ՊԱՔՈՒԻ ԿՈՂՄԷ ԼԱՅՆԱԾԱՒԱԼ ՌԱԶՄԱՓՈՐՁ
Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ երկրի զինեալ ուժերը կը պատրաստուին իրականացնել լայնածաւալ ռազմափորձեր։ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի վերահսկողութեան ներքեւ, մարտավարական բնոյթով զօրավարժութիւններուն մասնակցութիւն պիտի բերեն երկրի բոլոր տեսակի զօրքերը։ Ռազմափորձերը պիտի ընթանան գիշերուան ժամերուն։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ռազմափորձերուն կը մասնակցին 15 հազար զինուոր, 200 զրամեքենայ, աւելի քան 300 հրթիռային եւ հրետանային համակարգ, 12 ռազմական ուղղաթիռ, 8 ռազմաօդանաւ։ Զօրավարժութիւններուն մասնակից կ՚ըլլան նաեւ հակաօդային պաշտպանութեան զօրքեր, որոնք յագեցած են զենիթահրթիռային համակարգերով։
Հայկական աղբիւրները ուշադրութիւն կը հրաւիրեն կարգ մը դէտերու տպաւորութիւններուն վրայ, ըստ որոնց զօրավարժութիւններու քօղին ներքեւ Ատրպէյճանի բանակը կը ծրագրէ իրականացնել զօրքերու լայնածաւալ վերադիրքաւորում։ Արդարեւ, տակաւին քանի մը օր առաջ Հայաստանի հետ սահմանակից Տաւուշի մարզի Ոսկեպար գիւղի բնակիչները տեղեկացուցած էին, որ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը Ղազախի շրջանին Ախաղի Աքսիպարա գիւղի կողքի բարձունքներուն վրայ կը փորեն նոր խրամատներ։