ԶԿԱՅՍԵՐՆ ԿԱՅՍԵՐ…
«Տուք զկայսերն կայսեր եւ զԱստուծոյն Աստուծոյ»։ Աւետարանական այս խօսքը սահմանը կ՚որոշէ աշխարհայինին եւ աստուածայինին, ուրիշ խօսքով՝ նիւթական-աշխարհային աշխարհի եւ բարոյական-հոգեւոր աշխարհի։ Արդարեւ, քանի որ մարդ կ՚ապրի աշխարհի վրայ եւ այնքան ատեն որ կը շարունակէ ապրիլ աշխարհի վրայ, պարտաւո՛ր է քայլ յարմարցնել նաեւ աշխարհային կեանքին՝ առանց անտեսելու հոգեւոր կեանքը։
Ուստի աշխարհայինը եւ բարոյական-հոգեւոր կեանքը ներդաշնակել՝ այս աշխարհի վրայ կեանքը վարելու լաւագոյն ճամբան կը նկատուի։
Եւ ահաւասիկ, այս իմաստով, աւետարանական այն խօսքը՝ թէ «Ինչ որ կայսրին կը պատկանի՝ կայսրին տուէք, եւ ինչ որ Աստուծոյ՝ Աստուծոյ տուէք» (ՄԱՏԹ. ԻԲ 21), սահմանը կ՚որոշէ աշխարհայինին եւ աստուածայինին։ Արդարեւ, մարդ քանի որ երկու «տիրոջ» չի կրնար ծառայել, ապա ուրեմն բնական է եւ բանական՝ զատել զանոնք եւ սահման դնել երկուքին միջեւ, եւ ըստ այնմ շարժիլ եւ գործել։
Մաղաքիա Արքեպս. Օրմանեան իր «Համապատում»ին 222-րդ գլխուն մէջ «Տո՛ւք զկայսերն կայսեր» (ՄԱՏԹ. ԻԲ 15-22), (ՄԱՐԿ. ԺԲ 13-17), (ՂՈՒԿ. Ի 20-26) խորագրով կը պարզաբանէ աւետարանական այս հատուածը։
«Քահանայապետներ եւ դպիրներ եւ ծերեր, որք նոյն օրը Յիսուսի վրայ ձեռք դնելու համարձակութիւն չէին ունեցած, նորէն խարդախ կերպով Յիսուսը յանցանքի մէջ բռնելու եւ մեղապարտութեան ենթարկելու փորձը ուզեցին ընել, եւ այս անգամ Փարիսեցիներ Սադուկեցիներէն բաժնուեցան, իւրաքանչիւրն իւր ըմբռնման կերպով ծուղակ մը լարելու համար։ Փարիսեցւոց խումբին միացան Հերովդիանոսներն ալ, որոնք ըստ ոմանց Հերովդէսը իբր Մեսիա հռչակած էին, բայց աւելի հաւանականութեամբ Հերովդէսի պաշտօնեաներ էին, որոնք կայսերական տուրքերն ալ հաւաքելու կը ծառայէին, եւ ընդհանրապէս Փարիսեցի աղանդին կը հետեւէին։ Փարիսեցիական խումբը մտածեց, որ երթայ Յիսուսին հարցնէ, թէ Հռովմայ կայսեր տուրքը տալու պարտաւորութիւն կա՞յ Հրեաներուն համար։ Իրենք կը խորհէին թէ Յիսուս իբր խիստ օրինապահ եւ Մովսէսի օրէնքին պաշտպան, եւ իբր մոլեռանդ Հրեայ մը, որ հեթանոսներու հետ որեւէ յարաբերութիւնը պղծութիւն կը համարի, պիտի պարտաւորուի ըսել, թէ տուրքը տալու պարտք չկայ. եւ իրենք ալ առիթ պիտի ունենան Հռովմայեցի դատաւորին առջեւ Յիսուսը ամբաստանել, թէ տուրք տալու արգելք կը դնէ։
«Այս որոշումը տալերնէն ետքը մէջերնէն պատուիրակութիւն մը ընտրեցին, որ կատարեալ կեղծաւոր կերպերով եւ ինքզինքնին խստակրօն օրինապահ եւ արդար ձեւացնելով Յիսուսին մօտեցան շողոքորթ լեզուով եւ սկսան առաջարկել։
«Վարդապետ գիտեմք որ ուղիղ եւ առողջ սկզբունքներու տէր ես, միայն ճշմարտութեան եւ ուղղութեան կը հետեւիս, եւ անոր համեմատ անաչառ կերպով արդարութիւնը կը քարոզես, միայն ու միայն Աստուծոյ ճամբան ժողովուրդին կը սորվեցնես, բնաւ մէկէ մը կախում կամ ակնածութիւն չունիս, ինչպէս նաեւ ոեւէ անձէ վախ չունիս, քու կարծիքներուդ համարձակ տէրն ես, եւ ինչ որ կը զգաս եւ ինչ որ համոզուած ես՝ յայտնելու որեւէ կաշկանդում չունիս. մենք ալ քեզի պէս մէկու մը խորհուրդին պէտք ունինք մեր խիղճը հանդարտեցնելու, վասնզի կը վախնանք որ չըլլայ թէ հեթանոսներու հետ որեւէ յարաբերութիւն մեր վրայ պղծութիւն եւ Աստուծոյ օրէնքին անարժանութիւն բերէ։ Ուստի, կ՚աղաչենք, որ մեզի յայտնապէս ըսես, թէ ներեա՞լ է կայսեր տուրքը տալով հեթանոսներու հետ յարաբերութեան մէջ գտնուիլ։ Ի՞նչ կ՚ըսես, Հռովմայ կայսեր տուրք տալո՞ւ ենք, թէ տալու չե՛նք։
«Այս բոլոր շողոքորթ բացատրութիւններու ներքեւ խաբէութեան թոյնը ծածկուած էր, ինչ որ Յիսուսի համար գուշակել շատ դժուար չէր, ինչու որ երբեք Փարիսեցիներ իրեն հանդէպ բարեկամական կամ պատուադիր ձեւեր գործածած չէին, եւ այս անգամ ալ չափը անցընելու չափ շողոքորթութիւնը կը շատցնէին։
«Յիսուսի դժուար չէր մէկ խօսքով կտրուկ պատասխանը տալ, վասնզի օրէնքին մէջ այդ մասին ոչ մի արգելք չկար, եւ սրբութեան եւ արդարութեան ձեւն ալ այդ պարագային բնաւ տեղի չունէր։ Սակայն պարզ պատասխան մը կրնար միշտ հարցնողներուն խծբծանքի առիթ տալ, պէտք էր զիրենք ամչցնելով ու պապանձեցնելով գործը վերջացնել, որպէսզի որեւէ ատեն բերան բանալու յանդգնութիւն չունենան։
«Անոնք կը կարծէին թէ պիտի կարենան կամ տէրութեան օրէնքին դէմ եւ կամ հրէական օրէնքին դէմ անարգութիւն ըրած է ըսել Յիսուսի համար։
«Կեղծաւորներ,- պատասխանեց Յիսուս, ի՞նչ ելեր էք զիս փորձել, եւ ձեր խելքով զիս մեղադրանաց ներքեւ թողուլ։ Ձեր կեղծաւոր նենգութիւնը շատ յայտնի է, սակայն հնարքնիդ շատ տկար է։ Կայսեր տուրքը կը վճարուի դրամով, այդ դրամէն հատ մը մէջտեղ բերէ՛ք տեսնեմ։ Իսկոյն հարցնողներ գրպաններնէն հռովմէական դահեկան մը հանելով Յիսուսին ներկայացուցին։ Յիսուս հարցուց.- Այս դահեկանին վրայ պատկեր մը եւ գիր մը կայ. պատկերը որո՞ւնն է եւ գիրը որո՞ւն անունը կը նշանակէ։ Հարցնողներ առանց մտածելու, թէ Յիսուսի հարցումէն ի՞նչ հետեւանք կրնայ ելլել՝ մէկէն պատասխանեցին.- Պատկերը Հռովմայ կայսեր պատկերն է. գիրն ալ նոյն կայսեր անունն է։
«Ինչո՞ւ ուրեմն կը վարանիք, կ՚ըսէ Յիսուս. գացէ՛ք, ինչ որ կայսեր կը պատկանի, կայսեր տուէք, իսկ ինչ որ Աստուծոյ կը պատկանի, այն ալ Աստուծոյ կու տաք. Երթայք, տուք զկայսերն կայսեր, եւ զԱստուծոյն Աստուծոյ։
«Այնչափ պարզ եւ այնչափ համոզկեր էր Յիսուսի կատարած դարձուածքը, որ նենգաւոր հարցնողներն ալ, եւ իրենց թելադրողներն ալ պապանձեցան, լռեցին, եւ դիտողութիւն մը չկրցին ընել, եւ Յիսուսի իմաստութեան վրայ զարմացած, թողուցին, հեռացան, ցաւելով հարկաւ որ իրենց նպատակին չկրցին հասնիլ. - Եւ ոչ կարացին զնա ըմբռնել բանիւք առաջի ժողովըր-դեանն»։
Արդարեւ, օրինապահութիւնը կ՚ենթադրէ տուեալ օրէնքներու հնազանդութի՛ւն…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր, 8, 2018, Իսթանպուլ