ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ ՇՂԹԱՅԻ ՄԸ ԿԸ ՄԻԱՆԱՅ
Հայաստան կը պատրաստուի իր հիւսիսային եւ հարաւային սահմաններուն կառուցել նոր ելեկտրագծեր, որոնց միջոցաւ պիտի միանայ Վրաստանի եւ Իրանի ուժանիւթի համակարգերուն, իսկ անհրաժեշտութեան պարագային պիտի կարենայ ելեկտրական ուժանիւթ մատակարարել այդ երկիրներուն։ Վրաստանի հետ կառուցուող ելեկտրագծին շնորհիւ Հայաստան պիտի միանայ նաեւ Ռուսաստանի համակարգին՝ դառնալով ուժանիւթի մը շղթայի մասը։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, «Հայաստանի բարձրավոլթ ելեկ-տրացանցեր» ընկերութեան տնօրէն Արամ Անանեան յայտնեց, որ սոյն ելեկտրագծերն ու ելեկտրակայանները պիտի կառուցուին յառաջիկայ քանի մը տարիներուն ընթացքին։ Իրանի հետ սահմանակից հատուածին մէջ աշխատանքներու աւարտը նա-խատեսուած է 2017 թուականին։ Իրանի սահմանամերձ շրջաններուն պարագային պիտի օգտագործուին նաեւ շարք մը ենթակայաններ։ Այս բոլոր նախագծերու իրականացման համար Ասիական զարգացման դրամատունէն ապահովուած է 23 միլիոն ամերիկեան տոլար արժողութեամբ գանձատրում։
Արամ Անանեանի խօսքերով, ինչպէս Իրանի, այնպէս ալ Վրաստանի պարագային գոյութիւն ունի ելեկտրական ուժանիւթի պահանջարկ։ Հայաստան ի զօրու է ելեկ-տրական ուժանիւթ մատակարարել նաեւ Վրաստանին։ «Իրանի մէջ ելեկտրական ուժանիւթի պահանջարկը գրեթէ միշտ գոյութիւն ունի, սակայն մենք չենք կարողանար մեծ ծաւալով արտահանում մը ապահովել։ Բաց աստի, գիծն ու ենթակայաններն ալ ներկայիս չունին համապատասխան հզօրութիւնը։ Այժմ կը փորձենք լուծել նաեւ այս հարցը», ըսաւ Անանեան եւ աւելցուց, թէ եթէ Վրաստանի միջոցաւ Ռուսաստանի ուժանիւթի շղթային միանալու կարելիութիւն ըլլայ, ապա Հայաստան արկածներու ժամանակ ելեկտրական ուժանիւթ կրնայ ստանալ Ռուսաստանէն։ Հետեւաբար, Ռուսաստանին միանալը կարեւոր է ապահովութեան տեսանկիւնէն։
Ներկայ կանխատեսումներով՝ Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ ելեկտրամատակարարման ծաւալները աւելի քան եռապատիկ պիտի աւելնան՝ երբ որ իրականացուին այս բոլոր աշխատանքները։