ԽԱՂՈՂՕՐՀՆԷՔԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնի օրը՝ Սուրբ Պատարագէն յետոյ, կը կատարուի խաղողօրհնութեան կարգ եւ ապա օրհնուած ողկոյզները կը բաշխուին ժողովուրդին։

Խաղողօրհնութեան արարողութիւնը թէեւ երեւութապէս որեւէ կապ չունի Վերափոխման տօնին հետ, բայց իմաստի եւ խորհուրդի տեսակէտէ կարելի է սերտ կապակցութիւն նկատել Սուրբ Աստուածածնի եւ խաղողօրհնէքի միջեւ։

Դրախտէն վտարուելէն ետք, մարդը իշխան կարգուած էր ամբողջ երկրի վրայ եւ պատասխանատու՝ անոր տնտեսութենէն։ Ուստի անիկա անիծուելով՝ անիծուած է նաեւ անոր ամբողջ իշխանութիւնը, այսինքն՝ ամբողջ երկիրը՝ իր կենդանիներով եւ բոյսերով միասին։ Իսկ երբ, Միածին Որդիի գալուստով, կրկին կ՚օրհնուի մարդկային բնութիւնը, ապա վերստին կ՚օրհնուին նաեւ բոլոր զգալի արարածները։ Սակայն բոլոր պտուղներէն առաւել կ՚օրհնուի խաղողի ողկոյզը, քանի որ Տէրը խաղողի որթը, ամենազօրաւոր ծառերէն աւելի վեր բարձրացուց եւ առաւել եւս պատուեց, քան միւս տունկերը՝ զԻնք խաղողի որթ անուանելով ըստ այն խօսքին, թէ՝ «Ես եմ ճշմարիտ որթատունկը» (ՅՈՎՀ. ԺԵ 1)։ Իսկ Տիրոջ սիրով եւ հաւատով կապուածները «ճիւղեր» անուանեց, ըստ այն խօսքին, թէ՝ «Ես եմ որթատունկը եւ դուք՝ ճիւղերը» (ՅՈՎՀ. ԺԵ 5)։ Մինչ Հայրը անուանեց «Մշակ» որպէսզի Հայրը էտելով, այսինքն՝ ծառին անպէտ ճիւղերը կտրելով եւ որթատունկը՝ անիկա պտղաբեր, արդիւնաբեր կ՚ընէ արդարութեան գործին, իսկ էտուած՝ կտրուած, անջատուած ճիւղերը յաւիտենական կրակի նիւթ կը դարձնէ։ Այնուհետեւ գինին՝ խաղողի արիւնը, Միածին Որդին Իր փրկական Արեան նիւթ ըրաւ եւ Վերնատան մէջ Իր ձեռքերուն մէջ վերցնելով՝ օրհնեց՝ ըսելով. «Սա է Նոր Ուխտի Իմ Արիւնը» (ՄԱՏԹ. ԻԶ 28), որով մենք գնուեցանք բոլորս եւ ազատուեցանք մեղքերու կապանքներէն եւ ծառայութենէն ե՛ւ մահէն։

Այդպիսով խաղողը կրկնակի օրհնութեան արժանացաւ՝ օրհնուելով եւ առաջին արարչագործութեան ժամանակ, եւ երկրորդ՝ որը եւ ամէն տարի որպէս մեր արտերու, դաշտերու եւ այգիներու երախայրիք կը նուիրենք Աստուծոյ, ինչպէս եւ հինէն էր ընդունուած, որպէսզի այդ մասնաւոր ընծայով բոլոր պտուղները օրհնութիւն ընդունին։ Արդէն երբ խաղողը կ՚օրհնուի, կ՚օրհնուին նաեւ բոլոր պտուղները։

Ահաւասիկ, այդ պատճառով ալ Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնին, Սուրբ Պատարագէն յետոյ, կը կատարուի հանդիսաւոր Խաղողօրհնէքի արարողութիւնը, որու ընթացքին քարոզով՝ սարկաւագի յայտարարութեամբ գոհութիւն կը յայտնենք բարերար Աստուծոյ՝ մեզ առատապէս պարգեւած՝ հանդերու՝ արտերու եւ դաշտերու եւ այգիներու բերքին համար եւ կը խնդրենք, որպէսզի Ան՝ Ամենաբարին օրհնէ տաճարին՝ եկեղեցւոյ ընծայուած խաղողի այս պտուղները Իր սկզբնական օրհնութեամբ եւ շնորհէ մեզի որպէս «գինի» ուրախութեան եւ «կերակուր» առողջութեան։

Արդարեւ, Աստուծոյ օրհնութեամբ եւ շնորհով մեզի ընծայուած ամէն պտուղ եւ այն պտուղները ներկայացնող ամենէն ազնիւ պտուղը՝ խաղողը ուրախութեան եւ առողջութեան պատճառ կը հանդիսանայ մեր իւրաքանչիւրին հոգիին եւ մարմնին։

Խաղողօրհնէքի արարողութեամբ, միաժամանակ կը դիմենք Սուրբ Աստուածածնի բարեխօսութեանը՝ որ մեր առաջնակարգ բարեխօսն է Իր մայրական սիրով՝ որուն միջոցով մեզի տրուեցաւ կեանքի եւ անմահութեան Ճշմարիտ Պտուղը՝ Յիսուս Քրիստոս։

Արդարեւ, Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման օրը խաւարեալները հաւատալով լուսաւորուեցան, եւ բազմաթիւ հրեաներ եւ հեթանոսներ Քրիստոսով մկրտուեցան։ Առաքեալները սաղմոսներով եւ օրհնութիւններով, Սուրբ Աստուածածնի օրհնեալ մարմինը գերեզման դրին, ծածկեցին եւ պահպանեցին երեք օր։

Երեք օր յետոյ, առաւօտեան, անմարմիններու բանակները իջան գերեզմանին վրայ, ապա մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս լուսափայլ ամպով եւ հրեշտակներով մօտեցաւ Սուրբ Կոյսի գերեզմանին եւ կնքուած գերեզմանէն, առանց խախտելու կնիքը, վերցուց անոր աստուածընկալ մարմինը եւ վերացաւ երկինք։ Տէրը, մարմինը տանելով՝ միաւորեց զայն հոգիի հետ եւ հանգչեցուց փառքի աթոռին՝ Իր աջ կողմը՝ ըստ Սաղմոսերգուի խօսքին, որ կ՚ըսէ. «Թագուհին քու աջ կողմդ կը կանգնի Ոփիրի ոսկիով զարդարուած» (ՍԱՂՄ. ԽԵ 9)։

Այլեւս առաքեալները չլսեցին հրեշտակներու ձայներ՝ Սուրբ Կոյսին թափուր գերեզմանէն, քանի որ ան կատարելապէս յարութիւն առաւ եւ երկինք վերափոխուեցաւ։

Ուստի փառաւորուեցաւ Աստուածածին Կոյսը Իր փառաւորեալ Որդիով՝ Աստուծմով, քանի որ ճաշակեց անմահութեան բաժակը։ Եւ ան միշտ կը բարեխօսէ մեզի համար։

Շնորհաւո՜ր ըլլան բոլոր մայրերը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օգոստոս 6 2018, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Օգոստոս 10, 2018