Հոգեւոր հովիւի փոփոխութեան հարցին շուրջ Պատրիարքարանի եւ Կէտիկփաշայի թաղային խորհուրդին միջեւ փոխըմբռնում գոյացաւ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ վերջին օրերուն Պատրիարքական Աթոռի եւ Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին միջեւ փոխըմբռնման մթնոլորտ մը գոյացած է՝ հոգեւոր հովիւի պաշտօնավարութեան վայրի հարցին շուրջ։ Ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի եւ Կէտիկփաշայի թաղային խորհուրդի ատենապետ Յարութիւն Շանլըի միջեւ։ Այս տեսակցութիւնը կարեւոր էր, որովհետեւ համայնքային կեանքէ ներս կանխուեցաւ լարուածութիւնը։
Ինչպէս ծանօթ է, անցեալ զատկուան շրջանէն ի վեր Պատրիարքարանի եւ Կէտիկփաշայի թաղային խորհուրդին միջեւ խնդրոյ առարկայ էր դիմադրութիւն մը։ Պատրիարքական Աթոռը յարմար դատած էր փոփոխութեան ենթարկել Կէտիկփաշայի հոգեւոր հովիւ Տ. Զաւէն Քհնյ. Պըչաքճեանի պաշտօնավարութեան վայրը։ Թաղային խորհուրդը համամիտ չէր եղած նման կարգադրութեան մը եւ ծագած էր լուրջ բանավէճ մը՝ համայնքային մամուլին մէջ արձագանգ գտած սուր քննադատութիւններով հանդերձ։ Այդ թէժ իրավիճակին մէջ ժամանակ շահելու եւ հարցի լուծման տեսակէտէ նպաստաւոր մթնոլորտ մը ստեղծելու առաջադրութեամբ շինիչ միջնորդութիւնով մը հանդէս եկած էր Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու։ Այս վերջնոյն խնդրանքին ընդառաջ՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան որոշած էր տնօրինութիւնը յետաձգել մինչեւ Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տաղաւարը։
Մինչ այդ ժամկէտը վրայ հասաւ, համայնքային շրջանակներ մտահոգութեամբ հետեւեցան այն ազդանշաններուն, որոնք հաւանական կը դարձնէին Պատրիարքարանի եւ Կէտիկփաշայի թաղային խորհուրդի միջեւ նոր լարուածութիւն մը։ Այս պարագան թէ՛ խոր ցասում եւ թէ մտահոգութիւն յառաջացուց համայնքային շրջանակներէն ներս։ Արդարեւ, ոեւէ մէկը կողմնակից չէր նոր լարուածութեան մը, որովհետեւ արդէն մեր համայնքային կեանքը ծանրաբեռնուած է լարուածութիւններով։
Ահա այսպիսի իրավիճակի մը մէջ տեղի ունեցաւ Գումգաբուի հանդիպումը Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի եւ Յարութիւն Շանլըի միջեւ։ Ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, թէ՛ ընդհանուր փոխանորդը եւ թէ ատենապետը պաղարիւն եւ հասուն մօտեցում մը ցոյց տուած են հաշուի առնելով մեր համայնքի գերագոյն շահերը։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան մատնանշած է, որ ըմբռնումով կը մօտենայ Կէտիկփաշայի հոգեւոր հովիւի եւ թաղային խորհուրդի համերաշխ գործակցութեան եւ միասնութեան նախընթացներուն, սակայն հոգեւոր հովիւներու պաշտօնավարութեան վայրերու տնօրինութիւնը կը վիճակի բացառապէս Պատրիարքական Աթոռին։ Հաշուի առնելով նաեւ մօտաւոր անցեալին ստեղծուած սուր բանավէճի մթնոլորտը՝ նորին սրբազնութիւնը դիտել տուած է, որ տնօրինութեան յետս կոչուիլը կրնայ վնաս հասցնել Պատրիարքական Աթոռի հեղինակութեան, որովհետեւ կրնայ տեղի տալ կրկնակի չափանիշներու տպաւորութեան։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան հայրաբար բացատրած է, որ մեր համայնքային կեանքէն ներս յարգանք պէտք է ցուցաբերել բոլոր կառոյցներու լիազօրութիւններու շրջագծին նկատմամբ։
Իր կարգին, Յարութիւն Շանլըն ալ նշած է, որ ինք եւ իր գործակից ընկերները կը յարգեն Պատրիարքական Աթոռի հեղինակութիւնը եւ կողմնակից չեն նոր տագնապ մը, նոր պառակտում մը ստեղծելու համայնքային կեանքէն ներս։
Զրոյցի տեւողութեան ընդհանուր փոխանորդը տեղեկացուցած է, որ Տ. Զաւէն Քհնյ. Պըչաքճեան յառաջիկայ շրջանին պիտի պաշտօնավարէ Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։ Իր կարգին, ցարդ Օրթագիւղի մէջ պաշտօնավարող Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեանն ալ յառաջիկայ շրջանին պիտի պաշտօնավարէ Նարլըգաբուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ։ Արդարեւ, այս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Տիրան Ա. Քհնյ. Րէիսեան առողջական պատճառներով ի վիճակի չէ պաշտօնավարելու։ Նորին սրբազնութիւնը յայտնած է, որ այս իրավիճակին մէջ պատրաստակամ է նոր հոգեւոր հովիւ մը նշանակել Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ համար եւ այդ նշանակման պարագային հաշուի առնել Կէտիկփաշայի թաղային խորհուրդի նախասիրութիւնը, եթէ գոյութիւն ունի։
Հանդիպման ընթացքին Յարութիւն Շանլը նշած է, որ խնդիրը իր գործակից ընկերներուն հետ քննութեան կ՚ենթադրէ թաղային խորհուրդի այսօրուան ժողովին ընթացքին եւ ըստ այդմ կը յստականան յառաջիկայ շրջանի իրադարձութիւնները։ Ան միեւնոյն ժամանակ տեղեկացուցած է, որ Կէտիկփաշայի եկեղեցին յառաջիկայ շրջանին պիտի ենթարկուի ընդհանուր բարենորոգութեան եւ մաքրութեան։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան գնահատած է այս դրական կեցուածքը։ Ան նշած է, որ ներկայ լուծումը թէ՛ Պատրիարքական Աթոռի եւ թէ Կէտիկփաշայի թաղային խորհուրդին տեսակէտէ անպատեհութիւն մը չի ստեղծեր։ Աւելի՛ն, այս լուծումը Տ. Զաւէն Քհնյ. Պըչաքճեանի պարագային ալ եղած է ընդունելի։ Որքան որ ալ հոգեւոր հովիւը ուղղակիօրէն ենթակայ ըլլայ Պատրիարքական Աթոռի տնօրինութեան՝ ի վերջոյ նպատակայարմար է անոր ալ յօժարակամութիւնը եւ այս պարագային Տ. Զաւէն Քհնյ. Պըչաքճեան ցանկալի համարած է Օրթագիւղի մէջ պաշտօնավարելու հեռանկարը։
Այսպէսով, վերջին երկու օրերուն համայնքային շրջանակները լաւատեսութեամբ տրամադրուած են՝ հետեւելով այս երկխօսութեան ջանքերուն եւ լուծման կամքին։ Բոլորի գնահատանքին առարկայ կը դառնայ այստեղ դրսեւորուած հասունութիւնը եւ փոխադարձ յարգանքը։ Այս խնդրին լուծումը յատկանշական է նաեւ այն առումով, որ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի եւ Յարութիւն Շանլըի անձնական յարաբերութիւններուն մէջ ալ խնդիրներ կուտակուած էին վերջին շրջանին։ Այժմ, անոնք յաջողած են անձնական խնդիրները շրջանցելով լուծում մը գտնել համայնքային հարցի մը համար՝ առանց իրարու լիազօրութիւններու դէմ ոտնձգութեան, միասնականութեան ոգիով եւ փոխադարձ յարգանքի հիման վրայ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ