15-ԱՄԵԱՅ ՓԱՌԱՏՕՆԻՆ ԱՅՍ ՏԱՐՈՒԱՆ ԳՈՅՆԵՐԸ…

Հայաստանի մէջ այս տարի բաւական կանուխ սկսած եւ երկար տեւած յուլիսեան խեղդող տապը չխանգարեց, որ «Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի միջազգային փառատօնը ընթանայ իր ժամանակացոյցին համապատասխան՝ հետաքրքրական եւ վառ հիւրերով, բազմազան ձեռնարկներով, ցուցահանդէսներով, հանդիպումներով, որոնք նաեւ ամփոփեցին «Ոսկէ ծիրան»ի տանհինգ տարուան պատմութիւնը:

Մայրաքաղաքին մէջ նկատելի էին անհամբեր հեւքով շարժանկարի սիրահարները, որոնք մէկ սրահէն միւսը կը շտապէին դիտելու Երեւան բերուած միջազգային շարժանկարները: Այդ շարժանկարներուն մեծ մասը՝ նկարահանուած օտար բեմադրիչներու կողմէ, զանազան միջազգային փառատօներու ժամանակ մրցանակներ խլած են կամ կը պատրաստուին մասնակցելու շարժանկարային հեղինակաւոր փառատօներու:

Շարժանկարներէն որոշներու հետ Երեւան եկած էին նաեւ անոնց հանրայայտ բեմադրիչները, ուստի շարժանկարի սիրահարները թէ՛ ստեղծագործութիւնները վայելելու եւ թէ անոնց բեմադրիչներուն հետ զրուցելու առիթները ունեցան: Օտար ժապաւէններուն միացան նաեւ հայաստանցի հեղինակներուն ժապաւէնները, ինչպէս նաեւ արտասահմանի մէջ բնակող հայ բեմադրիչներուն գործերը, եւ փառատօնը իր միջազգային շուքը, ամէն տարուան պէս, համեմեց նաեւ հայկական շունչով:

Փառատօնին բացման օրը համընկնեցաւ Վարդավառին՝ Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնին, ահա թէ ինչու երբ փառատօնի պատուոյ հիւրերէն ամերիկացի բեմադրիչ, արտադրիչ Տերըն Արոնոֆսքի փառատօնին բացման օրը ջուր սրսկեց հանդիսատեսին ուղղութեամբ, ոչ ոք զարմացաւ, քանի որ Հայաստանի մէջ կը տիրէր Վարդավառի տրամադրութիւն:

Տասնհինգ տարիէ ի վեր, «Ոսկէ ծիրան» փառատօնը կը հանդիսանայ Երեւանի ամենամեծ մշակութային իրադարձութիւններէն մին։ Փառատօնի օրերուն կեանքը կ՚եռայ Երեւանի մէջ. երեկոյեան ժամերուն սրճարաններուն եւ այլ հաւաքատեղիներուն մէջ կ՚երեւին փառատօնին բազմազգ հիւրերը, որոնք անթաքոյց հաճոյքով կը վայելեն Երեւանի խաղաղ ու ինքնատիպ միջավայրը:

Փառատօնին հիմնադիրները՝ բեմադրիչ Յարութիւն Խաչատրեան, շարժանկարային արուեստի քննադատներ Սուսաննա Յարութիւնեան եւ Միքայէլ Ստամպոլցեան կը հաստատեն տարիներ առաջ սկիզբ առած իրենց երազանքին մասին, որ այսօր իրականութիւն դարձած է: Շարժանկարին հանդէպ երկար տարիներու անոնց սիրոյ արդիւնքը եղաւ 2004 թուականին «Ոսկէ ծիրան» միջազգային փառատօնի հիմնադրումը:

Այս տարուան փառատօնը նշանաւորուեցաւ Հայաստանի քաղաքական, մշակութային ասպարէզի նոր դէմքերուն մասնակցութեամբ, որոնք թարմութիւն բերին փառատօնին, իսկ բազմաթիւ հիւրեր չմոռցան շնորհաւորել փառատօնէն ընդամէնը երկու ամիս առաջ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած աշխարահացունց իրադարձութիւններուն հերոսները: Թէ՛ վարչապետը, թէ՛ մշակոյթի նախարարը եւ թէ այլ պաշտօնեաներ ներկայ եղան փառատօնի բացման արարողութեան:

Յոբելենական ըլլալով՝ այս տարի փառատօնը ցուցահանդէսի միջոցաւ ներկայացուց անցնող լրիւ տարիներու փառատօնին բոլոր պաստառները՝ մէկը միւսէն իւրայատուկ, յիշողութիւններ արթնցնող, բայց արդէն պատմութիւն դարձած: Տաս-նըհինգ տարիներու ընթացքին փառատօնի պատուոյ հիւրերու կարգին եղած են թէ՛ օսքարակիր, թէ՛ միջազգային փառատօներու գլխաւոր մրցանակակիր գործիչներ. ինչպէս՝ Մարքօ Պելլոչիօ, Վիմ Վենտերս, Թոնինօ Կուերա, Քլաուտիա Քարտինալէ, Ֆանի Արտան, Ալէն Թերզեան, Թէոտորոս Անկելոփուլոս, Նիքիթա Միխալքով, Ալեքսանտր Սոքուրով, Քլէր Տէյնս, Ճաֆար Փենահի, Միխայէլ Կլաւոկէր, Ֆրիտրիք Թոր Ֆրիտրիքսըն, Պրիւնօ Տիւմոն, Ֆաթիհ Աքըն, Չանկ-տոնկ Լի, Եոս Ստելլինկ, Քշիշտոֆ Զանուսի, Տարիուշ Մեհրճուի, Մոհսէն Մախմալպաֆ, Պելա Թար, Քոհէյ Օկուրի, Քաթրին Պրէյա, Լէոս Քարաքս, Նուրի Պիլկէ Ճէյլան, Սեմիհ Քափլանօղլու, Կոտֆրէյ Ռեճիօ, Վիքթոր Էրիսէ, Ակնիէշքա Հոլանտ, Իսթվան Սապօ, Մարկրիթ վոն Թրոթթա, Ցզէա Չժանկէ, Քիմ Քի Տուք, Ամոս Կիթայի, Օթար Իոսելիանի, Ռոպէր Կետիկեան, Օրնելլա Մութի, Նասթասիա Քինսքի, Ժագլին Պիսէ եւ համաշխարհային շարժանկարային արուեստի այլ դէմքեր, որոնց շարքին եղած են նաեւ հայեր: Տարիներ շարունակ նաեւ հայ գործիչները փայլած են շարժանկարային արուեստի համաշխարհային պաստառին վրայ, ամերիկեան արուեստին մէջ մեծ ներդրում ունեցած Ռուբէն Մամուլէանէն մինչեւ մեր օրերու երիտասարդ եւ տաղանադաւոր հայ գործիչները: Ահա թէ ինչու, Երեւան ժամանած հիւրերը անծանօթ չեն հայերու ներդրումին այս ասպարէզին մէջ եւ անցնող փառատօներու ժամանակ բազմիցս փառաբանուած է նաեւ հայերու ներդրումը համաշխարհային շարժանկարի պատմութեան մէջ:

Ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս տարի եւս բացօթեայ ցուցադրութիւններ տեղի ունեցան Երեւանի այգիներուն, հանրային տարածքներուն մէջ, կազմակերպուեցան հանդիպումներ արուեստագէտներուն հետ, եղան արտագնայ այցեր Կիւմրի, որ անխօս հռչակուած է իբրեւ Հայաստանի մշակութային մայրաքաղաք: Հայաստան ժամանած էին նաեւ օտար լրագրողներ, որոնք լուսաբանեցին փառատօնը, վաւերագրութիւններ եւ լուսանկարչական շարքեր պատրաստեցին աստղերու մասնակցութեամբ:

Այս տարուան պատուոյ հիւրերու կարգին էր օսքարակիր բեմադրիչ, Քաննի միջազգային շարժանկարային փառատօնի մրցանակակիր, իրանցի Ասղար Ֆարհատին, որ նաեւ «Ոսկէ ծիրան» փառատօնի խաղարկային ժապաւէններու յանձնախումբին նախագահն էր: Յանձնախումբերուն մէջ ներգրաւուած էին նաեւ բազմաթիւ պատուոյ հիւրեր. ինչպէս՝ Եւրոպական շարժանկարային յանձնախումբի նախագահ Պեքի Փրոպսթ (Գերմանիա), ռուս բեմադրիչ Պորիս Խլեպնիկով (Ռուսաստան), ֆրանսահայ բեմադրիչ Վալերի Մասատեան (Ֆրանսա), ծանօթ նկարահանող Լերի Սմիթ (Միացեալ Թագաւորութիւն)։ Ներկայ էին նաեւ վաւերագրական ժապաւէններու յանձնախումբի նախագահ, ժամանակակից վաւերագրական շարժապատկերներու նշանաւոր բեմադրիչ Ճաօ Լէան (Չինաստան), ինչպէս նաեւ բեմադրիչ, բեմագիր Ալեքսէյ Վախրուշեւ (Ռուսաստան), Լիթվայի Երաժշտութեան եւ թատրոնի ակադեմիոյ դասախօս, բեմադրիչ եւ արտադրիչ Աուտրիւս Սթոնիս (Լիթվիա), բեմադրիչ եւ արտադրիչ Պեն վան Լիսհաութ (Հոլանտա), միջազգային կարգ մը շարժանկարային փառատօներու, այդ կարգին՝ «Ոսկէ ծիրան» փառատօնի մրցանակակիր, բեմադրիչ Թամարա Ստեփանեան (Ֆրանսա) եւ այլք։

Փառատօնի անուանակարգերուն ընթացքին ցուցադրուեցան իսկապէս հետաքրքրական շարժանկարներ, որոնցմէ էին նաեւ հայկական համայնապատկեր անուանակարգին մէջ ընդգրկուած շարժանկարներէն քանի մը հատը:

Հայկական համայնապատկեր անուանակարգին մէջ ընդգրկուած էր շուրջ քսանեօթ ժապաւէն: Անոնցմէ էր բեմադրիչ Աշոտ Ճազոյեանի «Ես Այվազովսքին եմ, ծնունդով Խրիմէն» շարժանկարը՝ նկարահանուած 2018 թուականին՝ Ռուսաստան: Շարժանկարին մէջ կը ցուցադրուին Յովհաննէս Այվազովսքիի ծանօթ գործերը եւ այն անձերը, որոնք այսօր կը պահպանեն ծովանկարիչին ժառանգութիւնը եւ անոր արուեստին աւանդոյթները: Ժապաւէնին մէջ կ՚երեւին մարդիկ, որոնք իրենց ձեռքերով կը վերականգնեն պատկերասրահին շէնքն ու նկարիչին գերեզմանը, որ գրեթէ աւերուած էր: Այդ հերոսներէն իւրաքանչիւրը իր պատկերացումը ունի այսօրուան Խրիմին համար Այվազովսքիին կարեւորութեան վերաբերեալ: Մեծ նկարիչին մասին կը խօսին պատկերասրահի ուսանողներ, ծովայիններ, որոնք Այվազովսքիէն ներշնչուած սորված են սիրել ծովը, Թէոդոսիոյ բնակիչներ, թանգարանի աշխատակիցներ, Հայ Եկեղեցւոյ քահանան եւ այլ մարդիկ, որոնք որեւէ ձեւով կապ ունին Այվազովսքիին աւանդներուն հետ:

«Ոսկէ ծիրան» միջազգային շարժապատկերի փառատօնին ծիրէն ներս, ներկայացուեցաւ հայկական արտադրութեան «Սխտորաշէն» ժապաւէնը, որ Արցախի Սխտորաշէն գիւղին մասին է, որուն միակ բնակչուհին 83-ամեայ Լենա մեծ մայրիկն էր:

Պատահաբար յայտնուելով Մարտունի շրջանի երեսուն տարիէ ի վեր ամայացած այդ գիւղին մէջ՝ շարժապատկերի նկարահանող եւ լուսանկարիչ Գարեգին Պապոյեան տեսած էր Լենա մեծ մայրը եւ որոշած՝ անոր մասին ժապաւէն նկարել: Դժբախտաբար Լենա մեծ մայրիկը երկու ամիս առաջ մահացած է, հիմա Սխտորաշէնը դատարկ է, հոն ոչ մէկը կ՚ապրի: Կնոջ չորս որդիները, որոնք սփռուած են տարբեր վայրերու մէջ, դժուար թէ գիւղ վերադառնան: Ժապաւէնը դատարկուող եւ ամայացող բնակավայրերու եւ անոնց հետ անհետացող մարդոց ճակատագիրը ցոյց կու տայ…

Ուրիշ ուշագրաւ շարժանկար մըն էր «Երեւանեան առաջնախաղեր» ծրագրի շրջանակներէն ներս ցուցադրուած «Ամէնքը գիտեն» շարժանկարը, որ իրանցի բեմադրիչ Ասղար Ֆարհատի վերջին գործերէն է: Այս շարժանկարը այս տարուան Քաննի փառատօնի բացման շարժանկարը եղած է եւ ահաւասիկ, Հայաստանի մէջ եւս հնարաւորութիւն եղաւ դիտել նման հեղինակաւոր շարժապատկեր մը: Շարժանկարին գլխաւոր դերակատարներն են աշխարհահռչակ դերասաններ Փենելոփէ Քրուզն ու Խաւիէ Պարտէմը: Ամէնքը գիտեն շարժանկարը, բացի շարժանկարային սրահներէն, տակաւին լայն ցուցադրութեան չէ հանուած: Հայաստանեան ցուցադրութիւնը ընթացաւ լեփլեցուն դահլիճի մը մէջ, բեմադրիչը, որ ներկայ էր ցուցադրութեան, իր մտահոգութիւնը յայտնեց, որ շատ հանդիսատեսներ մնացած էին ոտքի վրայ:

Սակայն հանդիսատեսը եկած էր ոչ միայն շարժանկարը դիտելու, այլ նաեւ հանդիպելու բեմադրիչին հետ, որ առաջին իրանցի օսքարակիր բեմադրիչն է: Անոր շարժանկարներէն երկուքը՝ «Ամուսնալուծութիւնը»՝ որպէս տարուան լաւագոյն արտասահմանեան շարժանկար եւ «Առեւտրական գործակալը» կրկին արտասահմանեան լաւագոյն շարժանկար անուանակարգերուն մէջ զանազան տարիներ օսքարներ խլած են:

Աւելի վերջ, հանդիսատեսին հետ հանդիպման ընթացքին, օսքարակիր իրանցի բեմադրիչը պատմեց թատրոն եւ շարժապատկեր մուտք գործելու իր գործունէութեան մասին, նշելով, որ այսօր թէ՛ թատրոնը, թէ՛ շարժապատկերը հաւասարապէս օգնած են իրեն կերտելու իր արուեստը, որ իրանեան է, սակայն կրցած է համաշխարհային ճանաչում ստանալ: Ան նշեց, որ կը սիրէ իր շարժապատկերները նկարահանել մանաւանդ Իրանի մէջ, քանի որ իր երկիրն է եւ շարժանկար նկարահանելու դժուարութիւնները դիւրութեամբ կրնայ յաղթահարել: Իրանցի բեմադրիչը խօսած է նաեւ հայ-իրանեան շարժանկարային համագործակցութեան հնարաւորութեան մասին, մտածելով, որ եթէ հնարաւոր ըլլայ հետաքրքրական թեմա մը ընտրել, թերեւս իրականութիւն դառնայ համատեղ շարժանկար մը նկարահանելու միտքը:

Փառատօնին պատուոյ հիւր էր նաեւ աւստրիացի բեմադրիչ, գրող, արտադրիչ Ուլրիխ Զայտլ, որուն հետ հանդիպումը տեղի ունեցաւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութենէն ներս: Զայտլ առաջին անգամ չէ, որ կը գտնուի Հայաստանի մէջ եւ անոր շարժանկարներն ալ առաջին անգամ չէ, որ կը մասնակցին «Ոսկէ ծիրան»ին: Նախորդ տարիներուն անոր շարժանկարները այս փառատօնի գլխաւոր մրցանակներուն արժանացած են, իսկ այս տարի Ուլրիխ Զայտլ Հայաստան եկած է իր «Սաֆարի» շարժանկարով, որ նոյնպէս լայն ցուցադրութեան չէ հանուած եւ առայժմ սրահային եւ փառատօնային ցուցադրութիւններուն կը մասնակցի:

«Ոսկէ ծիրան» փառատօնի օրերուն աւանդոյթ դարձած է Երեւանի Շարլ Ազնաւուրի հրապարակին վրայ աստղեր անուանելը, եւ այս տարի բացուեցան բեմադրիչ Ներսէս Յովհաննիսեանի, բեմադրիչ Արա Վահունիի եւ բեմադրիչ ու դերասան Ալպերթ Մկրտչեանի աստղերը։

ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԹՈՒՐՔԻԱ ՀԱՐԹԱԿ

Յատկանշական է, որ փառատօնին կարգախօսը տասնհինգ տարի է անփոփոխ է՝ «Մշակոյթներու ու քաղաքակրթութիւններու խաչմերուկ», որ փառատօնի կազմակերպիչներուն նուիրումին խորհրդանիշն է մշակութային կամուրջներ կառուցելու եւ երկխօսութիւն խթանելու առումով: Ան նաեւ կ՚արտացոլացնէ Հայաստանի պատմութիւնը, երկրի մը, որ հազարամեակներու ընթացքին թէժ կէտ եղած է մրցակից աշխարհաքաղաքական ուժերուն համար:

Իր նպաստաւոր աշխարհագրական դիրքին պատճառով, Հայաստանը վերածուած է հակամարտութիւններու թիրախի, որ միւս կողմէ ալ՝ յառաջ բերած է զանազան ազդեցութիւններով յագեցած արուեստի ժառանգութեան ստեղծման: Փառատօնը միշտ ողջունած եւ առաւելագոյն կերպով քաջալերած է զանազան ազգային պատկանելիութեան խումբեր, կրօններ ու ազգութիւններ ներկայացնող շարժանկարները, որոնք կը պատկերացնեն մարդուն փորձառութիւնը, ժողովուրդին ամէնօրեայ կեանքը՝ սովորական ու անսովոր. մարդոց ուրախութիւններն ու տառապանքը՝ մինչ անոնք կը փորձեն իմաստաւորել փոխուող աշխարհը, եւ կը ջանան վերագտնել իրենք զիրենք աւելի ու աւելի քիչ սահմաններ ճանչցող աշխարհին մէջ:

Ճիշդ այս նկատառումներով է, որ ստեղ-ծըւած է «Ոսկէ ծիրան» փառատօնի Հայաստան-Թուրքիա շարժանկարային հարթակը, որ հիմնած են խումբ մը երիտասարդներ՝ Թուրքիայէն ու Հայաստանէն: Անոնք ընդհանուր հետաքրքրութիւն մը ունին եւ կը հաւատան արուեստի ուժին՝ հաշտութիւն եւ խաղաղութիւն հաստատելու գործին մէջ: Հայ եւ թուրք շարժանկարային արուեստի գործիչները արուեստի միջոցաւ արտայայտած են միտքեր, որոնք հնարաւոր չէր արտայայտել տասնամեակներ շարունակ: Այս հարթակին միջոցաւ բազում բեմադրիչներ, դերասաններ, արտադրիչներ եւ պատկերարուեստի այլ գործիչներ իրարու ծանօթացած են, զանազան ծրագիրներով փոխադարձ այցեր կատարած են Հայաստան եւ Թուրքիա:

Հայաստան-Թուրքիա շարժանկարային հարթակ ստեղծելու մտայղացումը ի յայտ եկած է «Ոսկէ ծիրան» 4-րդ միջազգային փառատօնին ընթացքին՝ 2007 թուականի Յուլիսին եւ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարուած է հարթակին պաշտօնական ստեղծման մասին՝ «Անատոլու քիւլթիւր»ի եւ «Ոսկէ ծիրան»ի համատեղ ուժերով: Այս երկու կազմակերպութիւնները գումարներ յատկացուցած են եւ կը շարունակեն յատկացնել՝ երկու երկիրներուն համատեղ շարժանկարներ պատրաստելուն համար: Այդ շարժանկարները ցուցադրը-ւած են «Ոսկէ ծիրան»ի եւ Իսթանպուլի միջազգային շարժանկարային փառատօներուն ընթացքին:

ՊԵՐԿՄԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Յատկանշական է, որ «Ոսկէ ծիրան»ը այս տարի յարգանքի տուրք մատուցեց աշխարհահռչակ շուէտացի բեմադրիչ Ինկմար Պերկմանի յիշատակին, որուն 100-ամեակն է այս տարի: Փառատօնին ընթացքին ցուցադրուեցան բեմադրիչին շարժանկարներուն ընտրանին: Ինկմար Պերկման, որպէս հեղինակային շարժապատկերի մեծագոյն բեմադրիչներէն մին, ճանչ-ցըւած է ամբողջ աշխարհի տարածքին, ան «Օսքար»ի եւ բազում այլ մրցանակներու դափնեկիր է. «Օսքար» ստացած են անոր ժապաւէններէն երեքը։ Ան հեղինակն է գեղարուեստական ու վաւերագրական աւելի քան վաթսուն ժապաւէններու, որոնց նաեւ մեծ մասին բեմագրութեան հեղինակը ինքն է: Ծանօթ են Ինկմար Պերկմանի «Ամառնային գիշերուան ժպիտները», «Եօթներորդ կնիքը», «Մորու բացատը», «Աղջկական աղբիւր», «Մութ ապակիի միջով», «Ձմեռնային լոյս», «Գայլին ժամը» եւ այլ աշխարհահռչակ շարժապատկերներ, որոնք անցեալ դարու կիսուն գրաւած են աշխարհը:

Եւ փառատօնին աւարտին, ինչպէս միշտ, յանձնուեցան մրցանակները բազմաթիւ անուանակարգերէ ներս, գնահատուեցան նաեւ մրցանակի չարժանացող հեղինակները՝ խրախուսանքով, մասնագիտական խորհուրդներով, եւ ի վերջոյ, շատերուն համար նման հեղինակաւոր փառատօնի մը մասնակցիլը արդէն իսկ մեծ պատիւ էր, եւ բոլորը Հայաստանէն հեռացան լիցքաւորուած եւ յաջորդ տարուան փառատօնին նորութիւն մը բերելու եւ տեսնելու հեռանկարով:

Նշենք, որ «Ոսկէ ծիրան» պատուոյ մըր-ցանակը այս տարի տրուեցաւ հանրայայտ օփերային երգչուհի Յասմիկ Պապեանին: Մրցանակը յանձնեց Հայաստանի Շարժանկարային արուեստի ակադեմիոյ նախագահ Վիգէն Չալտրանեան։ Յասմիկ Պապեան անակնկալի եկաւ մրցանակին համար, սակայն մեծ պատիւ համարեց, նշելով, որ շատ մրցանակներ ստացած է, սակայն այս մէկը նշանակալի է իրեն համար, քանի որ կը ստանայ նոր Հայաստանի մէջ:

Փառատօնին միւս մրցանակները ստեղծագործական էին եւ տրուեցան բեմադրիչներուն, դերասաններուն եւ արտադրիչներուն: Յաղթող շարժանկարները փառատօնին փակման յաջորդ օրերուն ցուցադրը-ւեցան սրահներէն ներս:

Նորութիւն էր այս տարի Սփիւռքի նախարարութեան մասնակցութիւնը փառատօնին։ Նախարարութիւնը առաջին անգամ փառատօնի շրջանակներէն ներս յատուկ մրցանակ յանձնեց երիտասարդ սփիւռքահայ բեմադրիչ Առնօ Խայաճանեանին՝ «Մենք ենք, մեր սարերը» ժապաւէնին համար: Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան ըսաւ, որ մրցանակը աւանդական կը դառնայ եւ կը յանձնուի նաեւ յառաջիկայ տարիներուն:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Յուլիս 17, 2018