ՇԱՐԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Տասներկու տարիքս նոր բոլորած, պատանեկութեանս սեմին, այցի եկար Արեւելք՝ Սուրբ Քաղաքը «Մեծ կրօն»ներու։ Ու հոն հայրենիքէն հեռո՜ւ… «փոքրիկ Հայաստան» մը գտար Սիոն լերան գագաթին բազմած… վանքը՝ հայոց Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան։

Մե՛ր վանքը… կրօնաբոյր, ուր հասակ առին սերունդները նոր, ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայու բեկորներուն։

1963-ին էր, երբ այցելեցիր այս հայաբոյր վանքի եւ քաղաքի միակ հայկական կրթական օճախը, Սրբոց Թարգմանչաց վարժարան։

Հո՛ն քեզի կը սպասէր վարժարանի տեսուչը, Կիւրեղ Վրդ. Գաբիկեան, որ որքա՜ն ուրախ էր քեզ ցոյց տալու մատղաշ սերունդը սաղէմի։ Ու յանկարծ հայերէն լեզուի եւ գրականութեան դասի պահուն, դուռը բացիր մեր դասարանին ու մտար ներս մեր անակնկալ ուրախ ծափերուն տակ։

Լսած էինք քո՛ անունը, համբա՛ւը, քո՛ երգերը հանրաճանաչ… եւ հիմա կանգնած մեր առջեւ, թէպէտ՝ փոքրամարմին, սակայն Դանիէլ Վարուժանի «Սերմնացան»ին նման՝ յաղթահասակ։ Հայու աչքերով… վարվռուն, բարութիւն բուրող, որոնող, խօսող, պատգամող։

Ու յանկարծ ոսկեղնիկը ծաղկեցաւ շրթներուդ վրայ…

-Բարեւ ձեզ - փոխան քո խօսակցական մայրենի ֆրանսերէն լեզուին՝ «Պօնժուր»։

Օ՜ այդ երկու բառը մաշտոցեան, աշխարհ մը բացաւ մեր բոլորին առջեւ։

Մեր առաջին ծափերը ծափահարեցինք քեզի, ա՛յն օրերուն, երբ քու յետագայ վկայութեամբդ՝ «ապտակուած» էիր կեանքի դառն խաղէն, երկրորդ անգամ ըլլալով։

-Առաջին անգամ ամուսնացայ, երբ փոքր էի տարիքով, երկրորդ անգամ՝ երբ «յիմար» էի - կը խոստովանէիր յետագայ հարցազրոյցներուդ մէջ։

Ու այդ կեանքի ցաւն ու տառապանքը գուցէ ամոքելու համար, եկած էիր Արեւելք, Սիոնի լերան լանջին փռուած արեւի շողերով ջերմանալու Հայ Երուսաղէմին մէջ, քաղաքը Քրիստոսակոխ, հայրենակիցներ որոնելու, խօսելու, ուրախանալու, ժպտալու անոնց հետ։

Եւ այդ ուրախութիւնն էր, լայն ժպիտդ, որ ակօսներ բացաւ 40-ամեայ դէմքիդ վրան եւ խաղաղութեան «նոր ծիածան» մը հոգւոյդ մէջ։

Ու խօսեցար մեզի հետ… յայտնեցիր ուրախութիւնդ այցելած ըլլալու Երուսաղէմ եւ հո՛ս գտած ըլլալու սրտիդ այնքա՜ն մօտիկ՝ «Հայաստան մը փոքրիկ»։

Կարճ էր հանդիպումդ մեզի հետ, բայց այն կարճ ժամանակը նոր «ակօս» մը բացաւ մեր մատղաշ մտքի յիշողութեան դաշտին վրայ…, լուսաւո՜ր ակօս մը։

Չմոռցանք քեզ։

Ու անցնող տարիներուն հետ, հասակ առինք քո՛ երգերով, կեանքը վայելեցինք քո՛ երգերով, սէր յայտնեցինք քո՛ երգերով ու այսպէս սերունդնե՜ր ամբողջ։

Համամարդկային քո բանաստեղծութիւնները անգիր սորվեցանք ու երգեցինք քեզի հետ, մերթ ձայնակից ըլլալով ու մերթ շշնջալով։

Այն օրերուն ի՜նչ իմանար մեր մանուկ հոգին, որ ՄԵ՜Ծ էիր դուն… աշխարհահռչակ, աշխարհաքաղաքացի։

***

Ու հիմա, հասուն տարիքիս, մինչ դուն արդէն բոլորած 94 գարուններ, հրաժեշտ տուիր «դար մը ապրելու» խոստումէդ առաջ, ցնցուեցաւ Ֆրանսան, ցնցուեցաւ հայաշխարհը։ Ու այդ ցնցումին ալիքները տարածուեցան ամէնուրեք, որ ցնցեց աշխարհը ու մարդկութիւնը համայն։ Ու յանկարծ պարապութի՜ւն մը զգացին բոլորը… բոլորս։

Դո՛ւն, որ հպած էիր մարդոց հոգւոյն, սրտին ու սիրոյ ջերմութիւն թողած հո՛ն… չկա՜ս այլեւս, գացիր միանալու ծնողքիդ, զաւկիդ… ու միանալու այն մեծերուն, որոնք այս երկրաւոր աշխարհին վրայ իրենց հետքը թողուցին, դրոշմը դրին ու դարձան «նշխարեալ բեկոր» երկնային։

Մեկնեցա՜ր… բայց յո՛ւշ դարձար մարդոց հոգիներուն ու սրտերուն մէջ ու դեռ նայուածքներուն առջեւ սերունդներուն գալիք։

Մեկնեցա՜ր… բայց ո՛չ այնքան անշուք ու լո՜ւռ։

Լաց եղաւ մարդկութիւնը համայն, թաց աչքերով հետեւեցան սգոյ հանդէսներուն…, մոմավառութիւննե՜ր ու ծաղիկնե՜ր ամէնուրեք, ուր անունդ էր ամրագրուած, յուշարձաններ կանգնած։

Ասպետական Ֆրանսան ու Հայաստանի Հանրապետութիւնը խոնարհեցուցին իրենց դրօշները… որոնք եղան հայրենիքները քո։

Խոնարհեցաւ մարդկութիւնը համայն, յիշատակիդ առջեւ անթառամ։

Չմեկնած, ըսած էիր քո խօսքը «Սի՛րտս Հայաստանին, հոգի՛ս Ֆրանսային, իսկ ձա՛յնս աշխարհին կը պատկանի»։

Ու այդ խօսքիդ հաւատարիմ, Ֆրանսան պետական բարձր մակարդակով, Ֆրանսայի դրօշը դագաղիդ վրան, հայոց դրօշի եռագոյն վարդերով, զինուորական պատուոյ պահակներու ուսամբարձ եւ յամրաքայլ քայլերով, հայկական տուտուկի վրայ «Տըլէ Եաման»ի նուագակցութեամբ քեզ բերին հրապարակ։ Հոն էին Ֆրանսայի պետական աւագանին, իր նախկին նախագահներով, զինուորական պատուոյ գունդեր, ընտանիքդ, մտերիմներդ, արուեստագէտ մարդիկ։ Հո՛ն էր Հայաստանի Հանրապետութեան պետական աւագանին եւ Հայրապետը Հայոց։

Եկած էին բոլորը իրենց վերջին յարգանքի տուրքը մատուցելու Շանսոնիէին, սիրտեր հմայող մեծ երգիչին, մեծ պոէտին, հո՛ն Ֆրանսայի մէջ, ուր «պոէտները չեն մեռնիր, այլ յաւերժ կ՚ապրին», ինչպէս վկայեց նախագահ Մաքրոն։

Ու սգահանդէսի աւարտին, Ֆրանսայի պատուոյ պահակները երբ կրկին ուսամբարձ քեզ պիտի տանէին քո վերջին հանգիստին, հնչեց քո՛ իսկ երգը հրաժեշտի… «Տարէ՛ք ինձ»։

Ու տարին քեզ համայն մարդկութեան աչքին առջեւ, որոնք գամուած հեռատեսիլի կայաններուն առջեւ թաց աչքերով հետեւեցան մեկնումիդ, դէպի… Յաւերժութիւն։ Ու այդ պահուն ծափահարեցինք քո՛ ապրած կեանքին համար, քո՛ վաստակին, քո՛ աստուածատուր շնորհքին, մեծութեան, տաղանդին, ազնուութեան, բարիութեան, բարեգործութեան եւ մանաւանդ մեծահոգի ՄԱՐԴ ըլլալուդ։

Ու այս բոլորին հետ, առաւօտեան կանուխ ժամերուն, ոտքի ելայ տանս մէջ եւ իմ հրաժեշտի վերջին ծափս ծափեցի, այնպէս ինչպէս ծափահարած էի քեզի աւելի քան յիսնամեակ մը առաջ Երուսաղէմի մէջ, երբ մեր դասարանը մտար։

Բայց, ա՛յս անգամ թաց էին աչքերս։

ՆԱ­ՀԱ­ՊԵՏ ՄԵԼ­ՔՈ­ՆԵԱՆ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 11, 2018