ՅԻՍՈՒՍ ԿԸ ՆԵՐԷ Ե՛Ւ ԿԸ ԲԺՇԿԷ
Մարմնական որեւէ հիւանդութիւն, ցաւ եւ տառապանք կը պատճառէ։ Մարդկային մարմինը սքանչելի՜ ջղային մեքենականութիւն մը ունի. որեւէ գործարանի տկարութիւնը եւ կամ աններդաշնակ գործունէութիւնը կը տանջէ մարդուս մարմինը ցաւով։ Այս իմաստով՝ ցաւը ազդանշա՛ն մըն է՝ որ կ՚ազդարարէ, թէ անբնական բան մը կայ մարմնին մէջ։
Արդարեւ, մարմնապէս կատարեալ՝ զօրաւոր եւ անթերի մարդը՝ «առո՛ղջ մարդ» է։ Իսկ հիւանդը՝ մարմնապէս տկարութիւն մը, թերութիւն մը կամ անբնական ընթացք մը ունեցող մարդն է։ Որեւէ անբնական երեւոյթ կամ անհանգստութիւն մարդս «անկատար» վիճակի մը կը մատնէ։ Մարդկային մարմնին կատարելութիւնը առողջութիւն կը նշանակէ, եւ անշուշտ ամէն մարդ առողջութեան արդար ձգտում մը ունի, ի՛նչ որ բնական է եւ բանական, քանի որ ամէն մարդ կատարեալ ըլլալ կ՚ուզէ՝ անթերի եւ զօրաւո՛ր։
Բայց մարդիկ, ընդհանրապէս կ՚անդրադառնան առողջութեան կարեւորութեան, երբ կորսնցնեն զայն։
Մինչդեռ, առողջութեան արժէքը գիտնալու համար երբ մարդիկ չսպասեն անոր կորուստին, հաւանաբար շատ աւելի երջանիկ կեանք մը կրնան ապրիլ՝ ցաւերէ, տառապանքներէ հեռո՜ւ՝ սքանչելի կեա՛նք մը…։
Ամէն մեքենայ երբկը խանգարուի, նորոգուելու համար ունի իր մասնագէտը, որ կը հասկնայ խանգարուած մեքենային խանգարման պատճառը։ Մարդն ալ երբ հիւանդանայ, բժի՛շկն է, որ մարդկային մարմնին խանգարման ախտաճանաչումը կը կատարէ, քանի որ ա՛ն է հարցին լուծման մասնագէտը։ Կարելի է իրաւունք տալ այն մտածումին կամ խօսքին, որ բժիշկին համար կ՚ըսէ. «Բժիշկը՝ Աստուծոյ երկրի վրայի ձե՛ռքն է»։ Եւ բժի՛շկն է, որ կը դարմանէ, յարմար դեղը կ՚որոշէ, որպէսզի մարդուս մարմինը նորոգուի եւ վերստին դառնայ իր նախկին բնականոն՝ առո՛ղջ վիճակին։
Արդարեւ, բժիշկը յանկա՛րծ բժշկութեան չի կրնար սկսիլ, այլ ասիկա իրագործելու համար, եթէ կարելի է ըսել, գլուխը կը մաշեցնէ, գրպանէն կը զոհէ, եւ ամենէն կարեւորը՝ կեանքէն տարիներ կը վատնէ գիտութիւն, հմտութիւն եւ փորձառութիւն ձեռք ձգելու եւ կեանքեր փրկելու համար։ Հակառակ պարագային համայն աշխարհ «ընդարձակ հիւանդանոց»ի մը եւ աւելի ցաւալին՝ գերեզմանատան մը պիտի վերածուէր։
Հետեւաբար հիւանդութիւններու մեծ մասը կը դարմանուին եւ կը պարտուին, կը նահանջեն բժիշկներու գիտութեան, փորձառութեան եւ հմտութեան առջեւ։
Ուստի, ճարտար բժշկութիւնը իրական օրհնութիւն մըն է մարդկային ցեղին համար։ Եւ տեսակ մը՝ Աստուծոյ Նախախնամութեան գործակատա՛րն է բժիշկը իր կոչումով եւ իր մարդասիրական-նուիրական ծառայութեամբ։
Ի՛նչ որ է հիւանդութիւնը մարմնին համար, նո՛յնն է մեղքը հոգիին համար։ Այս իրողութենէն մեկնելով, փոխաբերաբար, կարելի է ըսել, թէ՝ մեղքը հոգիին հիւանդութիւնն է։ Ուստի Յիսուս կ՚ըսէ. «Առողջները չե՛ն որ բժիշկի պէտք ունին, այլ հիւանդները։ Չեկա՛յ արդարները կանչելու, այլ՝ մեղաւորնե՛րը» (ՄԱՐԿ. Բ 17)։ Եւ այս խօսքերն ալ կը հաստատեն, թէ՝ մեղքը հոգիին հիւանդութի՛ւնն է։
Բայց այս կէտին, զարմանալին այն է, որ մարդ ամէն վայրկեան եւ ամէն արարքի մէջ ֆիզիքական-մարմնական հիւանդութեան չի բռնուիր, բայց կրնայ մատնուիլ «հոգեկան հիւանդութեան»։ Եւ դարձեալ զարմանալի է, որ մարդիկ աւելի շատ կարեւորութիւն կ՚ընծայեն եւ վտանգաւոր կը համարեն մարմնական հիւանդութիւնները, քան՝ հոգեկանը, այսինքն՝ մե՛ղքը։
Թէ ինչո՞ւ հոգեկան հիւանդութիւնը աւելի շատ կը պատահի մարդուս։ Հոգեկան հիւանդութեան առատութեան, յաճախակի պատահելուն պատճառը այն է, որ մարդ ամէն քայլափոխին, ամէն շարժումին հոգեկան եւ բարոյական սխալներ կը գործէ։
Մարդուս կիրքերը, տենչանքները, զգայարանները զինք ամէն վայրկեան կրնան մոլորեցնել ուղիղ խորհելէ եւ շիտակ գործելէ։ Նախանձը, ագահութիւնը, ընչաքաղցութիւնը, փառասիրութիւնը եւ այլ մոլութիւններ մարդս մեղանչելու ծուղակին մէջ կը ձգեն։
Հիւանդութեան պարագային կը փնտռուի բժիշկը. իսկ մեղանչելու պարագային ալ՝ Փրկի՛չը։ Ուստի, երբ Յիսուս կ՚ըսէ, թէ՝ առողջները բժիշկի պէտք չունին, այլ՝ հիւանդները, եւ չէ՛ եկած արդարները ապաշխարութեան կոչելու, այլ՝ մեղաւորները, իր այս խօսքերով իսկ «հոգեկան հիւանդ»ը «մեղաւոր» կը համարէ՝ որուն դարմանը ապաշխարութիւնն է եւ բժշկութիւնը՝ մեղքերէ փրկութիւնը։ Արդարեւ, աշխարհի վրայ չկա՛յ մտաւոր եւ հոգեւոր կատարելութիւն. ուստի ամէն մարդ ունի իր թերի եւ տկար կողմը, որով ամէն մարդ մեղանչելու ատակ է։ Եւ Յիսուսի ուսուցումով մեղքի բալասանը ապաշխարութի՛ւնն է։
Մեղանչած ըլլալուն համար ցաւ զգացողը այնուհետեւ կը ջանայ չկրկնել զայն կարելի եղածին չափ՝ իր բարոյական կարողութեան եւ տարողութեան համեմատ։ Ան կը սիրէ ճշմարտութիւնը եւ արդարութիւնը։
Իրաւ հաւատացեալը արդարութեան մէջ միայն կը գտնէ իր երջանկութիւնը, իր ուրախութիւնը եւ հոգեկան հանգստութիւնը։ Մարմնական կեանքին մէջ, մարդուն խաղաղ կեանքը խղճի կատարեալ անդորրութիւնն է Աստուծոյ եւ իր նմաններուն հանդէպ։ Իսկ հոգեկան կեանքի մէջ ձերբազատումն է մարմնական ցանկութիւններէ եւ կիրքէ, եւ մուտքը՝ երկնային փառքին մէջ։ Քրիստոս աշխարհ եկաւ մեղաւորները փրկելու, հոգիի հիւանդութիւնները դարմանելու՝ մեղքերուն ներելո՛ւ…։
Եւ երբ Յիսուս, անդամալոյծին ըսաւ. «Որդեա՜կ, մեղքերդ ներուա՛ծ ըլլան քեզի» (ՄԱՐԿ. Բ 5), ըսել ուզեց, որ հիւանդութիւնները միայն մարմնական չեն, այլ նաեւ հոգեկան, որոնք կրնայ Ի՛նք դարմանել։
Հիւանդութիւնը՝ մարմնական կամ հոգեկան անբաղձալի երեւոյթ մըն է, վնասակար եւ վտանգաւոր՝ մարդուս թէ՛ մարմնական, թէ՛ հոգեկան կեանքին համար, ուստի պէտք է փրկուի անոնցմէ մարդ, եւ կրնայ դարմանուիլ, կրնայ փրկուիլ, բաւ է, որ անոնք բժշկելու ճարտարութիւնը ունեցող Անձին դիմէ՝ հաւատքով, յոյսով եւ սիրո՛վ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 14, 2018, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/26/2024
- 11/26/2024