ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՖՐԱՆՍԵՐԷՆ
Հայաստանը ֆրանսախօսութիւն կը շնչէ: Երեւանի զանազան հրապարակներու վրայ բեմեր լարուած են. մեծ ազդագրերը, ցուցահանդէսները, համաժողովները, համերգները եւ բազում մշակութային միջոցառումները այս օրերուն միայն Ֆրանսախօսութեան միջազգային գագաթաժողովին նուիրուած են: Հետաքրքրական ու բազմազան այս ձեռնարկները կը վկայեն, որ ֆրանսախօսութիւնը միայն Ֆրանսան ու ֆրանսերէնը չեն, այլեւ՝ մշակոյթներու քաղաքակիրթ ու բարձրակարգ երկխօսութիւնն է ու այդ երկխօսութիւնը այս տարի ծաւալած է Հայաստանի մէջ: Թերես այսքան մեծ թիւով բարձրաստիճան հիւրեր Հայաստանը երբեք չէ ընդունած: Հիւրերու, պատուիրակներու եւ ձեռնարկներու առատութիւնը Հայաստանի կառավարութեան առիթ տուած է այս երկու օրը Երեւանի մէջ հռչակել ոչ-աշխատանքային՝ տօնական:
Մթնոլորտը աւելի յուզիչ եւ զգացական կը դարձնեն Շարլ Ազնաւուրի երգերը, որոնք գրեթէ բոլոր սրահներուն մէջ կը հնչեն, պատուհաններէն դուրս կը յորդին, թանձր ու սիրելի կերպով կը նստին բոլորին սրտերուն մէջ, յիշեցնելով, որ ան նոյնպէս ներկայ պիտի ըլլար Ֆրանսախօսութեան միջազգային գագաթաժողովին: Իր երգերով Ազնաւուր իրապէս ներկայ է այս օրերուն Երեւանի մէջ: Մահուան վիշտը տակաւին չէ փարատած: Անոր լուսանկարները, պաստառները տակաւին վար չեն առնուած փողոցներէն: Մէկ կողմէ ժողովուրդը արցունքով կը սգայ անոր մահը, միւս կողմէ յիշատակը կը խնկարկէ՝ ժպիտով եւ հպարտութեամբ:
Տակաւին թարմ է տպաւորութիւնը Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հրաշալի դամբանականին, որ ան հնչեցուց Փարիզի մէջ՝ Ազնաւուրի մահուան առթիւ: Այսօր Երեւանի մէջ Մաքրոն ո՛չ միայն Ֆրանսախօսութեան միջազգային գագաթաժողովի գլխաւոր հիւրերէն է, այլ նաեւ՝ ֆրանսահայ մեծ արուեստագէտ Շարլ Ազնաւուրի հայրենիքին մէջն է։ Երկրի մը, որու մասին ան խօսեցաւ իր դամբանականին մէջ, ըսելով, որ ըլլալով Ֆրանսայի զաւակը, Ազնաւուր նաեւ զաւակն է Հայաստանի… Հայաստան գալէ առաջ Մաքրոն հայերէնով գրառումներ կատարեց ընկերային հարթակներու վրայ, անգամ մը եւս փաստելով, որ երկիրը, ուր կու գայ, հետաքրքրական է իրեն համար:
Ֆրանսախօսութեան բոլոր արժէքները այս օրերուն կարելի է տեսնել Երեւանի Օփերայի շրջափակը տեղադրուած Ֆրանսայի տաղաւարին մէջ, որ ստեղծուած է «Հնարաւորութիւններու ֆրանսերէն» արտայայտութեան ոգիով։ Ճիշդ այսպէս կը բնորոշէ ֆրանսերէնը՝ Էմմանիւէլ Մաքրոն:
Ֆրանսախօսութեան բոլոր արժէքները կարելի է գտնել նոյնինքն՝ Էմմանիւէլ Մաքրոնի «Յեղափոխութիւն» գիրքին մէջ, որ այս օրերուն հայերէնի թարգմանուեցաւ եւ որուն շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպանատան մէջ: 2016 թուականին գրուած եւ կարգ մը լեզուներու թարգմանուած այս գիրքը միայն Ֆրանսայի մէջ աւելի քան երկու միլիոն օրինակով վաճառուած է եւ դարձած՝ պեսթսելըր: Երեւանի գրախանութներուն, բարձրակարգ առեւտրական վայրերուն, գրախանութ-սրճարաններուն մէջ այս օրերուն գլխաւոր գրադարակներուն վրայ է Մաքրոնի «Յեղափոխութիւն»ը եւ անմիջապէս ուշադրութիւն կը գրաւէ՝ կողքին վրայ պատկերուած Ֆրանսայի պատմութեան ամենէն երիտասարդ նախագահը, իբրեւ նոր արժէքներու ջատագով: Մաքրոն հրաշալի գիրք մը գրած է այն մասին, թէ փոխուող աշխարհին մէջ ինչպէ՛ս ինք կը պատկերացնէ Ֆրանսայի ապագան: Այս հսկայական փոփոխութիւններուն մասին, Վերածնունդէն մինչեւ հիմա, թերեւս ոչ ոք մտածած եւ այսպէս անկեղծօրէն շարադրած էր, կ՚ըսեն գիրքը վերլուծող մասնագէտները:
Գիրքին թարգմանութիւնը նախաձեռնած է երեւանեան Newmag ընկերութիւնը։ Թարգմանիչը լրագրող Արտակ Հերքեանն է, որ ամէն ջանք գործադրած է, որպէսզի Ֆրանսախօսութեան գագաթաժողովէն առաջ հայերէնի թարգմանուած «Յեղափոխութիւն»ը պատրաստ ըլլայ:
Այս գիրքին ընթերցանութիւնը կ՚օգնէ աւելի լաւ ճանչնալ ու հասկնալ Ֆրանսան, ներսէն փորձել կոտրել քաղաքական համակարգին մէջ ամրացած կարծրատիպերը: Խորհրդանշական է, որ գիրքը հայերէնի թարգմանուեցաւ եւ հրատարակուեցաւ այն ժամանակ, երբ Հայաստանի մէջ յեղափոխութիւն տեղի ունեցաւ եւ քաղաքական կարգ մը կարծրատիպեր չքացան:
Մաքրոն հրաշալի կերպով կը նկարագրէ իր մուտքը քաղաքականութիւն, ուր մտած է շատ բաներ փոխելու հաւատքով եւ այդ նոյն հաւատքը մարդոց մէջ ներարկելու յոյսով: Իր մանկութիւնը, պատանեկութիւնը անցուցած է գիրքերու, ընթերցանութեան, երաժշտութեան երազային միջավայրի մը մէջ. ան փոքր տարիքէն վայելած է քնքշանք, վստահութիւն եւ յետագային փորձած է այդ բոլորը վերադարձնել…
ՀԱՏՈՒԱԾՆԵՐ՝ «ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ» ԳԻՐՔԷՆ
Մանկութիւնս անցուցած եմ գիրքերու մէջ, քիչ մը աշխարհէն կտրուած: Նստակեաց կեանք մը կը վարէի ֆրանսական գաւառական քաղաքի մը մէջ: Ուրախ կեանք մը, որ կ՚անցնէր կարդալով եւ գրելով: Թեքստերու եւ բառերու մոլորակին մէջ կը բնակէի: Գրուածքներու մէջ սովորական իրերը աւելի մեծ կարեւորութիւն կը ստանային եւ երբեմն աւելի իրական էին, քան՝ իրականութիւնը: Ընթերցանութեան խորհրդաւոր, մտերմիկ ժամերուն գրականութիւնը կ՚իշխէր արտաքին երեւոյթներուն վրայ՝ աշխարհին տալով այնպիսի խորք մը, որուն մասին առօրեայ կեանքի մէջ միայն թեթեւակի պատկերացում կը կազմենք: Կարդալու ընթացքին իրական կեանքէն չենք բացակայիր: Այդ ժամանակ ես տակաւին միայն միտքով կը ճամբորդէի: Բնութեան, ծաղիկներուն, ծառերուն կը ծանօթանայի գրողներուն ոճով, անոնց ստեղծած կախարդանքին միջոցով:
*
…Ծնողքիս հետ զրոյցները նոյնպէս գիրքերու շուրջ էին: Այդ ժամանակ էր, երբ բացայայտեցի տարբեր գրականութիւն մը, աւելի փիլիսոփայական եւ ժամանակակից: Անընդհատ բանավէճերու նիւթ կը դառնային նաեւ հիւանդանոցի կեանքը, բժշկական գործունէութեան եւ հետազօտութիւններու բարելաւումը: Քանի մը տարի վերջ ծնողքս փոխանցադրօշը յանձնեցին եղբօրս եւ քրոջս: Լորան դարձաւ սրտաբան, Էսթելը՝ երիկամաբան:
Հիմնականօրէն այդ տարիներուն էր, որ հասկցայ, թէ գիտելիք ստանալու ձգտումն է, որ կը բանայ ազատութեան ճանապարհը: Արդէն բացայայտած էի ոսկէ երիտասարդութեան փոթորկուն կեանքին հաճոյքն ու պատասխանատուութիւնը, բայց երջանիկ էի նաեւ մարդոց նայուացքներէն հեռու իմ նստակեաց կեանքով: Մեր արմատները կը պաշտպանեն մեզ եւ կը կարծեմ՝ իմաստուն կը դարձնեն: Ես երկու հեռանկար ունէի՝ դաշնամուր եւ թատրոն: Դաշնամուր նուագել սիրած եմ փոքր տարիքէս, անիկա այսօր ալ իմ տարերքս է: Թատրոնը բացայայտեցի պատանութեան շրջանին: Իսկական յայտնութիւն մըն էր բեմին վրայ ըսել այն, ինչ որ այդքան շատ կարդացած էի մեծ մօրս հետ: Լսել միւս դերասանները, միասին խաղալ, մարդիկը խնդացնել եւ յուզել:
Թատրոնի շնորհիւ լիսէի մէջ հանդիպեցայ Պրիժիտին: Սէրը գաղտագողի եկաւ: Ամէն ինչ սկսաւ մեր փոխըմբռնումէն, որ աննկատ ձեւով վերածուեցաւ զգացական կապի: Առանց որեւէ պայքարի կիրքը տակաւին կը պահպանուի:
Ամէն ուրբաթ անոր հետ ժամերով թատրերգութիւն կը գրէի: Կ՚որոշէինք միասին բեմադրել մեր թատրերգութիւնները: Կը խօսէինք ամէն ինչի մասին: Թատրերգութիւն գրելը անոր հետ ժամանակ անցնելու պատրուակ մըն էր: Տպաւորութիւն մը կար, որ մենք միշտ ճանչցած ենք զիրար: Քանի մը տարի յետոյ յաջողեցայ ապրիլ իմ ուզած կեանքով: Հակառակ դիմահար քամիներուն՝ իրարմէ անբաժան էինք:
16 տարեկանին հեռացայ ծննդավայրէս եւ գացի Փարիզ: Բազմաթիւ երիտասարդ ֆրանսացիներ այդպէս կը փոխեն իրենց կեանքի ուղին: Կեանքիս ամենէն ազդեցիկ արկածն էր: Կ՚ապրէի այնպիսի տեղերու մէջ, որոնք մինչ այդ ինծի համար գոյութիւն ունեցած էին միայն վէպերու մէջ: Կ՚անցնէի փողոցներէն, ուրկէ քալած էին Ֆլոպէրին, Հիւկոյի հերոսները…
…Պէտք է խոստովանիմ նաեւ, որ փարիզեան առաջին տարիներուս աւելի շատ հակում ունէի կեանքի եւ սիրոյ, քան՝ ուսանողական մրցակցութեան: Սեւեռուն միտք մը ունէի՝ ապրիլ իմ սիրած կնոջ հետ:
*
2015 թուականի աշնան, Փարիզի մէջ ահաբեկչական յարձակումներէն ետք, որոշ իրողութիւններ ինծի կը թուէին թիւրիմացութիւն, երբեմն՝ իսկական քաղաքական սխալ: Մերժուեցաւ յոյժ կարեւոր ռազմավարութիւն մը, որ մեր երկրին մէջ կը ստեղծէր տնտեսական հնարաւորութիւններ. չկային բարեփոխումներ իրականացնելու կամք եւ համաեւրոպական աւելի մեծ յաւակնութիւն: Նաեւ սկսան անպտուղ բանավէճեր՝ որոշ քաղաքացիներ ֆրանսական անձնագրէն զրկելու հարցին շուրջ, որ երկիրը կը պառակտէր ու այդպէս ալ չէր տար կարեւոր հարցումներուն պատասխանը: Այն պահուն, երբ ճգնաժամն ու ընկերային հիասթափութիւնը կը ծնէին ծայրայեղականութիւն եւ բռնութիւն, երբ մեր դրացիները գործազրկութիւնը կրճատելու երակարաժամկէտ լուծումներ կը գտնէին, իսկական արտակարգ դրութիւն պէտք է յայտարարուէր տնտեսական ու ընկերային կեանքէն ներս:
Ես յայտնեցի անհամաձայնութիւններս: Նախարարի պաշտօնին մէջ իմ քայլերս կը խոչընդոտէին վերլուծական թիւրըմբռնումները, անձնակազմին թեքնիկ հմտութիւններուն պակասը, ոմանց ետին թաքնուած միտքերը: Որոշեցի քաղաքական նախաձեռնութեան մը սկսիլ: 6 ապրիլ 2016-ին իմ ծննդավայր Ամէյնիի մէջ ազդարարեցի «Յառա՜ջ» շարժումին մեկնարկը: Անկախ ճանապարհիս հանդիպած արգելքներէն, այս շարժումը հիմնուած է ոչ թէ ընդդէմ, այլ՝ յանուն… Յանուն քաղաքական տարաձայնութիւններու յաղթահարման, որոնց հետեւանքները զգացած եմ: Յանուն երկրի վերակառուցման, աւելի հեռուն գացող նպատակի: Յանուն նոր ծրագրի: Յանուն մեր պատմութեան ուղին նոր հունի մտցնելու եւ առաջընթացին զարկ տալու: Յանուն մեր երեխաներուն, որոնք պէտք է մեր ծնողքէն լաւ ապրին: Յանուն յանձնառու ըլլալու ցանկութեան, որ կենսական ուժ կը ներարկէ ֆրանսական հասարակութեան: Յանուն նոր դէմքերու, նոր տաղանդներու, որոնք պէտք է ասպարէզ բերել:
Յետագայ ամիսներուն ակնյայտ դարձաւ, որ պէտք է հեռանամ կառավարութենէն: Երեւոյթներու նոր ընկալումին, ետեւէս եկող կիներուն եւ տղամարդոց, պետութեան իմ հայեցակարգին պարտական եմ, որ ստիպեցին դիմել այդ քայլին:
Իմ դէմս նիւթուած դաւաճանութեան մասին բան մը միայն կ՚ըսեմ ու ոչ մէկ բառ աւելին: Այդ մէկուն հիմքին մէջ ժամանակակից քաղաքականութեան բարոյական ճգնաժամը կայ:
*
.…Իմ ծառայութեանս ընթացքին ես նուիրուած եմ միայն երկրիս եւ ոչ որեւէ կուսակցութեան, պաշտօնի կամ մարդու: Պաշտօնները ընդունած եմ, որովհետեւ ատոնք հնարաւորութիւն տուած են ծառայելու երկրիս: Առաջին օրէն ըսած եմ այդ մէկը եւ յետոյ միտքս չեմ փոխած: Երբ խոչընդոտներ ստեղծուեցան իմ ճանապարհիս, թարմ գաղափարներու եւ նոր մարդոց կարիք կը զգացուէր, երեւակայութեան սարսափելի պակաս կար, համընդհանուր լճացում: Հասկցայ, որ այլեւս կարելի չէ օգտակար բան մը ընել, եզրակացուցի եւ հրաժարական տուի:
Պետական ծառայութեան իմ մտապատկերը ո՛չ փառքով տարուիլը եւ ոչ ալ ծառայողական աստիճանով բարձրանալու համար կարգի կենալն է, այլեւ՝ ծառայութեան վրայ հիմնուած ընդհանուր պարտաւորութիւն մը: Ուրիշ ոչ մէկ բան հաշուի մէջ է: Մանաւանդ՝ այն մարդոց քննադատութիւններն ու յերիւրանքները, որոնք հաւատարիմ են ո՛չ թէ իրենց երկրին, այլեւ՝ համակարգին: Անոնք գիտեն միայն նիւթական շահ ստանալու համար ինչպէս պիտի գործածեն իրենց փափուկ տեղին առաւելութիւնները: Ահա՛, թէ ո՛ւր հասած ենք:
*
Այս բոլոր տարիներուն Պրիժիտը իմ հետս կը բնակէր: Մենք ամուսնացած ենք 2007 թուականին: Ամուսնութեամբ պաշտօնապէս օծեցինք մեր գաղտնի սէրը, որ շատեր չէին ընդուներ, բայց մենք զանոնք կը ստիպէինք ընդունիլ: Անշուշտ, ես հաստատակամ էի: Որպէսզի պայքարիմ կեանքի հանգամանքներուն դէմ, որոնք ամէն ձեւով կը ջանային հեռացնել մեզ իրարմէ: Որպէսզի ընդդիմանամ հասարակութեան համար ընդունելի կանոններուն, որոնց թելադրանքով մարդիկ առաջին պահէն կը դատապարտէին մեզ: Բայց պէտք է ըսեմ, որ ան իսկական խիզախութեամբ կը փայլէր: Անոր վճռականութեան մէջ վեհանձնութիւն ու անսպառ համբերութիւն կար:
Պրիժիտը երեք երեխայ եւ ամուսին ունէր: Իսկ ես աշակերտ էի եւ վերջ: Ան զիս չէ սիրած իմ ունեցածիս համար: Իմ վիճակիս համար: Իմ խոստացած յարմարաւէտութեանս կամ անվտանգութեան համար: Ան այդ բոլորէն հրաժարած է յանուն ինծի: Բայց միշտ հոգ տարած է իր երեխաներուն: Երբեք ոչինչ պարտադրելով՝ նըր-բօրէն հասկցուցած է, որ անկարելին կրնայ իրականութիւն դառնալ:
*
Աւելի ուշ հասկցայ, որ մեր բոլորին կեանքերը միաւորելու անոր ցանկութիւնն է մեր երջանկութեան գրաւականը: Պրիժիտին շնորհիւ՝ անոր երեխաները կամաց-կամաց հասկցան մեր յարաբերութիւնները եւ ընդունեցին մեր միութիւնը: Առնուազն յոյս ունիմ, որ մենք յաջողեցանք ստեղծել ուրիշ ընտանիք մը: Իր տեսակով տարբեր, առանձին ընտանիք մը, ուր միաւորող ուժը անպարտելի է: Միշտ հիացած եմ անոր պարտաճանաչութեամբ եւ խիզախութեամբ: Նախ եւ առաջ որպէս ֆրանսերէնի եւ լատիներէնի ուսուցիչ, ան երբեք չէ դադրած բարեացակամ պահանջկոտութեամբ իր գործը կատարելէ, որով կը զբաղի երեսուն տարեկանէն եւ զոր շատ կը սիրէ: Տեսած եմ, թէ ինչպէս ժամեր կ՚անցընէ դժուարութիւններ ունեցող երեխաներուն հետ: Քանի որ անհանգիստ է, զգայուն անոնց հոգերուն հանդէպ: Որովհետեւ անոր ինքնավստահ աշխուժութեան ետին կայ զգացական աշխարհ մը, ուր կան միայն փխրուն բնաւորութեամբ մարդիկ: Աշխարհ մը, ուր այդ երեխաները կարող են գտնել իրենք զիրենք:
Յետոյ, որպէս մայր, ան նոյն սիրալիր վճռականութեամբ կը հաղորդակցի երեխաներուն հետ: Պրիժիտը իր երեխաներուն կողքին կեցած է անոնց ամբողջ կեանքին եւ ուսման ընթացքին: Եւ միշտ խստապահանջութեամբ խօսած է այն մասին, թէ ի՛նչ կը սպասէ անոնցմէ: Օր չկայ, որ Սեպաստիէնը, Լորանսը եւ Թիֆէնը անոր չհեռաձայնեն, չհանդիպին, իրմէ խորհուրդ չհարցնեն: Ան իր երեխաներուն կողմնացոյցն է: Կեանքս հետզհետէ լեցուեցաւ անոր երեք երեխաներով, անոնց կողակիցներով՝ Քրիտէլ, Կիյոմ, Անթուան եւ մեր եօթ թոռներով՝ Էմմա, Թոմա, Քամիյ, Պոյ, Էլիզ, Ալիս եւ Օրէլ: Անոնց համար է, որ մենք կը պայքարինք: Ընտանիքը կեանքիս հիմքն է, քարափը: Մեր պատմութիւնը մեր մէջ դաջած է անխախտ վճռականութիւն մը՝ ոչինչ չզիջիլ յարմարուողականութեան, երբ հաւատքդ աւելի ուժեղ է եւ անկեղծ:
*
…Իւրաքանչիւրս մեր կեանքի պատմութեան, ուսուցիչներուն տուած կրթութեան, հարազատներուն վստահութեան, յաղթահարուած ձախողումներուն արդիւնքն է: Այս տողերը գրած պահուս կը յիշեմ անոնք, որոնք զիս մեծցուցին եւ գործել ու ծառայել սորվեցուցին: Կը գիտակցիմ պարտքս անոնց հանդէպ, այն վճռականութիւնը, որ անոնք սերմանած են մէջս: Անոնք, որոնք աջակցած են ինծի եւ այլես չկան: Կը ճանչնա՞ն արդեօք անոնք մեր աշխարհը, որ այսքան փոխուած է: Երբեմն ատիկա կ՚անհանգստացնէ մեզ:
Մինչդեռ, համոզուած եմ, որ 21-րդ դարը, ուր ոտք կը դնենք, խոստումներով լի դար մըն է: Այս լաւատեսական ձգտումով ոգեշնչուած միշտ ծառայած եմ իմ երկրիս:
Ընթացող թուային, բնապահպանական, արհեստագիտական եւ արդիւնաբերական յեղափոխութիւնները ահռելի են: Ֆրանսան պէտք է մասնակցութիւն ունենայ այդ յեղափոխութիւններուն: Պէտք չէ ձգէ, որ մեծնայ խզումը Միացեալ Նահանգներու, կամ որ աւելի կարեւոր է, Չինաստանի հետ (երկիր-մայրցամաք, որ օրէ օր աւելի շատ ցոյց կու տայ իր ուժը): Մենք կը յաջողինք միայն երկու պայմանով՝ նոր շունչ հաղորդելով Եւրոպային, որ յաջողութեան մեր գրաւականն է ընդլայնող աշխարհին մէջ, նաեւ վերագտնելով մեզի հանդէպ վստահութիւնը՝ կենսուժը, որ վատնած ենք տարիներ շարունակ, բայց որ տակաւին ունի ֆրանսացի ժողովուրդը:
Ատոր համար Ֆրանսայի մէջ ամէն մէկը պէտք է կրկին իր տեղը ըլլայ:
*
Այս պայքարը առաջնորդելու համար հսկայ պատասխանատուութիւն ունի հանրապետութեան նախագահը: Լիովին կը գիտակցիմ: Նախագահը օժտուած չէ միայն քաղաքական քայլեր առնելու իրաւասութեամբ: Անոր ուսերուն չերեւցող պարտականութիւններ ալ կան: Ան պատասխանատու է այն բոլորէն, որ վեր է քաղաքականութենէն. պէտք է պահպանէ մեր երկրին արժէքները, ապահովէ մեր պատմութեան ընթացքը: Ան ոչ բացայայտ ձեւով, բայց պատասխանատուութիւն կը կրէ նաեւ հասարակական կեանքի կենսունակութեան ու արժանապատուութեան համար:
Ես պատրաստ եմ այդ մէկուն:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ