ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ԴԱՏԱՍՏԱՆԻ ՕՐԸ

Նիկոլ Փաշինեանի բերած թաւշեայ յեղափոխութիւնը կը խոստանար սէր ու համերաշխութիւն՝ դառնացած, մասնատուած եւ յուսախաբուած ժողովուրդին: Մթնոլորտը զտուած է եւ մարդիկ սկսած են շնչել ազատօրէն: Այսպէսի մթնոլորտի մէջ քաղաքացիները պատրաստ են գօտիները սեղմելու, արդար հասարակութիւն մը ստեղծելու հեռանկարով: Այսպիսի մթնոլորտ եւ հանդուրժողութիւն գոյացած էր միայն անկախութեան առաջին տարիներուն, երբ ժողովուրդը ցուցաբերեց զարմանալի տոկունութիւն եւ հանդուրժողականութիւն:

Սակայն, երկար չտեւեց այդ մթնոլորտը երբ քաղաքական սադրանքները սկսան եւ անկախութիւնը առեւանգուեցաւ: Երկրին կողոպուտը յուսահատութեան մատնած էր քաղաքացիները, որոնք միայն արտագաղթի մէջ փորձեցին իրենց տագնապած կեանքին լուծումը գտնել:

Այսօր Փաշինեան կախարդական ազդեցութիւն ունի ժողովուրդին վրայ: Սակայն հարց է, թէ պիտի կարենա՞յ զսպել համաժողովրդական զայրոյթը նախկին կեղեքիչներու նկատմամբ՝ որքան ալ ուզէ օրէնքի եւ արդարութեան պայմանները կիրարկել անոնց անցեալի շահատակութեանց եւ ոճիրներու նկատմամբ: Համացանցը ողողուած է ատելութեան ալեկոծումով եւ գրեթէ ամէն քաղաքացի բաժնեկից է այդ զայրոյթին:

Համակարգ մը ամբողջ փուլ եկաւ. զօրավար Մանուէլներն ու Սիւնիքի, Կիւմրիի եւ այլ շրջաններու մարզպետները ինկան թուղթէ առիւծներու նման: Ամբողջ ժողովուրդը, ներառեալ նախկին իշխանութիւնները ականատեսն էին վերջիններու չարաշահութիւններուն եւ ոճիրներուն, սակայն, անոնք հանդիսատեսի կարգավիճակէն դուրս չելան. ինչո՞ւ, որովհետեւ քուէները ապահովելու համար ապաւինած էին անոնց տեղական յենակներուն: Փոխադարձ գործակցութիւն մը կար յանցաւոր հասարակարգը պահելու՝ փոխադարձ շահաւէտութեան հիմքով: Թաւշեայ յեղափոխութիւնը եկաւ ու սրբեց զանոնք, որովհետեւ կարիքը չունէր տեղական ոճրապարտ յենակներու, քանի ժողովրդային զանգուածները անօրինակ զօրակցութիւն մը ընծայած էին յեղափոխական ուժերուն:

Ժողովրդային համբերութիւնը եւ համերաշխութիւնը կրնայ երկար չտեւել, եթէ ընտանիքներ անմիջական փոփոխութիւններ չտեսնեն իրենց առօրեայ կեանքի որակին մէջ: Այդ խոստումն ալ ի հարկին կրնայ իրականանալ՝ երբ բնակչութեան ներկայի դրական տրամադրութեան ներքեւ կազմակերպուին ազատ, անկաշկանդ եւ վերստուգելի ընտրութիւններ:

Համերաշխութեան այս մթնոլորտին մէջ տակաւին ատեն մը եւս պիտի մխան վրէժ-խընդրութեան զգացումները, մինչեւ որ անցեալի սադրանքներու հեղինակները ենթար-կըւին օրէնքներու խստագոյն կիրարկումներուն:

Արդէն սկսած է հաշուեյարդարը, եւ որքան մեր ժողովուրդը, նոյնքան քաղաքակիրթ աշխարհը կը սպասեն, որ օրէնքի գլանը գործածուի առաւելագոյն բծախնդրութեամբ: Այդ գործընթացին արդար կիրարկումը պիտի սահմանէ նաեւ դուրսի դիտողներու վերաբերումը, որ կը նշանակէ նոր ներդրումներու հնարաւորութիւն եւ տնտեսական զարգացում:

Յուլիսի 27-ին կալանաւորուեցաւ Հայաստանի երկրորդ նախագահը՝ Ռոպերթ Քոչարան, 2008-ի մարտ 1-ի իրադարձութիւններուն կապակցութեամբ: Միեւնոյն տարուան փետրուարին կայացած նախագահական ընտրութեամբ Սերժ Սարգսեանը կը պատրաստուէր մուտք գործել Բաղրամեան 26-ի նախագահական պալատէն ներս, հակառակ զանգուածային բողոքներու, զորս կը գլխաւորէր առաջին նախագահը՝ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան, կողքին ունենալով Նիկոլ Փաշինեանը: Մարտ 1-ին ճակատագրական օրը տակաւին պետութեան լծակները կը գտնուէին Քոչարեանի ձեռքին: Եւ պատահեցաւ ահաւոր ոճիրը: Քոչարեան հրահանգեց բանակը մտցնել մայրաքաղաք եւ բողոքարկու զանգուածը ցրուել զէնքի ուժով: Բազմաթիւ վիրաւորեալներու կարգին մահացան ութ անզէն քաղաքացիներ եւ երկու ոստիկաններ: Քոչարեանի դէմ ամբաստանութիւնը այն է որ, այդ արարքով «տապալած էր երկրին սահմանադրութիւնը»:

Միւս կողմէ Քոչարեանի փաստաբանը կ'ոգեկոչէ սահմանադրութեան 140-րդ օրէնքը, որով նախագահը անհպելիութեան իրաւունք կ'ապահովէ «իր իշխանութեան օրերուն իր գործած արարքներուն համար»:

Օրինական ջրբաժանի մը առջեւ կը գտնուի երկիրը. եթէ առանց նախապաշարումի եւ արդար կերպով դատուի Քոչարեանը՝ պիտի շահի երկիրը, ինչ որ ալ ըլլայ վճիռը:

Սակայն, արդէն մամուլի եւ ընկերային ցանցերու մէջ տրուած է Քոչարեանի վճիռը:

Հետաքրքրական է որ հրապարակ ելած են նաեւ Քոչարեանի պաշտպանները: Զարմանալի պիտի ըլլար որ լուռ մնացած ըլլար Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած Հանրապետական կուսակցութիւնը, որ հաղորդագրութիւն մը հրատարակելով դատապարտած է Քոչարեանի կալանաւորումը: Հանրապետական կուսակցութեան ձայնակցելով հրապարակ ելած է նաեւ Հ.Յ. Դաշնակցութեան հայաստանեան ղեկավարութիւնը, դժուարութեան մատնելով դուրսի դաշնակցական զանգուածները որոնք այնքան ալ համաձայն չեն թուիր իրենց հայաստանեան կուսակիցներուն:

Դաշնակցութեան պաշտպան կանգնիլը Քոչարեանի թեզին կերպով մը երախտապարտութեան տուրք մը հատուցել է անոր: Արդարեւ, Քոչարեան, երբ իշխանութեան գլուխ անցաւ, բանտերէն ազատ արձակեց Դրոյի գործով դատապարտուած դաշնակցականները, որոնք ոճրային արարքներով փորձած էին տապալել Տէր Պետրոսեանի իշխանութիւնը: Նոյնպէս, անոր օրով էր որ Հայաստանի մէջ բացուեցաւ քաղաքական հորիզոնը դաշնակցութեան դիմաց. հորիզոն՝ որ այդ կուսակցութիւնը ի վերջոյ առաջնորդեց քոալիսիոն կառավարութեան մաս կազմելու Սերժ Սարգսեանի իշխանութեան օրերուն: Ժողովուրդի ուշադրութենէն չվրիպեցաւ նաեւ քաղաքական այն լարախաղացութիւնը զոր փորձեց կիրարկել դաշնակցական ղեկավարութիւնը՝ Սերժ Սարգսեանի քոալիսիոնէն բաժնուելով ու յարելով թաւշեայ յեղափոխութեան, որ պայքարի ելած էր նոյն այդ քոալիսիոնին դէմ: Ժողովուրդին գնահատումը այդ արարքներուն, բնականօրէն, պիտի պարզուի յաջորդ ընտրութեանց ընթացքին:

Բողոքի զարմանալի ձայնակցութիւն մըն ալ լսուեցաւ Վազգէն Մանուկեանէն, որ իր կարգին զոհը դարձած էր ընտրական խաղերու. ան ժողովուրդը առաջնորդեց դէպի խորհրդարան՝ ցանկապատները խորտակելով. սակայն, այսօր Մանուկեան կը բողոքէ Քոչարեանի կալանաւորման դէմ:

Մինչեւ օրս Քոչարեանի դէմ մեղադրանքը սահմանուած կը մնայ Մարտի 1-ի դէպքով: Սակայն, ժողովուրդը կ՚ակնկալէ որ բացուին նաեւ Հոկտեմբեր 27-ի խորհրդարանի մէջ կայացած սպանդի ծալքերը, ուր կ՚ենթադրուի ըլլալ Քոչարեանի մասնակցութիւնը:

1999-ի Հոկտեմբեր 27-ին Նայիրի Յունանեանի գլխաւորութեամբ խումբ մը ահաբեկիչներ ներխուժեցին խորհրդարան անարգել եւ եօթ պատգամաւորներու կարգին սպաննեցին Վազգէն Սարգսեանն ու Կարէն Դեմիրճեանը: Յունանեան, սպանդը իրականացնելէ վերջ Քոչարեանի անմիջական ներկայութիւնը պահանջեց ոճիրին վայրը, իր զինաթափութեան պայմանները քննարկելու: Քոչարեանի հանդիպումը Յունանեանի հետ եւ իրենց ունեցած խօսակցութիւնը ցարդ սքողուած խորհրդաւորութեամբ պահուած կը մնան:

Ընդհանուր եզրակացութիւնը այն էր որ քանի Քոչարեանն էր որ օգտուեցաւ այդ ոճիրին հետեւանքով, ուրեմն ան շահ մը ունեցած պէտք էր ըլլալ: Սակայն, յետագային երբ լրիւ պարզաբանութիւններ չտրուեցան դատավարութեանց ընթացքին՝ կասկածները աւելի եւս թանձրացան Քոչարեանի անձին շուրջ:

Վազգէն Սարգսեան հսկայ ժողովրդականութիւն կը վայելէր. այդ ժողովրդականութեան ուժով տապալած էր Լեւոն Տէր Պետրոսեանի իշխանութիւնը եւ, բնականաբար, կը սպառնար նաեւ Քոչարեանի հեղինակութեան:

Որպէսզի հասարակութիւնը ձերբազատուի այս կասկածներէն եւ վարկածներէն՝ պէտք է որ բացուին հին թղթածրարները եւ խոստովանութեան հրաւիրուին վկաները: Կարգ մը մեկնաբաններ կը հաւատան թէ Զօր. Մանուէլ Գրիգորեան կրնայ գաղտնազերծումներ կատարել այդ ուղղութեամբ:

Ոմանք կը պնդեն թէ ռուս լրտես Լիթվիենքօ, որ թունաւորուելով մահացաւ Լոնտոնի մէջ, յայտնած ըլլայ թէ ռուսական գործակալներուն մատը կայ այդ ոճիրին մէջ: Թող բացուին թղթածրարները եւ արձակուին արդար վճիռները: Ի վերջոյ ժողովուրդը իրաւունք ունի պահանջելու իրականութիւնը:

Քոչարեան նաեւ համարատու է իր դիզած հսկայ հարստութեան մասին: Կ՚ըսուի թէ իր անձնական հարստութիւնը կը հասնի 4 միլիար ամերիկեան տոլարի: Իսկ իր ընտանիքով՝ 10 միլիարի: Ոչ միայն զարմանալի է, այլ զարհուրելի է որ երկրի մը մէջ ուր ժողովուրդին կէսը կիսագաղձ է՝ նախագահը տէրը դառնայ այդպիսի հսկայ հարստութեան մը: Այս ոճիրը նոյնքան ծանրակշիռ է որքան նախորդ երկուքը, որովհետեւ աղքատութիւնը պատճառ դարձաւ ճակատագրական հայաթափումի:

Ի դէպ, Հայաստանի արտաքին պարտքը 7.5 միլիար ամերիկեան տոլար է. միայն Քոչարեանի ընտանիքին կուլակաթափումը կրնայ աւելիով հատուցանել Հայաստանի արտաքին պարտքը:

Քանի արդարադատութեան անիւները սկսած են ուղիղ եւ սահուն կերպով ընթանալ, ժողովուրդը պարտի զսպել իր զայրոյթը եւ նուիրուիլ հայրենակերտումի լուրջ աշխատանքին: Հասած է ահեղ դատաստանի օրը:

Այս անգամ՝ երաշխաւորուած է յաջողութիւնը:

Խմբագրական «Պայքար»ի, Պոսթոն

 

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 8, 2018