ԱՂՕԹՔ

(ՏԷՐՈՒՆԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ)

«Թող գայ արքայութիւնդ»:

Մեր Տէր եւ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսը, սորվեցնելէ ետք մեզի, թէ մեր Արարիչը, Որուն մէկ Աստուած անունը կու տանք, միաժամանակ Ան մեր բոլորիս Հայրն է, որ երկինքին մէջ կը բնակի1: Հայր, որ անքակտելի կարպով կապուած է Իր զաւակներուն հետ եւ կը նախախնամէ անոնց իւրաքանչիւր քայլը: Ապա, Փրկիչը սորվեցուց մեզի սրբաբանել մեր Հօր՝ Աստուծոյ անունը: Ասոնց յաջորդող ուսուցումով, մեր Տէրը սորվեցուց մեզի խնդրել, որ Հօր Աստուծոյ Արքայութիւնը գայ:

Նոր Կտակարանին մէջ Աստուծոյ Արքայութեան հոշամիշ արտայայտութիւններ են Երկինքի Թագաւորութիւն կամ Աստուծոյ Թագաւորութիւն: Տէր Յիսուս Իր երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին տարբեր-տարբեր կերպերով բացատրեց եւ ներկայացուց, թէ ի՛նչ է Աստուծոյ Արքայութիւնը: Արդարեւ, ի՞նչ կը նշանակէ արքայութիւն կամ ո՞րն է Աստուծոյ Արքայութիւնը: Աստուծոյ Արքայութիւնը հասկնալու համար, պարտաւոր ենք ուշադրութեամբ սերտել մեր Տիրոջ խօսքերը Արքայութեան մասին, որով դիւրութեամբ կրնանք ըմբռնել Արքայութեան ինչութիւնը:

Լերան քարոզի գոհարը կազմող երանիներու շարքին առաջին երանին այսպէս կ՚ըսէ. «Երանի՜ հոգիով աղքատներուն, որովհետեւ անոնց է Երկինքի Արքայութիւնը» (Մտ 5.3). երբ այս երանին եւ «թող գայ արքայութիւնդ» փորձենք իրարու համեմատել, կ՚ունենաք հետեւեալ եզրակացութիւնը, թէ մեր Տէրը սորվեցնելով մեզի ըսել՝ «թող գայ արքայութիւնդ», ատով կը թելադրէ մեզի հոգիով աղքատ ըլլալ, որովհետեւ Իր անսուտ խօսքին համաձայն այդպիսիներուն է Երկինքի Արքայութիւնը:

Նոյն լերան քարոզի ժամանակ, «Օրէնքի ճշմարիտ ուսուցումը» հատուածի աւարտին, մեր Տէրը Իր խօսքը այսպէս կ՚եզրակացնէ. «Կ՚ըսեմ ձեզի, եթէ Աստուծոյ պատուիրաններուն նկատմամբ ձեր հաւատարմութիւնը Փարիսեցիներուն եւ Օրէնքի ուսուցիչներուն ունեցած հաւատարմութենէն աւելի չըլլայ՝ պիտի չմտնէք Երկինքի Արքայութիւնը» (Մտ 5.20). ասկէ ալ կը հասկնանք, որ եթէ Աստուծոյ պատուիրաններուն նկատմամբ ճշմարիտ եւ անկեղծ հաւատարմութիւն չունենանք, չենք կրնար Աստուծոյ Արքայութենէն ներս մտնել, այլ խօսքով՝ երբ Տէրունական աղօթքով կը խնդրենք, որպէսզի Աստուծոյ Արքայութիւնը գայ, այդ խնդրանքով միաժամանակ Աստուծմէ կը խնդրենք իմաստութիւն՝ հաւատարիմ մնալու Իր պատուիրաններուն, որոնց միջոցով արժանի պիտի ըլլանք մտնելու Անոր Արքայութենէն ներս:

Մեր Տէրը նոյն քարոզի ընթացքին, խօսելով Աստուծոյ եւ աշխարհիկ մտահոգութիւններու մասին, Իր խօսքին մէջ այս կերպով կ՚արտայայտուի. «Դուք նախ խնդրեցէք որ Աստուծոյ արքայութիւնը գայ եւ աշխատեցէք իր կամքը կատարել, եւ Աստուած այդ բոլորը աւելիով պիտի տայ ձեզի» (Մտ 6.33). այս նախադասութիւնը կարծէք հաստատումն է Տէրունական աղօթքին մէջ հնչած «թող գայ արքայութիւնդ» արտայայտութեան, աւելի լայն ու հասկնալի կերպով, որով Տէր Յիսուս այստեղ կը թելադրէ մեզի ամէն բանէ առաջ խնդրենք Աստուծոյ Արքայութիւնը, եւ մնացած բոլոր բաները՝ որոնք կապ ունին մեր առօրեային եւ աշխարհիկ կեանքին հետ, Աստուած աւելիով կու տայ մեզի: Այստեղ նաեւ կը հասկնանք Տէրունական աղօթքի տրամաբանական կառուցուածքը, որ կը սկսի նախ եւ առաջ երկնայինի՝ աստուածայինի հետ առընչուած խնդրանքներուն եւ նոր միայն մարդկային խնդրանքներուն, որով աղօթքի սկիզբը կը դաւանինք զԱստուած՝ որպէս մեր երկնաւոր Հայրը, որմէ ետք կը սրբաբանենք՝ փառաբանենք Անոր սուրբ անունը, ապա կը խնդրենք, որպէսզի գայ Անոր արքայութիւնը:

Փարիսեցիները առիթով մը մեղադրեցին Քրիստոսին՝ ըսելով, թէ Ան «Բէեղզեբուղի զօրութեամբ է, որ դեւերը դուրս կը հանէ» (Մտ 12.24), Քրիստոս բացատրելով, որ Իր եւ Բէեղզեբուղին միջեւ որեւէ մէկ կապ չկայ, որովհետեւ թագաւորութիւն մը չի՛ կրնար ինքն իրեն հակառակ ըլլալ (տե՛ս Մտ 12.22-32), Իր խօսքին մէջ հետեւեալը կ՚ըսէ անոնց. «Իսկ եթէ Աստուծոյ Հոգիին զօրութեամբ չար ոգիները կը հանեմ, կը նշանակէ թէ Աստուծոյ թագաւորութիւնը արդէն հասած է ձեզի» (Մտ 12.28). այստեղ, մեր Տէրը յստակ կերպով կը յայտարարէ, թէ Ի՛նքն իսկ է Աստուծոյ Արքայութիւնը, եւ երբ մենք Տէրունական աղօթքով կը խընդ-րենք Աստուծոյ Արքայութեան գալուստը, արդարեւ ուրիշ բան չենք խնդրեր՝ եթէ ոչ Տէր Յիսուսի գալուստը:

Տէր Յիսուս Քրիստոս Աստուծոյ Արքայութիւնը տակաւին կը նմանցնէ՝

ա) Սերմերով ցանուած արտի մը (տե՛ս Որոմին առակը, Մտ 13.24-30. առակին մեկնութիւնը նոյն, անդ 13.36-43):

բ) Մանանեխի հատիկին (տե՛ս Մանանեխի հատիկին օրինակը, Մտ 13.31-32: Մր 4.30-32: Ղկ 13.18-19):

գ) Թթխմորի (տե՛ս Թթխմորին օրինակը, Մտ 13.33-35: Մր 4.33-34: Ղկ 13.20-21):

դ) Պահուած գանձի (տե՛ս Պահուած գանձին օրինակը, Մտ 13.44):

ե) Մարգարիտի (տե՛ս Մարգարիտին օրինակ, Մտ 13.45-46):

զ) Ուռկանի (տե՛ս Ուռկանին օրինակը, Մտ 13.47-52):

է) Աճող սերմի (տե՛ս Աճող սերմին առակը, Մր 4.26-29):

Մատթէոսի աւետարանի 19-րդ գլուխին 14-րդ համարին մէջ, կը կարդանք. «Ձգեցէ՛ք, որ մանուկները ինծի գան, արգելք մի՛ ըլլաք անոնց, որովհետեւ այդպիսիներուն է Երկինքի Արքայութիւնը». այս արտայայտութենէն կը հասկնանք, որ երբ Տէրունական աղօթքով կը խնդրենք Աստուծոյ Արքայութեան գալուստը, ատով Աստուծմէ խնդրած կ՚ըլլանք նաեւ մանուկներու նմանիլ, որովհետեւ մեր Տիրոջ հաստատումով «այսդպիսիներուն է Երկինքի Արքայութիւնը», այլ խօսքով՝ անմեղ, անկեղծ եւ բարի հոգի ունեցողներուն, որովհետեւ մանուկները անմեղութեան, անկեղծութեան եւ բարութեան խորհրդանիշ են:

Նոյն Աւետարանին մէջ կը կարդանք. «Կ՚ըսեմ ձեզի, թէ մաքսաւորներն ու պոռնիկները պիտի կանխեն ձեզ եւ ձեզմէ առաջ պիտի մտնեն Աստուծոյ Արքայութիւնը» (Մտ 21.31). այս նախադաութեամբ ալ կը հասկնանք, որ երբ խնդրենք Աստուծոյ Արքայութեան գալուստը, ատով խնդրած կ՚ըլլանք նաեւ մեր մեղքերուն համար քաւութիւն, որով արժանի կ՚ըլլանք մուտք գործելու Աստուծոյ Արքայութենէն ներս: Արդարեւ, Նոր Կտակարանին մէջ մաքսաւորներն ու պոռնիկները ձեւով մը խորհրդանիշ են ապաշխարող մեղաւորներու, եւ երբ մեր Տէրը այստեղ կ՚ըսէ, թէ այդպիսիները միւս բոլորէն առաջ Երկինքի Արքայութիւն պիտի մտնեն, ատով մեզի կը սորվեցնէ, թէ մենք չե՛նք կրնար Աստուծոյ Արքայութիւն մտնել, առանց մեր գործած մեղքերէն մաքրուելու՝ սրբուելու:

Մարկոսի աւետարանի առաջին գլուխին մէջ հետեւեալը կը կարդանք. «Փրկութեան ժամանակը հասած է եւ եկած՝ Աստուծոյ Արքայութիւնը. ապաշխարեցէք եւ հաւատացէ՛ք Աւետարանին» (Մր 1.15). արդարեւ, վերեւ մէջբերուած համարներուն մէջ տեսանք, թէ Քրիստոս Ինքզինք Աստուծոյ Արքայութեան նմանցուց եւ թէ ինչպէս այնտեղ կրնան մտնել միայն ապաշխարողներն ու սրբուածները: Այստեղ, երբ չորս ձկնորսները՝ Սիմոնը (Պետրոս), Անդրէասը, Յակոբոսը եւ Յովհաննէսը կը հրաւիրէր աշակերտելու Իրեն, այս նախադասութիւնը կ՚ըսէ անոնց, որով կրկին անգամ կը յայտարարէ, թէ Ի՛նքն իսկ է Աստուծոյ Արքայութիւնը, ուր մտնելու համար պէտք ունինք ապաշխարելու եւ հաւատալու Աւետարանին՝ բարի լուրին, որ դէպի Արքայութիւն առաջնորդող ճշմարիտ ճանապարհն է:

Ղուկասի աւետարանին մէջ կը կարդանք. «Ան որ ձեռքը մաճին կը դնէ եւ ետ կը նայի, յարմար չէ Աստուծոյ Թագաւորութեան» (Ղկ 9.62). այսինքն, եթէ մէկը դաւանի եւ ընդունի Յիսուս Քրիստոսը որպէս Տէր եւ Փրկիչ, մկրտուի Սուրբ Երրորդութեան անունով, իր վրայ ընդունելով Սուրբ Երրորդութեան օրհնութիւնը, բայց յետոյ այդ բոլորը մոռնայ, ուրանայ կամ «ապաշխարէ» եւ «ճշմարիտ ճանապարհը գտնէ»2, այդպիսին արժանի չէ Աստուծոյ Արքայութեան: Տակաւին, ան որ յանձն կ՚առնէ Քրիստոսին հետեւիլ եւ ճանապարհին կը զղջայ եւ այլ ճամբայ կը բռնէ, այդպիսին ալ յարմար չէ՛ Աստուծոյ Արքայութեան համար:

Նոյն Աւետարանին մէջ կը կարդանք. «Փարիսեցիներ Յիսուսի հարցուցին, թէ ե՛րբ պիտի գայ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը։ Անիկա պատասխանեց.

-Աստուծոյ թագաւորութիւնը արտաքնապէս տեսանելի նշաներով պիտի չգայ. կամ պիտի չըսեն թէ «ահա հոս է կամ՝ հոն», որովհետեւ ահա Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ձեր մէջ կը գտնուի» (Ղկ 17.20-21). այս պատասխանով մեր Տէրը կրկին անգամ կը խօսի այն ճշմարտութեան մասին, թէ Ի՛նքն է Աստուծոյ Արքայութիւնը: Ուստի, կրկին անգամ կը հանդիպինք այն ճշմարտութեան, որ Տէրունական աղօթքով Աստուծոյ Արքայութեան գալուստը խնդրելով, զՔրիստոս է, որ կը խնդրենք:

Նոյն Աւետարանին մէջ կը կարդանք. «Վստահ եղէք, ով որ կը ձգէ տուն, ծնողք, եղբայրներ, կին եւ կամ զաւակներ՝ Աստուծոյ արքայութեան համար, ներկայ կեանքին մէջ բազմապատիկը պիտի առնէ եւ գալիք աշխարհին մէջ՝ յաւիտենական կեանքը պիտի ժառանգէ» (Ղկ 18.29-30). սա եւս յայտարարութիւն մըն է այն մասին, թէ երբ կը խնդրենք Աստուծոյ Արքայութեան գալուստը, ատով կը խոստանանք հետեւիլ Քրիստոսի եւ հաւատարմութիւն ցուցաբերել Անոր պատուիրաններուն նկատմամբ. «Ան որ իր խաչը չ՚առներ եւ Ինծի չի հետեւիր, արժանի չէ Ինծի» (Մտ 10.38). «Եթէ մէկը ուզէ Ինծի հետեւիլ՝ թող ուրանայ իր անձը, առնէ իր խաչը եւ ետեւէս գայ» (Մտ 16.24). այսինքն՝ եթէ յանձն չենք առներ ամէն ինչ ձգել եւ հետեւիլ Քրիստոսի, իրաւունք չունինք խնդրելու՝ որ Աստուծոյ Արքայութիւնը գայ, որովհետեւ Աստուծոյ Արքայութեան՝ Քրիստոսի գալուստը մեզմէ իւրաքանչիւրը հոգիներէն ներս, կը պահանջէ անմնացորդ նուիրում եւ ուրացում՝ յանուն Քրիստոսին աշակերտելու:

Յովհաննէսի աւետարանին մէջ կը կարդանք. «Լաւ գիտցիր, որ եթէ մէկը վերստին չծնի՝ չի կրնար տեսնել Աստուծոյ Արքայութիւնը» (Յհ 3.3). «Հաստատ գիտցիր, որ եթէ մէկը ջուրէն եւ հոգիէն չծնի՝ չի կրնար Աստուծոյ Արքայութիւնը մտնել» (Յհ 3.5). այս նախադասութիւններով վերահասու կ՚ըլլանք այն հիմնական ճշմարտութեան, որ առանց մկրտութեան՝ վերստին ծնունդին, չե՛նք կրնար Աստուծոյ Արքայութիւնը տեսնել, այսինքն՝ երբ Տէրունական աղօթքով համարձակութիւն կ՚ունենանք խնդրելու Աստուծոյ Արքայութեան գալուստը, ատով յայտարարած կ՚ըլլանք նաեւ մեր վերստին ծնունդը, առանց որուն համարձակութիւնը չենք ունենար խնդրելու զՔրիստոս:

Գործք Առաքելոց գիրքին մէջ, Պօղոս առաքեալին հետեւեալ նախադաութիւնը կը կարդանք. «Բազմաթիւ նեղութիւններ պէտք է կրենք՝ Աստուծոյ Արքայութիւնը մտնելու համար» (Գրծ 14.22). ի՞նչ են այդ բազմաթիւ նեղութիւնները, եթէ ոչ՝ «եթէ մէկը ուզէ Ինծի հետեւիլ՝ թող ուրանայ իր անձը, առնէ իր խաչը եւ ետեւէս գայ» (Մտ 16.24), այսինքն՝ յանձն առնել ամէն տեսակի չարչարանք, նեղութիւն եւ հալածանք՝ յանուն Քրիստոսի, յանուն Քրիստսոին ունենալու եւ Աստուծոյ Արքայութենէն ներս մտնելու: Եւ, երբ Տէրունական աղօթքով կը խնդրենք, որ Աստուծոյ Արքայութիւնը գայ, ատով յանձն կ՚առնենք ամէն տեսակի նեղութեան եւ տառապանքի տոկալու՝ ժառանգելու համար Աստուծոյ Արքայութիւնը:

Պօղոս առաքեալին Կորնթացիներուն ուղղած առաջին նամակին մէջ կը կարդանք. «Միթէ չէ՞ք գիտեր, որ անիրաւութիւն ընողները Աստուծոյ Արքայութիւնը պիտի չժառանգեն։ Դուք ձեզ չխաբէք։ Անոնք, որոնք պոռնկութիւն կ՚ընեն կամ կռապաշտ են, կամ՝ շնացող, իգացեալ, արուագէտ, գող, ագահ, գինեմոլ, բամբասող կամ յափշտակող՝ Աստուծոյ Արքայութիւնը պիտի չժառանգեն» (Ա.Կր 6.9-10: Տե՛ս նաեւ Գղ 5.19-21 եւ Եփ 5.5). Առաքեալին այս խօսքերը ազդարարութիւն են մեզի համար, որ վերոնշեալ երեւոյթներէն հեռու մնանք, իսկ եթէ այդ երեւոյթներէն որեւէ մէկուն գերին դարձած ենք, զղջանք, ապաշխարենք, մեր անձերը սրբենք, որպէսզի կարողանանք ժառանգել Աստուծոյ Արքայութիւնը:

Նոյն նամակին մէջ կը կարդանք. «Ըսել կ՚ուզեմ թէ, եղբայրնե՛ր, մարմինն ու արիւնը իրենց ներկայ վիճակով չե՛ն կրնար Աստուծոյ Արքայութիւնը ժառանգել» եղծանելին չի կրնար անեղծութիւնը ժառանգել» (Ա.Կր 15.50). իսկ այս նախադաութեամբ կ՚ըմբռնենք Տէրունական աղօթքի գաղափարներուն շաղկապուածութիւնը իրարու հետ, որով Աստուծոյ Արքայութեան գալուստը խնդրելէն առաջ, մեր Տէրը սորվեցուց մեզի սրբաբանել Հօր Աստուծոյ անունը, որ կրնանք իրականցնել երբ մենք սրբանանք՝ մաքրուինք, եւ Առաքեալին այստեղի խօսքը կը վերաբերի այդ սրբութեան, առանց որուն չե՛նք կրնար Աստուծոյ Արքայութիւնը ժառանգել, որովհետեւ պիղծը չի՛ կրնար մաքուր բան ժառանգել:

Պօղոս առաքեալի Թեսաղոնիկեցիներուն ուղղած երկրորդ նամակին մէջ կը կարդանք. «Ձեր համբերութիւնն ու հաւատքը ապացոյցը պիտի ըլլան Աստուծոյ արդար դատաստանին, որովհետեւ դուք արժանի պիտի ըլլաք Աստուծոյ արքայութեան, որուն համար այդքան կը տանջուիք» (Բ.Թս 1.5). Առաքեալին այս միտքէն կը հասկնանք, որ այն մարդիկ, որոնք Աստուծոյ Արքայութեան գալուստը կը խնդրեն, անոնք համբերութեամբ զինուած եւ հաւատքի տէր մարդիկ են: Համբերատար՝ տոկալու ամէն տեսակի նեղութիւններու (Գրծ 14.22), իսկ հաւատքի տէր՝ հաւատարիմ մնալու Աստուծոյ պատուիրաններուն (Մտ 5.20): Ահա նման յատկութիւններ ունեցող մարդիկ են, որոնք համարձակութիւնը ունին ճշմարտապէս խնդրելու Աստուծմէ, որպէսզի Իր Արքայութիւնը գայ:

Աստուածաշնչական այս համարները երբ զգուշութեամբ եւ ուշադրութեամբ կարդանք եւ ապա խորհրդածենք անոնց իմաստներուն մասին, վստահաբար, որ ասկէ ետք շատ աւելի երկիւղածութեամբ պիտի արտասանենք հետեւեալ նախադասութիւնը. «Թող գայ Արքայութիւնդ»:

Ի վերջոյ, «թող գայ Արքայութիւնդ» խնդրանքը իր մէջ կը կրէ նաեւ վախճաբանական բնոյթ: Քրիստոնէութեան Հիմնադիրը՝ Քրիստոս, Իր հետեւորնդներուն խոստում տուաւ կրկին անգամ գալու, սակայն այս անգամ Անոր գալուստը տարբեր բնոյթ պիտի կրէ, որովհետեւ Ան պիտի գայ որպէս Արդար Դատաւոր՝ դատելու համար բոլոր մարդիկը: Ըստ այդ դատաստանին, մեղաւորները պիտի ժառանգեն յաւիտենական տանջանքը, իսկ արդարները՝ յաւիտենական երանութիւնը, այլ խօսքով՝ Աստուծոյ Արքայութիւնը, եւ ահա մեր Տէրը կը սորվեցնէ մեզի նաեւ ա՛յս Արքայութեան գալուստն ալ խնդրել Հօր Աստուծմէ:

ՎԱ­ՐԱՆԴ ՔՈՐԹ­ՄՈ­ՍԵԱՆ

շար. 7

Վաղարշապատ, 20 օգոստոս 2018


(1) Այս մասին խօսած ժամանակ, բացատրեցինք, թէ Աստուած որոշակի տեղ չի՛ բնակիր եւ մի քանի վկայութիւններ տուինք Սուրբ Հայրերու գրութիւններէն:

(2) Խօսքը կը վերաբերի բոլոր անոնց, որոնք անարգելով Հայ Առաքելական կամ Կաթոլիկ եկեղեցիներուն կողմէ մատակարարուած մկրտութիւնները, մտնելով աղանդաւորական շարժումներու մէջ եւ տարուելով այդ աղանդներու սատանայակերպ հովիւներուն խօսքերէն, կրկին անգամ կը մկրտուին, ըսելով թէ երբ նշուած եկեղեցիներուն մէջ մկրտուած են, տարիքով փոքր եղած են եւ անգիտակից: Այդպիսիները կը մոռնան, որ Աստուծոյ համար մեծ ու փոքր չկայ, եւ երբ մեծ կամ փոքր տարիքի ոեւէ մէկը կը մկրտուի Սուրբ Երրորդութեան անունով, այդ մկրտութեամբ Սուրբ Երրորդութեան շնորհն է, որ կ՚ընդունի եւ այդ քննարկման առարկայ չէ: Տարբեր հարց, եթէ փոքր տարիքով մկրտուածին ծնողներն ու կնքահայրը ճիշդ կերպով չդաստիարակեն իրենց երեխան, բայց այդ չի՛ նշանակեր, որ ատով կը ջնջուի Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդը: Այս եւս պէտք չէ մոռնանք, որ Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդը անկրկնելի է եւ երբ կրկին անգամ մարդ կը մկրտուի, ատով ո՛չ թէ Հայ Առաքելական կամ Կաթոլիկ եկեղեցիները կ՚անարգէ, այլ՝ Սուրբ Երրորդութեան:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 30, 2018