«ԱՄԷՆ ԻՆՉ ԼԱ՛Ւ ԿԸ ԿԱՏԱՐԷ…»

Ս. Աստուածածնի Վերափոխումէն ետք 5-րդ կիրակի օր, Ս. Պատարագի ընթացքին կարդացուած Ճաշու Աւետարանը կը վկայէ Յիսուսի կատարած բժշկութիւններէն մէկուն, (ՄԱՐԿ. Է 31-37)։ Վերափոխումէն ետք 5-րդ կիրակին, այս տարի կը հանդիպի 9 սեպտեմբերին։

Այս բժշկութիւնը, Յիսուսի կատարած բազմաթիւ հրաշքներէն մին է, ուր կը յիշուի՝ խուլ եւ համր մարդու մը բժշկութիւնը, որ ներկաներուն եւ հրաշքը լսողներուն կողմէ զարմանքով կը դիմաւորուէր։ Անոնք կ՚ըսէին. «Այս մարդը ամէն ինչ լաւ կը կատարէ, նոյնիսկ խուլերուն իսկ լսել կու տայ եւ համրերուն՝ խօսիլ», (ՄԱՐԿ. Է 27)։

Մաղաքիա Արքեպս. Օրմանեան իր «Համապատում»ին մէջ, «Դեկապոլսոյ բժշկութիւնները» գլխուն ներքեւ, Յիսուսի այս բժշկութեան մասին հետեւեալ բացատրութիւնները կու տայ։

Դէպքին կը վկայէ նաեւ Մատթէոս աւետարանիչ. (ՄԱՏԹ. ԺԵ 29-31), ինչպէս Մարկոս աւետարանիչ. (ՄԱՐԿ. Է 31-37)։

«Ինչչա՛փ ատեն մնաց Յիսուս Փիւնիկէի սահմանները, քանանուհիին աղջիկէն զատ ուրիշ բժշկութիւններ կատարե՞ց, ի՞նչ ճամբով ետ դարձաւ այս բոլոր կէտերու վրայ տեղեկութիւններ կը պակսին, եւ երկու աւետարանիչներուն հետեւելով կը տեսնենք, որ Յիսուս յանկարծ Գալիլիոյ մէկ ծայրէն միւս ծայրը անցած է. հիւսիս-արեւմտեան ծայրէն հարաւ-արեւելեան ծայրը, Փիւնիկէի սահմաններէն Դեկապոլսոյ սահմանները։

«Այդ ուղեւորութեան համար պէտք էր Գալիլիան ծայրէ ծայր ճեղքելով անցնիլ, եւ առանց գործ մը կատարելու լռելեայն անցնիլն ալ դժուար էր, բայց աւետարանիչներէն եւ ոչ մէկը բան մը չ՚ըսեր եւ ուր անոնք չեն ըսեր, մենք ալ չենք կրնար պատմել։

«Դեկապոլսոյ կողմը անգամ մը միայն անցած էր Յիսուս, Գերգեսա գացած ատեն, բայց այն անգամ Գալիլիոյ ծովակին արեւելեան եզերքին մէջտեղն էր ելած։ Այս անգամ աւետարանը կ՚ըսէ.- Եկն ի ծովեզրն Գալիլիացւոց ի մէջ սահմանացն ի Ղեկապոլիս։ Իսկ Գալիլիացւոց ծովեզրը ծովակին արեւմտեան եզերքն է, որուն հարաւային ծայրը կ՚երթայ կը խառնուի Դեկապոլսոյ գաւառին հետ։ Այս կողմերը կը գտնուէր Յիսուս, երբ իրեն շուրջը սկսան նորէն ժողվուիլ Գալիլեացիները, որոնց մէջ եթէ հակառակութիւն վարող մաս մը կազմուած էր, սակայն միւս կողմէն կար ուրիշ մաս մըն ալ որ կարօտ էր բժշկութեանց, եւ կը յիշէր անցեալ տարիներու մէջ կատարուած հրաշքները, եւ Յիսուս չգտնելով իր սովորական կեդրոնին՝ Կափառնաումի մէջ պարտաւորուած էր ծովակին միւս ծայրը դիմել, Դեկապոլսոյ սահմանին վրայ։

«Մատթէոս խմբովին կը յիշէ դիմող ախտաժէտները եւ բժշկութիւն ընդունողները։ Յիսուսի ետեւէն եկողները հետերնին կը բերէին կաղեր, կոյրեր, համրեր, միակողմանիներ, եւ այլ եւս շատ տեսակ ախտաւորներ եւ խեղանդամներ, ինչպէս եւ խուլեր, անդամալոյծներ, բորոտներ, դիւահարներ, եւ ամէնքը մէկէն Յիսուսին առջեւը կը շարէին, եւ նա ամէն մէկը կը բժշկէր, եւ բազմութիւնը հիացած զարմացած կը դիտէր, թէ ի՛նչպէս համրեր կը խօսէին, կաղեր կը քալէին, միակողմանիներ (Ծ.- միակողմանի = մէկ կողմը կոտրած, բռնուած՝ մէկ կողմը միայն բռնող) կ՚առողջանային, կոյրեր կը տեսնէին, խուլեր կը լսէին, բորոտներ կը սրբուէին, դեւեր կը հալածուէին, եւ ամէն հիւանդներ կը բժշկուէին, եւ երախտագէտ սրտով կ՚օրհնէին Իսրայէլի Աստուածը՝ որ իր ժողովուրդին այսպիսի շնորհներ կը պարգեւէր։

«Ընդհանուր բժշկութեանց շարքին՝ հատ մը առանձինն կերպով կը յիշատակէ Մարկոս. հարկաւ բժշկուողին նշանաւոր եւ ծանօթ ախտաւոր մը ըլլալուն համար։ Խուլ եւ համր մէկն էր սա, որ է ըսել ի ծնէ չլսող ու չխօսող մը, որուն համար յատուկ աղաչաւորներ եւ միջնորդներ ալ եկած էին, եւ կ՚աղաչէին որ վրան ձեռք մը դնէ, որպէսզի բժշկուի։

«Յիսուս մէկ կողմ տարաւ ախտաժէտը, ականջը բռնեց ու բացաւ. մէջը թքաւ, եւ մատը ներս խոթեց, միւս ձեռքով լեզուէն բռնեց, աչուըները երկինք վերցուց, հառաչանք մը արձակեց, եւ երկու ձեռքերուն շարժում մը տալով ըսաւ.- Եփփաթա, կամ աւելի ճիշդ տառադարձութեամբ. Ետպէտա, որ արամերէնէ կը թարգմանուի.- բացի՛ր, այսինքն է. բացուէ՛։ Վայրկենապէս խուլ եւ համրին լեզուն ու ականջը բացուեցան, եւ սկսաւ ուղիղ խօսիլ եւ կատարեալ լսել։

«Այս տեղ աւետարանիչը Մարկոս նորէն կը յիշէ Յիսուսէ բժշկուողներուն եւ անոնց ընկերներուն տրուած հրամանը, որպէսզի չքարոզեն ու չհռչակեն կատարուած հրաշքը։ Յիսուսի այդ արգելքներուն մէջ ունեցած դիտումը քանիցս յիշած ենք, եւ նորէն երկարել պէտք չէ։ Գալիլեացիք Յիսուսի հրաշագործութիւնը ճանչցած էին, նոր նոր պատմութիւններով համոզում գոյացնելու պէտք չկար, մինչեւ իսկ հնար էր ձախող արդիւնք ունենալ, կարծել տալով՝ թէ Յիսուս արտաքին համբաւի եւ սին ցուցմունքներու հետամուտ է։

«Սակայն ժողովուրդը երբեք այս պարագային ականջ չէր կախեր, ընդհակառակն քանի՛ բժշկութիւնները կը շատնային, ամէն կողմ տարածուած լուրերն ալ կ՚ընդարձակուէին, եւ բնական ալ էր, որովհետեւ բաւական էր որ իւրաքանչիւր բժշկեալ իրեն մերձաւորներուն եւ դրացիներուն հաղորդէր իր ստացած շնորհը, որ ընդհանուր համբաւ եւ հռչակ մը կազմուէր։

«Վերջին պատմուած բժշկութեան մէջ, այնպիսի պարագաներ յիշուած են, որ պահ մը մտածել կու տան, թէ բժշկական եւ կամ վիրաբուժական գործողութեանց ձեւեր ուզած է գործածել Յիսուս, որոնք եթէ իրօք արուեստական նշանակութիւն մը ունին, հրաշքին նշանակութիւնը կ՚եղծանեն, իսկ եթէ բնաւ նշանակութիւն չունին, անօգուտ ձեւակերպութեանց մեղադրանքի կրնան ենթարկուիլ։

«Աւետարանի մէջ հազիւ թէ երեք չորս անգամ այսպիսի հրաշքներ կը յիշուին, մինչ ընդհանուր կերպով հրաշքները կատարուած են պարզ հրամանով, կամ ձեռք դնելով կամ հագուստին քսուելով, եւ այլն։

«Մեզի համար յայտնի՛ է, որ սովորական թուքը բնաւ բժշկական ոյժ չունի խուլեր բժշկելու, մատը ականջը խոթելն ալ օգուտէ աւելի վնաս կրնայ ունենալ, լեզուն բըռ-նել քաշելով ալ համրներ բժշկելու կերպը դեռ ճանչցուած չէ. հետեւաբար արհեստական որ եւ է միջոց չկրնար ենթադրուիլ իբր պատճառ բժշկութեան։ Իսկ թէ ինչո՞ւ Յիսուս աւելորդ ձեւեր գործածած է եւ այն հազիւ թէ երեք չորս անգամ իր աւելի քան երեք չորս հազար, չըսեմ երեք չորս բիւր բժշկութեանց մէջ, չենք համարձակիր պատճառ կամ բացատրութիւն մը նշանակել, չուզելով աստուածային խորհրդոց մեկնութեան յանդգնած երեւիլ։

«Յիսուս ուզեց քանի մը անգամ այդ ձեւը գործածել, եւ եթէ ուզեց, հարկաւ մասնաւոր պարագաներ սոյն ձեւերուն գործածութիւնը թելադրեցին, զորս աւետարանիչները մեզի չեն հասուցած»։

Ահաւասիկ, այսպէս կը բացատրէ Մաղաքիա Արքեպս. Օրմանեան Յիսուսի այս հրաշքը։

Եւ սա բացայա՛յտ է որ բժշկուելու համար, հրաշքէն օգտուելու համար ենթակային հաւատքը անհրաժե՛շտ է…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 3, 2018, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 8, 2018