Մի՛ Խռովէք Հայու Հոգին «Վերցուր Էջմիածինը՝ Հայ Հոգին Կը Մեռնի»

Աշխարհի վրայ կա՞յ հայ մարդ, որ չի գիտեր՝ ի՛նչ կը նշանակէ Ս. Էջմիածին: Սրբագործուած այն վայրը, ուր իջաւ Աստուծոյ Միածին Որդին: Անգիտութի՞ւն է, թէ անտարբերութիւն, այն ինչ որ կը կատարուի մեր ժողովուրդի կրօնական հաւատքի բնօրրան Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի հանդէպ:

Այն միակ հաստատութիւնը, որ ամենակատարեալ ձեւով դարեր շարունակ պահպանած է հայ ազգին միաւորութիւնը, որպէս ամրակուռ ու հաստատուն կռուան, որպէս անխորտակելի եւ աննուաճ Միջնաբերդը հայոց հաւատքին: Իրաւացի է հայ գրողը, երբ կ՚ըսէ՝ «Վերցուր Էջմիածինը՝ հայ հոգին կը մեռնի»:

Այս օրերուն կը ջատագովուի մարդկային բնական պահանջներուն եւ ձըգ-տումներուն ազատութիւնը, կը խօսուի մարդկայնութեան նոր մակարդակի մասին:

Հետեւաբար, պէտք է փշրել բոլոր կաշկանդումներն ու նախապաշարումները, պատշաճութեան բոլոր չափանիշները, կրօնական ըմբռնումներն ու գաղափարները, որպէս ազատ գործելու ձգտում:

Ի՞նչ կը նշանակէ ազատութիւն:

Ազատ ըլլալ կը նշանակէ ղեկավարուիլ մարդկային գիտակցուած բարոյական օրէնքով, որ գրաւականն է անհատին մարդկայնութեան եւ անոր ճշմարիտ ազատութեան:

Այս առումով, ազատութիւնը կարելի է բնութագրել այսպէս՝ ընկերային ու բարոյական սկզբունքներով ղեկավարուող կարգապահութիւն, մարդկային գիտակցութեան ազատ գործունէութիւն:

Եթէ կենդանական աշխարհի մէջ կեանքը կը ղեկավարուի բնազդներով, ապա մարդկային հասարակութեան մէջ ազատութինը կը պահպանուի բարոյական կարգապահութեամբ: Ուր կարգապահութիւն կայ, ազատութիւն կայ:

Ազատութեան լիարժէք ըմբռնումն է, որ կը պակսի մեր օրերուն, կրօնական հաւատքը կենդանի ապրումով ու գործով իրագործելու իրողութիւնը: Այլ խօսքով՝ բարոյական կարգապահութեան կենսագործման անհրաժեշտութիւնը, որովհետեւ տակաւին չենք կրցած կարգապահութեան էական օրէնքները իրապէս եւ գործնապէս կեանքի կոչել մեր անհատական եւ ընկերային կեանքին մէջ:

Այդպիսով է, որ մարդուն գոյութիւնը իմաստաւորող ազատութիւնը կը ստեղծէ ապրելու եւ գործելու նոր մակարդակ, որ կ՚արտայայտուի մարդկային գիտակցութեամբ, անկաշկանդ ու ազատ գործունէութեամբ:

Այդպէս է պատմութեան ընթացքը: Տիրող ընկերային կարգերն ու բարոյական ըմբռնումները ժամանակ առ ժամանակ բարեշրջուած են՝ տնտեսական ընկերային յարաբերութիւններու եւ կրօնական գաղափարներու յեղաշրջումով: Բարոյական ըմբռնումներու եւ գաղափարներու բարեշրջումը կատարելագործուած ու իր բարձունքին հասած է քրիստոնէութեան մէջ: 

Եթէ մեր անհատական եւ ընկերային կեանքին մէջ կարենանք ապրիլ քրիստոնէական հաւատքի բարոյական ըմբռնումներով, նոյնքան կը դառնանք ազատ ու յառաջադէմ մարդիկ:

Այսօր կրօնական հաւատքի եւ բարոյական արժէքներու տագնապ մըն է, որ կ՚ալեկոծէ Ս. Էջմիածնի մթնոլորտը: Ի՞նչպէս բացատրել եւ ի՞նչ տեսական հիմնաւորումներ ու արդարացումներ տալ այս տագնապին, երբ մտաւոր ու հոգեբանական մարզերէն ներս կարգ մը մարդիկ յամառօրէն կը սնուցանեն անհեթեթ վարկածներ ու վրիպած առասպելներ՝ հիմնազուրկ մեղադրանքներ ու սադրանքներ վերագրելով Ս. Էջմիածնի գահակալին:

Դժբախտաբար ժխտական այս արտայայտութիւնները արդարացնողներ ալ կան՝ անկաշկանդ մտածողութեան եւ ազատութեան նշանաբանով:

Այս անտեղի ընդվզումը քմահաճ ու եղծանուած չափանիշ է, որ կը գործած-ւի: Ի՜նչ արտառոց ու ամօթալի հակում է, որ կը սնանի մարդոց հոգեբանութեան մէջ, որոնց հաւատքը Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ նկատմամբ պէտք է կասկածի ենթարկել:

Ոեւէ գիտակից հայ ի՞նչպէս կրնայ նման դատումի մը, անվայել ու անօրինական արարքի մը յանգիլ: Ի՞նչպէս կրնայ յանդգնութիւնը ունենալ խուժելու եւ վրան լարելու սրբավայրի մը մէջ, որ սովորական տարածք մը չէ, ոչ ալ քաղաքական ցոյցերու հրապարակ:

Ինչպէս յայտնի է մեզի, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ նուիրապետական հոգեւոր պետերն ու առաջնորդները, ամբողջ եկեղեցական դասը, իրենց պաշտօնը կը վարեն կրօնական կամ հոգեւորական, ինչպէս նաեւ քաղաքական կամ աշխարհական ժողովներու խորհուրդներու աջակցութեամբ: Անոնք են, որ ժողովի որոշումներու գործադիր իշխանութիւնը կը վարեն՝ պահանջին համեմատ ընդհանուր կանոններ ու որոշումներ պատշաճեցնելով, իսկ հարկաւոր պարագաներու մէջ կրնան զգօնութեան իշխանութեամբ գործել:

Վկայակոչենք երջանկայիշատակ Վազգէն Ա. հայրապետը, որ իր հաւատքի վկայութեան եւ կեանքի օրինակով բախտորոշ դեր կատարեց հայ ժողովուրդի հոգեւոր բարոյական կեանքին մէջ: «Նոր հոգեւորականութիւնը կարողութիւնը պիտի ունենայ ըմբռնելու իր ժամանակաշրջանի ոգին եւ ուղղութիւնը, պիտի հասկանայ, թէ ո՛ւր է գնում ընդհանուր շարժումը եւ իրեն յանձնուած նաւի ղեկը այնպէս ուղղէ, որ նաւը խաղալիք չդառնայ ժամանակի տարուբեր հոսանքներին»:

(«Հերկ» թիւ 6, էջ 15, 1937, Պուքրէշ), («Էջմիածին» էջ 20, մայիս 1973)

Որովհետեւ «Հայոց եկեղեցւոյն նկարագիրը իսկապէս եւ ամբողջապէս ազգային եկեղեցւոյ մի նկարագիրն է, ինչ որ հնաւանդ եկեղեցիներու էական տիպարն է: Իրեն կեդրոնը եւ գերագոյն իշխանութիւն վայելող աթոռն է Էջմիածինը, որուն իրաւասութիւնը կը տարածուի բոլոր հայադաւան հաւատացեալներու վրայ:

«Անոնք ուր ուրեք ալ գտնուին, բոլոր աշխարհի մէջ սփռուած, ամէնն ալ միեւնոյն հոգեւոր հօտի բանաւոր ոչխարներն են»,- պիտի ըսէր Օրմանեան պատրիարքը:

(«Հայոց եկեղեցին» Մաղաքիա Արք. Օրմանեան, էջ 232)

Պահ մը մտաբերելով Հայոց Եկեղեցւոյ պատմութիւնը՝ հոն կը տեսնենք նշանաւոր մեծանուն կաթողիկոսներ ու հոգեւորականներ, որոնք փառքն ու պարծանքը եղած են հայ ազգին եւ դարձած են մղիչ ուժը հայ ժողովուրդի ազատագրական շարժումներուն: Անոնց կատարած եկեղեցական բարեկարգութիւններն ու քաղաքական խոհեմ ձեռնարկութիւնները Հայ Եկեղեցիին եւ ազգին պարգեւած են խաղաղ եւ բարենպաստ պայմաններ:

Բայց պատմութիւնը ունի իր պայծառ ու թանձր էջերը: Հոն կը յիշուի նաեւ տխրահռչակ հոգեւորականը՝ Պետրոս Ա. Գերադարձ կաթողիկոսը (1019-1054), որ պատճառ դարձաւ հայոց պետութեան անկումին, որուն անունին հետ կապուած է Անիին առումը եւ Բագրատունեաց հարստութեան կործանումը:

Սակայն ճշմարիտ է ու անհերքելի, թէ մենք դարերէն եկող ժողովուրդ մըն ենք, որ գոյատեւած է եւ իր ինքնութիւնը պաշտպանած է երկու արժանիքներով՝ մէկը կրօնական, միւսը մշակութային:

Այդ արժանիքները ստեղծուած ու նուիրագործուած են աւելի քան երկու հազարամեակներու պատմութեամբ, ազգային ոգեկանութեան շունչով եւ ի վերուստ շնորհուած տաղանդով:

Ահաւասիկ այսօր ալ մեր ազգը մայր հողին վրայ եւ ի սփիւռս աշխարհի հաւատարիմ տէրն ու պահապանն է մեր ազգային կրօնական ու մշակութային ժառանգութեան: Անշեղ ու անսայթաք կ՚ընթանայ իր նախնեաց սրբագործուած հոգեւոր արժէքներով ու իտէալներով: Ահա թէ ինչու աշխարհի բոլոր ծայրամասերուն մէջ հայերը կը բնորոշուին որպէս իւրայատուկ ազգ եւ ժողովուրդ:

Եւ ինչու մենք՝ հայերս, միշտ եղած ենք հպարտ ու լաւատես հայ հաւատքի օրրան Սուրբ Էջմիածինով, մեր դարաւոր մշակոյթով եւ Հայաստանի պայծառ գալիքի տեսիլքով:

Մի՛ խռովէք հայու հոգին…

ՆՈ­ՒԱՐԴ ՄԱ­ՏՈ­ՅԵԱՆ ՏԱ­ՐԱԳ­ՃԵԱՆ

Հա­լէպ 
«Զար­թօն­ք», Լի­բա­նան

Ուրբաթ, Յուլիս 20, 2018