիկ: Շատեր իրենց տեսած երազներուն վրայ հիմնուելով կը «գուշակէին», ուրիշներ համբերութեամբ կը սպասէին 9 ամիս, իսկ երբ աշխարհ եկող երեխան տղայ ըլլար, բարձրաձայն իրարու կ՚աւետէին՝

«Տղա՛յ է, տղա՜յ», այնպիսի երջանկութեամբ, կարծես նորածինը պիտի ըլլար աշխարհի փրկարարներէն մին:

«Տղայ է»: Այդ երկու փոքր բառերէ կազմուած նախադասութեան մէջ որքա՜ն հրճուանք եւ հպարտութիւն կ՚արտացոլայ, իսկ երբ նորածինը աղջիկ ըլլայ, ցած ձայնով, անշուք կը յայտնեն այդ լուրը:

«Աղջիկ է: Յուսանք յաջորդը տղայ ըլլայ»:

Պատահած է, որ ծնողներ քանի մը աղջիկ զաւակ ունենալէ ետք, յամառօրէն շարունակած են երեխաներ ունենալ՝ յուսալով, որ յաջորդը տղայ ըլլայ, սակայն միշտ «բախտաւոր» չեն եղած: Յաճախ յուսախաբ եղած են, սակայն չեն յուսահատած:

Այդ խտրականութիւնը կը շարունակուի երեխաներու ծնունդէն ետք: Շատ պատահած է, որ ծնողներ ժառանգը ամբողջութեամբ գրած ըլլան միայն տղայ զաւկին, անտեսելով իր աղջիկ զաւակները, նոյնիսկ եթէ մէկէ աւելի քոյրերու մէկ հատիկ եղբայրը ըլլայ:

Ինչո՞ւ այդ խտրութիւնը: Աղջիկ զաւակը տան սիւնն է, ծնողքին թեւ ու թիկունք կանգնողը: Քոյրերուն ու եղբայրներուն երկրորդ մայր մըն է տան երէց քոյրը:

***

Բազմաթիւ հատորներ, բանաստեղծութիւններ, յօդ-ւածներու երգեր նուիրուած են հայ մօր, սակայն դըժ-բախտաբար քիչ յիշուած են քոյրերը, որոնք շատ մը հայ ընտանիքներու մէջ եղած են երկրորդ մայր:

Վերջերս, երբ պատահմամբ մոռցուած հին երգ մը կ՚ունկընդրէի, յուզումով յիշեցի երէց քոյրս՝ Ալիսը, որ տասնամեակ մը առաջ մեզմէ յաւերժ հեռացաւ արկածի մը պատճառով:

«Քո՛յր իմ նազելի, նայիր քո դիմաց

Վիրաւոր, աւեր սիրտս եմ բացել,

Ա՜խ, նուիրական ինձ քո գիրկը բաց

Եւ գուրգուրիր ինձ, ես շատ եմ լացել…

(Աւետիք Իսահակեան):

Անվարան կրնամ ըսել, որ երէց քոյրս եղած էր մեր ընտանիքին ողնասիւնը:

Երկար տարիներ, մօրս անհանգստութեան պատճառով, մայրական դժուար պարտականութիւնը ստանձնած էր քոյրս: Բոլորիս կարիքները հոգացողը եղած էր ի՛նք:

Հազիւ 13 տարեկան, մատղաշ հասակին, կիսատ ձգած էր ուսումը, նոյնիսկ նախակրթարան մը աւարտելու առիթը չէր ունեցած: Խնամած է մեր հիւանդ մայրը, միեւնոյն ժամանակ հասած է բոլորիս կարիքներուն, սակայն կրնամ վստահեցնել, որ շնորհիւ իր ընթերցասիրութեան՝ քաջածանօթ էր արեւելահայ եւ արեմտահայ մեր բոլոր հեղինակներու գործերուն:

Մանկութեանս տարիներուն Էշրեֆիէի մեր խեղճուկ տնակը կը լուսաւորուէր քարիւղի լապտերով: Քանի մը տարի ետքն է, որ ելեկտրականութեամբ օժտուեցաւ մեր աղքատիկ, սակայն հայութիւն բուրող խրճիթը:

Կը յիշեմ, քոյրս ամէն իրիկուն, տան գործերը դասաւորելէ եւ իր մայրական պարտականութիւնները ամբողջացնելէ ետք, քարիւղի լապտերով հազիւ լուսաւորուած սենեակին անկիւնը քաշուած, կը կարդար մինչեւ ուշ ժամերը, իսկ առաւօտուն ամենականուխ արթնցողը կ՚ըլլար ինք: Բոլորիս նախաճաշը պատրաստելէ եւ մեզ դպրոց ճամբելէ ետք, կ՚անցնէր տան գործերուն: Կը հոգար մօրս կարիքնեը:

Հակառակ իր բազմազբաղութեան՝ ժամանակ կը գտնէր մաս կազմելու հայկական միութիւններուն: Լիբանանահայ օգնութեան խաչի հաւատաւոր անդամներէն էր: Համազգայինի «Քնար» համոյթին երկարամեայ անդամ էր՝ որպէս երգչուհի, եւ 1965-ին ելոյթներ ունեցան Լիզպոնի եւ Պաղտատի մէջ, ինչպէս նաեւ մասնակցեցան Պաալպէքի փառատօնին:

Երբեմն մանկութեան տարիներէն աննշան կարծուած դէպքեր դրոշմուած կը մնան մեր ուղեղին մէջ:

Փոքր երեխայ էի, ընտանիքով գացած էինք «Ազատամարտ» ակումբ՝ սիրողական թատրոնի մը ներկայ գտնուելու: Քոյրս փոքրիկ դեր մը վերցուցած էր այդ թատերախաղին մէջ: Նիւթը չեմ յիշեր, սակայն կը յիշեմ տեսարան մը, որ տպաւորած է զիս: Իր խաղացած դերին մէջ սկսաւ ուտել խնձոր մը: Առաջին անգամն էր, որ իր պատառէն մեզի բաժին չէր հաներ: Միշտ զրկած էր ինքզինքը՝ իր բաժինը զիջելով մեզի:

Չդիմանալով այդ կարմիր խնձորին, բարձրաձայն՝ «Ե՛ս ալ կ՚ուզեմ» պոռացի:

Ազնուասիրտ քոյրս բեմէն լսեր էր ձայնս եւ խնձորը ամբողջութեամբ չէր կերած: Պահեր էր, որ աւելի ուշ ինծի բաժնեկից դարձնէ:

Քրոջ մը սիրտը: Այնքա՜ն փափուկ, այնքա՜ն ազնիւ ու անշահախնդիր:

Ֆրանսացի երգիչ Հիւկ Օֆրէյ իր ամենանշանաւոր երգերէն մէկը՝ «Սելին», նուիրած է իր քրոջ, որուն հարց կու տայ. «Ի՞նչ էր պատճառը, որ չի մտածեցիր քու ընտանիքդ ունենալու մասին: Մի՞թէ մեզ չլքելու համար էր, որ մերժեցիր քեզի ներկայացող փեսացուները»:

Ամէն անգամ, երբ ունկնդրեմ այդ հիանալի երգը, անպայմանօրէն նմանութիւն մը կը գտնեմ քրոջս եւ Սելինի միջեւ:

Ինծի անծանօթ երգիչ Հիւկ Օֆրէյին, անվարան կը պատասխանեմ. «Այո՛, այդ էր պատճառը: Վստահ եմ, քանի ես եւս ունեցած եմ նոյնանման անձնուէր քոյր մը, որ իր անձնական շահերը մոռցած՝ նուիրուած էր իր ծնողքին, իր քրոջ ու եղբայրներուն»:

Սելինին նման, մայր դառնալու բախտին չարժանացաւ քոյրս, սակայն դարձաւ մեր բոլորին երկրորդ մայրը: Մոռցաւ իր «ես»ը: Նուիրուեցաւ մեր ընտանիքին, քոյր ըլլալու կողքին, դարձաւ նաեւ նուիրեալ մայր:

***

Երբ սոյն յօդուածս, սկսայ գրել, մտադիր էի խօսիլ ընդհանրապէս բոլոր քոյրերուն, ի մասնաւորի հայ քոյրերուն մասին, սակայն անզգալաբար նիւթէն շեղեցայ եւ յիշելով երէց քոյրս՝ անդրադարձայ իր մասին: Որոշած էի չգրել ընտանեկան պարագայի մը մասին, սակայն այդ մէկը եղաւ անկախ իմ կամքէս:

Քո՛յր իմ նազելի, քու բարութեամբդ եւ անհատնում նուիրումովդ խորհրդանիշն ես ընտանիքի մը աղջիկ զաւկին եւ հայ նուիրեալ քրոջ:

Այս տարի քրոջս մեզմէ յաւերժ հեռանալուն 10-րդ տարելիցն է:

Բիւր սէր եւ յարգանք՝ իր անմար յիշատակին, նաեւ յարգանք՝ ԲՈԼՈՐ հայ քոյրերուն:

Ա՜խ, նուիրական ինձ քո գիրկը բաց

Եւ գուրգուրիր ինձ, ես շատ եմ լացել…

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Լոս Անճելըս, 2018

Չորեքշաբթի, Յուլիս 4, 2018