ԷՐՏՈՂԱՆ ԹԵՀՐԱՆԻ ՄԷՋ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այսօր կ՚այցելէ Թեհրան, ուր բանակցութիւններ կը վարէ Իրանի բարձրագոյն ղեկավարութեան հետ։ Թուրքիա-Իրան բարձր մակարդակով համագործակցութեան խորհուրդի երկրորդ ժողովը տեղի կ՚ունենայ Թեհրանի մէջ։ Էրտողանի այցը կը կայանայ Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանիի հրաւէրով։ Բարձրաստիճան պատուիրակութեան մը ուղեկցութեամբ Թեհրան մեկնած է Էրտողան, որ կը տեսակցի նաեւ Իրանի կրօնապետ Այէթուլլահ Սէյիտ Ալի Խամանէի հետ։
Թուրքիայէն Իրան չորս տարուան ընդհատումէ մը վերջ կ՚իրականացուի նախագահի մակարդակով այցելութիւն մը։ Այս առթիւ երկկողմանի յարաբերութիւնները կը քննարկուին իրենց բոլոր երեսակներով։ Կարծիքի փոխանակումներ տեղի կ՚ունենան նաեւ տարածքաշրջանային եւ միջազգային բնոյթով խնդիրներուն առընչութեամբ։
Էրտողանի Թեհրան այցելութիւնը կը համընկնի հետաքրքրական ժամանակահատուածի մը։ Արդարեւ, Իրան տակաւին քանի մը օր առաջ համաձայնութեան հասաւ իր հիւլէական ծրագրին շուրջ՝ միջազգային յառաջատար դերակատարներուն հետ։ Այս իրադարձութիւնը տարածքաշրջանէ ներս կրնայ ստեղծել նոր իրադրութիւն մը։ Յամենայնդէպս տակաւին հազիւ թէ այս նիւթին վերաբերեալ վարկածներու քննարկումը սկսած ըլլար, արդէն բռնկեցան Եէմէնի դէպքերը, որոնք Անգարա-Թեհրան առանցքին վրայ յառաջացուցին լարուածութիւն։ Այսպիսի մթնոլորտի մը մէջ է, որ կ՚իրականանայ Էրտողանի Թեհրան այցելութիւնը, որու նախօրեակին հանրապետութեան նախագահի մամլոյ քարտուղարը՝ դեսպան Իպրահիմ Քալըն հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ Ան յայտնեց, որ տարածքաշրջանէ ներս դաւանական բախումները կանխելու համար պէտք է տանիլ համատեղ աշխատանք։ Որեւէ բախում պէտք չէ դաւանական պատերազմի մը հիմնաւորումը դառնայ։ Ըստ բանբերին, այս ուղղութեամբ բոլոր երկիրներուն կը վիճակի լուրջ պատասխանատուութիւն մը, ներառեալ Իրանը։
Թեհրանի հիւլէական ծրագրին շուրջ ձեռք բերուած միջազգային համաձայնութեան անդրադառնալով՝ Իպրահիմ Քալըն նշեց, թէ հիւլէական զէնքերու տարածումը սպառնալիք մը կը համարուի տարածքաշրջանի եւ աշխարհի խաղաղութեան համար։ Թուրքիոյ որդեգրած քաղաքականութեամբ, տարածքաշրջանի բոլոր երկիրները պէտք է մաքրագործուին հիւլէական զէնքերէ։ Բաց աստի, Իպրահիմ Քալըն նոյն ամբողջին մէջ ընդգծեց, որ Իրանի դէմ սահմանուած պատժամիջոցներուն բաւ համարուիլը կը բանայ նոր հնարաւորութիւններու պատուհան մը։
«Մենք միշտ պաշտպանած ենք, որ որպէս տարածքաշրջանէ ներս պատասխանատուութեան տէր հարեւան մը՝ Իրան համարկուի տարածքաշրջանային անվտանգութեան եւ քաղաքական կառոյցին, ըլլալով դերակատար մը։ Միշտ պաշտպանեցինք Իրանի հետ լաւ յարաբերութիւններու զարգացումը եւ այս հանգամանքին ռազմավարական կարեւորութիւն վերագրեցինք թէ՛ մեր երկկողմանի յարաբերութիւններուն եւ թէ տարածքաշրջանի հաւասարակշռութիւններուն առումով», ըսաւ Իպրահիմ Քալըն։
Բանբեր Քալըն ընդգծեց, թէ ի սկզբանէ Էրտողանի Թեհրան այցելութիւնը նախատեսուած էր մէկ օրով։ Ուղեւորութեան ընթացքին իրեն կ՚ընկերանան Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու, Տնտեսութեան նախարար Նիհատ Զէյպէքճի, Առեւտուրի նախարար Նուրէտտին Ճանիքլի, Ուժանիւթի նախարար Թանէր Եըլտըզ, Մշակոյթի նախարար Էօմէր Չելիք, Զարգացման նախարար Ճեւտէտ Եըլմազ եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։