ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ԱՒԵՏԱՐԱՆ (Բ .)
Դ) Գրուած է առաքեալի մը կողմէ։ Ասիկա կը յատնուի առաքեալներուն իրարու միջեւ ունեցած խօսակցութիւններէն եւ արատայայտած խորհուրդներէն ու զգացումներէն։ Աւելի յստակացնելու համար կը մէջբերենք հետեւեալ վկայութիւնը. «Աշակերտները իրարու կը նայէին, շուարած՝ թէ որո՞ւն համար կ՚ըսէ։ Աշակերտներէն մէկը, զոր Յիսուս կը սիրէր, բազմած էր Յիսուսի կողքին։ Սիմոն Պետրոս նշան ըրաւ անոր՝ հարցնելու թէ որո՞ւն համար կ՚ըսէ» (Յհ 13. 22-24)։
Ե) Գրուած է այն առաքեալին կողմէ, «Զոր սիրէր Յիսուս»։ Ո՞վ էր արդեօք այս աշակերտը։ Յիսուս, առաքեալներուն մէջէն իբրեւ ամենամտերիմ անձեր ընտրած էր երեք հոգիներ՝ Յակոբոսը, Պետրոսն ու Յովհաննէսը։ Պետրոս դուրս կը մնայ այս կարելիութենէն, քանի որ իր անունովը յիշուած է։ Յակոբոս ալ դուրս կը մնայ այս կարելիութենէն, որովհետեւ Գործք Առաքելոց գիրքէն գիտենք, որ ան Հերովդէս Ագրիպպասի կողմէ 44 թուին սպաննուեցաւ։ Հետեւաբար, միակ հաւանականութիւնը կը մնայ, Յովհաննէս առաքեալ՝ Զեբեդիոսի որդին։
Ո՞Վ ԷՐ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ
Շնորհք Արք. Գալուստեան կ՚ըսէ. «Յովհաննէս, հակառակ թերեւս մտքերու մէջ կազմուած հանդարտաբարոյ անձի մը պատկերին, Աւետարաններու մէջ նախ կը ներկայանայ իբրեւ անհանդուրժող, վրէժխնդիր, կորովի եւ փառասէր երիտասարդ մը, սակայն միշտ նուիրումով լեցուն Քրիստոսի հանդէպ։ Երեք տարիներու աշակերտութիւն մը Քրիստոսի դպրոցին մէջ բաւական եղաւ, որ ան փոխակերպուի Աւետարանի ամենէն շքեղ դէմքերէն մէկուն»։
Իր մէջ ներդաշնակուած են նկարագրի մը հակադիր կարծուած գիծերը՝ եռանդը եւ հանդարտութիւնը, քաջութիւնը եւ բարութիւնը, մեծութիւնը եւ խոնարհութիւնը, սէրը եւ խստութիւնը։
Իր բարեմոյն բնաւորութեան, նուիրումին եւ այլ ազնիւ յատկութեանց համար արժանացած է Յիսուսի մասնաւոր սիրոյն, այն աստիճան, որ տիրացած է «Սիրելի աշակերտ» տիտղոսին։
Յովհաննէս՝ Զեբեդիոսի որդին եւ եղբայրը Յակոբոս առաքեալին, որոնք ձկնորս էին, տասներկու առաքեալներէն մէկն է՝ Գալիլիոյ Բեթսայիդա քաղաքէն։ Յովհաննէս առաջին աշակերտներէն է, որ Յիսուսի հետեւեցաւ։ Նախքան Յիսուսի հետեւիլը աշակերտն էր Յովհաննէս Մկրտիչի։ Հաւանօրէն ինք ըլլայ այն աշակերտը, որ Անդրէասի հետ եկան Յիսուսը տեսնելու (Հմմտ. Յհ 1.35-40)։ Բայց այնպէս կ՚երեւի, թէ կրկին վերադարձած ըլլալու է իր արհեստին, որովհետեւ Յիսուս զինք անձամբ կանչեց իր եղբօրը Յակոբոսի հետ (Մտ 4.21-22, Մր 1.19-20)։
Ան եւ իր եղբայրը Յակոբոս Յիսուսի կողմէ նկարագրուած են որպէս «Որոտման որդիք»։ Ըստ ամենայն հաւանութեան, անոնք այսպէս նկարագրուած են իրենց բուռն եւ ուժգին նկարագիրներուն համար։
Յակոբոսն ու Յովհանէսն էին, որոնք առաջարկեցին հրոյ կանչը երկինքէն՝ սպառելու անհիւրընկալ Սամարացիները (Հմմտ. Ղկ 9.54)։ Դարձեալ Յովհաննէսն էր, որ իր ընկերակիցներով փորձեց կասեցնել մէկը, որ Յիսուսի անունով դեւեր դուրս կը բերէր, բայց իրենց խումբին անդամ չէր։ Ուրիշ անգամ անոնք մօտենալով Յիսուսի՝ առաջարկեցին պատուոյ դիրք ունենալ արքայութեան մէջ, որով միւս աշակերտներու դժգոհանքն ու զայրոյթը բորբոքեցին։ Տակաւին, որոտման որդիները եւ Պետրոս կը կազմէին ներքին խումբ մը, որ Յիսուսի մտերմութիւնը կը վայելէր։ Խաչին վրայ, երբ Յիսուս իր հոգին կ՚աւանդէր՝ իր մօրը խնամքը Յովհաննէսին յանձնեց։
Վերջին ընթրիքի ընթացքին, պարապ գերեզմանին մօտ եւ ծովեզերքը (Հմմտ. Յհ 21.7-20), «Սիրելի աշակերտը» ընկերակիցն է Պետրոս առաքեալին։
Գործք Առաքելոցի առաջին էջերուն մէջ Յովհաննէսը կ՚երեւի որպէս գործակիցն ու առաքելակիցը Պետրոս առաքեալին (Տե՛ս Գրծ 3.1, 4.19, 8.14)։ Հաւանաբար ան Երուսաղէմի մէջ էր, երբ Պօղոս առաքեալ կ՚այցելէր քաղաքը իր առաջին միսիոնարական ճամբորդութենէն ետք (Հմմտ. Գրծ 15.6, Գղ 2.9)։ Ապա ան կ՚անհետանայ Գործք Առաքելոց գիրքէն։ Երուսաղէմի ժողովէն յետոյ առաքեալները գրեթէ մի առ մի ցրուեցան զանազան երկիրներ։ Աւանդաբար կը պատմուի, թէ Յովհաննէս ալ գացած է Եփեսոս 60 թուականին, որովհետեւ իր մասին որեւէ խօսք չկայ, երբ Պօղոս առաքեալ իր վերջին միսիոնարական ճամբորդութեան ընթացքին Եփեսոս կու գայ, ուր մնաց երկար ժամանակ (Հմմտ. Գրծ 19.10)։ Այնտեղ մնացած է երկար տարիներ եւ ընդարձակած՝ Պօղոս առաքեալի սկսած գործը, մինչեւ որ աքսորուած է Եգէականի կղզիներէն՝ Պատմոս, Ներվա կայսեր օրով, ուր տեսած է այն խորհրդաւոր տեսիլքները, որոնք մեզի ներկայացուած են «Յայտնութիւն Յովհաննու» գրքին մէջ։ Այս աքսորէն ետք արտօնուեցաւ վերադառնալ Եփեսոս եւ համաձայն Որոգինէսի, Պոլիկարտէսի եւ Իրենէոսի վկայութեանց՝ Յովհաննէս առաքեալ մինչեւ խոր ծերութիւն մնաց Եփեսոս եւ մեռաւ բնական մահով։
Պօղոս առաքեալ զայն կը նկատէ Եկեղեցւոյ սիւներէն, Յակոբոսի եւ Կեփասի հետ (Տե՛ս Գղ 2.9)։
Իր քարոզներուն գլխաւոր ու միշտ կրկնուող թեման եղած է. «Որդեակք իմ, սիրեցէք զմիմեանս»։ Կը պատմուի, որ ծերութեան տարիքին, երբ երկար չէր կրնար խօսիլ, Եկեղեցի կու գար լոկ ըսելու համար. «Մանկունք սիրեցէ՛ք զիրար»։ Երբ կը հարցուի իրեն, թէ ինչո՞ւ միայն սիրոյ մասին կը խօսի, կը պատասխանէ. «Սէրն է Յիսուսի մեծագոյն պատուէրը, եւ եթէ այս պատուէրը կատարէք, բաւ է»։
Թէեւ շատ չարչարանքներ տեսած է, բայց մահը տեղի ունեցած է խաղաղ պայմաններու տակ, Եփեսոսի մէջ։ Աւանդութեան համաձայն, զինք մեռցնելու համար եռացած ջուրին մէջ կը նետեն, անվնաս դուրս կ՚ելլէ, յետոյ իր մահուան ժամանակը գիտնալով, իր գերեզմանը պատարաստել կու տայ եւ յօժարակամ երբ գերեզման կ՚իջնէ, հոգին կ՚աւանդէ։ Իր մահը պատահած կը նկատուի 100 թուականին շուրջ, 95 տարեկանին։
Իր գերեզմանին վրայ փառաւոր Եկեղեցի մը կառուցուած էր, որուն աւերակները միայն այսօր կանգուն կը մնան։
ԳԻՐՔԻՆ ՆՊԱՏԱԿԸ
Այս գիրքը ամենէն խորունկը ու ամենէն հոգեւորն է Նոր կտակարանի 27 գիրքերուն։
1- Պարզօրէն ինչպէս Աւետարանիչը կ՚ըսէ. «Այսքանը գրուեցաւ, որպէսզի հաւատաք թէ Յիսուսն է Քրիստոսը, Աստուծոյ Որդին, եւ իրեն հանդէպ ձեր ունեցած հաւատքին միջոցաւ յաւիտեանական կեանք ունենաք» (Յհ 20.31)։
Յովհաննէսի աւետարանին նպատակն է մեզի ներկայացնել Քրիստոսը, իբրեւ Որդի Աստուծոյ։
Ս. Իգնատիոս կ՚ըսէ. «Աստուած այս առաքեալին կեանքը պահեց, եւ թոյլ չտուաւ որ կանուխէն նահատակուի միւս աշակերտներուն հետ, որպէսզի բացայայտ կերպով ճշմարտութիւնը յայտնէ (Յովհաննէսի աւետարան) նորափթիթ Եկեղեցւոյ, եւ մտնէ Աստուծոյ օրուան մէջ՝ տեսնելու համար բաց երկինքը (Յայտնութիւն)»։
Ս. Յովհաննէս ապրեցաւ մինչեւ առաջին դարու աւարտը, որպէս վերջինը Քրիստոսի աշակերտներուն եւ առաքեալներուն, որ իր հոգին աւանդեց։ Նոր սերունդի քրիստոնեաներուն սերնդակից եղաւ, եւ ի՛նքն է զօդման օղակը առաքելական դարաշրջանին եւ յետ առաքելական դարաշրջանին սկզբնաւորութեան, եւ ի՛նքն է առաքելական խօսքը Մեսիայի մասին ու պահապանիչը Եկեղեցիին կարգ մը սխալ գաղափարներու ապականութենէն։
2- Որպէսզի դէմ դնէ ժամանակակից հերետիկոսկան հանճարեղներուն եւ ընդդիմադիր հրեաներուն։ Այս իմաստով Յովհաննէս քաջածանօթ էր րաբբիներու յատուկ օրինապաշտական եւ խորհրդաւորական ուսուցման կերպին, նաեւ՝ Հելլէն հրեաներուն, որոնցմէ յառաջ եկաւ գնոստիկութիւնը։ Ժամանակակից հերետիկոսութիւններէն էր Գնոստիկութիւնը կամ Տոսէթիզմը։ Ասոնք կը հաւատային, թէ չարը ներկայ է նիւթին մէջ։ Այս ուսուցումը կը նուաստացնէ մարդուն մարմնաւոր կեանքը եւ միաժամանակ կ՚ուրանայ Քրիստոսի մարդեղութիւնը։ Այս աղանդը ընդդիմութեան եկաւ յայտարութեամբ մը, որ կ՚ըսէր. «Բանն մարմին եղեւ»։ Եւ իրապէս ամբողջ Աւետարանը ծայրէ ի ծայր մեր Փրկչին հարազատ եւ բնական մարդեղացումը արտացոլացնող արտայայտութիւններով լեցուն է՝ ծարաւ, յոգնութիւն, վիշտ, չարչարանք, մահ։
3- Ինչպէս որ Եւսեբիոս Կեսարացի եւ Ս. Հերոնիմոս կ՚ըսեն. «Յովհաննէսի Աւետարանը գրուեցաւ լեցնելու համար առաջին երեք (համատեսական) Աւետարաններուն ձգած պարապը»։
4- Աւետարան մը, որ կը դիմադրէ ժամանակակից փիլիսոփայութիւնները եւ համաձայնութեան կը բերէ փիլիսոփայութիւնը եւ քրիստոնէական կրօնքը։
Հայր Թադրոս Մալթի կ՚ըսէ. «Չենք կարծեր որ Ս. Հոգիին մղումով այս ըլլայ նպատակը այս Աւետարանին, այլ իր նպատակն է ներկայացնել աստուածային Աւետարանին ճշմարտութիւնը։ Չի նշանակեր, որ այս ճշմարտութիւնը կը մերժէ եւ կը դիմադրէ ամէն փիլիսոփայութիւն, ընդհակառակը՝ կը մաղէ եւ կը մերժէ ինչ որ վատ է»։
«Ժիրայր Պզտիկեան» կ՚ըսէ. «Այս Աւետարանին բուն նպատակը այն է, որ ան կը ջանայ յառաջ բերել հաւատք Յիսուս Քրիստոսի վրայ, հաւատք մը որ կ՚առաջնորդէ մարդը փրկութեան եւ նոր կեանքի»։
Այս աւետարանը դուրս կ՚ելլէ ժամանակի ու միջոցի սահմաններէն եւ կը ներկայայացնէ զՔրիստոս որպէս տիեզերական ճշմարտութիւն։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ