ՓՐՈՖ. ՍԻՐԱՐՓԻ ՏԷՐ-ՆԵՐՍԷՍԵԱՆ. ԲԱԶՄԱՎԱՍՏԱԿ ՈՒ ՄԵԾԱՐԺԷՔ ՀԱՅԱԳԷՏԸ

Հայագիտական մեծարժէք ժառանգութեան տէր՝ բազմավաստակ հեղինակութիւն է Փրոֆ. Սիրարփի Տէր-Ներ-սէսեան, որուն ծննդեան 122-րդ տարեդարձը կը նշենք սեպտեմբերի 5-ին։

Բանասէր ու պատմաբան, յատկապէս բիւզանդագիտութեան եւ հայկական մանրանկարչութեան խորիմաց հետազօտող՝ Սիրարփի Տէր-Ներսէսեան (1896-1989) գիտական իր ամբողջ ճանաչողութիւնը, կորովն ու աշխատանքը նուիրաբերեց հայ ժողովուրդի ուրոյն եւ հարուստ մշակոյթն ու արուեստը աշխարհին ծանօթացնելու՝ գիտական համակողմանի արժեւորման լոյսին բերելու ծառայութեան։

Ինչպէս որ մեծարժէք հայագէտին նուիրուած հանրագիտական իր անդրադարձին մէջ ամերիկեան «Արուեստի պատմաբաններու բառարան»ը կ՚ընդգծէ՝ «Տէր-Ներսէսեանի ակադեմականութիւնը կը յատկանշուի ընդհանուր պատմութիւնն ու արուեստի պատմութիւնը իրարու զօդելու ընդունակութեամբ։ Անոր «Հայաստան եւ Բիւզանդական կայսրութիւնը» (1954) գործը կը սկսի ամբողջապէս պատմագիտական գլուխներով։ Ան նաեւ հրատարակեց պատմութեան ամբողջական գիրք մը՝ «Հայերը» (1969)։ Թէեւ անոր գործը կեդրոնացաւ ընդհանուր առմամբ բիւզանդական դարաշրջանին վրայ, այդուհանդերձ՝ անոր նուիրումը յատկապէս հայկական արուեստին անձնադրոշմ էր ու մտաւորական։ Ան կը հակադրուի իր նախորդին՝ Josef Strzygowski-ին՝ համաձայն չըլլալով ժանրի ընդհանրացումին կամ չափազանցութեան երթալուն (Կար-սոյեան)»…

Սիրարփի Տէր-Ներսէսեան ծնած է 1896-ի սեպտեմբերի 5-ին՝ Պոլիս, Միհրան Տէր-Ներսէսեանի եւ Ագապի Օրմանեանի ընտանեկան յարկին տակ։ Կանուխ տարիքէն զրկուած է ծնողներէն։ Անոր դաստիարակութեան եւ կրթութեան գործը ստանձնած են մօրաքոյրը՝ Եւգինէ Օրմանեան եւ մօրեղբայրը՝ Պոլսոյ պատրիարք, պատմաբան, բանասէր, աստուածաբան Մաղաքիա Օրմանեան։

Սիրարփի Տէր-Ներսէսեան աւարտած է Պոլսոյ Էսաեան վարժարանը, ապա՝ անգլիական «Հայ-Սքուլ»ը (բարձրագոյն դպրոց)։ 1915-ին գացած է Պուլկարիա, ապա՝ Զուիցերիա: 1917-1919-ին ան ուսանած է Ժընեւի համալսարանի գրականութեան բաժնին մէջ։ 1919-ին տեղափոխուած է Փարիզ, ուր Սորպոնի համալսարանին մէջ աշակերտած է բիւզանդագէտներ Շ. Գիլին, Գ. Միլէյին, ռոմանական եւ գոթական արուեստներու պատմաբան Հ. Ֆոսիյոնին։ 1922-ին Փարիզի Բարձրագոյն ուսումնասիրութեանց դպրոցին մէջ եղած է Գ. Միլէյի օգնականը։

1930-1931-ին Սիրարփի Տէր-Ներսէ-սեան եղած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Մասաչուսեթց նահանգի Ուելէսլիի քոլէճի արուեստի պատմութեան դասախօս, 1937-47-ին՝ նոյն քոլէճի արուեստի բաժնի եւ Ֆարնսվորթ թանգարանի տնօրէն։ 1946 թուականին Հարուըրտի համալսարանի Տում-պարթըն Օքս գիտահետազօտական հաստատութեան մէջ արժանացած է բիւզանդական արուեստի փրոֆեսէօրի կոչման, իսկ 1963 թուականին՝ վաստակաւոր փրոֆեսէօրի տիտղոսին։

1963-ին Սիրարփի Տէր-Ներսէսեան հանգստեան կոչուեցաւ եւ վերադարձաւ Փարիզ։ Այնուհետեւ դասախօսութիւններով հանդէս եկաւ եւրոպական բազում համալսարաններու մէջ։ 1973-ին ի մի բերաւ գիտական իր տարբեր աշխատասիրութիւնները եւ հրատարակեց զանոնք՝ «Բիւզանդիոնը եւ հայկական ուսումնասիրութիւնները» խորագրով։

Սիրարփի Տէր-Ներսէսեան մահացաւ 1989-ի յունիս 7-ին եւ թաղուեցաւ Viroflay-ի գերեզմանատան մէջ, Ֆրանսա։ Մեծ հայագէտին անձնական գրադարանը նուիրուեցաւ Երեւանի Մատենադարանին։ Յետ մահու, անոր «Մանրանկարչութիւնը Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան մէջ. տասներկրորդէն տասնչորրորդ դար» գործը 1993-ին արժանացաւ Տումպարթըն Օքս մատենաշար թիւ 31-ի հրատարակութեան։ Իսկ Ֆրանսայի մէջ, ի պատիւ մեծ հայագէտին, «Հայ-Բիւզանդական մանրանկարչութեան Սիրարփի Տէր-Ներսէսեան հիմնադրամ» հաստատուեցաւ Institut de Recherches-ի մէջ։

Սիրարփի Տէր-Ներսէսեան թղթակից անդամ էր Ֆրանսայի Արձանագրութեանց ու գեղարուեստական գրականութեան ակադեմիոյ, Ֆրանսայի Հնագէտներու ազգագրական միութեան, Բրիտանական ակադեմիոյ։ Արժանացած է բազմաթիւ մրցանակներու եւ պարգեւներու, այդ շարքին՝ Անգլիոյ Հնագէտներու միութեան ոսկէ շքանշանին (1960), Ֆրանսայի Արձանագրութեանց ու գեղարուեստական գրականութեան ակադեմիոյ Շլիւմպեր-Ժէի անուան (1963), Խորհրդային Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիոյ «Անանիա Շիրակացիի անուան» (1981) մրցանակներուն։ Ան գիտական զեկուցումներով հանդէս եկած է միջազգային տարբեր գիտաժողովներու մէջ, ինչպէս՝ Արեւելագէտներու Մոսկուայի Համագումարը (1960) եւ Պատմաբաններու Սովետաֆրանսական Գիտաժողովը (Երեւան, 1969)։

Սիրարփի Տէր-Ներսէսեան հեղինակ է շուրջ 140 մենագրութեանց եւ յօդուածներու՝ ֆրանսերէն, անգլերէն եւ հայերէն լեզուներով։

Լոյս ընծայած է «Բարեղամի և Հովասափի վէպի նկարազարդումը» (1938, ֆրանսերէն) բիւզանդագիտական ուսումնասիրութիւնը, որու համար արժանացած է ֆրանսական Գրականութեան եւ Պատմութեան Ակադեմիայի մրցանակին, ապա՝ «12,13, 14 դարերու հայկական նկարազարդ ձեռագրերը Վենետիկի Մխիթարեան հայրերու գրադարանին մէջ» երկը (ֆրանսերէն), որուն համար արժանացած է Փարիզի Յունական Ուսումնասիրութիւններու Միութեան մրցանակին, այնուհետեւ՝ «Հայաստանը եւ Բիւզանդական Կայսրութիւնը» (1945, անգլերէն), որուն համար ստացած է Ժեներալ Պրեմոն մրցանակը։ Հրատարակած է նաեւ «Չեսթեր Պիթի գրադարան. հայկական ձեռագրերու ցուցակ՝ հայ արուեստի պատմութեան ներածականով» (1958), «Աղթամար, Ս. Խաչ եկեղեցի» (1965), «Հայկական ձեռագրերը Ֆրիր արուեստի պատկերասրահին մէջ» (1963), «Հայկական ձեռագրերը Ուոլթերսի Արուեստի պատկերասրահին մէջ» (1973, բոլորը անգլերէն) աշխատութիւնները։

Սիրարփի Տէր-Ներսէսեանի երկու կարեւոր յօդուածները, գրուած 1944-45ին («7րդ դարու երկ մը, նուիրուած պատկերներու պաշտպանութեանը») եւ 1946ին («7րդ դարու հայկական մանրանկարչութիւնը եւ Էջմիածնի Աւետարանի մանրանկարները»), հակառակ մինչ այդ ընդունուած տեսակէտին, կ՚ապացուցանեն, որ հայերը առաջին քրիստոնեայ ժողովուրդներէն են, որոնք ունեցած են որմնանկարչութիւն։ Տէր-Ներսէսեան 1933 եւ 1964 թուականներուն «էջմիածնի Աւետարանի» սկզբնաւորման (989 թ.) եւ աւարտման (7րդ դար) մանրանկարներու օրինակով բացայայտեց այն, որ հայերը 7-10րդ դարերուն ունեցած են ինքնատիպ բարձրարուեստ մանրանկարչութիւն։

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 11, 2018