ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԲԱՐՔԵՐ
ԳՈՐԾԻ ԵՐԹԱԼՈՒ ՆՈՐԱԳՈՅՆ ՁԵՒԸ…
Գաղտնիք մը չէ, որ Նիւ Եորք քաղաքը ապրիլը գրեթէ անհնարին է, սղութեան պատճառաւ։ Ուրեմն Նիւ Եորք աշխատող պաշտօնեաներուն եւ գործաւորներուն մեծամասնութիւնը կը բնակին Նիւ Ճըրզի, որովհետեւ հոն տուներու գիներն ու վարձքերը աւելի նպաստաւոր են։ Իսկ Նիւ Եորքը Նիւ Ճըրզիէն կը բաժնէ Հատսըն գետը։
Գիտենք, որ Նիւ Ճըրզիէն-Նիւ Եորք երթեւեկը շատ հեշտ է։ Մարդիկ կա՛մ անձնական ինքնաշարժներով եւ կամ ալ հանրային փոխադրամիջոցով կ՚ընեն այդ ճամբորդութիւնը։ Իսկ փոխադրութեան երկու ձեւ կայ. կա՛մ Ճորճ Ուաշինկթըն կամուրջով եւ կամ ալ ստորերկրեայ Լինքըն փապուղիով։
Մեր պատմութեան հերոսը՝ Սքաթ Հոլթ, կը բնակի Ճըրզի Սիթի եւ կ՚աշխատի Նիւ Եորք։ Առաւօտ մը, ան կ՚որոշէ գործի երթալ մակոյկով՝ (տես՝ նկարը) չես գիտեր ինչու։ Հատսըն գետի լայնքն է 1.450 մեթր եւ թիավարելով՝ Սքաթ կէս ժամէն կը կտրէ գետը եւ կը հասնի իր գործատեղին, ուր կարեւոր ժողով մը կը գումարուէր։
Մեր յաջորդ նկարը ցոյց կու տայ զբօսաշրջիկներու խումբ մը, որոնք նաւով Նիւ Եորքի տեսարժան վայրերը շրջագայելու ընթացքին, կը տեսնեն Սքաթը՝ մակոյկով դիավարելու ընթացքին։ Իսկ Սքաթ՝ անփոյթ շուրջի անցուդարձերէն, կը շարունակէ իր առաքելութիւնը։
Թէեւ Սքաթ անվնաս եւ ապահով կը հասնի իր տեղը, սակայն կը խոստովանի, որ ահ ու սարսափի վայրկեաններ անցուցած է՝ իր անսովոր ճամբորդութեան ընթացքին։ Բայց ի՜ զարմանս բոլորին, անոր հագուստները երբեք չեն թրջած գետի ջուրէն, ի բացառեալ կօշիկներէն…
Բայց ինչո՞ւ այս սխրագործութիւնը, երբ շատ դիւրաւ ան կրնար գործի երթալ մեծամասնութեան ընտրած փոխադրամիջոցով։ Այս հարցին պատասխանը միայն ինք կրնայ տալ եւ մեզի կը մնայ հաղորդել այս լուրը եւ վերջ։
ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻ՞ՒՆ, ԹԷ ԱՌԱՍՊԵԼ…
Գանատայի մէջ գոյութիւն ունի մորմոններէն ճիւղաւորուած աղանդ մը, որ կ՚արտօնէ բազմակնութիւնը։ Այդ աղանդի հետեւորդները բնակութիւն հաստատած են Գանատայի Պրիթիշ Քոլոմպիա նահանգի Պաունթիֆուլ շրջանը։
Վերոյիշեալ աղանդի կրօնական մեծաւորներէն (Bishops) երկու անձեր՝ 61 տարեկան Ուինսթըն Պլեքվուտ (տես՝ նկարը) եւ 54 տարեկան Ճէյմս Օլըր, վերջերս ամբաստանուած եւ դատապարտուած են բազմակնութեամբ։
Հիմա պիտի չհաւատաք, երբ ըսեմ, թէ Ուինսթըն Պլեքվուտ 24 կին ունի եւ 149 զաւակ, իսկ Ճէյմս Օլըր՝ 5 կին ունի եւ 11 զաւակ… Այսինքն՝ անոնք միասնաբար ունին 29 կին ու 160 զաւակ:
Պլեքվուտ ամուսնութեանց իր շարքին սկսած է 1975 թուականին եւ ամուսնութեան ժամանակ, իր կիներէն տասը՝ 17 տարեկան էին, երեքը՝ 16 տարեկան եւ մէկը՝ 15 տարեկան։ Ան իր ամուսնութիւնները կ՚որակէ «երկնային միութիւններ», այսինքն՝ «celestial unions»:
Գալով Օլըրի, որուն ամուսնութիւններն ալ «երկնային միութիւններ» կ՚որակէ ան, ամուսնութեան ժամանակ կիներէն մին 15 տարեկան էր, իսկ ուրիշ մը՝ հազիւ 17 տարիքը թեւակոխած։
Ինքզինք արդարացնելու համար, Պլեքվուտ յայտարարած է, թէ ինք պարզապէս կը հետեւի իր կրօնքին թելադրութեանց եւ կ՚ապրի այն կեանքը, որ իր կրօնքը կ՚արտօնէ։ Ինչ մեղքս պահեմ, նայելով նկարին՝ միտքս կու գայ Դանիէլ Վարուժանի «Հացին երգը» գիրքէն «Սերմանողն է։ Յաղթահասակ կը կանգնի մայրամուտի շողերուն մէջ ոսկեթոյր» քերթուածը:
Իսկ ի՞նչ է ասոնց դատավճիռը։ Շատ պիտի զարմանաք երբ ըսեմ, թէ գրեթէ ոչինչ։ Արդարեւ, Պլեքվուտի պատիժն է վեց ամիս տնային կալանք եւ 150 ժամ ընկերային ծառայութիւն (community work), իսկ Օլըրի պատիժը՝ երեք ամիս տնային կալանք եւ 75 ժամ ընկերային ծառայութիւն։
Դժբախտաբար վերոյիշեալ յօդուածը երբեք չ՚անդրադառնար, թէ այս երկու մարդիկը ինչպէ՞ս կը հոգան իրենց ընտանիքներուն ապրուստը։ Հաւանաբար իրենց եկեղեցին է, որ կը հոգայ այդ ծախսերը, քանի որ այդ եկեղեցիին ընտրեալ մեծաւորներն են, չէ՞ք խորհիր…
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
«Զարթօնք», Լիբանան