ՏԻՐ՝ ԴՊՐՈՒԹԵԱՆ ԱՍՏՈՒԱԾԸ
Տիրը դպրութեան, պերճախօսութեան, գիտութիւններու եւ արուեստներու աստուածն է հին հայկական դիցաբանութեան մէջ։
Տիր եղած է Հայկ Աղեղնաւորի ուստրը, այսինքն մանչ զաւակը, եւ համարուած է Արամազդ աստուածահօր ատենադպիրը եւ սուրհանդակը, համայն մարդկութեան ճակատագրի գուշակը եւ նաեւ՝ երազներու մեկնիչ, անոնց բոլոր չար եւ բարի գործերուն գրանցողը՝ գրողը եւ արձանագրո՛ղը։ Տիր եղած է նաեւ ննջեցեալներու հոգիները «անդրշիրիմեան աշխարհ» ուղեկցողը։ Ան ամբողջ ամիս մը կը զբաղուէր մարդոց ծնունդներու եւ մահերու արձանագրութիւնը իր մատեանին մէջ գրանցելով, իսկ մնացած տասնմէկ ամիսներն ալ արարչագործութեան եւ ստեղծագործութեան աւիշ կը ներարկէր գրողներու, երաժիշտներու, նկարիչ եւ պատկերահաններու եւ քարագործ-քարակոփ ճարտարապետներու-արուեստագէտներու։
Տիր աստուածի նուիրուած գլխաւոր տաճարը կոչուած է «երազամոյն», անոր նուիր-ւած տօնահանդէսը՝ «Տիրական»։
Հայոց հին տոմարի 4-րդ ամիսը Տիրի անունով կոչուած է «Տրէ» կամ «Տրի»։ Իսկ ծիածանը՝ «Տիրական կամ Տրական գօտի»։
Տիր աստուածի անունով կոչուած է «Տիրինկատար» լեռը, «Տիրակատար» քաղաքը, «Տրէ» եւ «Տիրառիճ» գիւղերը։ Ինչպէս նաեւ շարք մը անձնանունները՝ Տիրան, Տիրոց, Տրդատ։ (Տիրայր=Տիրոջ մարդ, կարելի՞ է կապել նաեւ Տիր անունին, քանի որ Տիրան Տիր չաստուծոյ անունով կապուած անուն է, ինչպէս Տրդատ կը նշանակէ՝ Տիր չաստուծոյ տուածը…)։
Հելլէնիստական դարաշրջանին հայերը «Տիր»ին հետ նոյնացուցած են «Աբոլլոն»ը եւ «Հերմէս»ը։ Աբոլլոնը յունական դիցաբանութեան մէջ յայտնի է որպէս լոյսի, բնութեան պայծառ սկզբնաւորման աստուած, ինչպէս նաեւ արուեստներու հովանաւոր եւ «մուսայ»ներու առաջնո՛րդ։ Իսկ Հերմէս չաստուծոյ հետ կապ ունի Հերմինէ անունը։
Հին հայերու իմաստութիւններու, ուսման, գիտութեան աստուածն էր «Տիր»ը՝ Արամազդ գերագոյն աստուծոյ գրիչը կամ քարտուղարը, որուն պաշտամունքատեղին կը գտնուէր հին Արտաշատի մօտակայ շըր-ջանի մը մէջ եւ կը կոչուէր «Արամազդի գրչի դիւան կամ գիտութիւններու ուսուցման մեհեան»։ Մեհեանը հեթանոսական կռատուն, զոհարան, բագնետուն ալ կ՚անուանուէր, եւ նաեւ՝ բոլոր չաստուածներու «պանթէոն»։ Այսօրուան լեզուով եթէ ըսենք, «մեհեան»ն Արամազդի՝ Արամազդ աստուծոյ քարտուղարի, այսինքն՝ Տիր աստուծոյ գրասենեակը կը ներկայացնէր, որ միաժամանակ գիտութիւններու ուսուցման տեղն էր, ուր հեթանոսական կրօնի պաշտօնակատար քուրմերը, այսինքն հեթանոսական կրօնաւորները, մոգերը՝ աստղագէտ, գուշակ եւ մարգարէները գիտութիւն եւ իմաստութիւն կը սորվէին։
Քրմական գիտութիւններու կամ իմաստութիւններու մէջ կը մտնէր ամենէն առաջ գուշակութիւնը, յատկապէս երազներու մեկնութիւնը, երազահանութիւնը։ Եւ այս պատճառով ալ «Տիր» աստուածը կը կոչուէր նաեւ «երազացոյց» եւ «երազահան», այսինքն՝ քուրմերը «Տիր»էն կը սորվէին երազներու գուշակութեան արուեստը. իսկ «Տիր»ի պաշտամունքի վայրը հին հայերը կը կոչէին «երազամոյն տեղիք», այսինքն՝ երազալից կամ երազառատ տեղեր։ Այստեղ ուխտի եկողները քուրմերու միջոցով «Տիր» աստուծոյ միջոցով կը ստանային իրենց տեսած երազներու գուշակութիւնը։
Արամազդ, հին հայերու գերագոյն աստուածն էր՝ երկնքի եւ երկրի արարիչը, բոլոր աստուածներու հա՛յրը։ Ան կը կոչուէր «Մեծ եւ արի Արամազդ», որուն գլխաւոր սրբավայրը կը գտնուէր պաշտամունքային կեդրոններէն մէկուն՝ Անի-Կամախումի մէջ։
Արամազդ կը համապատասխանէ իրանական «Ահուրամազդա»յին եւ յունական «Զեւս»ին։ Եւ ինչպէս կը վկայեն Ագաթանգեղոսի եւ Մովսէս Խորենացիի պատմութիւնները, Հայաստանի մէջ պանթէոնի գը-լուխ էր կանգնած Արամազդը, իբրեւ գերագոյն «աստուած», որ ըստ դիցաբանութեան բոլոր աստուածներու հայրն էր. երկնքի եւ երկրի «արարիչ»ը։
Իսկ Հայկ Նահապետը, որ կը կոչուի նաեւ՝ Հայկ, Հայկ դիւցազն, կը համարուի հայոց Նախապետը, Նախահայրը եւ ազգապետը։ Ըստ ժողովրդական մեկնաբանութեան, Հայկ անունը կը նշանակէ՝ «հսկայ», «յաղթանդամ»։
Հայկը դիւցազն է, այսինքն՝ առասպելական քաջութեան տէր, հերոս, որ չաստուածներու կարգը անցած է իր մահէն ետք եւ պաշտուած. չաստուածներու սերունդէ սերած կամ ծնած՝ դիցերէ ստեղծուած։ Որոշ մեկնաբանութիւններու համաձայն, Հայկը Հաբէթի սերունդներէն էր եւ այդ իսկ պատճառով երբեմն կ՚անուանուէր «Հաբէթութեան Հայկ»։
Հայկի մայրն էր Անահիտ դիցուհին, որ երբեմն կոչուած է նաեւ՝ «մեծն տիկին հայոց» կամ «մեծամայր»։
Ազնիւ բարեկամ Տքթ. Վարդ Շիկահեր իր «Ոսկեդար, Թարգմանչաց Դար» յօդուածին մէջ կը յիշէ Եղիշէ Արքեպս. Դուրեանի հետեւեալ խօսքերը. «Որքա՜ն պատկերալից է Եղիշէ Արք. Դուրեանի խօսքը», կ՚ըսէ ան. «Անզուգական զոյգը՝ Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ։ Երկու Մեծերը՝ Մեծ տիտղոսին արժանացած պիտի չըլլային, եթէ Պարթեւական ազնուականն ու Տարօնի գիւղացին Աւետարանի բեմին առջեւ իրարու չհանդիպէին եւ իրարու հետ չգործակցէին այն չքնաղ արուեստովն, որով Տիրի մեհեանին բոլոր ճարտարութիւնը Տիրոջ տաճարին մէջ կը փոխադրէին»։
Արդարեւ, երբ Տիր աստուծոյ մասին է խօսքը, եւ «Տիրի մեհեան»ին եւ «Տիրոջ տաճար»ին միջեւ հրաշալի՜ եւ իմաստալից նմանութեան եւ բաղդատութեան մը կ՚ակնարկուի, եւ քանի որ ծանօթ է մեզի «Տիրոջ տաճար»ը, այլապէս օգտակար եւ պատշաճ պիտի ըլլար անդրադառնալ թէ՝ ի՛նչ է «Տիրի մեհեան», որպէսզի աւելի լա՛ւ հասկցուին Եղիշէ Արքեպս. Դուրեանի «գանձ խօսքեր»ը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 17, 2018, Իսթանպուլ