ՇԱԲԱԹՕՐԵԱՅ ԴՊՐՈՑՆԵՐԸ՝ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԷՆ ՆԵՐՍ

«Եկեղեցին յարատեւօրէն զարգացում ապրող մեծ ընտանիք մըն է, ուր բոլորս միասին կ՚աշխատինք քով-քովի գալով՝ մեր մէջ գտնելու քրիստոնէական մեր նկարագիրը, սորվելու մեր Եկեղեցւոյ պատմութիւնը, հասկնալու մեր Ս. Պատարագի խորհուրդը եւ դառնալու հոգեւոր տաճարը նիւթական շէնքին մէջ»։

Հայ Եկեղեցին քրիոստոնէական վարդապետութեան եւ դաւանանքին բնօրրանը ըլլալով՝ է՛ նաեւ հայ մշակոյթի եւ հայապահպանման օճախը։ Երբ կը նայինք մեր պատմութեան, պիտի տեսնենք, որ իւրաքանչիւր Եկեղեցւոյ կողքին դպրոց կառուցուած է։ Եկեղեցին որպէս հոգեւոր ամրոց, իսկ հայ դպրոցը՝ որպէս հայապահպանման միջնաբերդ։ Եթէ սփիւռքի կենսական մարտահրաւէրներէն մէկը հայապահպանումն է, ապա ուրեմն աներկբայ իրողութիւն է, որ հայապահպանութեան անփոխարինելի դարբնոցը Հայ Եկեղեցին ու դպրոցն է: Սակայն այսօր ո՞ւր է հայ դպրոցը Միացեալ Նահանգներու այս ափերուն մէջ։

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմը, իր առաջնորդին՝ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանին մտայղացումով ու նախաձեռնութեամբ երկար տարիներէ ի վեր թեմի տարբեր շրջաններուն մէջ հաստատած է շաբաթօրեայ դպրոցներ, որոնց աշակերտներուն թիւը վերջին տարիներուն զգալիօրէն աճ արձանագրած է։ Այս դպրոցներու երդիքին տակ հայ աշակերտները քով-քովի գալով՝ նոր բարեկամութիւններ կը հաստատեն, նոր ընկերներ ձեռք կը բերեն, հայկական միջավայրի մէջ կը մնան, իրենց հայկական ինքնութիւնը կը պահպանեն եւ օտար մշակոյթի ազդեցութիւններէն հեռու կը մնան։

Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին ներքնայարկէն ներս կը գործէ շաբաթօրեայ «Փոքրիկ Հրեշտակներ» դպրոցը։ Առաջնորդ սրբազան հօր հետեւողական ջանքերով, ուսուցչաց կազմին նախանձախնդիր աշխատանքով այսօր այս դպրոցը ունի աւելի քան 300 աշակերտներ։ Դպրոցը կը գործէ շաբաթ օրերը, առաւօտեան ժամը 9.00-էն մինչեւ 12.00-ը։ Վեց դասարաններու վրայ բաժնուած արեւելահայերէնի ուսուցման ծրագիրը իր մէջ կը ներգրաւէ այբուբենի դասաւանդումէն մինչեւ հայոց գրականութեան ու երաժշտութեան նիւթերու ուսուցում։ Իսկ դասընթացքները տեղի կ՚ունենան Հայաստանի Հանրապետութեան հանրակրթական դպրոցներու հաւատարմագրուած դասագիրքերով։

Իսկ այս տարուայ օգոստոս 11-ին, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի շաբաթօրեայ դպրոցներու ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն ամենամեայ մանկավարժական աշխատանիստը տեղի ունեցաւ դպրոցական վերամուտին ընդառաջ։ Հովանաւորութեամբ եւ մասնակցութեամբ սրբազան հօր, աշխատանիստին մասնակիցները շուրջ չորս ժամերու ընթացքին հետեւեցան հետեւեալ զեկուցումներուն։

Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան խօսեցաւ հոգեւոր արժէքներու մասին եւ դիտել տուաւ, որ Հայ Եկեղեցին, հաւատարիմ իր դարաւոր առաքելութեան, կը շարունակէ իր կարեւոր աւանդը բերել ազգի երիտասարդութեան կրթութեան եւ հոգեւոր դաստիարակման սրբազան գործին մէջ։

Տքթ. Կարօ Մոմճեան ներկայացուց «Պատմական շրջադարձային դէպքերու դերը հայ ազգի գոյապահպանման մէջ» խորագրով նիւթը, Մաշտոց Չոպանեան՝ «Քրիստոնէութիւնը եւ մեր ազգային ինքնութիւնը», իսկ Սեւակ Տէրտէրեան՝ «Հայ կրօնական երաժշտութիւնը. Պատարագը»։

Գործնական եւ ուսանելի աշխատանիստ մըն էր, որ մեծ բաւականութիւն պատճառեց ներկայ մասնակիցներուն։ Այս աշխատանիստը շինիչ էր միաժամանակ, որովհետեւ ուսուցիչները իրարու քով գալով՝ իրենց փորձառութիւնն է, որ կը կիսէին եւ աւելի եւս տեղեակ կը դառնային մերօրեայ խնդիրներուն ու մարտահրաւէրներուն մասին։

Հայ դպրոցին եւ ընդհանրապէս աշխարհի տարածքին գործող որեւէ դպրոցի առաջին պարտաւորիչ առաքելութիւնը մարդակերտումն է: Մարդը՝ իր հաւատքով, բարոյական չափանիշերու տիրացումով, մարդկային կեանքի արժեչափերով, մարդկային յարաբերութիւններու արդարամիտ ուղեցոյցներու սեփականացումով, իբրեւ մարդ՝ ազգին, ընկերութեան, երկրին, հողին, աշխատանքին հանդէպ զաւկի երախտագիտութեամբ պարտաւորութիւններու գիտակցումով: Հայակերտումը բնական շարունակութիւնն է մարդակերտումին: Ահա այս սկզբունքներով է, որ Հիւսիսային Արեւմտեան թեմը ձեռնարկած է նմանօրինակ դպրոցներու հաստատման։

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 17, 2018