«ԴԱՄՈԿԼԵԱՆ ՍՈՒՐ»Ը
Պատիժը եւ հատուցումը «Դամոկլեան սուր» մըն է, որ զսպուած կը պահէ մարդուս զանազան կիրքերը։ Պատիժի, հատուցման, նախատինքի, անպատուութեան վախը «բարերար թումբ» մըն է օրինազանցութեան եւ ընկերային զանազան զեղծումներու դէմ։ Սա իրականութիւն մըն է, թէ՝ եթէ վերջանայ պատիժի, հատուցման ազդեցութիւնը, եւ վերցուի այն ազդու «Դամոկլեան սուր»ը՝ անիրաւ ի՜նչ արարքներ, անարդարութիւններ, զսպուած որքա՜ն կիրքեր ոտնակոխ պիտի ընեն ամէն օրէնք, կանոն, կարգապահութիւն եւ ընկերային կեանքը չափաւորող սահման։ Այս իմաստով, պատիժի եւ հատուցման վախը կարեւոր եւ որոշիչ ազդա՛կ մըն է։
Ուստի, շատ անգամ, «բարոյական գաւազան» մը անհրաժեշտ գործիք կը դառնայ անոնց ձեռքը՝ որ ընկերային համերաշխութիւնը եւ խաղաղութիւնը ապահովելու եւ տեւականացնելու պարտաւորութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը ունին։
Միայն բնազդով ապրող անբան-անասուն կենդանիներու, բանականութեան-տրամաբանութեան ձայնին չանսացողներու, նկատի չառնողներու եւ կամ «անհաւասարակշիռ միտք»երու համար կարեւոր եւ անհրաժեշտ «զսպանակ» մըն է «վախի զգացում»ը՝ որուն գործին է «բարոյական գաւազան»ը։
Արդարեւ, «Դամոկլեան սուր» մըն է վախը եւ «բարոյական գաւազան»ը անոնց գլխուն վրայ, որ օրինազանց են եւ անտարբեր՝ ամէն կարգ եւ կանոնի։
Անշուշտ «վախ»էն եւ «բարոյական գաւազան»էն ուրիշ լաւագոյն միջոցներ ալ կրնան գտնուիլ՝ բանաւոր ընթացքով ապրիլ, գործել եւ մանաւանդ իր «Ես»էն զոհել սորվելու համար։ Եւ այդ «լաւագոյն միջոց»ներու կը սպասուի մանկավարժ, հմուտ, նուիրուած ճշմարիտ դաստիարակներէ՝ որոնք ապագան կերտելու սրբազան պաշտօնը ունին՝ ազնիւ նկարագրով անձեր, զարգացած միտքեր հասցնելով։
Աւելի շատ ընկերային-հասարակական կեանքի հետ կապ ունի այս տեսակ «վախ»ի դրութիւն մը։ Բայց մարդ ունի նաեւ անհատական-առանձնական կեանք մըն ալ։ Ուստի «վախ»ի մտրակէն կամ «բարոյական գաւազան»էն եւ կրթութեան համոզկեր ձայնէն զատ, մարդուս մէջ գոյութիւն ունի նաեւ ուրիշ, տարբեր ձա՛յն մըն ալ։ Այս ձայնը՝ որպէս հակակշիռ դրուած է «բարոյական եւ բանաւոր էակ»ին՝ մարդուն մէջ, եւ «խի՛ղճ» կ՚անուանենք զայն, ինչ որ ոմանք իմացական կարողութիւն մը, ուրիշներ բարոյական զգացում մը կը համարեն։
«Ներքին աչք»ն է այդ ձայնը՝ խիղճը՝ որ ուղիղը եւ սխալը, շիտակը եւ շեղածը, չարը եւ բարին, վնասակարը եւ օգտակարը, տգեղը եւ գեղեցիկը, սուտը եւ իրաւը, արդարը եւ անիրաւը ցոյց տալու կարեւոր պաշտօն մը ունի։ Խիղճը հոգիին եւ մտքին ուղեցո՛յցն է, «փարոս» մը ալեկոծ հոգիներու համար։
Մարդ էակին մէջ, իր ապրած շրջանին եւ ստացած կրթութեան եւ դաստիարակութեան համեմատ՝ բարոյական-բնական օրէնքին ստուգանի՛շն է այն՝ որ բանաւորը անբանէն եւ ասունը անասունէն կը զանազանէ։ Անաչառ՝ արդարադատ դատաւոր մը՝ որ իր լուսաւորուած դիրքին եւ վիճակին մէջ, մարդկային ընկերական եւ պետական օրէնքներէն ալ արդա՛ր է, եւ կը դատապարտէ յաճախ ի՛նչ որ օրէնքը «անմեղ» եւ «անպարտ» արձակած եւ հռչակած է, եւ օրէնքով դատապարտուած անմեղին սրտի ամենայն հանգստութիւն կը պարգեւէ։ Եւ անաչառ եւ արդար դատաւորին սաստը եւ պատիժը ենթակային հետ կ՚երթան, եթէ ան Կայէնի պէս երկրէ երկիր ալ թափառի։
Արդարեւ, ի՞նչ է արդարութիւնը։
Արդարութիւնը. «Աղքատին կամ տկարին հանդէպ աչառութիւն չընել է, իսկ հարուստին կամ զօրաւորին ալ նախասիրութիւն չընել է», (ՂԵՒ. ԺԹ 15)։ Այս կը նշանակէ, թէ օրէնքին նկատմամբ ամէն մարդ հաւասար է եւ օրէնքը պէտք է կիրարկուի ո՛չ թէ ենթակայական, այլ առարկայակա՛ն մօտեցումով։
Արթուն, առողջ եւ յստակատես խիղճի մը խայթը՝ Վիքթոր Հիւկոյի նկարագրած կերպով՝ կը թափանցէ երկաթեայ հաստաբեստ պարիսպներէն ալ ներս, եւ շեշտակի եւ անողոք ձեւով կը նայի ոճրապարտ Կայէնին։
Արդարեւ, յանցաւորի մը խիղճը տարբեր կերպով մըն ալ կը պատժէ մարդը. աննը-պաստ եւ թշնամական նշանակութիւն կու տայ ամենէն պարզ երեւոյթներուն ալ։ Անմեղ ժպիտը «հեգնական ակնարկութիւն» մը կը նկատէ եւ անտարբեր եւ անգիտակ մարդոց դէմքին վրայ արհամարհանք կը տեսնէ։ Ուստի, անվնաս բառ մը՝ իր երեսին նետուած դատավճիռ մը ըլլալ կը կարծէ։ Եւ իր ծանօթ բարեկամներուն մէջ իսկ թշնամիներ կը տեսնէ։ «Ամբարիշտը առանց մէկու մը հալածելուն կը փախչի»։ Մէկ խօսքով, առողջ խիղճին խայթը դժո՛խք մըն է երկրի վրայ։
Բայց այս դժոխքը միեւնոյն ատեն բանական էակին, այսինքն մարդուն մէջ ուղղութեան եւ արդարութեան աստուածատուր սկզբունքներուն գոյութիւնը կը շեշտէ։ Եւ մանաւանդ աւելի՛ երանելի է խղճի խայթին չարչարանքը կրող անձը, քան մեռած խիղճերու պարգեւած խաղաղութիւնը եւ երկինքը վայելողը. քանի որ այս վերջինին մէջ «բարոյական մարդ»ը նեխած դիակ մըն է միա՛յն…։
Անհատին խիղճը՝ որ ո՛չ թէ միայն մարդուն ուղիղ, մաքուր, արդար եւ պատուաւոր կեանքի մը առաջնորդը, այլ նաեւ համայնքին՝ հասարակութեան օգտին ծառայող ուժեղ ազդակ մըն է, կրնայ յաճախ քունի կամ թմրութեան վիճակի մը, նոյնիսկ բոլորովին մահացումի ենթարկուիլ։
Խղճի դէմ գործուած որեւէ արարքի մը մասին մարդուն թոյլատու եւ ներողամիտ ընթացքը դէպի վա՛ր քայլ մըն է, եւ եթէ ենթական չանդրադառնայ այս ցաւառիթ սայթաքումին, վայրէջքը հետզհետէ աւելի՛ ուժգին եւ ահաւոր կը դառնայ։ Եւ ո՛չինչ աւելի ցաւալի եւ ողբալի է քան մեռած եւ թաղուած խիղճի մը գերեզմանը…։
Անձնական շահերու, ակնկալութիւններու, աշխարհային զբաղումներու, հաճոյքներու, կիրքի եւ փառքի հարուածներու ներքեւ, խիղճը օրէ օր կ՚ընկճուի, կը շշմի, կ՚անգիտակցի եւ վերջապէս կը մահանա՛յ։
Անգիտակից եւ թերեւս գիտակից այս մահացումին չարիքը կ՚անդրադառնայ նաեւ ընկերութեան վրայ։ Հասարակութեան մէջ առաջնորդելու դեր ունեցող անձեր յաճախ ստիպուած կ՚ըլլան թոյլ ընթացք մը ունենալ, նոյնիսկ «աչք գոցել» դատուելու համար իրենց առջեւ բերուած օրինազանց եւ զեղծանող անձերու արարքներուն, գոնէ անտարբեր վարմունք ունենալ, քանի որ ասոնք կերպով մը իմացած են զիրենք դատելու պաշտօն ունեցող անձին ապօրէն մէկ արարքը…։
Դատողը եթէ մաքուր խիղճ եւ կեանք չունի, համարձակութիւն չ՚ունենար յանցաւորին, կամ մեղադրուողին աւելի ճիշդ, հանդէպ գործածել իր բովանդակ հեղինակութիւնը. ուստի, չի կրնար շեշտակի՛ նայիլ անոր աչքերուն մէջ, խրատելով համոզել կամ պատժելու սպառնալիքը ընել։ Բարոյական հեղինակութեան տէր անբասիր եւ մաքուր առաջնորդը ընկերային եւ բարոյական առո՛ղջ կեանքին ամենէն զօրեղ ազդակն է, որ կատարեալ վստահութիւն կը ներշնչէ իր շուրջիններուն։ Վստահութիւն շահիլ՝ ամենամեծ հարստութի՜ւնն է մարդուն…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 15, 2018, Իսթանպուլ