ԱՆՏԵՍԱՆԵԼԻՆ ԵՒ ԱՐԵՒԸ
Աստուծոյ ստեղծագործութեան ընդհանուր ծրագրին մէջ «արեւ»ն է միշտ յաղթականը եւ յաւիտենականը՝ ճշմարտութեան լոյսը եւ արդարութիւնը, եւ սէրը, եւ Աւետարանը, եւ Աստուած, իր նկարագրին, իր բնութեան, իր իմաստութեան լիակատար յայտնութիւնովը յանձին Յիսուս Քրիստոսի։
Աստուած՝ անտեսանելին Ինքզինք կը յայտնէ տեսանելի լոյսով, լոյսին աղբիւրով՝ որուն մէջ կայ սէր եւ իմաստութիւն, եւ բոլոր աստուածային մշտնջենաւոր եւ անայլայլելի նկարագիրը։
Աստուած լոյս է, լոյսին ակն է, որ կը լուսաւորէ համայն տիեզերքը եւ միանալով իմաստութեան՝ համայն մարդկութիւնը։ Ուստի մարդ արարածին նկարագիրն է լոյսը եւ իմաստութի՛ւնը։ Եւ մարդիկ, ընդհանրապէս անտարբեր՝ լոյսին եւ իմաստութեան, իրենց աչքերը կը սեւեռեն, կը կեդրոնացնեն արուեստական լոյսին, եւ չեն անդրադառնար իրական Լոյսին։ Մարդիկ տեսնել կ՚ուզեն միշտ արտաքին տեսանելի աշխարհը եւ կը խուսափին նայելու իրենց ներաշխարհին, կը հրապուրուին արուեստական լոյսով եւ կ՚անտեսեն ճշմարիտ Լո՛յսը…։
Այս երեւոյթը բնական է դարձած մանաւանդ մեր օրերուն, երբ մարդիկ, ընդհանրապէս իրենց աչերը յառած եւ կառչած կը պահեն զանազան պատկերացիր գործիքներու՝ հեռուստացոյցի, համակարգիչի պատուհաններուն, դիտելու համար զանազան պատկերացումներ, պատկերասփռումներ, որոնք կը հրապուրեն մարդոց միտքերը եւ հոգիները, որոնք կը տարուին՝ մոռնալու եւ զանց առնելու աստիճան իրական աշխարհը, ճշմարիտը եւ ճշմարտութիւնը։ Եւ մարդիկ, երեւակայական, մտացածին աշխարհի մը մէջ հետզհետէ կը հեռանան իրական աշխարհէն, իրական կեանքէն եւ իրենք զիրենք կը կորսնցնեն այդ մտացածին, ժամանակաւոր եւ արուեստական աշխարհին մէջ։ Մարդիկ կը տարուին մարդոց բեմադրած բեմադրութիւններէն, փոխանակ վայելելու աստուածային ճշմարիտ շնորհները, պարգեւները։
Մարդիկ, ընդհանրապէս կը յագեցնեն իրենց աչքերը այդ մարդաձեռակերտ գործիքներու մտացածին պատկերասփռումներով, եւ կ՚անտեսեն աստուածային ճշմարիտ ձրի պարգեւները եւ քաղցած՝ անօթի կը թողուն իրենց հոգիները…։
Եւ ո՜րքան սովորական, ո՜րքան բնական է դարձած այս երեւոյթը մարդոց կեանքին մէջ, սկսելով մանուկ հասակէն իսկ, հեռո՛ւ հոգեւոր արժէքներէ եւ մօտ՝ նիւթականին, որ կը նշանակէ՝ անտեսել անտեսանելին եւ փարիլ միայն տեսանելիին։ Բայց կան ողջամիտ, իրատես անձեր բարեբախտաբար, որոնք կը սիրեն իրենց աչերը յառած պահել այն հրաշալի համայնապատկերին՝ զոր Աստուած՝ իր հրաշալի՜ ստեղծագործութիւնովը կը ցուցադրէ Բնութեան լայնատարած բեմին վրայ։
Եւ մարդիկ՝ ի՛նչ որ ալ հնարեն, ի՛նչ որ ալ յօրինեն իրենց հանճարովը, չե՛ն կրնար երբեք մրցիլ Աստուծոյ հետ, աստուածային հրաշալի ստեղծագործութեան հետ։
Արդարեւ, մարդոց գործերուն վրայ նայելով եւ արդարացում կարելի է գտնել Սաղմոսերգուին փաղաքշիչ այն վկայութեան, թէ՝ մարդ էակը «հրեշտակներէն քիչ մը վար» դրած է Աստուած։ Կը հաւատանք - չէ՞ որ մարդս «Աստուծոյ պատկերով»ը եւ Անոր նմանութեամբ ստեղծուած է։ Բայց միւս կողմէ, ո՞վ երբեք կարող է Աստուծոյ մեծութիւնը, ամենակարողութիւնը չափել, կամ սահմանել, կամ ըմբռնել։ Ուստի, մարդս, կարելի է բաղդատել հրեշտակներուն հետ, սակայն Անբաղդատելիին հետ, Անբովանդակելիին հետ՝ երբե՛ք։
Մարդուս պարտ է նայիլ եւ խորհիլ Աստուծոյ գործերուն, հրաշալիքներուն վրայ, որպէսզի Աստուծոյ մեծութիւնովը գրաւուի, յափշտակուի՛։
Հեռուստացոյցի կամ համակարգիչի պատուհանին առջեւ գամուած մնացածներ անդրադառնալու են, որ Աստուած ամէն տեղ է, անշուշտ ամենատես եւ ամենատեսանելի է, բայց եւ մանաւանդ բլուրներու վրայ՝ քաղաքներու ժխորէն հեռո՛ւ, կարծես Աստուած իր փառքը հագած բազմած է երկինքի «բիւրեղեայ պատուհան»ին առջեւ, որպէսզի անոնք որ իրենց աչքերը գոնէ պահ մը անջատեն, կարենան հեռացնել «արուեստական պատուհան»էն, եւ դէպի բլուրները վերցնեն՝ անդրադառնան, «տեսնեն», դիտեն եւ վայելեն Աստուծոյ ճշմարիտ վեհափառ ներկայութիւնը։ Դժուար չէ ասիկա, կ՚արժէ փորձել անգամ մը…։
Եւ այսպէս, սիրելի՜ բարեկամներ, իրիկնամուտի այն խորհրդաւոր պահուն երբ արեւը կը պատրաստուի հետզհետէ գլտորուիլ հեռաւո՜ր լեռնագագաթներու ետին, բայց այդ «հրավառ գունտ»ը յանկարծ կը քօղարկուի մութ ամպերով, որոնք լեռնագագաթներուն վրայ դարանակալ են եղած կարծես ճիշդ այդ դերին համար։ Եւ կը սկսի յաւիտենական պայքարը մութին եւ լոյսին՝ խաբէականին եւ ճշմարտութեան։
Եւ այդ մութ ամպերը կ՚ըսեն աշխարհի, ի՛նչ որ կ՚ըսէ ամբողջ աշխարհը Յիսուս Քրիստոսի. «Մենք յաղթեցի՛նք…», եւ կը շարունակեն. «Ահաւասիկ, արեւին փառքը խափանեցինք, մեր սեւ փեղկերով պատեցինք եւ մեր խաւար փէշերուն մէջ ծրարելով խափանեցինք՝ անոր ոսկեղէն շողերը…»։
Հաւատա՞նք այս խաբեբատիր ամպերուն գոռոզ յայտարարութեան։ Բայց ինչպէ՞ս չհաւատալ, քանի որ տիրող մթութիւնը կը հաստատէ յայտարարութիւնը առերեւոյթ։
Բայց պէտք է սպասել՝ սպասել տակաւին նայելով դաւադիր մութ ամպերուն, եւ ի՜նչ հրաշք. ամպերը կը ժողվեն իրենց սեւ փէշերը, եւ հալածական ուրուականներու պէս, կ՚անհետանան եւ արեւը իր լոյսովը ահաւասիկ, անգամ մըն ալ կ՚ողողէ երկիրը։
Արդար ըլլանք եւ հալածուինք. հոգ չէ՛։
Հալածանքը եւ խաչը պատահական եւ անցաւոր են, արդարութիւնը եւ ճշմարտութիւնն է, որ կը մնայ անխափան, յաւիտեա՛ն։
Մահը, սեւ քօղն է միայն յաւիտենական կեանքին, ինչ որ դրական ուժ մըն է, տեւական է եւ վճռակա՛ն։ Ժխտական ուժերն են, որ ժամանակաւոր են, մեր յուսահատ վայրկեաններուն կը կարծենք, թէ Սատանան իր բացարձակ տիրակալութեան տակ է առած աշխարհը եւ «պարտուած», «գահազրկուած» է Աստուած։
Սպասէ՛, սիրելի՜ բարեկամ, մինչեւ որ սեւ ամպերը փախչին Աստուծոյ շունչովը եւ Իր կամքին տիրականութիւնը յայտնուի։
Մեղքը, ցաւը, վիշտը, նեղութիւնները իրենց ամբողջ սեւութեամբը չե՛ն կրնար սըր-բութեան եւ առաքինութեան «արեւ»ը՝ «Լոյս»ը եւ «Յոյս»ը մնայուն կերպով քօղարկել։ Յաղթականը միշտ լո՛յսը պիտի ըլլայ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 11, 2018, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/26/2024
- 11/26/2024