ԻՆՔԶԻՆՔ ՄՏԻԿ ԸՆԵԼ…

Մարդ, առողջ կամ վատառողջ, խոհեմ կամ անխոհեմ, տրամադիր է յաճախ ինքզինք մտիկ ընելու եւ հակակշռելու իր զգացումները։ Արդարեւ, ինքզինք ճանչնալ՝ առաջին քայլն է շրջապատը ճանչնալու եւ լաւ յարաբերութիւն մշակելու իր շուրջիններուն հետ։ Առանց ինքզինք ճանչնալու, առանց ինքնադատութեան կարելի չէ ուրիշը ճանչնալ եւ քննադատել։ Զգացումներու հակակշռութեամբ եւ ինքնաքննութեամբ է, որ կարելի կ՚ըլլայ ուրիշներու զգացումները հասկնալ եւ ըստ այնմ վարուիլ։

Ուստի, համակրական հասկացողութիւն ունենալու համար մարդ, նախ պէտք է ունենայ ինքզինք հասկնալու կարողութիւն եւ հմտութիւն, հանդուրժողութիւն եւ արդարադատութիւն։

Այս իմաստով մարդ, իր ներաշխարհին՝ իր ներքին զգացումներուն պէտք է կարեւորութիւն ընծայէ։ Դիւրազգած, դիւրաբորբոք եւ ընդհանրապէս ջղային կազմուածք ունեցող մարդիկ ո՛չ միայն հակամէտ են, այլ կը փնտռեն իրենց վրայ, իրենցմէ անցած դարձածին պատճառը եւ հոգեբանութիւնը։ Եւ այդպիսիներ, նախապէս բժշկական պարզաբանուած հրատարակութիւններու մէջ կը փնտռեն իրենց ցաւին կամ նեղութեան պատճառները եւ դարմանը։ Պարզաբանուած եւ ժողովրդականացած յայտարարութիւններ ընելով, ջլախտաւորին հոգին աւելի եւս տակն ու վրայ կ՚ընեն ոմանք, որոնք մակերեսային եւ ո՛չ մասնագիտական տեղեկութիւններով եւ պակաս գիտելիքներով կը լեցնեն անոր միտքը։ Արդարեւ, անորոշութեան կը մատնուի եւ աւելի կը խանգարուի ենթական, երբ անոր պատմուի զանազան հիւանդութիւններ՝ նկարագրելով ուրիշ ջլախտաւորներու հոգիին այլազան տխուր եւ սեւ գոյներ ունենալը։

«Գէշ օրինակը օրինակ չի՛ կրնար ըլլալ», գաղափարը պաշտպանողներ, կարելի է միա՛յն այս կէտին իրաւունք կ՚ունենան եւ կարելի է միա՛յն այս պարագային իրաւացի նկատել, երբ ջլախտաւորի մը ուրիշ ջլախտաւորներ օրինակ ցոյց տալով մօտեցում մը ունենալ կը փորձուի։

Արդարեւ, ամէն ախտաւոր իրեն իւրայատուկ նշաններ ունի եւ կարելի չ՚ըլլար այդ յատկութիւնները ընդհանրացնելով՝ հասարակաց կէտ մը գտնել փորձելով օգտակար ըլլալ ջլախտաւորին։ Ամէն երեւոյթ իւրայատուկ նկարագիր մը, պատճառ մը եւ ընթացք մը ունի. մէկը միւսին հետ բաղդատելով առողջ լուծումի մը կարելի չէ յանգիլ։ Իւրաքանչիւր անձ, այս տեսակէտով, բոլորովին անկախ եւ անջա՛տ է ուրիշներու բաղդատմամբ։ Ասիկա կ՚ըսեն մասնագէտ հոգեբոյժ բժիշկներ եւ հոգեբաններ, ինչպէս գիտականօրէն ապացուցուած ճշմարտութիւն մըն է։

Արդարեւ, ամենէն գէշ ծառայութիւնը ձրի կատարուած կ՚ըլլայ, փոխանակ մարդկութեան օգտակար ըլլալու, քանի որ այդ ընդհանուր յայտարարութիւններու ազդեցութեամբ ամէն մէկը կ՚իւրացնէ կատարուած յայտարարութեան եւ տրուած գիտելիքներուն նշանները։

Եւ ահաւասիկ, այս կէտին կարեւորութիւն եւ անհրաժեշտութիւն կը ստանայ ինքնաքննութիւնը՝ ինքզինք ճանչնալը, որուն միակ կերպը եւ ճամբան է անդրադառնալ իր ներաշխարհին՝ մտիկ ընելով ինքզինք։ Ուստի, ժողովրդային, ընդհանուր յայտարարութիւնները մարդուս օգուտէ աւելի վնաս կը պատճառեն, անշուշտ եթէ առանձնապէս մասնագէտ հոգեբոյժ բժիշկի մը չդիմէ ենթական։ Եւ այն, որ մտիկ կ՚ընէ միայն ընդհանուր տեղեկութիւնները, կը սկսի իր վրայ փնտռել պատմուած ախտանշանները, ինչ որ հոգեկան խռովութիւն մը, մտահոգութիւն եւ մտատանջութիւն, շփոթութիւն կը պատճառէ ենթակային։ Եւ հոգեպէս առողջ մէկը՝ այդ ընդհանուր յայտարարութիւններուն պատճառով կրնայ ախտաւոր մտահոգի մը վերածուիլ։

Մարդուս մտքին մէջ ստեղծուած «արդեօ՞ք» հարցում մը արդէն բաւարար է, որ առողջ միտք մը, առողջ հոգի մը եւ առողջ ջիղեր խանգարուին, վատթարանան եւ առողջ մէկը ախտաւոր մէկը ըլլայ։

«Անգիտութիւնը երջանկութիւն է», կ՚ըսեն։

Իրականին մէջ, կէս եւ պակաս գիտութիւնը վտանգաւոր է եւ վնասակար։ Մակերեսային, պարզաբանուած, ժողովրդային ընդհանուր գիտելիքներ մարդուս, այս տեսակէտով վնաս պատճառելու հակամէտ են։ Մասնագէտ մը օգտակար կ՚ըլլայ իր շուրջիններուն, երբ մասնագիտութեան սահմաններուն մէջ՝ մասնագիտութեանը բարձրութիւնը եւ խորութիւնը կարենայ պահել եւ ըստ այնմ շարժիլ անոց հետ՝ որոնք իրմէ օգուտի եւ դարմանի կը սպասեն որպէս մասնագէտ իրենց կրած նեղութիւններուն։

Մարդուս ջղային-հոգեկան մելամաղձոտ տրամադրութիւնն է, որ կը ստեղծէ իր վատ վիճակը, եւ այդ տրամադրութիւնը բոլորովին իւրայատուկ է՝ մէկուն տրամադրութիւնը երբեք չի նմանիր միւսին. թէեւ մանրամասն նմանութիւններ կարելի է նշմարել, բայց անիկա խաբէական է եւ անոր վրայ յենուելով կարելի չ՚ըլլար առողջ արդիւնքի մը հասնիլ։

Ուստի, փոխանակ առողջ եւ ամբողջական գիտելիքներով ուղեղին բջիջներուն սնունդը առնելու, չըսելու համար ծուռ, բայց պակաս գիտելիքներով լեցնելու զայն, հակում ունենալ եւ վստահութիւն ընծայել ժողովրդային՝ պարզաբանուած ընդհանուր տեղեկութիւններու, ո՛չ մէկ օգուտ կ՚ապահովէ ենթակային, եթէ նոյնիսկ վնաս մը չպատճառէ։

«Առողջ միտքը առողջ մարմնի մէջ կը գտնուի»։ Այս խօսքը իր ճշդութիւնը կ՚ապացուցանէ, երբ ողջ առողջ մարմնի մը մէջ խորհող՝ ոչ նուազ առողջ միտք մը, բանդագուշակներու, զառանցանքներու խաբէական գիտելիքներով չսնանի, յիմար յղացումներու, ախտաւոր տրամադրութիւններու ազդեցութեամբ իր անօթութիւնը չյագեցնէ։ Անօթի եւ ծարաւի մէկը, միա՛յն շիտակ սննդառութեամբ կրնայ յագեցնել եւ անցընել իր անօթութիւնը եւ ծարաւը։ Եւ այդ մասին սխալ միջամտութիւններէն, միջոցառումներէն կ՚ազդուին մանաւանդ տղաք, որոնց փափուկ ուղեղը ամէն արտաքին գրգռութիւն անմիջապէս կը պատկերացնէ իր խորշերուն մէջ։

Եթէ կ՚ուզենք, ուրեմն, առողջ ապագայ սերունդ մը ունենալ, պէտք է, որ նա՛խ մենք առողջ մնանք…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յուլիս 17, 2018, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Յուլիս 20, 2018