«ՄԵԾ ՀՈԳԻ»ՆԵՐ ԵՒ ՊԶՏԻԿՆԵՐ

«Մեծ հոգի»ներ, վեհանձն նկարագրի տէր մարդիկ, ֆիզիքական ցաւերէ կը սոսկան ընդհանրապէս, քանի որ իրենց մեծութիւնը չեն կրնար կիրարկել հոն։ Մեծ հոգիները, պզտիկ ցաւերու ատեն ուրախ տեսնել շատ հազուադէպ է։ Արդարեւ, նկարագիրները «վիրաբուժական գործողութիւն»ներու ատեն միա՛յն կը յայտնուին։

«Մեծ հոգի», վեհանձն ըլլալ կը նշանակէ՝ ազնիւ ըլլալ, առաքինութիւններով օժտը-ւած ըլլալ, եւ մանա՛ւանդ յարգ եւ պատիւ ընծայել ուրիշին։ Ինքնակեդրոն, եսապաշտ մարդիկ երբեք վեհանձն, այսինքն «մեծ հոգի» չեն կրնար ըլլալ։ Ուստի վեհանձնութիւնը կը պահանջէ այլասէր ըլլալ՝ ուրիշը սիրել, հոգալ, կարեւորութիւն ընծայել իր անձին պէս։ Արդարութիւն, ողորմութիւն եւ հաւատարմութիւն՝ որոնք կը կատարելագործուին ժուժկալութեան, հաստատամտութեան առաքինութիւններով։

«Մեծ հոգի» անձնաւորութիւն մը երբե՛ք չի զբաղիր պզտիկ բաներով, այլ կը հետա-մըտի գաղափարային արժէքներու՝ բարութեան, ճշմարտութեան եւ բարոյական գեղեցկութեան։ Հաստատամիտ եւ հաստատակամ է վեհանձ հոգին՝ չի շեղիր ուղղա-մըտութենէ, արդարադատութենէ եւ ջանք կը թափէ չվշտացնելու իր շուրջինները եւ չվիրաւորելու անոնց արժանապատուութիւնը։ Ան մեծ յարգ կ՚ընծայէ մարդկային արժանապատուութեան, բարձրագոյն բարոյական արժէքներու, հաւասարութեան, եղբայրութեան, ազատամտութեան, որոնք իր նկարագրին յայտնի յատկութիւնները կը կազմեն։ Ուղղամտութիւնը, ճշմարտախօսութիւնը, օրինապահութիւնը, արդարութիւնը «մեծ հոգի»ներու նկարագրին տարրական բաղադրիչներն են։

«Մեծ հոգի»ներ չեն զբաղիր դէմքերով, այլ՝ դէպքերով. իսկ աւելի մեծ, գերազանց հոգիներ՝ միա՛յն սկզբունքներով, գաղափարներո՛վ։ Անոնց համար անձէն աւելի անոր գործը կարեւոր է, անոր ապրելակերպը, հաւատալիքները, որդեգրած սկզբունքները, նկարագիրը եւ անոր արտայայտութիւնը։

Անձ մը կրնայ սխալ մը գործել, բայց այդ սխալը անոր ամբողջ էութիւնը, նկարագիրը ցոյց չի տար, եւ մանաւանդ երբ ան անդրադարձած է իր սխալին եւ ջանք է թափած զայն սրբագրելու, այլապէս անիկա մինչեւ վերջ իր սխալով դատապարտելն է իսկական սխա՛լը։ Եւ ահաւասիկ «մեծ հոգի» ունեցող մարդը գիտէ զանազանել անձը եւ գործը, եւ ուրեմն անձը կը դատէ իր գործերով եւ ո՛չ թէ անձը ամբողջութեամբ։

Մարդիկ «մե՛ծ» են՝ այն ատեն երբ գիտեն արդար կերպով դատել ուրիշները։ Անոնց դատողութիւնը բոլորովին առարկայական է եւ անաչառ, եւ ո՛չ թէ ենթակայական։ Իրապէս վեհ հոգի մարդը, երբեք խտրութիւն չի դներ մարդոց միջեւ. կը սիրէ, կը յարգէ զանոնք, եւ կը պաշտպանէ անոնց արդար իրաւունքը, եւ վեր կը դասէ զայն ամէն բարոյական արժէքներէ։

Մ. Ա. Վոլթէր կ՚ըսէ իր հակառակորդներուն՝ իր գաղափարներուն հակադրողներուն, թէ ինք երբեք չ՚ընդունիր անոնց գաղափարները եւ սակայն իրենց խորհելու եւ գաղափարները ազատօրէն արտայայտելու իրաւունքը կը պաշտպանէ մինչեւ վերջ՝ ի գին ամէն բանի։ Եւ ահաւասիկ «մեծ հոգի»ի տիպար մը։ Անշուշտ պատմութիւնը կը վկայէ բազմաթիւ «Վեհ Հոգի»ներու՝ որոնք հետք մը թողած են մարդկային պատմութեան վրայ եւ ընթացք տուած են յառաջդիմութեան եւ լուսաւորութեան։ Ազատախոհ եւ շրջահայեաց «մեծ հոգի»ներն են, որ մարդկութեան արժանապատուութիւնը բարձրացուցած եւ վեր դիրքի մը վրայ են բերած։

«Մեծ հոգի»ներ տիպարներ են եղած համայն մարդկութեան։ Անոնց ամէն մէկը յիշելու համար անբաւարար կը մնայ այս տողերը՝ որոնց ցանկը բաւական երկար տեղ կը գրաւէ բարեբախտաբար։ Պատմութեան մէջ ամէն հաւաքականութիւն, ամէն հասարակութիւն ունեցած է իր «մեծ հոգի»ներու տիպարները, եւ այն հաւաքականութիւնները՝ որ հետեւած են իրենց «մեծ հոգի»ներու տիպարէն, անոնց ցոյց տուած լուսաւոր ուղիէն, յառաջդիմած եւ բարձրագոյն դիրքերու են հասած։

Անհատական կեանքի մէջ ալ պարագան նոյնն է՝ ամէն մէկս ունեցած ենք տիպար «մեծ հոգի» մը մեր կեանքին մէջ, անոնք որ անդրադարձած են անոր բարձր արժէքին՝ հսկայական եւ ապահով քայլերով յառաջացած են կեանքի ճամբուն վրայէն եւ հասած են կատարելութեան՝ երջանկութեան, մարդուս մեծագոյն նպատակին։

Բայց կարեւոր հարց մը կամ պարագայ մըն է, թէ «մեծ հոգի»ներու հետեւիլ, երբեք պէտք չէ՛ նշանակէ «բացարձակ ընդօրինակութիւն» մը, այլապէս մարդ միայն մեքենայ մը կ՚ըլլար՝ ընդօրինակութիւն մը «ծրագրուած մարդ»ուն։

Մարդ, ինչպէս յաճախ կը կրկնենք, բանականութեան կարողութեամբ օժտուած էակ մըն է, եւ միա՛կը կենդանական աշխարհի մէջ։ Եւ ուրեմն, փոխանակ մեքենաբար, կուրօրէն ընդօրինակելու իր տիպարը, պէտք է իւրացնէ զայն բանականութեամբ, խորհելով, դատելով եւ մանաւանդ անոր վրայ արժէք մը եւս աւելցնելով՝ որպէսզի ինք ալ կարենայ աւելի կատարեալ տիպար մը ըլլալ իր յաջորդներուն, ապագայ սերունդներուն։ Այլապէս, գէշ ընդօրինակութիւն մը պիտի նմանէր ամենէն աններդաշնակ, ամենէն անյարմար կարկտաններով ծածկուած այլանդակ վերարկուի մը՝ որուն նախնական տիպն ու գոյնը որոշելու գործը բուռ մը ալիւր համրելու աստիճան դժուար եւ անկարելի պիտի նկատուէր։

Եւ ամենէն գէշը հոն է որ այս կապկային ընդօրինակութեան ունակութիւնը որոշիչ յատկութիւն մը դարձած ըլլալու վտանգը պիտի զգացուէր ապագայ սերունդներու մօտ։ Անշուշտ մաղթելի է, որ այդ ունակութիւնը ցանցառ բացառութիւն մը միայն ըլլայ հասարակութեան մէջ եւ մեծամասնութիւն կազմեն այդ այլանդակ համադրութենէն դո՛ւրս՝ ինքնուրոյն յատկանիշ ունեցող՝ ընդօրինակութենէ աւելի իւրացնելով օգտագործութիւններ իրագործուին՝ փոխանակ «օրինակել»ու իւրացուած նկարագիրներ ունեցող սերունդներ պատրաստուին…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 13, 2018, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 18, 2018