ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ԺՈՂՈՎ
Համայնքային վաքըֆներու հարթակի (VADİP) ատենադպիր Յարութիւն Շանլը շաբաթավերջին հրաժարեցաւ այդ պաշտօնէն։ Յարութիւն Շանլը ընկերային ցանցերու վրայ հրապարակեց իր հրաժարականը, որու բովանդակութեան մէջ տեղեկացուցած է, որ կը լքէ VADİP-ի ատենադպրի, ինչպէս նաեւ Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութիւններու գրասենեակի յարակից գործող արարողակարգային կարգադրութիւններու ղեկավարի պաշտօնը։ Հրաժարականին մէջ ան տեղեկացուցած է, որ պիտի շարունակէ մնալ Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ եւ պիտի շարունակէ իր պաշտօնը կատարել՝ Պէյքոզի թաղային խորհուրդին յարակից ստեղծուած խորհրդականներու կազմին մէջ։ Հրաժարականին մէջ Յարութիւն Շանլը անդրադարձած է համայնքային շրջականերէ ներս օրակարգի վրայ եկած շարք մը պնդումներու, ըստ որոնց ան կը յաւակնէր իր ներկայ պաշտօններէն աւելի բարձր դիրքերու։ Շանլը այս առթիւ հերքած է այդ բոլոր պնդումները։
Հարկ է յիշեցնել, որ քանի մը ամիս առաջ Յարութիւն Շանլը նման նամակով մը տեղեկացուցած էր, որ կը հրաժարէր Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետի պաշտօնէն, սակայն աւելի վերջ իրադրութեան փոփոխութիւնով շարունակած էր մնալ այդ պաշտօնին գլուխը։
Միւս կողմէ, կը տեղեկանանք, որ այսօր յետմիջօրէին Պատրիարքարանի մէջ ժողովի հրաւիրուած են համայնքային բոլոր հաստատութիւններու ատենապետները։ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յարմար դատած է՝ որպէսզի համայնքի տեսակէտէ ներկայ դժուար փուլին այսպիսի խորհրդակցութիւն մը տեղի ունենայ։